ՀԱՅՐԵՆԻ ՅՈՒՇԵՐ(20) – (Իբրեւ վերջաբան)    

0 0
Read Time:5 Minute, 37 Second

Արմենակ Եղիայեան  

armenag@gmail.com

Հայրենի յուշերուս այս վերջին դրուագը կ’ուզեմ յատկացնել Արամի յիշատակին, անոր  անձին ու ընտանիքին վերաբերող կարգ մը մանրամասնութիւններու, որոնք ընդհանրապէս կը վրիպին արդի հայու  գիտութենէն, թէկուզ  միշտ  ու միանշանակ՝ բոլորովին անծանօթ   չըլլան պատմածներս:

Արամի գործունէութեան փայլուն  փուլերէն մէկը կը կազմէ Վանը:

Ան  առաջին անգամ հոն ոտք կը դնէր 1904-ին եւ այնուհետեւ,– կարգ մը ընդմիջումներով,–  բախտը կը կապէր  մասնաւորաբար այդ պատմական ոստանին եւ ընդհանրապէս ամբողջ Վասպուրականին՝ արժանանալով  «Վանայ Արամը»  յորջորջումին եւ առարկայ դառնալով շրջակայ թուրք, քուրդ եւ  այլազգի  շրջանակներու  միահամուռ յարգանքին՝ մինչեւ «փաշա» անուանումը: Այստեղ ան  քիչ մը ամէն բան է՝ ուսուցիչ, դպրոցի հիմնադիր,  երիտասարդական խումբերու կազմակերպող, ազգային հաստատութեանց վերակացու եւ հայութեան մնայուն ներկայացուցիչը՝ յաչս  թրքական կառավարութեան:

Արամ Վանը կը լքէ անոր ինքնավարութեան անկումէն ետք՝ 1916-ին, որ կը զուգադիպի ռուսական բանակի նահանջին Արեւմտեան Հայաստանէն, երբ այլեւս կարելի չեղաւ այնտեղ պահպանել՝ հայ կամաւորական գունդերու առաջնորդութեամբ ու օգնութեամբ ազատագրուած տարածքները, ուր պահ մը նահանգապետ  ալ նշանակուեցաւ  ան ռուսական իշխանութեան կողմէ:

*   *   *

Նահանջելով Վասպուրականէն՝ ան կը հասնի Թիֆլիս, ուր կեդրոնացած էին օրուան կարեւորագոյն գործիչները եւ կը վճռուէին ազգային բոլոր հարցերը: Սակայն այս միջավայրը իր նստակեցական ու դիւանակալական բարքերով չի գրաւեր զինք, եւ 1917-ին, Ազգային խորհուրդի լիազօր ներկայացուցիչի հանգամանքով  ան կ’անցնի Երեւան, որ շատ աւելի կը պատշաճէր իր  ճաշակին ու ըմբռնումներուն եւ ուր, մանաւանդ, շատ աւելի գործ կար ընելիք:

Արդարեւ, Երեւանը այդ օրերուն լեցուած էր արեւմտահայ  հոծ գաղթականութեամբ,  մասնաւորաբար մեծաթիւ՝ մօտ 50.000, անտէր որբերով, որոնց վիճակը շուտով պիտի օրհասական դառնար աւելի քան հարիւր տարիէ ի վեր այնտեղ հաստատուած ռուսական  բանակի վերջին մնացորդներու հեռացումով՝ ի հետեւանս  Լենինի կոչերուն՝  դադրեցնելու պատերազմը   եւ վերադառնալու տուն, ինչ որ բոլորովին անտէր կը ձգէր  Հայաստանը թրքական զօրքերու  դէպի Արարատեան դաշտ խուժումի փորձերուն դիմաց:  Հայրենի հայութեան  ու կամաւորական գունդերուն վերջին բեկորներուն աչքերը բնական հակումով մը կը յառին  Արամ Մանուկեանին, որուն վարչական ու ռազմական  համբաւին  այլապէս ալ  ծանօթ էին անոնք:

Այս առանձին ու անտէր մնացած զանգուածի  ջանադիր կազմակերպութեան շնորհիւ է,  որ յառաջացաւ այն  դիմադրական ուժը, որ համակած էր հայութիւնը երեք տարի առաջ Վանի մէջ  եւ պիտի ամիսներ ետք վերայայտնուէր Սարդարապատի մէջ՝  յաղթական դիմագրաւելով   թրքական ներխուժող հորդաները եւ պարտութեան մատնելով զանոնք` վերականգնելու համար վեց դարերէ ի վեր կորսուած հայ պետականութեան հիմքերը՝ 28 մայիս 1918-ին:

 

Արամի երբեմնի   տունը

Եւ մինչ կ’ակնկալուէր, որ ի՛նք ալ գլխաւորէր  հռչակուած հանրապետութիւնը, Արամ Մանուկեան,  որ  միշտ  խուսափած էր տիտղոսներէ ու ցուցական պատիւներէ,  իր տեղը կը զիջի Յովհաննէս Քաջազնունիի, որ կը դառնայ  առաջին վարչապետը, մինչ ինք կը ստանձնէ ներքին նախարարութիւնը, ուր շատ աւելի գործ կար ընելիք,  մօտ ամիս մըն ալ ժամանակաւորապէս կը վարէ աշխատանքի եւ խնամատարութեան  նախարարութիւնները:

Կը մահանայ 29  յունուար 1919-ին, բծաւոր տիֆի վարակով, ամբողջ ամիս մը պայքարելէ ետք հիւանդութեան դէմ եւ  հազիւ եօթը ամիս վայելելով,– եթէ կարելի է այսպէս ըսել,– անկախ պետականութեան հրճուանքը: Ետին կը ձգէ այրին՝ բժշկուհի Կատարինէ Զալեանը, եւ չորս ամսու որբուհի մը՝ Սեդան, խանձարուրի մէջ:

*   *   *

Արամ Մանուկեանի եւ Կատարինէ  Զալեանի ամուսնութիւնը տեղի ունեցած է 1918-ի սկիզբը: Այն ատեն  կինը լծուած էր գաղթականներն ու որբերը համաճարակներու դէմ պաշտպանելու համար մղուող պայքարին, եւ անոնց հանդիպումն ալ տեղի կ’ունենայ  ճիշդ  այն հիւանդանոցին մէջ, ուր կը գործէր  ան:

Այս ամուսնական կեանքը կը տեւէ նուազ քան  տարիուկէս:

Ամուսինին մահէն ետք կինը  կ’ընտրուի  խորհրդարանի պատգամաւոր՝ դառնալով   80 անդամ հաշուող  Ազգային ժողովի երեք կիներէն  մէկը՝[1] շարունակելով միաժամանակ բերել իր մասնակցութիւնը գաղթականներու խնամքին:

Վրայ կը հասնի Հայաստանի խորհրդայնացումը, եւ կը սկսի  անոր գողգոթան:

Նախ կը գրաւեն բնակարանը[2], որ  սեւ քարէ կառուցուած երկյարկ գեղեցիկ  շէնք մըն էր, որ Արամ Մանուկեան, Երեւան ժամանելուն առթիւ,  նուէր ստացած էր Ֆատեյ Քալանդարեան անուն  բարեկամէ մը, ապա  կը զրկեն աշխատանքէ եւս: Տիկին Մանուկեան,   բոլորովին անտէր մնալով, կը հաստատուի  քրոջը  մէկ սենեականոց  տունը,  այնուհետեւ  կը մեկնի Կրասնոտար՝ Արամի ազգականներուն  քով, ուր կ’ապրի չարքաշ կեանքով մը՝ կատարելով քանի մը աշխատանք: 1927-ին Հայաստանի մէջ խիստ կարիքը կը զգացուի մասնագէտ բժիշկներու, ահա այս առիթէն ալ օգտուելով ան  կը վերադառնայ Երեւան ու կը նուիրուի իր մասնագիտութեան.  «Մայրս առաւօտեան աշխատանքի կ’երթար, ճաշի կու գար, զիս կը կերակրէր, նորէն դուռը վրաս փակելով՝ կ’երթար ուրիշ գործի, դա էր նրա ամբողջ  կեանքը»,– կը վկայէ Սեդա Մանուկեան իր յուշերուն մէջ:

Արամի ընտանիքը խորտակելու փորձէն ետք՝ օրուան համայնավար իշխանութիւնները  կ’արտաշիրմեն անոր աճիւնները  եւս, որ օրին կը գտնուէր այժմեան Կոմիտասի անուան պանթէոնի տեղը, ուր  թաղուած էր Առաջին հանրապետութեան ծախսերով, եւ կնոջը  շատ նեղ միջոցներով անոնք կը փոխադրուին այժմեան Թոխմախ գէօլի գերեզմանատունը, որուն ակնարկուած է այս յուշերու 12-րդ դրուագին մէջ: Անկախութենէն ետք՝ Արամ Մանուկեանի շիրիմը մէկ անգամ եւս տեղափոխուեցաւ  ու հանգրուանեց  այս անգամ,− յուսանք վերջնականապէս,− Երեւանի պետական պանթէոնի մէջ, ուր բերուեցան  ու  ամփոփուեցան  անոր կնոջ եւ աղջկան աճիւնները  եւս:

*   *   *

Հայաստանի խորհրդարանի երեք կին պատգամաւորները` Կատարինէ, Զալեան,     Պերճուհի Բարսեղեան եւ   Վարվարա Սահակեան

Կը հասնի 1937 չարաշուք թուականը,  եւ Կատարինէ Մանուկեան անգամ մը եւս դուրս կը դրուի տունէն ու կ’արձակուի աշխատանքէն: Ան տնանկ ու ծայրայեղ թշուառ կ’ապրի մինչեւ Համաշխարհային պատերազմի սկիզբը, երբ մեծ կարիք կը զգացուի բժիշկներու, ուստի  կը թոյլատրուի, որ  ան  վերատիրանայ իր քաղաքացիական  իրաւունքներուն եւ  վերսկսի աշխատիլ:

Այսպէս կ’ապրի ան մինչեւ մահը՝ 1965-ին:

Մահէն քիչ առաջ ան կ’ըսէ աղջկանը. «Ես չտեսայ, բայց դու անպայման կը տեսնես  այն օրը, երբ մարդիկ  կը յիշեն ու կը գնահատեն քո հօրը: Ես վստահ եմ, որ հայ ժողովուրդը  չի մոռանայ նրան»:

Մօրը մահէն ետք Սեդա Մանուկեան Երեւան կը մնայ մինչեւ 1976, ապա  կը հաստատուի Մոսկուա, ուր կ’ապրի կեանքին մնացեալ տարիները մինչեւ 2005` 86 տարիքը: Այս ամբողջ միջոցին ան միայն մէկ անգամ՝ 1998-ին կ’այցելէ Հայաստան, ուր Սարդարապատի թանգարանին կը նուիրէ հօրը անձնական իրերն ու լուսանկարները:

 

 

 

[1]  Այս մարզին մէջ Հայաստան իր ժամանակի  յառաջապահներէն էր,    քանի եւրոպական երկիրներն իսկ  նոր-նոր կին անդամներ կ’ընտրէին իրենց խորհրդարաններուն:

[2] Այս այն  աւերակ բնակարանն է, որ  կը գտնուի երբեմնի Սպանդարեանի՝ ներկայիս Արամի փողոցին մէջ, թիւ 9: Չես գիտեր ի՛նչ պատճառներով՝ Երեւանի պորտին  գտնուող երբեմնի  գեղակերտ ու ամրանիստ   կառոյցը հասած է ներկայ վիճակին: Ան անկախութեան տարիները դիմաւորեց   աւերակ ու շուտով վերածուեցաւ աղբանոցի, ուր անցորդներ չէին վարաներ գոհացնելու իրենց կարիքները: Շատ ուշ միայն քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան կղպանքով մը օժտեց անոր մուտքը, որ գոնէ այլեւս…«մաքուր»  մնայ  ան: Բայց ահա սրտցաւ լրագրող մը անկէ ետք՝   25/8/2015-ին կը վկայէ. «Կը մտնեմ ներս, ուշադրութեամբ, խուսափելով  գարշահոտ աղբի տոպրակներու  եւ մարդոց արտաքսած կեղտերուն վրայ կոխելէ: Ամօ՛թ» («Ազդակ»): Ոչ մէկ անհատ,  կողմ ու կազմակերպութիւն յաջողեցաւ  բարւոք լուծում մը տալ այս կացութեան, աւելին՝ ամէն ոք ձեւը գտաւ իրմէ հեռացնելու այդ դառն բաժակը, եւ բոլոր ակնարկները ուղղուեցան  քաղաքապետարանին: Իսկ քաղաքապետարանը պատասխանեց. «[Արամ Մանուկեանի տունը] անհատի սեփականութիւն է, և քաղաքապետարանը այնտեղ լիազօրութիւն չունի»: Պարզուեցաւ, որ անոր սեփականատէրը զուիցերիաբնակ Վարդան Սրմաքէշ[եան]ն է, որ գնած է ամբողջ  փողոցը ոմն Եագուպեանէ մը, որ հիմա մահացած է, եւ սկսած է անոր քանդումի աշխատանքներուն, որոնք  հերթաբար պիտի ընդգրկեն նաեւ… Արամի  տունը:  Այս յայտնաբերումէն ետք իր կարգին մինչեւ հիմա  հանրութեան ծանօթ չէ   որեւէ յաջող փորձ՝ հատուցելու  յիշեալ սեփականատիրոջ,  որպէսզի կարելի ըլլայ     վերատիրանալ  այդ  բնակարանին  եւ  զայն  նորոգ դարձնել   ազգի՛ սեփականութիւնը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles