
ԵՐԵՒԱՆ (“Արմէնփրէս“).- Հայ ժողովուրդի ինքնատիպ մշակոյթի լաւագոյն դրսեւորումներ համարուող գորգերը Յունուար 15-ին ներկայացուեցան Հայաստանի պատմութեան թանգարանին մէջ:
“Հայկական գորգարուեստ` 17-19րդ դարաշրջան“ խորագիրը կրող մշտական ցուցահանդէսին մէջ ներկայացուեցան Հայաստանի ամենատարբեր շրջաններու մէջ գործուած 45 գորգեր: Ցուցահանդէսի բացման ներկայ էր Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանը, մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանը եւ ուրիշներ: Հայաստանի պատմութեան թանգարանի տնօրէն Անելկա Գրիգորեանը տեղեկացուց, որ ներկայացուած 45 գորգերէն տասը, առաջին անգամ կը ցուցադրուէին: Հայաստանի պատմութեան թանգարանին մէջ ընդհանուր առմամբ կը պահուի 2500 գորգ:
Ամենահին հայկական գորգերը կուգան Վասպուրականէն, Սիւնիքէն, Վանէն: Հնագիտական, ազգագրական նիւթերը, պատմական ու գիտական այլ իրողութիւններ կը վկայեն, որ գործուածքներու եւ գորգերու արտադրութեան ակունքները Հայաստանի մէջ կը հասնին հազարամեակներու խորքերը:
Հայկական գորգերը զարդագիր “գրութիւններ“ են, որոնց մէջ ի պահ տրուած են մեր նախնիներու` հնագոյն պատկերացումները, պաշտամունքը, կրօնը:
Անդրադառնալով հայկական գորգերու առանձնայատկութիւններուն` Անելկա Գրիգորեանը ըսաւ, որ հայկական գորգին յատուկ յատկանիշը յատկապէս գոյնի զանազանութիւնն է: Հայկական գորգը աւանդապահ է: “Ներկայացուած են գորգի զարդարման ողջ բազմազանութիւնը. երկրաչափական, բուսական, զարդապատկերներու փոփոխական ընթացքը` շեշտելով ոչ միայն դեկորատիւ նշանակութիւնը, այլեւ` դրանցում գաղտնագրուած խորհրդանշական իմաստները“,- նշեց Անելկա Գրիգորեանը:
Նախագահ Սարգսեան նաեւ դիտել տուած է Հայաստանի պատմութեան թանգարանին մէջ բացուած Հայ գրատպութեան 500-ամեակին նուիրուած “Նոր Ջուղա. Հայոց տպագրութեան օրրան“ ցուցադրութիւնը, որը կ՛ընդգրկէ բացառիկ բնօրինակներ Հայաստանի պատմութեան թանգարանի, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի թանգարանի ու Մատենադարանի հաւաքածոներէն: Ցուցադրութեան մէջ ներկայացուած են` ձեռագիր մատեաններ, Նոր Ջուղայի տպարանին մէջ տպագրուած առաջին գիրքերը, Մատրասի, Կալկաթայի մէջ հրատարակուած հնատիպ նմոյշներ, Մատրասի մէջ 1794 թ. հրատարակուած հայերէն առաջին պարբերականը` “Ազդարար“, Նոր Ջուղայի հոգեւոր մշակոյթին ու կենցաղին բնորոշ նմոյշներ: