ԳլխաւորԼրահոս

ՀԱՅ ԴԱՏԸ ԿԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԷ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՆԱԽԱԳԱՀ ՊԱՅՏԸՆԸ

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Նոյեմբեր 8-ի թուակիր նամակով մը, Հայ Դատի կեդրոնական յանձնախումբը շնորհաւորեց նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտընն ու փոխնախագահ Քամալա Հերիսը:

Յանձնախումբը յոյսով է, որ պիտի կարենայ մօտէն գործակցիլ Սպիտակ Տան նոր ղեկավարութեան հետ, յատկապէս արգելք հանդիսանալով, որ շարունակուին նիւթական եւ ռազմական օժանդակութիւնները՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի:

Պայտըն նոր մրցանիշ մը հաստատեց, ապահովելով մօտաւորապէս 75 միլիոն քուէներ։ Իսկ առաջին սերունդի ներգաղթողներու զաւակ՝ Քամալա Հերիս դարձաւ Միացեալ Նահագներու առաջին կին, նաեւ սեւ  եւ հնդիկ-ամերիկացի փոխնախագահը։

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button