
1918էն ի վեր կը գործէ Ամերիկայի Հայ Աւետարանակչական Միութիւնը, որուն առաջնահերթ նպատակը եղած է օժանդակել որբերու եւ նիւթական յատկացումներ կատարել կրթական ու բարեսիրական հաստատութիւններու: Երեք տարի առաջ, 1915ին, Ուստըրի մէջ կատարուեցաւ առաջին ժողովհանդիպումը, նմանօրինակ հիմնարկի մը հիմը դնելու համար: Հիւսիսային Ամերիկայի զանազան շրջաններէն ժամանած հայորդիներ, երեք տարի ետք, վերջնականապէս իրականացուցին այս գաղափարը:

Առաջին տարիներուն, հետաքրքրական է նշել թէ հիմնարկը..կէս միլիոն տոլարի հանգանակութիւն մը կատարած էր, Արեւմտահայաստանի հողերը վերանորոգելու համար: Գումարը գոյացած էր 1921ին, սակայն պատմութեան ընթացքը այնպիսի կացութիւն մը ստացած էր, որ սոյն հիմնարկը մնացած էր գաղափար: Յունուար 2010էն ի վեր, Ամերիկայի Հայ Աւետարանակչական Միութեան պատասխանատու տնօրինութեան պաշտօնը ստանձնած է պրն. Լեւոն Ֆիլեան, որ վերջերս այցելեց »Հայրենիք«, իր կողքին ունենալով վարիչ պատասխանատու Տիգրան Եումշաքեանը: Հետաքրքրական տեղեկութիւններ կարելի եղաւ ստանալ, յատկապէս կրթական եւ Հայաստանի մէջ կատարուած աշխատանքներու բնագաւառներէն ներս: Ամերիկայի Հայ Աւետարանակչական Միութեան, Որբերու եւ Երեխաներու Հոգատար Յանձնախումբը (orphan and child care committee) վերջերս կազմակերպած էր »Փոքր ձեռքեր, մեծ սիրտ« Ճաշկերոյթը, Նիւ Ճըրզիի (ուր կը գտնուի հիմնարկին կեդրոնը) մէջ որուն հասոյթը պիտի օժանդակէ Հայաստանի եւ Արցախի չքաւորութեան մէջ ապրող երեխաներուն: Նմանօրինակ ճաշկերոյթ ու աճուրդ մը նաեւ կազմակերպուեցաւ Պեվըրլի Հիլզի (Քալիֆորնիա) մէջ, նոյն նպատակով, որուն հասոյթը՝ $245,000, պիտի հոգայ Հայաստանի եւ Արցախի երեխաներու առօրեայ պէտքերը: Ամերիկայի Հայ Աւետարանակչական Միութեան ամառնային Ճամբարի յանձնախումբը 1999էն ի վեր աշխատած է հանգանակութեան ծրագիրներու միջոցաւ, Հայաստանի Աւետարանական Եկեղեցւոյ հետ միասնաբար, կազմակերպելու Ծննդեան Ծրագիրներ Հայաստանի, Արցախի, եւ Վրաստանի քաղաքներէ եւ գիւղաքաղաքներէ ներս, երջանկացնելու համար տեղացի չքաւոր հայ քոյրերն ու եղբայրները: 2009ին Յանձնախումբին կազմակերպած »Ծնունդը Հոկտեմբերին« ձեռնարկին հասոյթը գերազանցեց քառասուն հազար տոլարի գումարը, որուն արդիւնք, յիսուն վայրերէ ներս, 20092010ի ծնունդի ծրագիրը յաջողեցաւ եւ նպաստեց տաս հազարէ աւելի հայորդիներու:
Մարտ 6ին, հարիւրաւոր անձեր եկան ըմբոշխնելու երաժշտական երեկոյ մը Լոս Անճելըսի “United Armenian Congregational” եկեղեցւոյ մէջ, որուն հասոյթը, ամբողջութեամբ տրամադրուեցաւ Հայ Երեխաներու Կաթ Հիմնադրամին (Armenian Children’s Milk Fund): Ձեռնարկի աստղը` ամերիկահայ երգչուհի Մարի Պալեանն էր: Ան բազմաթիւ առիթներով իր երգերով Աստուծոյ փառաբանած է տարբեր եկեղեցիներէ ներս:
Ֆրանսայի մէջ, պետական բարձր մակարդակի հիմնարկներու հետ աշխատանք կը տանի Հայ Աւետարանակչական Միութիւնը, դէպի Հայաստան օժանդակութիւններ ուղղարկելով:

Հայիթիի մէջ կատարուած ահաւոր աղէտին, իր ներդրումը ունեցաւ այս հիմնարկը, եւ այս առթիւ Ֆիլատելֆիոյ մէջ, Հայիթիի Հիւպատոսարանին կողմէ, յատուկ գնահատական նամակ մը յղեց, որուն մէջ կը յայտնէր իր խորին շնորհակալութիւններն ու երախտապարտութիւնը՝ հիմնարկին, իր կատարած ժրաջան աշխատանքներուն համար եւ կոչ ուղղելուն համար, հայ աւետարանական համայնքին շուտափոյթ նիւթական օգնութիւն հասցնելու աւերիչ երկրաշարժէն ազդուած այդ կղզիին: Այս կոչին շնորհիւ քանի մը օրերու ընթացքին, կարելի եղած էր տաս հազար տոլար հաւաքել եւ շտապօրէն ուղղարկել Հայիթի: Ամէնէն յուզիչն ու տպաւորիչը՝ Հայաստանի Աւետարանական Եկեղեցիներու հաւաքած գումարը՝ 250,000 դրամ (640 տոլար) էր, որ յանձնուեցաւ Հայաստանի Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան նախագահ՝ Պատուելի Սամուէլ Կիրակոսեանի: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ. »Մենք բնաւ պիտի չմոռնանք ինչպէս համայն աշխարհը մեր օգնութեան հասաւ 1988ին: Մենք ալ մեր կարգին, այսօր կը կատարենք մեր պարտականութիւնը«:
Հիմնարկը կ’օժանդակէ բազմաթիւ երկիրներէ ներս: 1955էն ի վեր Լիբանանի »Հայկազեան« հիմնարկը (նախապէս քոլէճ, այժմ համալսարան) կը մնայ այս հիմնարկի հովանիին տակ: Եւրոպայի զանազան գաղթօճախներէ ներս, հիմնարկը կ’օժանդակէ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու, որոնց կարգին յատկապէս Պելճիքայի (Պրիւքսէլ, Անվերս եւ Լիէժ), Գերմանիոյ (Էթինկըն), Հոլանտայի (Ալմելօ) մէջ: Միւս կէղմէ, 2004ին, պայթումի արդիւնք, մեծ կորուստներ կրած Պաղտատի Հայ Աւետարանական Եկեղեցին բոլորովին վերանորոգուած է եւ արդէն իսկ կը գործէ:

Վարիչ պատասխանատու Տիգրան Եումշաքեան, Ֆինիքս (Արիզոնա) այցելութիւն մը տուաւ վերջերս, հիմնարկի մէկ մասնաճիւղին հիմը դնելու գործուղղութեամբ: Ֆինիքսի մէջ, ան հանդիպեցաւ տեղւոյն նախկին քաղաքապետ պրն. Սամուէլ Մարտեանի հետ, որ 1980ական թուականներուն Հայ Աւետարանակչական Միութեան վարչութեան անդամներէն էր եւ շրջան մըն ալ ստանձնած՝ փոխնախագահի պաշտօնը:
91 տարեկան Մարտեանը, ցայսօր գաղութին գործունեայ անդամներէն է ու մօտէն կը հետեւի հայկական հարցերու անցուդարձերով եւ յատկապէս ՀայաստանԹուրքիա խօսակցութիւններուն եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացին:
2010ի ամրան, կնոջական հաւաքոյթծրագիր մը կը կազմակերպուի չորս օր տեւողութեամբ: Այս ծրագիրը յղացած է Թորոնթոյի (Գանատա) Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր անդամ Թամար Ալպարեանը: 2009ին ծրագիրը տեղի ունեցաւ Վանաձորի Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ, որուն մասնակցեցան 175է աւելի կիներ: Այս տարի եւս, հովանաւորութեամբ այս հիմնարկին, պիտի կազմակերպուի տարեկան Ամառնային Երիտասարդական ծրագիրներ. Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թէ Արեւելեան շրջաններէն ներս:
Այս տարուայ մէկ կարեւոր ծրագիրը տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի մէջ:

Այս ծրագրին նպատակը՝ ճամբարին (Քրիստոնէական ջանից ամառնային կեդրոն՝ՔՋԱԿ) եւ իր կառոյցներուն վերանորոգումն է ‘ որոնց շարքին են աղօթարանը, ճաշարանը, եւ կեցութեան սենեակները: Նշենք թէ, Լիբանանի պատերազմին, այս ամառանոցը մեծ վնասներ կրած էր: Ծրագրին մասնակցողները պէտք է որ 18 տարեկանէն վեր ըլլան: Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, կարելի է այցելել կայքէջ. www.amaa.org.
ՆԱՆՕՐ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ