ՀԱՅ ԴԱ­ՏԻ ԳՐԱ­ՍԵՆ­ԵԱ­ԿԻ ԿՈ­ՉԸ ՆԱ­ԽԱ­ԳԱՀ ՕՊԱ­ՄԱ­ՅԻՆ ՀԱՆ­ԴԻ­ՊԵ­ԼՈՒ ՀԱՅ ՀԱ­ՄԱՅՆ­ՔԻ ՂԵ­ԿԱ­ՎԱՐ­ՆԵ­ՐՈՒՆ ՀԵՏ

0 0
Read Time:6 Minute, 11 Second

  ՈՒԱ­ՇԻՆԿ­ԹԸՆ.- Հայ Դա­տի գրա­սեն­եա­կը, Յուն­ուար 19-ին, շնոր­հա­ւո­րա­կան ու­ղերձ մը յղեց Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գահ Պա­րաք Օպա­մա­յի երդ­ման երկ­րորդ արա­րո­ղու­թեան առի­թով եւ կոչ ուղ­ղեց վերսկ­սե­լու ամե­րի­կա­հա­յե­րու հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն ու մին­չեւ Ապ­րիլ 24, հան­դի­պե­լու հա­մայն­քի ղե­կա­վար­նե­րուն հետ:

“Մենք ձեզ կը շնոր­հա­ւո­րենք Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նին վե­րընտր­ուե­լու առի­թով, կ՛ող­ջու­նենք ձեր երդ­ման արա­րո­ղու­թիւնը եւ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու եր­կու միլի­ոն հա­յե­րուն անու­նով կը վե­րա­հաս­տա­տենք մեր հե­տաքրքր­ուա­ծու­թիւնը` աշ­խա­տե­լու ձեր վար­չա­կազ­մին հետ“, ըս­ուած է նա­մա­կին մէջ:

Հայ Դա­տի գրա­սեն­եա­կը նա­եւ ելեկտ­րա­նա­մակ­նե­րու ար­շա­ւի սկսած էր Օպա­մա­յին հարց­նե­լու, թէ արդ­եօք ե՞րբ պի­տի կա­տա­րէ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը ճանչ­նա­լու իր խոս­տու­մը: Այս նա­մա­կի ար­շա­ւի մաս­նա­կից­նե­րը նա­խա­գա­հին յի­շե­ցու­ցած են, որ ծե­րա­կու­տա­կան եղած տա­րի­նե­րուն Օպա­մա հաս­տա­տած է Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բեր­եալ պատ­մա­կան ճշմար­տու­թիւնը հաս­տա­տե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւնը:

Նշենք թէ` նա­եւ Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բը կոչ յղած է Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու նո­րըն­տիր` 113րդ Քոնկ­րէ­սին, որ Հա­յաս­տա­նի տրա­մադ­րուող տնտե­սա­կան օժան­դա­կու­թիւն­նե­րուն կող­քին, զար­գաց­նէ նա­եւ Հա­յաս­տա­նի հետ առեւ­տուրն ու Հա­յաս­տա­նի մէջ տնտե­սա­կան ներդ­րում­նե­րը:
Հայ Դա­տին կող­մէ քոնկ­րէ­սա­կան­նե­րուն յղուած նա­մակ­նե­րուն մէջ մատ­նանշ­ուած են հե­տեւ­եալ կէ­տե­րը.

– Հա­մաշ­խար­հա­յին դրա­մա­տան պատ­րաս­տած եւ 2013 տար­ուան առն­չուող գոր­ծա­րա­րա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թեան մէջ, Հա­յաս­տան 32րդ դաս­ուած է հա­մաշ­խար­հա­յին այն ցան­կին վրայ, որ եր­կիր­նե­րը կը դա­սա­ւո­րէ ըն­կե­րու­թեանց շնոր­հուող դիւ­րու­թիւն­նե­րուն հա­մե­մատ: Նա­եւ, Հա­յաս­տան 11-րդ դաս­ուած է նոր ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու հաս­տատ­ման ամե­նա­լաւ պայ­ման­նե­րը ստեղ­ծող եր­կիր­նե­րու ցան­կին վրայ, իսկ եւ­րո­պա­կան եր­կիր­նե­րու մէջ` 17րդը` առաջ անց­նե­լով Պել­ճի­քա­յի, Սպան­իոյ եւ Ֆրան­սա­յի նման եր­կիր­նե­րէ:

– Հա­մաշ­խար­հա­յին առեւ­տու­րին նուիր­ուած Հա­մաշ­խար­հա­յին առեւ­տու­րի հա­մախմ­բու­մին կող­մէ կա­տար­ուած 2012ի տու­եալ­նե­րու ու­սում­նա­սի­րու­թեանց հա­մա­ձայն` Հա­յաս­տան 13րդ դաս­ուած է այն եր­կիր­նե­րու շար­քին, որոնք իրենց շու­կա­նե­րուն հա­սա­նե­լիու­թիւնը կը դիւ­րաց­նեն:

– “Փրայս Ուո­թըր­հաուս Քու­փըր“ հիմ­նար­կը Հա­յաս­տա­նի մա­սին իր նո­րա­գոյն ու­սում­նա­սի­րու­թեան մէջ նշած է, թէ “Հա­յաս­տան կը քա­ջա­լե­րէ օտար ըն­կե­րու­թեանց եւ եր­կիր­նե­րու հետ առեւ­տուրն ու ներդ­րում­նե­րը, եւ կա­րե­լի է ըսել, թէ Հա­յաս­տա­նի մէջ ըն­կե­րու­թիւն­ներ հաս­տա­տելն ու անոնց գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը ապա­հո­վե­լը դիւ­րին է“:

– “Հա­զա­րամ­եա­կի մար­տահ­րա­ւէր­ներ“ հիմ­նար­կը առա­ւե­լա­գոյն 100ի վրայ 97 նիշ տուած է Հա­յաս­տա­նին, առեւ­տու­րի եւ այլ նոր ըն­կե­րու­թիւն­ներ հաս­տա­տե­լու նպա­տա­կով ըն­ծայ­ուած դիւ­րու­թեանց գետ­նին վրայ, եւ 91 կէտ` օրէնք­նե­րու որա­կին հա­մար:

– “Ֆրի­տըմ Հաուս“ը իր նո­րա­գոյն ու­սում­նա­սի­րու­թեան մէջ Հա­յաս­տան 5րդ կար­գի բարձ­րա­ցու­ցած է` քա­ղա­քա­կան իրա­ւանց տե­սան­կիւ­նէն:

Ամե­րի­կա­յի Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բը նա­եւ նշած է, թէ Հա­յաս­տան Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու հա­մար կա­րե­ւոր գոր­ծա­կից մըն է ապա­հո­վա­կան մար­զէն ներս` նպաս­տե­լով Իրա­քի, Աֆ­ղա­նիս­տա­նի ու Քո­սո­վո­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցող ամե­րիկ­եան եւ ՆԱ­ԹՕի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն:

Նա­եւ, Հայ Դա­տը վեր­ջերս, Հա­յաս­տա­նի մէջ ամե­րիկ­եան առեւ­տու­րի գրա­սեն­եա­կին ու “Մայք­րո­սոֆթ“ի, “Ֆե­տԷքս“ի ու “Նեզ­տեք“ի նման ըն­կե­րու­թեանց հետ մի­ա­տեղ, կոչ ըրած է Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու կա­ռա­վա­րու­թեան, որ արա­գաց­նէ Հա­յաս­տա­նի հետ առեւ­տու­րի եւ ներդ­րում­նե­րու հա­մա­ձայ­նա­գի­րին շուրջ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը` եր­կու եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ առեւ­տու­րին ու ներդ­րում­նե­րուն հա­մար աւե­լի նպաս­տա­ւոր պայ­ման­ներ ստեղ­ծե­լու նպա­տա­կով:

Ամե­րի­կա­յի Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բը յոյս ու­նի, որ նա­խա­գահ Պա­րաք Օպա­մա, իր երկ­րորդ նստաշր­ջա­նի ըն­թաց­քին, պի­տի յար­գէ Հա­յաս­տան-Ամե­րի­կա տնտե­սա­կան կա­պե­րը սեր­տաց­նե­լու կա­պակ­ցու­թեամբ իր տուած խոս­տու­մը:

Հա­յաս­տա­նի տրա­մադ­րուող տնտե­սա­կան օժան­դա­կու­թեանց գծով, Ամե­րի­կա­յի Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բը կը շեշ­տէ, թէ այդ օժան­դա­կու­թեանց գու­մա­րը 2003ին հա­սած էր 174 միլի­ոն տո­լա­րի, սա­կայն այդ թուա­կա­նէն ետք` շա­րու­նա­կաբար ան­կում ար­ձա­նագ­րած է: Երբ Օպա­մա իշ­խա­նու­թեան գլուխ ան­ցաւ, օժան­դա­կու­թեանց գու­մա­րը 60 միլի­ոն տո­լա­րի շուրջ էր, եւ հա­կա­ռակ այն իրո­ղու­թեան, որ ան խոս­տա­ցած էր պահ­պա­նել օժան­դա­կու­թեանց այդ մա­կար­դա­կը, Օպա­մա շա­րու­նա­կա­բար առա­ջար­կեց կրճա­տել զայն` հասց­նե­լով 45 միլի­ոն տո­լա­րի:

Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բը կ՛ակն­կա­լէ, որ օժան­դա­կու­թեան գու­մա­րը առն­ուազն 50 միլի­ոն տո­լա­րի բարձ­րա­նայ 2014ի պե­տա­կան ամա­վար­կին մէջ, որ յա­ռա­ջի­կայ քա­նի մը շա­բաթ­նե­րուն պի­տի առա­ջադր­ուի նա­խա­գա­հին կող­մէ: 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles