
ԵՐԵՒԱՆ․- Դեկտեմբեր 10-ին, Հայրենիքի փրկութեան շարժումը հանրահաւաք կատարեց կառավարութեան շէնքին առջեւ, ուր նոյն ատեն կը գումարուէր կառավարութեան նիստը:
Քաղաքացիները «Նիկո՛լ, դաւաճա՛ն», «Հեռացի՛ր», «Հայաստանը առանց Նիկոլի» բացագանչութիւններով կը պահանջէին Փաշինեանի հրաժարականը: Կառավարութեան շէնքին առջեւ կանգնած էին մեծաթիւ ոստիկաններ, ոստիկանութեան յատուկ ստորաբաժանումներ կը հսկէին շէնքին:
Քաղաքացիները եւ արցախեան պատերազմի խումբ մը մասնակիցներ փորձեցին մուտք գործել կառավարութեան շէնք եւ ատոր համար դիմեցին ոստիկաններուն` կոչ ուղղելով բանալու ճամբան: Ցուցարարները յայտարարեցին, որ իրենք բախում չեն ուզեր, կ՛ուզեն մտնել ու այդ մարդուն բացատրել` ի՛նչ տեղի կ՛ունենայ, որ` երկիրը խոր ճգնաժամի մէջ է, իսկ ինք պէտք է հեռանայ: «Ձեր գերագոյն հրամանատարը յայտարարած է, որ ասիկա ժողովուրդին շէնքն է, այդ պատճառով ալ կ՛ուզենք մտնել մեր հարկերով սպասարկուող շէնք, բացատրել երկրին մէջ ինչ վիճակ կը տիրէ ու դուրս ելլել», ըսաւ ցուցարարներէն մէկը:
Լարուած իրավիճակ ստեղծուեցաւ Տիգրան Մեծի պողոտային մէջ, ուր ցուցարարները փորձեցին փողոցը փակել: Անոնք բռնի ուժով հեռացուեցան ոստիկաններուն կողմէ, որոնք աւելի ուշ բերման ենթարկեցին շուրջ 42 անձեր: Ձերբակալուածներու կարգին էին Տարօն Ղազարեանն ու ընկերները, որոնք Հ․Յ․Դ․ կամաւորական վաշտերու կազմին մէջ պատերազմի գրեթէ ամբողջ ընթացքին գտնուած են սահմանագիծին մէջ` պաշտպանելով Արցախի հիւսիսային սահմանները: Բերման ենթարկուեցաւ նաեւ Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի նախագահ Սիմոն Սիմոնեանը:
Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արթուր Խաչատրեան` անդրադառնալով վարչապետին հրաժարականը պահանջող քաղաքացիները բերման ենթարկելու հարցին, ըսաւ, որ անոնք ուղղակիօրէն ենթակայ են Նիկոլ Փաշինեանին, հետեւաբար, ոստիկանութեան կողմէ կիրարկուած որեւէ անհամաչափ ուժ անձամբ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ կիրարկուած անհամաչափ ուժ է:
Արթուր Խաչատրեան Նիկոլ Փաշինեանին առաջարկեց երթալ Սիւնիքի սահմանամերձ դարձած գիւղեր, Ստեփանակերտ եւ տեսնել, թէ ժողովուրդը ի՛նչ կը մտածէ իր մասին: «Թող Նիկոլ Փաշինեանը հիմա երթայ Արցախ եւ իր աչքով տեսնէ` ի՛նչ տեղի կ՛ունենայ հոն, թէ՞ այլեւս Նիկոլ Փաշինեանին համար Արցախը Հայաստան չէ: Թող Լաչինի միջանցքով անգամ մը երթայ Ստեփանակերտ եւ վերադառնայ, թող Ստեփանակերտի փողոցներուն մէջ շրջի, մարդոց հետ խօսի, տեսնէ` ի՛նչ կարծիք ունին իր մասին: Թող նաեւ Սիւնիք մտնէ, շրջի գիւղերուն մէջ, տեսնէ, որ սահմանապահներ չկան, եւ համայնքի ղեկավարները իրենք կամաւորական ջոկատներով կը պահեն սահմանը, արդեօք պետութիւն չկա՞յ, որ համայնքի ղեկավարները գացած են սահման: Պարտուած առաջնորդը վայրկեան առաջ պէտք է հեռանայ եւ պատասխան տայ կատարածներուն համար», դիտել տուաւ Արթուր Խաչատրեան:
Ան հաստատեց, որ Փաշինեան կը վախնայ իր իսկ ժողովուրդէն, իսկ ասոր ամէնէն վառ ապացոյցը ոստիկանական ուժերուն քանի մը շարքերու մնայուն ներկայութիւնն է կառավարութեան շէնքին առջեւ. «Երբ կը յայտարարէ, որ ժողովրդական աջակցութիւն ունի, այդ պարագային ի՞նչ կարիք կայ այսքան ոստիկանական զօրքեր բերելու եւ մարդոց վախցնել փորձելու»: