
1974ին համագաղութային կառոյց դառնալէ ետք, Հ.Մ.Ը.Մ.ը իր նպատակի թելադրութեամբ իւրաքանչիւր քառամեակի` գաղթաշխարհի օտար ափերուն վրայ կազմակերպեց համագաղութային սկաուտական բանակումներ, ապա Հայաստանի մէջ վերընձիւղումով` ան դարձաւ համահայկական կառոյց:
Հ.Մ.Ը.Մ.ը, հաւատարիմ իր կոչումին ու առաքելութեան, 1994-էն ի վեր` հինգերորդ բանակումէն սկսեալ, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական բանակումները կը կազմակերպէ մայր հայրենիքի հողին վրայ` ի մի հաւաքելով աշխարհացրիւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտները, զանոնք առաւել եւս հաղորդակից դարձնելով մայրենի հողին, պատմութեան, արժէքներուն ու աւանդոյթներուն:
Հայաստանի մէջ կայացած իրերայաջորդ բանակումներուն արձանագրած յաջողութեան շնորհիւ, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական բանակումները պարբերաբար արձանագրեցին մասնակցութեան թիւի աճ` Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի տրամադրուած հողատարածքը դարձնելով անբաւարար:
Իրերայաջորդ Կեդրոնական վարչութիւններ ակամայ դիմեցին թիւի սահմանափակումի` շրջանները մատնելով նեղ կացութեան:
2010-ին` 9րդ ընդհանուր բանակումին, բանակավայր այցելեցին փոխվարչապետն ու սփիւռքի նախարարը, որոնց պարզուեցաւ բանակավայրի հողային տարածքը եւ մասնակցողներու թիւը: Անոնք խոստացան շուտով լուծել հողատարածքի հարցը: Կարճ ժամանակ ետք խոստումը յարգուեցաւ:
Հողատարածքը բանակատեղիի վերածելու աշխատանքը միութիւնս կը դնէր լուրջ ու նիւթապէս ծանր յանձնառութեան տակ:
10-րդ Պատգամաւորական ժողովէն ընտրուած Կեդրոնական վարչութիւնը, առաջնահերթ համարելով ընդհանուր բանակումներու իրագործումն ու անոնց յաջողութիւնը եւ շրջաններու պահանջը` որոշեց ամէն ճիգ թափել հողատարածքը բանակատեղիի վերածելու համար, եւ ի վերջոյ իր կատարած բանակցութիւնները դարձան արդիւնաւէտ:
Առ այդ, Կեդրոնական վարչութեանս ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեան, անցեալ շաբաթավերջին կարճատեւ այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Հայաստան եւ Փետրուար 21, 2014-ին պաշտօնական հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ` ներկայացնելու համար Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի այժմու բանակավայրի յարմարութիւնները եւ անոր կից տրամադրուած հողաշերտը սարքելու անհրաժեշտութիւնը, ինչ որ հնարաւորութիւն պիտի ստեղծէ Սփիւռքէն մեծաթիւ բանակողներ հիւրընկալելու:
Նախագահ Սարգսեան դրական մօտեցում ցուցաբերեց այս ծրագիրներուն նկատմամբ` զանոնք նկատելով շինիչ ու կարեւոր, եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց պետական աջակցութիւն ցուցաբերելու` “Փիւնիկ“ մարդկային պաշարներու հիմնադրամին կողքին:
Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտները միշտ երախտապարտ պիտի մնան իրենց բարերարներուն նկատմամբ:
Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ