Հայ-Ամերիկեան Երկկողմանի Խորհրդակցութիւններ

0 0
Read Time:27 Second


ԵՐԵՒԱՆ.- Յունուար 16-ին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան ընդունեց Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ռիչըրտ Միլզը: Այս հանդիպման ընթացքին, քննուեցան պաշտպանութեան մարզի հայ-ամերիկեան երկկողմանի համագործակցութեան շրջագիծին մէջ 2017-ի ընթացքին կատարուած աշխատանքները եւ նշուեցան 2018-ի համագործակցութեան հիմնական ուղղութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են նաեւ շրջանային անվտանգութեան առնչուող հարցեր:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը համառօտ ներկայացուց այն ուղղութիւնները, որոնք պիտի ընդգրկուին բանակի արդիականացման եօթնամեայ ծրագիրին մէջ:
Դեսպան Ռիչըրտ Միլզ շեշտեց փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող մարզերու մէջ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան հետ համագործակցութիւնը շարունակելու Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան պատրաստակամութիւնը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles