
Ռոպէր Հատտէճեան
Ծ.Խ.- Աւազանի անունով Ճիւմպիւշեան Արթօ՝ Զարեհ Խրախունի ծնած է Պոլիս, Հոկտեմբեր 16, 2027-ին։ Աւարտած է Մխիթարեան վարժարանը եւ Պոլսոյ համալսարանի փիլիսոփայութեան ճիւղը: Ապա՝ հետեւած է գրականութեան եւ արուեստի պատմութեան դասընթացքներու Փարիզի մէջ:
Երկրորդ Աշխարհամարտէն ետք մուտք գործած է գրական ասպարէզ՝ նոր ոճով գրուած բանաստեղծութիւններ լոյս ընծայելով։ Մասնակցած է Պոլսոյ մէջ այդ շրջանին թափ առած գրական զարթօնքի շարժումին՝ նորարարական շունչ տալով անոր: Զարհատի հետ միասին, Զարեհ Խրախունի կը հանդիսանայ իր սերունդի բանաստեղծական տարերքին գլխաւոր արտայայտիչը՝ բանաստեղծութեան նոր աշխարհ մը բանալով մեր ժողովուրդին առջեւ:
Հատորով լոյս տեսած իր գործերու շարքին են՝ «Քար-կաթիլներ»ը, «Ես եւ ուրիշներ»ը, «Լուսնապարտէզ»ը, «Ստուեր եւ արձագանգ»ը, «Տօնակարգ»ն ու «Սրտի խօսք»ը։
Խրախունի ունեցած էր նաեւ խմբագրական աշխոյժ գործունէութիւն։ Ան խմբագրած էր «Մարմարա» թերթի գրական բաժինը։ Ստորագրած էր գրական թէ իմաստասիրական յօդուածներ։ Կատարած էր թարգմանութիւններ:
Նաեւ, ան ունեցած էր ուսուցչական երկարամեայ գործունէութիւն:
Ստորեւ, «Մարմարա»ի խմբագիր Ռոպէր Հատտէճեանի յօդուած-մահագրութիւնը, հրատարակուած Նոյեմբեր 29-ին:
Նոյեմբեր 28-ի իրիկնային ժամերուն իր հարազատներէն, իր սիրելի ընկերներէն եւ Հայ գրականութեան բոլոր սիրահարներէն հրաժեշտ առաւ Պոլսահայ գրականութեան սիւներէն, մեր սիրելի աշխատակից ու երկար տասնամեակներու հարազատ գրչեղբայր Զարեհ Խրախունի, բուն անունով Արթօ Ճիւմպիւշեան։ Ան արդէն բաւական երկար ժամանակէ ի վեր կը տառապէր զինքը ամէն օր առաւել եւս հիւծող հիւանդութենէ մը, բայց դէմ կը կանգնէր հիւանդութեան ու կը շարունակէր մնալ գրական ստեղծագործական հունին մէջ, որ անոր երջանկութեան գլխաւոր աղբիւրներէն մէկն էր։
Բանաստեղծութիւնը անոր համար հայ գրականութեան ոլորտներէն ներս ստեղծուած ու ապրուած արկածախնդրութիւն մըն էր, որ տասնամեակներէ ի վեր կը շարունակուէր հայոց լեզուի պաշտամունքի ու գեղեցիկ խօսքի հմայքի մը ընդմէջէն։ Մեր Մեծասքանչին ամէնէն հաւատաւոր երկրպագուներէն մէկն էր եւ ան կրցաւ իր բանաստեղծութիւնը տանիլ դէպի այդ Մեծասքանչին ամէնէն բարձր ոլորտները, գեղեցիկ խօսքին մէջ անպայման տեղաւորել նաեւ փիլիսոփայական մտածումն ու ազգասիրական յուզումը։
Ան ալ եղաւ Մեսրոպ Մաշտոցին իսկական աշակերտներէն մէկը եւ Մեսրոպին հանդէպ իր պարտքը վճարեց ստեղծելով Մեսրոպատօնը, եւ մեզի աւանդ թողուց բազմաթիւ հատորներ, որոնք անպայման վաղը առաջնակարգ տեղ պիտի գրաւեն հայ դասական գրականութեան մէջ։
Ստորեւ կուտանք իր կարճ կենսագրութիւնը իր իսկ ձեռքով գրուած։
ՊԱՐԶ ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ
Իմ կենսագրութիւնը շատ պարզ է։ Կարելի է զայն մէկ նախադասութեան մէջ ամփոփել։ Եթէ անկարեւոր մանրամասնութիւններ մէկդի դնենք, այսինքն, օրինակ՝ նկատի չառնենք որ ծնած եմ Եշիլգիւղի մէջ 16 Հոկտեմբեր 1926ին, մկրտուած եմ եւ Ս. Միւռոն ստացած տեղւոյն Ս. Ստեփանոս եկեղեցիի աւազանի մէջ, ուսմանս սկսած եմ դարձեալ գիւղիս Գափամաճեան վարժարանէն, յետոյ շարունակած՝ Բանկալթըի Վիեննական Մխիթարեան լիսէին մէջ, զոր պատուոյ ցանկին վրայ 1945ին աւարտելէ յետոյ՝ տարի մը իրաւաբանութեան հետեւելէ ետք, անցած եմ Գրականութեան Ֆաքիւլթէի փիլիսոփայութեան, հոգեբանութեան, ընկերաբանութեան բաժինը, ուրկէ չորս տարիէն վկայուած եւ 1951ին առաջին անգամ գացած եմ Փարիզ, քիչ մը եւս խորանալու համար գեղարուեստի եւ մշակոյթի պատմութեան անյատակ հորին մէջ,- առանց անշուշտ խեղդուելու,- որմէ վերջ զինուորական ծառայութիւնս կատարելու առթիւ անօրինակ դէպքի մը »հերոս« հանդիսացած եմ՝ Պահեստի Սպայից Վարժարանէն առաջնութեան մրցանակով դուրս գալով… ու յետոյ՝ հինգ տարի Էսաեան լիսէի մէջ, երկու տարի ալ Կեդրոնականի մէջ ուսուցչութիւն ըրած եմ, յաջողելով առաւելապէս հասցնել երիտասարդ բանաստեղծներ եւ գրողներ, քան թէ՝ ապագայի մեծ նուիրատուներ… եւ տարիներ վերջ ամուսնացած եմ Էսաեանի մէջ ինծի աշակերտած Մառլէնին հետ, եւ ունեցած անուշիկ ու խելացի զաւակներ՝ աղջիկ մը եւ մանչ մը, որոնք շատ մը իրենց նմաններուն պէս դէպի արեւմուտքի լուսատու ոստանները մեկնած են…
Ի՛նչ խօսք, լոյսը միշտ կախարդիչ եղած է ամէնուս համար։ Ուսուցչական ասպարէզէս եօթն անգամ աւելի երկար տեւող գործի ասպարէզիս մէջ ալ շարունակած եմ լուսավաճառութեամբ զբաղիլ,- ո՛չ թէ վերացականին, այլ իրականին հետ,- առուծախելով գեղարուեստական որակ ունեցող ջահեր, լամբարներ եւ առհասարակ հնարժէք առարկաներ։
Ահաւասիկ, եթէ այս բոլոր մանրամասները խոշոր փակագծի մը մէջ բանտարկենք եւ ժամանցումի ենթարկուած աւելորդ գոյքերու տոպրակի մը պէս մէկ կողմ դնենք, անդին կը նայ միայն մէկ պարբերութիւն, որ կը խտացնէ իմ ամբողջ կեանքս, բո՛ւն կեանքս։
Բոլոր հատորներուս վերջին էջերուն վրայ տպուած նախորդ գիրքերուս եւ աշխատասիրութիւններուս ցանկը իմ հարազատ կենսագրութիւնս է։
Իսկ անոնք, որ կը փափաքին տակաւին խորանալ վերոյիշեալ մանրամասնութիւններու մանրամասնութեանց մէջ, ու նաեւ՝ հիմնաւոր գաղափար մը ունենալ բոլոր գործերուս մասին, յանձնարարելի է որ կարդան Հայաստանցի գրականագէտ եւ դասախօս Փրօֆ. Տօքթ. Սուրէն Դանիէլեանի մենագրական հատորը՝ «Բանաստեղծութեան Ազատագրումը – Զարեհ Խրախունի» Ս. Էջմիածին, 1999, Ֆելիքս Բախչինեանի «Զարեհ Խրախունի» մենագրութիւնը (Հայաստանի Գրողներու Միութեան հրատարակչութիւն, Երեւան 2003), ինչպէս նաեւ դարձեալ Սուրէն Դանիէլեանի գրիչէն՝ «Տօնազանգ» (2007) եւ «Տօնականչ» (Ժողովածուներուս «Յառաջաբան»ները (Հայաստանի Գրողներու Միութեան հրատարակչութիւն, Երեւան – 2010)։
***
Այս մեծ կորուստին դիմաց մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք Տիկ. Մառլէն Ճիւմպիւշեանին, զաւակներուն՝ Նորային ու Յարոյին, նաեւ բոլոր անոնց որոնք սիրեցին Խրախունին ու հաղորդուեցան անոր բարձրաթռիչ բանաստեղծութեան հետ։
Քովի սիւնակներուն մէջ կը հրատարակենք նաեւ իր «Երթ» խորագրեալ բանաստեղծութիւնը, զոր ինք գրած էր եւ ուզած էր որ հրատարակուի իր մահուան առթիւ։
ԻՐ ՎԵՐՋԻՆ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆԸ
Անցեալ Երեքշաբթիի մեր թիւով, Նոյեմբեր 24-ին, հրատարակած էինք Թորոնթոյի մեր պատուակալ աշխատակից Յարութիւն Դերձակեանի մէկ թղթակցութիւնը, Թորոնթոյի մէջ Զարեհ Խրախունիի գրականութեան նուիրուած գրական ձեռնարկի մը մասին։ Արժէքաւոր գրականագէտ եւ ուսուցիչ Պր. Սարգիս Համպոյեան ներկայացուցած ու վերլուծած էր Խրախունիի բանաստեղծական վաստակը, արտասանութիւններ ու ընթերցումներ կատարուած էին Խրախունիէն։
Այդ Երեքշաբթի գիշեր հեռաձայնը հնչեց։ Խրախունին էր, որ անօրինակ ուրախութեամբ մը ու դժուար խօսելով, բառերը դժուար արտասանելով կ՚ըսէր որ մեծ անակնկալ մը եղած էր իրեն համար այս լուրը, չափազանց ուրախացած էր, շնորհակալութիւն կը յայտնէր մեզի այդ լուրին հրատարակութեան համար, եւ կ՚ուզէր ունենալ Սարգիս Համպոյեանին հասցէն որպէսզի շնորհակալութեան նամակ մը գրէր անոր եւս։
Մենք ալ ուրախացանք մեր գրչեղբօր այդ անխարդախ ուրախութիւնը տեսնելով։ Այդ վայրկեանին չէինք գիտեր անշուշտ որ մեր սիրելի Խրախունիին այդ ուրախութիւնը գրական մարզէ ներս պիտի ըլլար անոր կեանքին վերջին ուրախութիւնը։ Չենք գիտեր որ ժամանակ ունեցա՞ւ այդ նամակը գրելու ու շնորհակալութիւն յայտնելու, բայց հիմա գիտենք որ Թորոնթոյի մեր գրասէր բարեկամները, առանց գիտնալու, վերջին երջանկութիւն մը պարգեւած էին Խրախունիին։ Ո՞ր գրագէտը չ՚երջանկանար, երբ կը տեսնէ որ իր գրական վաստակը կը գնահատուի եւ ուսումնասիրութիւններու նիւթ կը դառնայ։
Հեռաւոր Թորոնթոյի մէջ սարքուած այդ գրական երեկոյթէն քանի մը օր վերջ մեզմէ անդարձ կը բաժնուէր Խրախունին։ Ան մեր գրադարաններուն մէջ կը թողուր իր աւելի քան 25 հատորները, բայց ահաւասիկ իրեն հետ կը տանէր վերջին ուրախութիւն մը որ աւելի ծանր կը կշռէր քան անոր այդ 25 հատորները։
Եթէ Խրախունին չկրցաւ ընել, մենք հոսկէ շնորհակալութիւն յայտնենք Պր. Սարգիս Համպոյեանին ու անոր գործակիցներուն, որոնք այդ վերջին ուրախութիւնը պատճառեցին Խրախունիին։
Այս Ծառը Սուրբ
Այս ծառը սուրբ
Ծառ տնկեցէք եղբայրներ
կաղնի սօսի եղեւին
Պարտէզին մէջ – դաշտերուն
Լերան վրայ – ժայռերուն
քարքարուտին ապառաժին
Ձեր թաղարին սովորական
կամ սեղանին ամենօրեայ
Ծառ տնկեցէք – պիտի բռնէ անպայման –
Ապառաժը երբ փշրուի հող կը դառնայ արդէն, չէ՞…
Թէ թաղարին հողը քիչ է, շա՜տ է կաւը բրուտին.
Սեղանն – ըսես – չոր տախտակ է
կ՛ըսեմ քեզի՝ առաջ փայտ էր, փայտն ալ ծառ
Ի՞նչ գիտես թէ ցամքած փայտը չ՛արբենար
վրան դրուած շոճիի թարմ աւիշէն
Չի փաթթուիր մատղաշ ու թաց արմատներուն
Ու չի՜ խրեր իր ոտքերն ալ հողին մէջ
ինքն ալ արմատ չի՞ դառնար…
Ծառ տնկեցէք – ո՛ւր ալ տնկէք պիտի բռնէ անպայման…
Դարակուտակ սպասումի ու անհնար ըղձանքի
Հողն է պարարտ – հողն է հպարտ- ջուրն հատդարտ
թափուած արեան եւ արցունքին պէս առատ –
Այս ծառը սուրբ պիտի կանգնի պիտի աճի ուռճանայ
Պիտի երկինք բարձրանայ
Ամէն առտու այգաբացին ստուերն անոր պիտի հասնի մեծ լերան
Շուք պիտի տայ արեւափառ ոսկեծածան հանդերուն
Հազար բարեւ ու բիւր բարիք պիտի առնէ ամպերէն
որոնք կուգան աշխարհի չորս ծագերէն
ու կը շոյեն սաղարթն անոր մշտադալար – ալեւոր…
Օ՜ տնկեցէք
Ամուր ձեռքով խնամեցէք
զարդարեցէք
պաշտպանեցէք
պաշտեցէք
Ազատութեան ծառն է այս …:
1991
Հրաշատօն
Առտուան դէմ
Երկուքս մէկ – այտ այտի
Հրանման մէկ շունչով
Երբ մէկ առ մէկ ծառին լոյսերը մարենք –
Պիտի առնենք շիջած մոմերը բոլոր
Պիտի շաղուենք, պիտի ձուլենք
հալոցին մէջ մեր ափերուն հրավառ…
Յետոյ մէկտեղ – թեւ թեւի
Պիտի երթանք ամենամօտ աղբիւրին
Քարին վրայ մոմերու տաք խմորով
Գծել խաչեր՝ ամենախոր մեր իղձերուն համրանքով…
Ու մինչ մէկէն
Ինչպէս ամէն Կաղանդի
Պահիկ մը լոկ – ակնթարթի չափ արագ
Գետերն ոսկի պիտի հոսին եւ աղբիւրներն ադամանդ
Մենք երկուքս – աչք աչքի
Ոչինչ պիտի չտեսնենք…
Թէպէտ մոմէ մեր խաչերն ալ իրենց գոյնին համեմատ
Պահիկ մը լոկ
Պիտի դառնան զմրուխտ սուտակ շափիւղայ
Բայց ես ու դուն – դէմ դէմի
Անոնց պիտի չնայինք
Համբոյրով մը միացած…