
Մայիս 7-ին, Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեանը հանդիպեցաւ Հայ Դատի կեդրոնական Խորհուրդի եւ շրջանային յանձնախումբերու ներկայացուցիչներուն` Հայ Դատի կեդրոնական խորհուրդի ղեկավար՝ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի գլխաւորութեամբ:
Այս հանդիպումին մասնակցեցան նախարարութեան տեղակալներն ու գլխաւոր քարտուղարը, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի եւ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմնի անդամներ:
Նախարար Նալպպանտեան՝ ներկաներուն ներկայացուց Արցախի դէմ Ատրպէյճանի սանձազերծած լայնածաւալ ռազմական գործողութիւնները, անոնց հետեւանքներու յաղթահարման ուղղուած ջանքերը, եւ պատասխանեց բազմաթիւ հարցումներու:
Խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուեցին Հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման նպատակով ձեռնարկուող քայլերը:
Կատարուեցաւ անդրադարձ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման, Հայաստանի տնտեսական զարգացման աջակցութեան, եւ համահայկական օրակարգի այլ հարցերու մասին:
Նշենք թէ, Մայիսի 8-ի առաւօտեան, Երեւանի մէջ ազդանշանը տրուեցաւ Հայ Դատի յանձնամուբերու խորհրդաժողովին: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայ Դատի կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը: Ապա, ողջոյնի խօսքը փոխանցեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը:
Հայաստանի ներքին քաղաքական իրավիճակի եւ աշխատանքներու մասին զեկուցեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի քաղաքական Ներկայացուցիչ՝ Արմէն Ռուստանեանը: Ապա, հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան մարտահրաւէրներուն մասին խօսք առաւ Շաւարշ Քոչիկեանը:
Յաջորդող նիստերը տեղի պիտի ունենան Արցախի մայրաքաղաք՝ Ստեփանակերտի մէջ: