ՀԱՅՐԵՆԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆ, ԽՈՉԸՆԴՈՏՆԵՐ, ԽՈՒՃԱՊԱՅԻՆ ԱՐՏԱԳԱՂԹ ԵՒ ՍՊԱՍՈՒԱԾ ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆ

0 0
Read Time:4 Minute, 12 Second

balian kaght

Յ. Պալեան
Քուինզ, Նիւ Եորք

Հայրենադարձութիւնը ազգային հիմնահարց է: Քաղաքական ընթացիկէ վեր:
Հայաստան եւ սփիւռքներ, հայրենադարձութիւնը հիմնահարց կը համարե՞ն:
Առանց հայրենադարձութեան ինչպէ՞ս հայրենիք կը դառնան Հայաստանը եւ Արցախը:
Այս հիմնահարցը, այսօ՛ր, անմիջական օրակարգ կրնա՞նք դարձնել, ըստ այնմ դատել անհատներու եւ բազմանուն կազմակերպութիւններու հասակը եւ ազգային ապագայ նախատեսել:
Քանի մը պարզ հաստատումներ: Սփիւռքները միայն ժամանակաւոր են, ինչ որ ալ ըլլան տոկալու եւ տեւելու ճիգերը եւ նախաձեռնութիւնները: Բացառիկ եւ հետզհետէ նուազ բացառիկ պարագաները մեզ ինքնախաբէութեան պէտք չէ մղեն, հաւկուրութեամբ դիտելու ծառը՝ որ կը ծածկէ անտառը:
Իսկական ընկերային խոյզեր չկան, որպէսզի թիւերով չափենք մաշումները:
Քաղքենիացած սփիւռքները, ինչ անուն ալ տանք այս յոգնակին բաղկացնող եզակիներուն, ստուար մեծամասնութեամբ կ’ընդունին յուշագրական, բարեսիրական, զօրակցական եւ ճառային հայրենասիրական յանձնառութիւնները, որոնք յստակ հայրենատիրական վերաբերում չեն պահանջեր: Մասնակիով խանդավառուիլ եւ խանդավառել կը փոխարինեն հեռանկարային ազգային քաղաքականութիւնը: Սփիւռքները մեղանչելով դարձած են կառքին հինգերորդ անիւը եւ հայրենի պետու-թիւնն ալ կարծէք կը բաւարարուի անոնց այդ դերով:
Ինչո՞ւ հայրենադարձութիւնը շարժում չ’ըլլար:
Ոչ ոք կը ժխտէ, որ հայրենիքը կը պահուի բնակչութեամբ, առաւել եւս ներկայ ժամանակաշրջանին, երբ կեցութեան տեղ եւ աշխատանք փնտռող գաղթերը ահեղ թափ ունին:
Դիտենք մեր կացութիւնը. հայրենադարձութիւնը օրակարգ չէ, արտագաղթի հետ հաշտուած ենք: Վիճակագրական թիւեր կը տրուէին, կը տրուին, բայց ազգային քաղաքականութեան վրայ ազդող անհանգստութիւն չկայ:
Ինչպէ՞ս եւ որոնցմով պիտի կենսագործուի հայրենատիրութիւնը: Սփիւռքները հայրենատիրութեան յանձնառութիւն պիտի ընդունի՞ն, թէ պիտի բաւարարուին բարեսէրի դերով:
Հայաստան եւ Արցախ, պետական մակարդակով, հայրենադարձութեան կարճաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ մշակուած քաղաքականութիւն ունի՞ն, արտագաղթի դրական եղանակով կասեցման, ոչ թէ արգելքներով, այլ բարօրութիւն պայմաններու ստեղծումով: Երբ արտագաղթը չի կասիր, հայրենադարձութեան մասին գրել եւ խօսիլ միայն ամբոխավարութիւն կ’ըլլայ:
Ինչո՞ւ կ’արտագաղթեն: Ինչո՞ւ հայրենիքի կարօտ երգողները չեն ներգաղթեր, գէթ անոնք՝ որոնց համար հայութիւնը սոսկ մեծ-հայրիկի եւ մեծ-մայրիկի ծագում չէ:
Տնավարի կամ սրճարանային զրոյցներու մակարդակին շատ բաներ կ’ըսուին, որոնք կը ծանծաղին անհատական շահագրգռութիւններու մակարդակին, առանց բացուելու ազգային-հաւաքական իրաւունքի եւ պարտաւորութեան ըմբռնումներու վրայ: Այսօր համահայկական չափանիշով հայրենատիրութեան գաղափարախօսութեան կարիք ունինք, կարիք ունինք այդ հայրենատիրութիւնը կենսագործող քաղաքականութեան եւ ղեկավարութեան:
Վերականգնումի ընթացքի մէջ եղող վերանկախացած Հայաստանը, ներառեալ Արցախը, ազգային-գաղափարախօսական օրինակելիութեան ճամբով չընթացաւ, որպէսզի ազգի բոլոր զաւակները իրենք զիրենք տէր զգային: Այդ տիրութեան զգացումը գեղեցիկ բառերով չի նուաճուիր, այլ բաժնելով միեւնոյն ճակատագիրը, նոյն դժուարութիւնները եւ նոյն բարիքները: Այս մթնոլորտը չունի Հայաստանը, անոր բացակայութիւնը արտաքին ուժերու ճնշման հետեւանք չէ: Թերաճ երկիրներու հունով ստեղծուած սակաւապետութիւնը (oligarchie), երկրի զարգացման եւ հոն ու սփիւռքներու մէջ ազգային տիրական գաղափարախօսութեան ընկալման խոչընդոտ է: Կը յառաջանան եւ կ’արդարանանան դառնութիւնները եւ յուսալքումները:
Անհաւասարութիւններ կան ամենուրեք, պիտի ըլլան, բայց երկրի մը բարւոք ընթացքը կը պահանջէ ապահովութիւն, արդարութիւն, աշխատանք, տնտեսական եւ զարգացման երաշխիքներ: Խորհրդային հաւասարութեան համակարգէն հազիւ դուրս եկած երկրի մը մէջ երբ կը ստեղծուի անաշխատ հարստացման հետեւանքով սակաւապետութիւն, անտեսելով ժողովրդային կարիքները, վստահութիւնը կը խախտի, արտագաղթը կը համարուի փրկութեան ճիշդ կամ սխալ փրկութեան լաստ, այդ պատկերը հայրենադարձութեան առջեւ լուսաւոր ճամբայ չի բանար, մանաւանդ երբ կը խօսուի հայրենադարձածներու ձախող փորձերու մասին:
Խառնակ կացութեան մէջ, անհատական յարաբերութիւններու մակարդակին անգամ, կան մեծ կամ պզտիկ համեմատութիւններով կողոպուտներ, ինչպէս բոլոր երկիրներու մէջ, բայց անոնք կ’աճին անյստակ օրէնքներու եւ հայրենադարձածներու զգացական հայրենասիրութեան ենթահողին վրայ եւ կ’ունենան բացասական հետեւանքներ:
Արտագաղթը կասեցնել եւ ստեղծել հայրենադարձութեան պայմանները: Այս հրամայականը չ’առաջնորդեր ղեկավարութիւնները: Այս ընելու համար հարկ է հաստատել օրէնքի գերակայութիւնը, վերջ տալ սակաւապետութեան մենաշնորհներու (monopoles) դրութեան, օրինակ, շաքարի, ալիւրի, վառելանիւթի, հիւսուածեղէնի, լուսացոյցներու հաստատման եւ շահագործման, եւայլն: Փոխանակ ներածելու, հարկ է զարգացնել եւ աշխուժացնել տեղական արտադրութիւնը: Ինչպէս խորհրդային շրջանին, պէտք է բանեցնել ալիւրի, շաքարի, հիւսուածեղէնի գործարանները, որոնք այսօր դատարկ են եւ որոնց կը հանդիպինք բարձունքի մը վրայ կամ ճամբու մը եզրին, խրտուիլակի տեսքով:
Հարկային օրէնքները վերատեսութեան ենթարկել, օրինակ, քաջալերելու համար արտադրութիւնը կամ առեւտուրը, առեւտրական հիմնարկութիւնը կամ ճարտարարուեստական հաստատութիւնը, տուրքէ զերծ կացուցանելով առաջին տարին, նոյնիսկ երկու տարի: Հարկային սպասարկութիւնը հիմնարկի դուռը հազիւ բացուած պէտք չէ հասնի բաժնետիրոջ պէս:
Ապօրէն միջամտութիւններու դէմ, յստակ օրէնքներով պէտք է պաշտպանել ներդրումները, անոնք ըլլան տեղական եւ կամ դուրսէն:
Այդ ներդրումները աշխատատեղեր կը ստեղծեն, դրամական շրջանառութիւնը կ’աւելնայ, կենսամակարդակը կը բարձրանայ եւ վստահութիւնը կ’աճի: Այս հարցերու լուծումը կ’ենթադրէ քաղաքական կամք եւ կանգ կ’առնէ արտագաղթը, յուսալի կացութիւնը կը քաջալերէ հայրենադարձութիւնը:
Եւ այդ ձեւով Հայաստանի եւ Արցախի հզօրացումը հոգեպարար խօսքէն անդին կ’անցնի:
Իսկ սփիւռքներու մէջ աշխատանք պէտք է տարուի, որպէսզի յաղթահարուին տեղական-տեղայնական մտմտուքները, մարդիկ դադրին ըսելէ, որ Հայաստանի մէջ չեն կրնար ապրիլ, կենսամակարդակը լաւ չէ, անապահովութիւն: Աւելին ալ կայ. պէտք է դադրիլ մտածելէ, թէ մեր զաւակներէն եւ բարեկամներէն պիտի հեռանանք:
Ինչո՞ւ կ’ընդունինք Աւստրալիա հաստատուած մեր եղբօր, քրոջ, զաւակին հեռաւորութիւնը, կամ ընտանիքի անդամներուն մէկ մասին Նիւ Եորք եւ միւս մասին Լոս Անճելըս գտնուիլը, կամ Պէյրութէն Փարիզ հեռաւորութիւնը, եւ խոշորացոյցով կը դիտենք Հայաստանի եւ մեր պարագաներուն միջեւ ստեղծուելիք տարածութիւնը: Պատճառը հեռաւորութիւնը չէ, այլ հայրենատիրութեան գիտակցութեան նուազումը եւ քաղքենի բարօրութիւնը կորսնցնելու վախը:
Իսկ ո՞վ չի գիտեր, որ Հայաստան այսօր բոլոր հնարաւորութիւնները կան քաղքենի հանգիստի: Կրկնենք. ինչ որ կը պակսի հայրենատիրութիւնն է, եւ այդ խորապէս տարբեր է հանդէսի մը լսուած այրած սրտեր հովահարող երգէ, պարէ, ճառէ:
Մեր պատմութեան եւ ազգի շարունակութիւն ըլլալու համար պիտի գիտնանք յաղթահարել խուճապային արտագաղթը եւ հայրենադարձութեան առթած սարսափը, զանոնք փոխարինել հայրենատիրութեամբ, որ ոչ զբօսաշրջութիւն է եւ ոչ ալ թոշակառուի զգացականութիւն:
Մինչ այդ, հայրենասիրութենէ հայրենատիրութիւն անցումը կատարելու համար, մեր տուներու եւ աշխատատեղիներու պատերէն պէտք է կախենք Վիգէն Վեչումեանի ճամբացոյց ոսկեայ խօսքը. «ՈՒՐԻՇԻ ԴՐԱՆԸ ՔԵԶ ԿԸ ԿՈՉԵՆ ՀԻՒՐ, ՈՐՊԷՍԶԻ ՉԱՍԵՆ ԾԱՌԱՅ»:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles