ՀԱՅ ԴԱ­ՏԻ ԿՈ­ՉԸ ՀԱՆ­ԴԻ­ՊԵ­ԼՈՒ ԱՐ­ՏԱ­ՔԻՆ ԳՈՐ­ԾՈՑ ՆԱ­ԽԱ­ՐԱՐ ՔԵՐԻԻ ՀԵՏ

0 0
Read Time:4 Minute, 1 Second

johnkerry  ՈՒԱ­ՇԻՆԿ­ԹԸՆ.- Ամե­րի­կա­յի Հայ Դա­տի կեդ­րո­նա­կան յանձ­նա­խում­բը Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին Գոր­ծոց նոր նա­խա­րար Ճան Քերի­ին կոչ ուղ­ղած է` մին­չեւ Ապ­րիլ 24 հան­դի­պում ու­նե­նա­լու ամե­րի­կա­հայ հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ եւ քննար­կե­լու հայ-ամե­րիկ­եան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն, Ար­ցա­խի եւ Սուր­ի­ա­հա­յե­րու տագ­նա­պին առն­չուող հար­ցեր:

Յանձ­նա­խում­բի ատե­նա­պետ Քէն Խա­չիկ­եան, Քերի­ին յղած իր նա­մա­կին մէջ շնոր­հա­ւո­րած է ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րի պաշ­տօ­նին անոր նշա­նա­կու­մը` նշե­լով, թէ Հայ Դա­տը ու­րախ է, որ “Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւնը պի­տի ղե­կա­վա­րէ մարդ մը, որ ծա­նօթ է հայ հա­մայն­քի քա­ղա­քա­կա­նու­թեան, սկզբունք­նե­րուն եւ առաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րուն“:

Խա­չիկ­եան ընդգ­ծած է, որ Հայ Դա­տը կ՛ակն­կա­լէ շա­րու­նա­կել Քերիի հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւնը այն հար­ցե­րուն շուրջ, զորս ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րը բարձ­րա­ցու­ցած է Ծե­րա­կոյ­տին մէջ աշ­խա­տած տա­րի­նե­րուն, ինչ­պէս օրի­նակ‘ ամ­րապն­դել հայ-ամե­րիկ­եան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը, ապա­հո­վել Ար­ցա­խի անվ­տան­գու­թիւնը, պաշտ­պա­նել Սուր­իա բնա­կող հա­յե­րը եւ միւս քրիս­տոն­եա­նե­րը, վերջ տալ Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման դէմ ուղղ­ուած Թուրք­իոյ ու­րաց­ման ար­շա­ւին եւ այլն:

Նա­եւ Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բը Սպի­տակ Տու­նէն պաշ­տօ­նա­պէս խնդրած էր տե­ղե­կու­թիւն տրա­մադ­րել այն մա­սին, թէ վար­չա­կար­գը ի՞նչ մի­ջոց­նե­րու կը դի­մէ` Սպի­տակ Տան կայ­քէ­ջի “We the People“ խնդրագ­րա­յին ծրա­գի­րը օտա­րերկր­եայ խար­դա­խու­թիւն­նե­րէ պաշտ­պա­նե­լու հա­մար:

Սպի­տակ Տան բարձ­րաս­տի­ճան խորհր­դա­տու Վե­լը­րի Ճե­րը­թին ուղղ­ուած նա­մա­կին մէջ, Հայ Դա­տի գոր­ծա­դիր վա­րիչ Արամ Համ­բար­եան մաս­նա­ւո­րա­պէս անդ­րա­դար­ձաւ հա­կա­հայ այն խնդրա­գի­րին, ուր “…գրե­թէ բա­ռացի­օ­րէն կը փո­խանց­ուին Ատէր­պայ­ճա­նի բռնա­պետ Իլ­համ Ալի­ե­ւի կող­մէ հո­վա­նա­ւո­րուող եւ ան­հիմն եւ ատե­լու­թեամբ լե­ցուն հա­կա­հայ­կա­կան ար­շա­ւի հիմ­նա­կան միտ­քե­րը, որոնց նպա­տակն է խե­ղա­թիւ­րել Հա­յաս­տա­նի դէմ Ատր­պէյ­ճա­նի յար­ձա­կո­ղա­պաշտ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնը եւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թեան ան­կա­խու­թեան պատ­մու­թիւնը“:

Իր նա­մա­կին մէջ Համ­բար­եան խնդրած է յստա­կաց­նել, թէ կայ­քէ­ջին հա­մար ինչ­պի­սի՛ կա­նոն­ներ կը գոր­ծեն` մի­ջազ­գա­յին մաս­նակ­ցու­թեան առու­մով:

Համ­բար­եան նա­եւ Սպի­տակ Տան ու­շադ­րու­թեան յանձ­նած է այն իրո­ղու­թիւնը, որ խնդրա­գի­րը ան­մի­ջա­կան կապ ու­նի Ատր­պէյ­ճա­նի առա­ջին տի­կին Մեհ­րի­պան Ալի­ե­ւա­յի ղե­կա­վա­րած “Հէյ­տար Ալի­եւ“ հիմ­նադ­րա­մին հետ: Նա­եւ կը շեշտ­ուի, թէ ի տար­բե­րու­թիւն “We the People“ի մէջ տեղ գտնող միւս խնդրա­գիր­նե­րուն, որոնց տակ կը նշուի ստո­րագ­րող­նե­րու բնա­կու­թեան վայ­րը, հա­կա­հայ խնդրա­գիր­նե­րու պա­րա­գա­յին` հա­զա­րա­ւոր ստո­րագ­րող­նե­րու աշ­խար­հագ­րա­կան վայ­րը ան­յայտ է:

Նա­խա­գահ Ալի­եւ, որ բազ­միցս յայ­տա­րա­րած է, թէ “իրենց գլխա­ւոր թշնա­մին աշ­խար­հի Հա­յերն են“, քա­նի մը ամիս առաջ հա­կա­հայ նոր ար­շա­ւի մը սկսած է նա­եւ “Twitter“ ըն­կե­րա­յին ցան­ցին վրայ` յայ­տա­րա­րե­լով, թէ “Հա­յաս­տա­նը անար­ժէք եր­կիր մըն  է եւ Երե­ւա­նը հա­յե­րու կող­մէ գրաւ­ուած ատր­պէյ­ճա­նա­կան քա­ղաք է“:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles