Լրահոս

Հայ Դատի Յանձնախումբը Կը Դատապարտէ Հայ Ինքնութիւնը Յանցաւորութեան Հետ Կապող Վտանգաւոր Հռետորաբանութիւնը

Հայ Դատի Ամերիկայի Արեւմտեան ափի յանձնախումբը խստօրէն կը դատապարտէ «Medicare» եւ «Medicaid» Ծառայութիւններու Կեդրոններու (CMS) վարչական պատասխանատու Մեհմեթ Օզի կողմէ վերջերս հնչեցուած յայտարարութիւններն ու հրապարակուած տեսանիւթը, որոնց մէջ Լոս Անճելըսի շրջանին մէջ ենթադրեալ առողջապահական խարդախութիւնները կը կապուին «օտար ազդեցութիւններու» հետ՝ ներառեալ «ռուսահայկական խմբաւորումներու» յիշատակումները, ինչպէս նաեւ հայ ինքնութեան, լեզուի եւ համայնքային ներկայութեան ներկայացումը որպէս յանցաւորութեան ցուցիչ։

Հայ Դատի Ամերիկայի Արեւմտեան ափի յանձնախումբը կը շեշտէ, որ խարդախութիւնը յանցագործութիւն է, եւ ամէն ապացուցուած խախտում պէտք է քննուի եւ պատժուի օրէնքի գերակայութեան շրջանակին մէջ՝ անկախ անձի ծագումէն։ Սակայն օրէնքի գերակայութիւնը կը պահանջէ անհատական կասկած եւ փաստական ապացոյցներ, այլ ոչ թէ ակնարկներ կամ ենթադրութիւններ՝ հիմնուած լեզուի, մշակոյթի կամ էթնիկական պատկանելիութեան վրայ։

«Հանրային պաշտօնեաները պարտաւոր են պահպանել Սահմանադրութեան թէ՛ տառը, թէ՛ ոգին», — յայտարարած է Հայ Դատի Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի յանձնախումբի նախագահ Օշին Յարութունեան՝ աւելցնելով․ «Երբ իրաւապահ հռետորաբանութիւնը կը շեղի դէպի ցեղային ընդհանրացումներ, ան կը վտանգէ քաղաքացիական իրաւունքները եւ ամբողջ համայնքներ։ Ամերիկահայերը, ինչպէս բոլոր ամերիկացիները, արժանի են օրէնքի առջեւ հաւասար արդարադատութեան»։

Յանձնախումբը կը նշէ, որ ամերիկահայերուն համար՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ժառանգութիւնը եւ մէկ դարէ աւելի շարունակուող ժխտման փորձերը հաշուի առնելով՝ նման հռետորաբանութիւնը պարզ խօսք չէ, այլ վտանգաւոր պատմական օրինաչափութիւններու կրկնութիւն։ Առանձնապէս մտահոգիչ է, որ այս ուղերձները կը հնչեն դաշնային պաշտօնեայի կողմէ, որ պատասխանատու է հանրային առողջապահական ծրագիրներու պաշտպանութեան համար։

Հայ Դատի Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի յանձնախումբը կը զգուշացնէ, որ նման ձեւակերպումները գործնականին մէջ կը վերածուին հանրայնօրէն տարածուող ատելութեան խօսքի՝ խրախուսելով ամերիկահայ գործարարներու եւ մասնագէտներու նկատմամբ հետապնդումները եւ հիմք ստեղծելով խտրական իրաւապահ գործելակերպի համար։

Հայ Դատի Ամերիկայի Արեւմտեան ափի յանձնախումբը կոչ կ՛ուղղէ Մեհմեթ Օզին եւ «Medicare» եւ «Medicaid» ծառայութիւններու կեդրոններուն՝
• անյապաղ ետ վերցնելու եւ ուղղելու այն հռետորաբանութիւնը, որ ենթադրեալ խարդախութիւնը կը կապէ հայկական ինքնութեան, լեզուի կամ մշակոյթի հետ,
• ապահովելու, որ բոլոր քննութիւնները հիմնուին խիստ փաստական ապացոյցներու վրայ եւ ըլլան ոչ խտրական,
• հրաժարելու համայնքներու նկատմամբ հաւաքական մեղադրանքներէ,
• համագործակցելու համայնքային կառոյցներու հետ՝ վստահութիւնը վերականգնելու եւ քաղաքացիական իրաւունքներու լիարժէք պաշտպանութիւնը ապահովելու համար։

Advertisement Subscribe Today

Յանձնախումբը կը վերահաստատէ, որ ամերիկահայերը Միացեալ Նահանգներու եւ Քալիֆորնիոյ հպարտ ու արժանապատիւ քաղաքացիներ են։ Կառավարական հաղորդակցութիւնը, որ կը խթանէ հայատեացութիւնը կամ վտանգի տակ կը դնէ համայնքի անվտանգութիւնը, անընդունելի է։

Հայ դատի Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի յանձնախումբը պատրաստ է աջակցելու խիստ, օրինական եւ արդար պայքարին ընդդէմ խարդախութեան՝ միաժամանակ պաշտպանելով բոլոր համայնքներու քաղաքացիական եւ մարդկային իրաւունքները։

Յանձնախումբը նաեւ կը նշէ, որ Քոնկրէսի բազմաթիւ անդամներ հետեւողական կերպով հանդէս եկած են ամերիկահայերու եւ այլ փոքրամասնութիւններու դէմ ուղղուած ատելութեան խօսքի, էթնիկական թիրախաւորման եւ խտրականութեան դէմ։ Այդ յայտարարութիւններն ու քայլերը կը շեշտեն երկկուսակցական ակնկալիքը, որ դաշնային իրաւապահ գործունէութիւնը պէտք է մնայ ապացոյցներու վրայ հիմնուած եւ լիովին համապատասխան՝ քաղաքացիական իրաւունքներու պաշտպանութեան պահանջներուն։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button