
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- «Լէօ Սարգիսեան» ամառնային վարժողական ծրագրին նպատակն է երիտասարդ համալսարանականներ ծանօթացնել ամերիկեան քաղաքական կեանքին, եւ առիթ ստեղծել մասնակցելու շարք մը ծրագիրներու իրականացման: Այս ծրագիրը նաեւ առիթ մըն է մասնակցելու քաղաքական անձնաւորութեանց հետ հանդիպումներու եւ դասախօսական ձեռնարկներու։
Այս տարուան ծրագրին կը մասնակցին չորս համալսարանականներ՝ Ալիսա Տէմիրճեան, Փօլ Իսքայեան, Նայիրի Փարթամեան եւ Փիթըր Սահակեան:
Այս ծրագրի պատասխանատուներէն՝ Րաֆֆի Գարագաշեան, յայտնեց թէ մասնակցող աշակերտները կը հանդիպին քոնկրէսականներու, նաեւ ներկայ կ՛ըլլան զանազան նիստերու:
Մասնակցողները, առաջին օրերուն տեսակցեցան Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեանի հետ: Անոնք մօտէն հետեւեցան Արցախեան հիմնահարցին եւ այս գծով, քաղաքական բնագաւառէն ներս կատարուելիք աշխատանքներուն: Ապա, կատարուեցաւ տեսակցութիւն՝ Հ.Հ. դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեանի հետ, որուն մասնակցութեամբ, նաեւ նշուեցաւ «Ամերկայի Ձայն»ի հայկական բաժնի 65-ամեակը:
Այս ծրագրին զուգահեռ, նաեւ կը շարունակուի երիտասարդ հանգուցեալ գործիչ՝ Յովիկ Աբօ Սաղտճեանի անուան «Քեփիթըլ Կէյթուէյ» ծրագիրը, մասնակցութեամբ երիտասարդ ուսանողներ՝ Շահան Կէօնճեանի, Քնարիկ Գասպարեանի եւ Աննա Մեհրապեանի: