ՀԱՅ ԴԱՏԻ Դ. ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԸ` ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

0 0
Read Time:7 Minute, 39 Second

 ԵՐԵ­ՒԱՆ, “Եր­կիր“, “Ար­մէնփ­րէս“.- Մարտ 30ին, Երե­ւա­նի “Անի Փ­լա­զա“ պան­դո­կին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ պաշ­տօ­նա­կան բա­ցու­մը Հ.Յ.Դ. Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բե­րու չոր­րորդ խորհր­դա­ժո­ղո­վին, որուն իրենց մաս­նակ­ցու­թիւնը բե­րին աւե­լի քան քսա­նը­հինգ յանձ­նա­խում­բե­րու եւ գրա­սեն­եակ­նե­րու վաթ­սուն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ:

Խորհր­դա­ժո­ղո­վի օրա­կար­գին վրայ էին հե­տեւ­եալ հիմ­նա­կան հար­ցեր,  որոնց կար­գին Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չումն ու պա­հան­ջա­տի­րա­կան պայ­քա­րի նպա­տա­կով ի գործ դրուած աշ­խա­տանք­նե­րը, հայ-թրքա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը, Ատրպէյ­ճա­նի հա­կա­հայ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան դէմ պայ­քա­րը, Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնն ու մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը, Ջա­ւախ­քի հա­յու­թեան իրա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան ի խնդիր կա­տար­ուած նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը:

Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը ժա­մա­նած էին Ար­ժան­թի­նէն, Պրա­զի­լէն, Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րէն, Արա­բա­կան Մի­աց­եալ Էմի­րու­թիւն­նե­րէն, Լի­բա­նա­նէն, Կիպ­րո­սէն, Գա­նա­տա­յէն, Հա­յաս­տա­նէն, Ար­ցա­խէն, Եգիպ­տո­սէն, Աւստ­րալ­իա­յէն, Իրա­նէն, Ռուս­իա­յէն, Ու­րուկ­ուէ­յէն, Սուր­իա­յէն, Վրաս­տա­նէն, Քուէյ­թէն, Ֆրան­սա­յէն, Երու­սա­ղէ­մէն:

Բաց­ման պաշ­տօ­նա­կան հան­դի­սու­թեան ըն­թաց­քին ար­տա­սա­նած իր խօս­քին մէջ Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի ան­դամ Վա­հան Յով­հան­նիս­եան անդ­րա­դար­ձաւ այն երե­ւոյ­թին, թէ Հա­յաս­տա­նի հա­սա­րա­կու­թեան մօտ միշտ հար­ցում մը կ՛ա­ռա­ջադր­ուի, որ Հայ Դա­տի պայ­քա­րը այ­սօր արդ­ի­ա­կա՞ն է, եւ կա­րե­լի՞ է ար­դիւնք­ներ ապա­հո­վել:

Այ­սօր աւե­լի հրա­տապ հարց չկայ, քան Հայ Դա­տի պայ­քա­րը: Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման հա­մար պայ­քա­րի գոր­ծըն­թա­ցը շա­րու­նակ­ւում է նա­եւ այ­սօր, եւ դա սկսել են հաս­կա­նալ նա­եւ օտա­րերկ­րիա­ցի­նե­րը: Ցե­ղաս­պա­նու­թեան դէմ չպայ­քա­րել նշա­նա­կում է մա­հա­նալ, քան­զի ցան­կա­ցած կեն­դա­նի օր­կա­նիզ­մի հա­մար գո­յա­տեւ­ման ձե­ւը պայ­քարն է, եւ մեր պայ­քա­րը հէնց այս ուղ­ղու­թեամբ է գնում: Դա չի նշա­նա­կում, որ Հա­յաս­տա­նում առ­կայ անար­դա­րու­թեան դէմ պէտք չէ պայ­քա­րել, որ Հա­յաս­տա­նում պի­տի չհաս­տատ­ուեն ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան կար­գեր, բայց մենք պէտք չէ մո­ռա­նանք, որ Հա­յաս­տա­նի բո­լոր հար­ցե­րի հիմ­նա­կան խոր­քը, ի վեր­ջոյ, հե­տե­ւանք է Ցե­ղաս­պա­նու­թեան: Եւ ու­րեմնհա­մա­րել, որ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման հա­մար պայ­քա­րը, Ար­ցա­խի ճա­նաչ­ման հա­մար պայ­քարն այն­քան էլ ակտ­ուալ չեն եւ պէտք է կեդ­րո­նա­նալ միայն լո­քալ (տե­ղա­կան), գա­ւա­ռա­կան մա­կար­դա­կի իջեց­ուած տեղա­կան խնդիր­նե­րի վրայ, ար­դիւնք չի բե­րի, ըսաւ ան` շա­րու­նակ շեշ­տե­լով, որ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման հա­մար չպայ­քա­րիլ կը նշա­նա­կէ մա­հա­նալ, որով­հե­տեւ գո­յա­տեւ­ման մի­ակ ձե­ւը պայ­քարն է:

Խօ­սե­լով Հա­յաս­տա­նի բարձր մա­կար­դակ­նե­րու վրայ տար­ուե­լիք աշ­խա­տանք­նե­րուն անհ­րա­ժեշ­տու­թեան մա­սին` Վա­հան Յով­հան­նիս­եան յայտ­նեց, որ Հա­յաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նը ու­նի տասն­եա­կի հաս­նող պատ­ուի­րա­կու­թիւն­ներ, որոնց­մէ ամէ­նէն կա­րե­ւոր­ներն են` ԵԱՀ­Կի, ՆԱ­ԹՕի, “Եու­րա­նեսթ“ի եւ այլ կա­ռոյց­նե­րու մէջ գոր­ծող հայ­կա­կան պատ­ուի­րա­կու­թիւն­նե­րը, սա­կայն Մեր խորհր­դա­րա­նա­կան կազ­մը, մեղմ ասած, պատ­րաստ չէ դիւա­նա­գի­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րի: Մի­ջազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րի խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղով­նե­րը, կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը որ­պէս այդ­պի­սին բաղ­կա­ցած են մարդ­կա­նից, որոնք այս կամ այն թե­մա­յին լաւ չեն տի­րա­պե­տում, ին­չը հաս­կա­նա­լի է, քա­նի որ նրանք պատ­գա­մա­ւոր­ներ են: Շատ յա­ճախ նրանք յայտն­ւում է ինչոր ու­ժա­յին կեդ­րոն­նե­րից եկող թե­լադ­րան­քի կամ կեղծ ներշն­չած գա­ղա­փար­նե­րի թե­լադ­րանք­նե­րի տակ, կամ էլ, որը շատ յա­ճախ հան­դի­պում է, նա­եւ թուրքատր­պէյ­ճա­նա­կան լոպ­պիս­տա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րի ազ­դե­ցու­թեան տակ““, ըսաւ Յով­հան­նիս­եան:

Անոր հա­մա­ձայն, թէ­եւ խորհր­դա­րա­նա­կան դիւա­նա­գի­տու­թիւնը շա­տե­րուն հա­մար ան­կա­րե­ւոր կը թուի, բայց եւ այն­պէս կան այն­պի­սի օրի­նակ­ներ, որոնք ցոյց կու տան, թէ ըն­դու­նուող բա­նա­ձե­ւե­րը կրնան վտան­գա­ւոր հե­տե­ւանք­ներ ու­նե­նալ, նոյ­նիսկ եթէ ոմանք զա­նոնք ան­կա­րե­ւոր նկա­տեն: Յով­հան­նիս­եան առա­ջար­կեց ամուր կեր­պով կառ­չիլ եւ մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն տալ խորհր­դա­րա­նա­կան դիւա­նա­գի­տու­թեան: Ան մի­ջազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րուն մէջ ծա­ւա­լած աշ­խա­տան­քի ծի­րին մէջ յա­տուկ կեր­պով անդ­րա­դար­ձաւ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման հար­ցին, տնտե­սա­կան ներդ­րում­նե­րուն, ինչ­պէս նա­եւ` Ար­ցա­խի ճա­նաչ­ման հար­ցին:

Այս խորհր­դա­ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին խօսք առաւ նա­եւ Հ.Յ.Դ. Գե­րա­գոյն Մար­մի­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­մէն Ռուս­տամ­եան, որ կոչ ուղ­ղեց մեր բարձ­րա­ցու­ցած հայ­կա­կան հար­ցե­րուն հա­մար ճա­կա­տա­բաց պայ­քար մղե­լէ չվախ­նա­լու, ըլ­լան անոնք Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան, Ար­ցա­խին կամ հայ-թրքա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն վե­րա­բե­րող:

Խօ­սե­լով Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն մա­սին` ան նշեց, որ այ­սօր ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան օրա­կար­գէն ան­քակ­տե­լի է ո՛չ միայն Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման պա­րա­գան, այլ նա­եւ` հա­տուց­ման խնդի­րը:Հայ Դա­տի գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւնն ապա­հո­վում է թէ՛ նա­խա­ձեռ­նո­ղա­կա­նու­թիւն, թէ՛ ան­խո­ցե­լիու­թիւն: Նա­խա­ձեռ­նո­ղա­կա­նու­թիւնն այն է, որ Հայ Դա­տի գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան հիմ­քում ըն­կած է պա­հան­ջա­տի­րու­թիւնը, իսկ պա­հան­ջա­տի­րու­թիւնը մեր ոտ­նա­հար­ուած իրա­ւունք­նե­րի վե­րա­կանգ­ման ար­դիւնքն է: Սա պէտք է լի­նի մեր օրա­կար­գում եւ դրա­նից պէտք չէ վա­խե­նալ, որով­հե­տեւ Հայ Դա­տի մեր պայ­քա­րը ցոյց տուեց, որ մեր գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւնն ան­խո­ցե­լի է, քան­զի մեր պա­հանջ­ներն ար­դար են եւ լի­ո­վին տե­ղա­ւոր­ւում են մի­ջազ­գա­յին նոր­մե­րի մէջ. մենք չենք պա­հան­ջում աւե­լին, քան դրա իրա­ւուն­քը ու­նենք, եզ­րա­կա­ցուց Ռուս­տամ­եան:

Միւս կող­մէ, Ֆրան­սա­յի Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ ներ­կա­յա­ցու­ցին մամ­լոյ ասու­լիս մը եւ յայտ­նե­ցին թէ, ըստ ֆրան­սա­կան լրատ­ուա­մի­ջոց­նե­րուն, Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու ժխտու­մը քրէ­ա­կա­նաց­նող օրի­նա­գի­ծը վի­ժեց­նե­լու նպա­տա­կով նա­խորդ տար­ուան ըն­թաց­քին Թուրք­իա ծախ­սած է հա­րիւր միլի­ոն տո­լար:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles