ՀԱՅ ԴԱ­ՏԻ ՅԱՆՁ­ՆԱ­ԽՈՒՄ­ԲԸ ՈՂ­ՋՈՒ­ՆԵՑ ՔՈՆԿ­ՐԷ­ՍԻ 113-ՐԴ ՆՍՏԱՇՐ­ՋԱ­ՆԸ

0 0
Read Time:6 Minute, 52 Second

p3  ՈՒԱ­ՇԻՆԿ­ԹԸՆ.- Վեր­ջերս, Ամե­րի­կա­յի Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բի խումբ մը ան­դամ­ներ Քա­փի­թոլ Հիլ այ­ցե­լե­ցին` ոջու­նե­լու հա­մար Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու Տան 113րդ նստաշր­ջա­նի ինի­սու­նէ աւե­լի նո­րըն­տիր քոնկ­րէ­սա­կան­նե­րը, ինչ­պէս նա­եւ շնոր­հա­ւո­րե­լու տա­րի­նե­րու գոր­ծա­կից վեր­ընտր­եալ­նե­րու Նոր Տա­րին եւ անոնց մաղ­թե­լու ար­դիւ­նա­ւէտ աշ­խա­տան­քա­յին շրջան մը:

Ամե­րի­կա­յի Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բի կա­ռա­վա­րու­թեան հետ կա­պի հար­ցե­րով պա­տաս­խա­նա­տու Քէյթ Նա­հա­պետ­եան եւ այլ պա­տաս­խա­նա­տու­ներ անց­եալ Հինգ­շաբ­թի կէ­սօ­րին Քոնկ­րէ­սի հին ու նոր ան­դամ­նե­րը դի­մա­ւո­րող­նե­րու շար­քին էին` Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու Տան նոր նստաշր­ջա­նի առա­ջին իսկ օրը:

“Նոր Քոնկ­րէ­սը ամե­րի­կա­հա­յե­րուս հա­մար առիթ կ՛ըն­ծա­յէ ընդ­լայ­նե­լու մեր բա­րե­կա­մա­կան շրջա­նա­կը եւ նոր յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ մշա­կե­լու նո­րընտր­եալ քոնկ­րէսա­կան­նե­րուն հետ, զա­նոնք ծա­նօ­թաց­նե­լով մեր հա­մայն­քը յու­զող այ­լա­զան հար­ցե­րուն` Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­մար ար­դա­րու­թեան պա­հան­ջէն մին­չեւ Ար­ցա­խի ինք­նո­րոշ­ման իրա­ւունք, մին­չեւ Հա­յաս­տա­նի տնտե­սա­կան զար­գա­ցում, մին­չեւ Ջա­ւախ­քի հա­յու­թեան մարդ­կա­յին իրա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թիւն, մին­չեւ Սուր­իոյ հա­յու­թեան օժան­դա­կու­թիւն“, յայտ­նեց Ամե­րի­կա­յի Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բի գոր­ծա­դիր տնօ­րէն Արամ Համ­բար­եան:

Նոր Քոնկ­րէ­սին մէջ Հայ Դա­տի յան­ձա­նա­խում­բը հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան նոր կա­րե­լիու­թիւն­ներ կը տես­նէ: Ար­դա­րեւ, նա­խա­գահ Պա­րաք Օպա­մա­յի կող­մէ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծե­րոց նա­խա­րա­րի պաշ­տօ­նին առա­ջադր­ուած Ճոն Քերիի հա­ւա­նա­կան հաս­տա­տու­մը դուռ կը բա­նայ, որ հայ հա­մայն­քի բա­րե­կամ­նե­րէն Ռա­պըրթ Մե­նեն­տես նա­խա­գա­հը դառ­նայ ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու յանձ­նա­ժո­ղո­վի:

Հայ Դա­տի գրա­սեն­եա­կը տա­րա­ծած էր հա­ղոր­դագ­րու­թիւն մը, որուն մէջ կը նշուէր, թէ գրա­սեն­եա­կը կ՛ող­ջու­նէ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գահ Պա­րաք Օպա­մա­յի կող­մէ` հա­յա­մէտ ծե­րա­կու­տա­կան Ճան Քերիի թեկ­նա­ծու­թիւնը երկ­րի յա­ջորդ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րի պաշ­տօ­նին հա­մար առա­ջադ­րե­լու որո­շու­մը, եւ կը յիշ­ուի, որ Քե­րի շուրջ երեք տաս­նամ­եակ­նե­րէ ի վեր աջակ­ցած է ամե­րի­կա­հայ հա­մայն­քին` Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան առն­չուող հար­ցե­րուն մէջ:

Օպա­մա հա­յա­մէտ ծե­րա­կու­տա­կա­նին թեկ­նա­ծու­թիւնը առա­ջադ­րած է երկ­րի յա­ջորդ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րի պաշ­տօ­նին հա­մար, իսկ հա­յա­մէտ ծե­րա­կու­տա­կան Ռա­պըրթ Մե­նեն­տես կը նկատ­ուի Ծե­րա­կոյ­տի Ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու յանձ­նա­խում­բի նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նին հա­մար Քե­րին փո­խա­րի­նող թեկ­նա­ծու:
“Մենք կ՛ակն­կա­լենք ծե­րա­կու­տա­կան Քերիի հետ կա­ռու­ցո­ղա­կան աշ­խա­տան­քը շա­րու­նա­կել` ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րի նոր պաշ­տօ­նին անոր տի­րա­նա­լէն ետք“, ըսած է Ամե­րի­կա­յի Հայ Դա­տի գրա­սեն­եա­կի ղե­կա­վար Արամ Համ­բար­եա­նը` ընդգ­ծե­լով, որ Քե­րին կը ձգտի վերջ տալ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման հար­ցին մէջ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րը լռեց­նե­լու Թուրք­իոյ փոր­ձին, կը փոր­ձէ ամ­րապն­դել Մի­աց­եալ Նա­հանգ­ներ-Հա­յաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը եւ կ՛ա­ջակ­ցի Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախն­դի­րի լուծ­ման:

Ծե­րա­կու­տա­կան Քե­րին առա­ջին ան­գամ Ծե­րա­կոյտ մուտք գոր­ծած է 1984ին:

2009ին ան յա­ջո­ղու­թեամբ փո­խա­րի­նած է գոր­ծող փոխ­նա­խա­գահ Ճօ Պայ­տը­նը` իբ­րեւ Ծե­րա­կոյ­տի Ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու յանձ­նա­խում­բի նա­խա­գահ:

Ան տա­րի­ներ շա­րու­նակ պայ­քա­րած է Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման հա­մար` հա­մա­հո­վա­նա­ւո­րե­լով բազ­մա­թիւ բա­նա­ձե­ւեր, եւ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րէն պա­հան­ջած է չա­ջակ­ցիլ Թուրք­իոյ` տա­կա­ւին ան­պատ­ժե­լի մնա­ցած այդ յան­ցա­գոր­ծու­թեան ժխտման հար­ցին մէջ:

Իբ­րեւ Ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու յանձ­նա­խում­բի ան­դամ` ան ճնշում գոր­ծադ­րած է Թուրք­իոյ մօտ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու դես­պա­նի թեկ­նա­ծու Ֆրեն­սիս Ռի­քար­տո­նէի վրայ` Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան, Հա­յաս­տա­նի շրջա­փակ­ման, ինչ­պէս նա­եւհայ-թրքա­կան առ­կախ­ուած յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն առն­չու­թեամբ: Հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ յի­շե­ցում կը կա­տար­ուի, որ այս տա­րի Քե­րի դա­տա­պար­տած է Իլ­համ Ալի­ե­ւի կող­մէ հա­յազ­գի սպայ Գուր­գէն Մար­գար­եա­նը կա­ցի­նա­հա­րե­լով սպան­նած Ռա­միլ Սա­ֆա­րո­վին նե­րում շնոր­հե­լը: Քե­րին Ալի­ե­ւի այդ քայ­լը որա­կած էր իբ­րեւ սադ­րանք, որ պի­տի վնա­սէ եր­կու եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ խա­ղա­ղու­թեան ու կա­յու­նու­թեան ջան­քե­րուն:
Ծե­րա­կոյ­տի Ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու յանձ­նա­խում­բի նա­խա­գա­հի թեկ­նա­ծու Ռա­պըրթ Մե­նեն­տես նոյն­պէս ծա­նօթ է Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցով հայ­կա­կան կող­մի շա­հե­րու պաշտ­պա­նու­թեամբ: Ան ծե­րա­կու­տա­կան Պար­պա­րա Պաք­սը­րի հետ ջան­քեր ի գործ դրած է Ատր­պէյ­ճա­նի մօտ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու դես­պա­նի պաշ­տօ­նին Մե­թիու Պրայ­զա­յի նշա­նա­կու­մը կան­խար­գի­լե­լու հար­ցին մէջ:

Միւս կող­մէ, ծե­րա­կու­տա­կան Տիք Լու­կը­րի պար­տու­թիւնը ճամ­բան կը հար­թէ ծե­րա­կու­տա­կան Պապ Քոր­քը­րին, որ դառ­նայ հան­րա­պե­տա­կան ղե­կա­վա­րը նոյն յանձ­նա­ժող­ովին մէջ: Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու Տան պա­րա­գա­յին, հայ­կա­կան հա­մախմ­բու­մի նա­խա­գահ Էտ Ռոյս պի­տի դառ­նայ նա­խա­գա­հը Տան ար­տա­քին հար­ցե­րու յանձ­նա­ժո­ղո­վի, դե­մոկ­րատ կու­սակ­ցու­թեան կող­մէ իր կող­քին ու­նե­նա­լով Էլի­ըթ Էն­քը­լը:

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles