
Մայիսի 8-ի առաւօտեան, Երեւանի մէջ ազդանշանը տրուեցաւ Հայ Դատի յանձնամուբերու խորհրդաժողովին: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայ Դատի կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը: Ապա, ողջոյնի խօսքը փոխանցեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը:
Հայաստանի ներքին քաղաքական իրավիճակի եւ աշխատանքներու մասին զեկուցեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի քաղաքան Ներկայացուցիչ՝ Արմէն Ռուստանեանը: Ապա, հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան մարտահրաւէրներուն մասին խօսք առաւ Շաւարշ Քոչիկեանը:
Յաջորդող նիստերը տեղի ունեցան Արցախի մայրաքաղաք՝ Ստեփանակերտի մէջ: Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի նիստերու դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբերու եւ Գրասենեակներու խորհրդաժողովի երկրորդ նիստը, որ վարեց Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Իշխանեան:
Նիստին սկիզբը ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին ապրիլեան պատերազմի նահատակներուն յիշատակը:
Ներկաներուն ուղղուած ողջոյնի խօսք արտասանեց Ազգային Ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանը` կարեւոր նկատելով նման նախաձեռնութեան մը կայացումը Արցախի մէջ: Արտաքին Գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ Արցախի հարցը Հայ Դատի բաղկացուցիչ եւ կարեւորագոյն մասն է: «Եթէ մենք բանակցային հոլովոյթին մէջ ունենայինք Լեռնային Ղարաբաղի լիարժէք կարգավիճակ, այսօր թերեւս նման իրավիճակի մէջ չէինք յայտնուեր եւ Ատրպէյճանն ալ նման յանդուգն պահուածք չէր դրսեւորեր: Առանց Արցախի` բանակցային հոլովոյթին իբրեւ լիարժէք կողմի մասնակցութեան հոլովոյթի կայուն ու մնայուն կարգաւորումը պարզապէս իրատեսական չէ: Մեր աշխատանքները պէտք է ուղղուած ըլլան Լեռնային Ղարաբաղի միջազգային ճանաչման նպատակին, ինչ որ կ՛ըլլայ անվտանգութեան հզօր երաշխիք արցախահայութեան համար», եզրափակեց Միրզոյեան:
Ողջունելով ներկաները` Դաւիթ Իշխանեան նշեց, որ, ինչպէս 25 տարի առաջ, այնպէս ալ ապրիլեան պատերազմին յաջորդող այս օրերուն, հայութեան ներուժը կեդրոնացաւ Արցախին մէջ` ծառայելով Արցախի ժողովուրդին բովանդակ շահերուն:
«Այս օրերուն Երեւանի մէջ սկսած Հայ Դատի կեդրոնական եւ շրջանային գրասենեակներու եւ յանձնախումբերու խորհրդաժողովին հիմնական մասը Արցախի մէջ կատարելը իր մէջ կ՛ամփոփէ մեծ պատգամ: Ինչպէս եւ նախորդ տասնամեակներուն, այսօր եւս մենք այստեղ ենք միասին ու միասնական, համոզուած ու հաստատակամ՝ մեր գաղափարներուն եւ ծրագիրներուն, պատրաստակամ` դիմագրաւելու ամէն տեսակի մարտահրաւէրները, Մեր գիտակցումը այն է, որ Հայ Դատի ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն յաջողութիւններու բանալին կը գտնուի Արցախի սահմաններուն մէջ եւ ամփոփուած է հայ զինուորի ոգիին մէջ», ըսաւ Դաւիթ Իշխանեան: Ան շնորհաւորեց ներկաները` կարեւոր ու պարտաւորեցնող եռատօնին առիթով եւ վստահութիւն յայտնեց այն մասին, որ ասկէ ետք եւս յաղթանակները պիտի ըլլան հայ ժողովուրդին ընկերակիցները:
Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, ողջունելով ներկաները, նշեց, որ Դաշնակցութեան համար հպարտութիւն է այս խորհրդաժողովի կազմակերպումը Արցախի մէջ:
«Մենք` իբրեւ հայ ժողովուրդի երկրորդ բանակ, Հայ Դատի բանակ, քաղաքական գործերու մէջ մեր պայքարը տանող բանակ, պէտք է գայինք այստեղ եւ մեր աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնէինք Արցախի ժողովուրդին: Ասիկա նուազագոյնն է, որ կրնանք ընել եւ պէտք է առաւել մեծ թափով շարունակենք մեր աշխատանքները: Հայ դատի աշխատանքը կարելի է ամփոփել չորս կէտերու մէջ. առաջին կէտը Արցախի առնչուող մեր կատարած աշխատանքներն են` աշխարհով մէկ, ըլլայ ատիկա ազգային ինքնորոշման իրաւունքի շեշտադրում, ըլլայ Ատրպէյճանի յարձակողական եւ առհասարակ հակահայ քարոզչութեան դէմ պայքար: Այս ուղղութեամբ մեր աշխատանքները աւելի մեծ թափ ստացան մանաւանդ քառօրեայ պատերազմէն ետք, որովհետեւ անհրաժեշտ էր մէկ բռունցքի մէջ հաւաքուիլ: Հայ Դատը` իբրեւ Արցախի թիկունք, քաղաքական առումով ասկէ ետք եւս պիտի շարունակէ պաշտպանել Արցախը: Երկրորդ ուղղութիւնը, զոր որդեգրած են Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Գրասենեակները, Հայաստանի միջազգային հեղինակութեան բարձրացումն է եւ պաշտպանութիւնը միջազգային ատեաններու մէջ: Երրորդը՝ Ցեղասպանութեան ճանաչման հոլովոյթի շարունակութիւնն է, որ արդէն բաւական երկար ճամբայ կտրած է եւ մանաւանդ` բացումը նոր էջի, որ պահանջատիրութեան էջն է: Հայ Դատի վերջին` չորրորդ խնդիրը, մեր քաղաքական ուժի բարձրացումն է աշխարհով մէկ, մեր երիտասարդութեան եւ ժողովուրդին քաղաքականացման խնդիրն է, մանաւանդ սփիւռքի մէջ», շեշտեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:
Մայիս 10-ին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Տիգրանակերտի հնագիտական թանգարանին մէջ հանդիպում ունեցաւ Հայ Դատի կեդրոնական խորհուրդին, տարածաշրջանային յանձնախումբերուն ու գրասենեակներուն ներկայացուցիչներուն հետ:
Քննարկուեցան Արցախի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, հայրենիք-սփիւռք կապերուն, Ապրիլ 2-5 Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած լայնածաւալ պատերազմական գործողություններուն եւ անոնց հետեւանքներուն, տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն վերաբերող հարցեր:
Նախագահ Սահակեան գերարժեւորեց Հայ Դատի գործունէութիւնը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան, Արցախի հիմնախնդրի առարկայական ներկայացման եւ համահայկական նշանակութիւն ունեցող խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ:
Սահակեան ողջունեց Արցախի մէջ Հայ Դատի յանձնախումբերուն եւ գրասենեակներուն համաժողովի իրագործումը՝ ընդգծելով այսպիսի հաւաքներու իւրայատուկ կարեւորութիւնը: