
Գէորգ Պետիկեան
Անցեալ Ապրիլի առաջին օրերուն, Արցախի սահմաններուն վրայ, չորսօրեայ անակնկալ պատերազմը եկաւ անգամ մը եւս հաստատելու, թէ իրապէս ազգովին դժուարին պայմաններու մէջ կը գտնուէինք։ Լուրջ, նոյնքան ալ վտանգաւոր։
Եւ ի տես այս նոր իրադարձութիւններուն, համայն հայութիւնը ապրեցաւ տեսակ մը վիճակներու անօրինակ խառնուրդ մը,որ զինք հասցուց մեր արդի պատմութեան ամէնէն ճակատագրական հանգրուաններէն մէկուն սեմին։
Պատմութիւնը խառնած էր իր էջերը ու հայու հոգին դժուար պայքարի մէջ մտնելով իրեն համար բացած էր պատմական նոր էջ մը։ Արիւնոտ եւ ցաւալի։
Կրկին անգամ ազգովին անդրադարձանք, որ մեծ խաղի մը ողբերգուներն էինք։ Աւելին՝ աննպաստ պայմաններու զոհերը։
Այս բոլոր տողերը սակայն, ձեզի համար նորութիւններ չեն որ կ՛արձանագրեմ։ Շատեր խօսած են. ուրիշներ կրկնած եւ կամ պարզած։ Բոլորդ ալ իրադարձութիւններուն քաջատեղեակ էք։ Բոլորդ ալ լսած էք եւ պատկերասփիւռի կայաններէն տեսած, որ մեր հայրենիքի երկինքէն մահը կրկին անգամ սկսած էր տեղալ։
Վտանգը յստակ էր եւ մեր ժողովուրդի ճակատագիրը անորոշ խաղեր սկսած էր խաղալ իր գլխուն։ Գիտէինք, որ թշնամի եւ թշնամիներ շատ ունէինք։ Սակայն միւս կողմէ կը կարծէինք, որ դաշնակիցներ ալ ունէինք։ Բայց…։ Այս ուրիշ հարց է։
Ու իբրեւ աշխարհով մէկ հայեր, ինչպէս սովոր է անուանել, գիտակցելով այս վտանգի ահաւորութեան, մեզի վիճակուեցաւ նոր կացութիւն։ Մեզմէ շատեր իրենց աչքերը վեր բարձրացնելով կրկին անգամ երկինքին հետ սկսած էին խօսիլ խունկով եւ աղօթքով։ Հաւատացէ՛ք, չորսօրեայ պատերազմը կատակ չէր։ Ան եկաւ իբրեւ սպառնալիք մեր ապրելու եւ գոյատեւելու ինքնութեան։ Վայրկեանի մը համար աշխարհը մեզի շուարած եւ նոյնիսկ անմիաբան ազգ կարծելով, ուզեց հաստատել, թէ հայ ժողովուրդի վերջակէտը շարժած էր իր թեւերը։
Բայց…։
Տեղին է յիշել, ու պատմութիւնը վկայ, որ մեր պապենական հողերուն վրայէն միշտ եւ ամէն առիթներով ողբերգութիւնը երկաթէ ոտքերով անցած էր։ Միշտ մեզմէ անկախ հասունցած էին մեր երկրի ծանր ցաւերը։
Սակայն մի մոռնա՛ք, որ այս անբնական կացութեան իբրեւ հետեւանք, վայրկեանին ազգովին, հայը հագաւ մարտիկի իր շապիկը։ Ունեցաւ իր հոգիին յատուկ նոր ռիթմը։
Ու պոռթկաց։ Որոնեց իր ինքնութիւնը։ Ու երբ մէկ կողմէ յանուն գերագոյն գաղափարի յանուն ազատութեան եւ հայրենիքի պաշտպանութեան իր մարմնի մէկ մասը երկնցուցած էր մահուան՝ եւ իր երիտասարդներու արիւնը կը թափէր, միւս կողմէ սակայն նոյն այս հայը թշնամիին, նախայարձակին, նոյնիսկ ամբողջ աշխարհին կը փաստէր իր ըլլալու կամքը, իր կերտելու կամքը, իր ազատասիրութեան կամքը եւ իր ստեղծագործելու կամքը։ Ու աւելին՝ իր շուրջը տիրող իրավիճակին մէջ լոյսը վառելու կամքը։
Բոլորս ալ լաւատեղեակ ենք, թէ մեր երկրի պատմութիւնը միշտ թուրով եւ կրակով շաղախուած է։ Անոր համար այս պատերազմին մեր բարկութեան եւ զոհաբերութեան, ընդվզումի եւ հայրենիքի ազատութեան սիրուն զգացական գետերը յորդեցան։ Ականջ տալով հայրենի հողէն լսուող եւ լսելի դարձող ու ճաթող սերմերու աղաղակին մենք կրկին անգամ միակամ որոնեցինք մեր ինքնութիւնը։ Հոգեփոխուեցանք։ Մեր մէջ արձանացած իրողութիւնները քանդեցինք ու շարժման մէջ դրինք մեր բոլոր լծակներն ու հնարքները։
Ու այս օրերուն, երբ տակաւին պատերազմի սպառնալիքը կը սաւառնի Արցախի գլխուն, երբ գրեթէ ամէն օր կը լսուին ռումբերու անժամանակ պայթումներու ձայները, երբ ամէն օր հայը կը զոհուի յանուն հայրենքի, ժամանակը եկած է նաեւ բացայայտելու իշխանութիւններու սխալները։
Պէտք է հաշուի առնել այս բոլորը իբրեւ ինքնասրբագրումի միակ ուղի։ Լրջօրէն եւ գիտակից մօտեցումով։ Հանդուժողական ոգիով։
Հաւատացէ՛ք, պատմութիւնը կը շարունակէ իր ընթացքը, առանց դադարի։ Մեզի չսպասեր։ Զոհուած երիտասարդներու, ազատամարտիկներու արիւնը բոլորիս համար ալ թանկ է եւ սուղ։ Հաւանաբար եղած քննադատութիւններն ու մատնան-շումները յստակ իրողութեան մը արդիւնք ու ծնունդն են։ Սակայն իմ կարծիքով իշխանութիւնները քննադատելու ժամանակը չէ։ Հիմա կարճամտութիւն է խօսիլ առարկայական պայմաններու մասին։ Այդ մէկը ձգենք, որ ինք իշխանութիւնը ինքզինք շուտով ու փոյթով մը սրբագրէ։ Որովհետեւ փաստուեցաւ, որ ժամանակը մեր օգտին չէ։
Այս բոլորը որովհետեւ նաեւ անոր համար, որ Հայաստանն ու Արցախը մեր բոլորին արեան մէջն է ամէնօրեայ ոգեւորումով։
Ուստի կը կարծեմ, որ պէտք է գտնել ընդհանուր լուծում մը։ Արագ եւ արդար։
Իրողութիւն է, որ արդէն այս օրերուն աշխարհի երկիրներու քարտէզները խառ-նաշփոթ դարձած են։ Մեր երազն է, որ չկորսնցնենք ներկայ մեր միութիւնն ու միասնական ոգին, ու հայութեան աղմուկէն չհեռանանք ու մանաւանդ չհեռացնենք մենք զմեզ։
Չմոռնանք նոյնպէս, որ անցեալ մը ունեցած ենք յաւերժական, որ հերոսութեան հաւատքով լեցուած է։ Չմոռնանք նաեւ, որ ամէն բան բախտին չենք կրնար ձգել։
Քաջ գիտենք, որ ճակատագիր ըսուածը նախասահմանուած չէ։ Աշխարհը, ուր կ՛ապրինք, մեր ճակատագրի այն մասն է, որ կը կերտէ մեր կեանքը։ Եւ թէեւ մեր ուղղութիւնները շատ են. նպատակները բազմազան, սակայն այս օրերուն եւ այս դրութեան մէջ մեր ընտրութիւնը կախեալ է մեր հայու ոգիէն, մեր կամքէն։
Մենք աշխարհով միատեղ կոչուած ենք միասին կերտելու մեր կեանքը։ Իսկ եթէ տակաւին անտարբերներ կան պէտք է փոխուին, նորոգուին։
Կը բաւեն բոլոր գաղթերն ու փախուստը։ Կը բաւեն բոլոր մեռելներն ու մեր երիտասարդներու թափած արիւնը։ Չնստինք ծուլութեան բազմոցներուն վրայ, որպէսզի վերջը դժբախտութեան հետ դաշինք կնքած չըլլանք։
Հայու ոգի եւ հոգի ըսի, պէտք է որ նաեւ աւելցնէի այս երկուքին ռիթմը։ Այս ռիթմն է, որ կը զսպէ օտար ալիքը եւ կը սահմանէ փոթորիկը եւ կը պաշտպանէ մեր հայրենիքի ազատութիւնը։
Մեր դերին գիտակցինք, որովհետեւ կը հաւատամ, որ Արարատը նստած է մեր բոլորին սրտերուն, հոգիներուն վրայ։ Բոլորս ալ պատասխանատու ենք մեր պատմութեան առջեւ։
Ուստի մէկդի ձգելով մեր հին ու նոր վէճերը, գտնենք մեր իսկական ոգին։ Եւ երբ զայն գտնենք, աշխարհին կրկին անգամ հաստատած պիտի ըլլանք, մեր ազգովին տարբեր ժողովուրդ մը ըլլալը եւ մեր անուրանալի պատմական ճշմարտութիւնը։
Ճիշդ է, որ Ապրիլը այս տարի ուրիշ եղաւ, սակայն յիշենք, որ Ցեղասպանութիւն տեսած ազգը, իր մեծով ու պզտիկով, հարուստով եւ աղքատով, չի կրնար դաւաճանել իր հայրենիքին, իր Արցախին եւ իր ազգի ապագային։
Մեզի համար այսօր էական եւ անհրաժեշտ է մեր խոր ցաւոտ վէրքը միասնաբար ամոքելու պարտաւորութիւնը։ Կարելի չէ իրականութեան մօտենալ պարզ աչքերով։ Պարտաւորութիւններ կան մեծ եւ սրբազան։ Զոհողութիւններ եւ զոհաբերութիւններ։ Օրերը մեզի նոր բաներ կը յուշեն։ Չկորսնցնենք մեր պատմական ռիթմը։
Լաւ յիշեցէ՛ք, ժողովուրդները երիտասարդ են, երբ իրենց հոգին միշտ կը նաւարկէ։