Հայ Դատի Կոչը՝ Ի Նպաստ Արցախի Օժանդակութեան

0 0
Read Time:33 Second

ANCA_foreignaid

Ուաշինկթըն.- Ներկայացուցիչներու պալատի ենթայանձնախումբը Յունիս 23-ին պիտի քննարկէ Միացեալ Նահանգներու 2017-ի տարուայ պիւտճէի նախագիծը, ուր պիտի նշուին արտաքին օգնութեան առաջնահերթութիւնները: Այս առթիւ,
Հայ Դատի յանձնախումբը, կոչ կ՛ուղղէ Արցախին տրամադրել հինգ միլիոն տոլարի օգնութիւն:
Մասնաւորապէս, յանձնախումբէն նշած են, որ այդ գումարը պիտի յատկացուի մարդասիրական եւ զարգացման ծրագիրներու:
Յանձնախումբէն առաջարկած են Հայաստանին տրամադրել քառասուն միլիոն տոլար, որ ուղղուած պիտի ըլլայ հայ-ամերիկեան առեւտրային եւ ներդրումային յարաբերութիւններու աճին: Նաեւ, յանձնախումբը առաջարկած է Հայաստանին տրամադրել յաւելեալ տաս միլիոն տոլար` օժանդակելու համար Սուրիայէն ու Միջին Արեւելքի այլ շրջաններէն ժամանած շուրջ քսան հազար փախստականներու:
Հայ Դատի յանձնախումբի անդամները կոչ ըրած են ընդհատել Ատրպէյճանին տրամադրուող ռազմական աջակցութիւնը, որովհետեւ Պաքուի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ խախտել զինադադարը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles