

Առջեւի շարք.- Վեր. Պերճ Ճամպազեան, Վեր. Յարութիւն Սէլիմեան, Դոկտ. Նազարէթ Տարագճեան, Տիար Զաւէն Խանճեան, Վեր. Դոկտ. Վահան Թութիկեան, Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան, Վեր. Դոկտ. Րընէ Լեւոնեան
Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան
Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի Գործադիր Յանձնախումբը իր տարեկան ժողովը գումարեց Սան Ֆրանսիսքոյի Հայ Աւետարանական Գողգոթա Եկեղեցւոյ մէջ, Հոկտ. 15-16, 2015ին:
Գործադիր Յանձնախումբը խորհրդակցութեան նիւթ ըրաւ եւ որոշումներ տուաւ հետեւեալ նիւթերու մասին.-
1. Ընդհանուր վերատեսութիւն մը եւ վերագնահատում մը Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի առիթով տեղական, համայնքային, միջ-յարանուանական մակարդակներու վրայ եղած ոգեկոչումներու մասին:
2. Որոշուեցաւ Փրանկիսկոս Պապի այցելութիւն մը կատարել ընթացիկ տարուան մէջ՝ Հայ Աւետ. Եկեղեցւոյ երախտիքը յայտնելու Նորին Սրբութեան իր արի կեցուածքին համար որ ցոյց տուաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման նկատմամբ:
3. Խորհրդակցութեան նիւթ դարձաւ եւ կարգ մը որոշումներ տրուեցան Սուրիահայութեան տագնապալի վիճակին մասին:
4. Որոշուեցաւ շարունակել երկխօսութիւնը Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի եւ Մայր Աթոռ Էջմիածինի միջեւ:
5. Որոշուեցաւ Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի համար Գրասենեակ մը հաստատել Երեւանի Աւետարանչականի Կեդրոնատեղիին մէջ:
6. Խորհրդակցութեան նիւթ եղաւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ 170-ամեակի տօնակատարութիւնը 2016 ին:
7. Տիար Զաւէն Խանճեան նշանակուեցաւ որպէս Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի ներկայացուցիչ Համահայկական Հիմնադրամի Հոգաբարձութեան կազմին:
8. Ժողովը ընդունեց Դիւանի եւ անդամ կազմակերպութեանց տեղեկագիրները: