ՀԱՅՈՒ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ԳԱՂՈՒԹԱՑՈԻՄԸ ԵՒ ԱԶԳԻ ԼԻՆԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

0 0
Read Time:4 Minute, 43 Second


Յ. Պալեան

Մեր պատմութեան առարկայական գիտութիւնը բացատրել դէպքերու յաջորդականութեամբ եւ թուականներու ճշգրտութեամբ, վաւերագրերով, օգտակար գործ է, բայց անբաւարար՝ հասկնալու համար մեր ճակատագիր-կացութիւնը, որ մեր անցած ուղին է, մեր պատմութիւնը, ապա՝ ճիշդ կողմնորոշուելու համար աշխարհի մէջ: Վնասակար է թուականներ եւ դէպքեր ծառայեցնել կողմնապաշտական եւ քարոզչական նպատակներու, որոնք փոխանակ լուսաբանելու հաւաքականութիւնները, կը խորացնեն տարակարծութիւնները:
Հայոց պատմութեան ոչ-հեքիաթային՝ այլ ընդհանուր բանաձեւումով իմաստասիրական (philosophique) ընթերցումը պէտք է կատարել, խօսելով մենք մեզի եւ մեր շրջապատին հետ: Գոյութենական (existentiel) երկու ազդակներ կան, որոնք կրնան մեզ տրամադրել հասկնալու եւ բացատրելու՝ անցեալ եւ ներկայ:
Մեր ժողովուրդի վերջնական պարտութիւնը չընդունած ազգային յանձնառու հարազատ առաջնորդութիւնը ազգի քաղաքականութիւնը կրնայ խարսխել հայու իրաւ ինքնութեան եւ հայու հայրենիքի հոգեկերտուածքով յառաջացող ընտրանքի եւ յանձնառութեան վրայ:
Հին ժամանակներէ ի վեր, հայոց տնտեսութեան, զարգացման, ինքնութեան, պետականութեան եւ մշակոյթի ենթակառոյց (infrastructure) հող-հայրենիքը դրացիներու եւ եկուոր-ներխուժողներու տիրակալութեան-իւրացման ցանկութիւններուն առարկայ եղած է,- պարսիկ, հռոմէացի, բիւզանդացի, մոնղոլ, թուրք ռուս, ազրպէյճանցի թուրք,- որոնք ձգտած են հայու ինքնութիւնը անհետացնել, պարտադրելով իրենց լեզուն եւ կրօնը: Այս պատճառով ալ, ազգի աճը բնական չէ եղած, տեւաբար տեղի ունեցած է համրանքի կորուստ, ջարդի, կրօնափոխութեան, դաւանափոխունեան, աքսորի, տիրողի լեզուի իւրացումի, ի հեճուկս մայրենիի եւ զանազան ազդակներու ճնշման տակ՝ ձուլման հետեւանքով:
Կը խօսուի միլիոնաւոր իսլամացած հայերու մասին: Ամօթխածութեամբ չենք խօսիր այլ ազգերու մէջ ձուլուած հայերու մասին. արաբացածներ, ֆրանսացածներ, ամերիկացածներ, ռուսացածներ, իտալացածներ, որոնց համար թիւ չի տրուիր: Ոմանք երկրորդ տեսակի ուծացումը համարած են եւ կը համարեն յառաջդիմութիւն, տիրակալներու ծառայութեան կոչելով իրենք զիրենք:
Բնական կերպով, գաղթականութիւններու եւ սփիւռքներու մտածելու եւ ապրելու եղանակները կամայ-ակամայ հակակշռի տակ են, կախում ունին տիրողներու կամ զիրենք ընդունած երկիրներու օրէնքներէն, բարքերէն, կը ձեւաւորուին նոր կաղապարի մէջ, նոյնիսկ երբ ազատութիւններ կը վայելեն: Գաղութարար պետութիւնները այդ ըրած էին իրենց գրաւած երկիրներուն մէջ, հաստատելով դպրոցներ: Որպէս քաղաքացի ապրելու եւ լաւ կեանք ունենալու համար, կամայ-ակամայ զիջումներ կը գումարենք:
Միամիտ պէտք չէ ըլլալ: Երէկ՝ տիրակալներու եւ այսօր՝ համաշխարհայնացումը (globalisation) առաջնորդող ուժերու հսկողութեան տակ են փոքր ժողովուրդներու մտածումները, առաւել եւս գաղթականներու: Վերջինները իրենց կենսամակարդակի բարձրացման հետամուտ ըլլալով, իրենք ընդառաջ կ’երթան այդ մասնաւոր միջամտութիւն չպահանջող հսկողութեան ընթացքին:
Այսպէս հոգիները, բարքերը, կենցաղը եւ մշակոյթները հեզասահ ընթացքով գաղութացուած են: Տնտեսական ազդակը եւ նոյն հունով ընթացող քաղքենիացումը, առանց բիրտ ուժի միջամտութեան, կը հաստատեն նորատեսակ տիրակալութիւն՝ ընդդէմ ինքնութիւններու: Թերեւս պէտք է նոր բառ հնարել մերօրեայ ազգաքանդ երեւոյթները բնորոշելու համար:
Անշպար, ոչ-հաճոյակատար եւ ինքնարդարացման ճապկումներէ զերծ մօտեցումով կը քննե՞նք հարցերը եւ կացութիւնները: Երբ խորհրդային ղեկավարները, Լենինէն Պրեժնեւ կը յայտարարէին, որ խորհրդային ամէն քաղաքացի պէտք է սորվի ռուս մեծ լեզուն, ի՞նչ բանի կը դատապարտէին եւ դատապարտեցին միւս ժողովուրդները: Երբ հայը փոխանակ իր ինքնութեան հիմ լեզուով խօսելու եւ գրելու, գրականութիւն մշակելու, ինքզինք կ’իրականացնէ այս կամ օտար լեզուով, ընդունած կ’ըլլայ իր հոգեկան-ոգեկան աշխարհի գաղութացումը: Այսպէս, օտարագիր հայ գրողի ստեղծածը իրեն կը պատկանի որպէս անհատի, որպէս հասոյթի աղբիւրի, բայց ազգին չի պատկանիր, կը մնայ անուններով սնապարծութիւն հովահարելու ուրախութիւնը: Երեւոյթը կը զարգացնէ նաեւ ստորակայութեան բարդոյթ, եւ կը խորհինք, որ յաջողելու եւ հռչակի հասնելու համար հայերէնը անբաւարար է:
Այդպէս եղած էր Խորհրդային Հայաստանի մէջ, երբ «Մեծ Հայրենիք»ի տարողութեամբ ասպարէզ կ’ուզէր ունենալ քաղաքացին: Այդ նպատակի իրականացման համար մուտքի դուռ էին «ռուսական դպրոցներ»ը: Հայերէնը համարուած էր անատակ օրուան գաղափարները եւ գիտութիւնը արտայայտելու, այս դատումին հետեւանքը եղած էր այն, որ բազմաթիւ բառեր, յղացքներ խճողած էին հայերէնը, այսօր անոնք մաս կը կազմեն սովորութեան: Ճիշդ է, որ որոշ «սրբագրութիւններ» եղան, նոյնիսկ եթէ անոնք դեռ չեն իւրացուած զանգուածին կողմէ: Նոյնիսկ ազգային վաւերական ըմբռնումներ ունեցողներ, դեռ չեն յաջողիր հոգեմշակութային «գաղութացման» վիճակէն անցնիլ բնական ազգայինի, այնքա՜ն հարազատ եւ բնական կը թուիլ ըլլալ առաջինը: Օրինակները բազմապատկել շատախօսութիւն պիտի ըլլայ: Ինչո՞ւ հայ մտաւորականը պիտի շարունակէ ըսել «պոստ-սովետական», երբ այնքա՜ն աւելի գեղահունչ է «յետ-խորհրդային»ը:
Առանց մարդորսական եւ քարոզչական թափահարումներու պէտք է խօսիլ այս հիմնահարցերու մասին, թէեւ խօսիլ անիմաստ է, եթէ չհետեւին նախաձեռնութիւններ: Մանաւանդ այսօր, երբ «միջազգային» համարուած լեզուներ, ռուսերէնի կողքին, արդէն կ’ողողեն հայերէնը, բազմացնելով հոգեկան-ոգեկան գաղութացումները: Թիւրիմացութիւն պէտք չէ ըլլայ: Հարկ է սորվիլ այլ լեզուներ, կատարել թարգմանութիւններ, բայց պետական հսկողութիւն պէտք է, որպէսզի չխաթարուի ազգային լեզուի իւրայատուկ ինքնութիւնը: Այս աշխատանքը Հայաստանի մէջ իրագործելի է, եթէ այդ կամքը ցուցաբերուի, քանի որ կայ համախումբ ապրող ժողովուրդ եւ կայ ազգային պետութիւն:
Սփիւռք(ներ)ի պարագային այս հոգեկան-ոգեկան» գաղութացման դէմ պայքարը կը պահանջէ քաջ եւ գիտակից ընտրանք եւ յանձնառութիւն, որ կը մշակուի ղեկավարութեան կողմէ: Միշտ «գաղթական» սփիւռք(ներ)ը առաջնորդուած է եւ կ’առաջնորդուի «լաւ ապրելու իրաւունք»ը կենսագործելու մղումով: Նոյնիսկ հոն, ուր հայկական վարժարաններու ցանց կայ, իրատես պէտք է ըլլալ եւ տեսնել, որ «գաղութացում»ը անխուսափելի է: Այսպէս, հայերէնի ուսուցումը կը սահմանափակուի, բախտաւոր պարագային, օրական մէկ պահով, իսկ կեանքի եւ քաղաքակրթութեան առարկաները հայերէնով չեն ուսուցուիր: Հետեւանքը կ’ըլլայ այն, որ հայերէնը չ’ընկալուիր որպէս յաջողութեան առաջնորդող եւ կենսական լեզու:
Այս «գաղութացման» մասին պէտք է մտածել ոչ միայն մեր այսօրը նկատի ունենալով, այլ նաեւ յառաջիկայ տասնամեակները, որպէսզի իսլամացած հայերու համրանքին վրայ չգումարուին այս կամ այն ժողովուրդի համրանքը ճոխացուցած եւ ճոխացնող «ծագումով հայեր»ը: Առաջին հերթին այդ «գաղութացում» պէտք է որ սանձուի Հայաստանի մէջ, ուր կայ պետութիւն՝ որ կրպնայ հսկել: Ինչ կը վերաբերի սփիւռք(ներ)ի, նախաձեռնութիւններուն հարկ է անոնց տալ իսկական որակ, մասնագիտական եւ մշակութային, գիտնալով հանդերձ, որ որքան ալ իմաստուն ըլլան անոնք, միշտ ժամանակաւոր պիտի ըլլան:
Իր ինքնութեամբ ապրող ազգի լինելութեան դէմ կը կանգնէին, եւ կը կանգնին, հզօրները, տիրակալները, ուղղակի միջամտութեամբ կամ անուղղակի ճնշումներով: Այսօր համաշխարհայնացումը ինքնութիւնները «գաղութացնող» ազդակ է: Այսօր թերեւս դեռ կարելի է այս կացութիւնը ըմբռնել եւ անոր դէմ կանգնիլ: Երէկ «մեծ հայրենիք»ին մէջ յաջողութիւն ունենալու համար գաղութացումը բնական կը համարուէր, այսօր համաշխարհայնացումը կը փոխարինէ «մեծ հայրենիք»ը, եւ պիտի հարթուին բոլոր անոնք որոնք իրենց ինքնութան ընտրանքը յանձնառութեամբ պիտի չընեն:
Այս մտահոգութիւնը կարծէք չի յուզեր «լաւ ապրելու իրաւունք»ի համար հայդրենիք լքողները, «հայրենասիրական» երգերով եւ «հայրենասիրական տուրիզմ»ով զուարճացող եւ «հայրենադարձութիւն»ը անմիջական օրակարգ չդարձնող մեծ ու պզտիկ քաղքենիացածները:
Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), ի՞նչպէս պայքարիլ հոգեկան-ոգեկան «գաղութացման» դէմ, ինքնութիւն ունեցողի արդար հպարտութեամբ:
Այսօ՛ր:
Միշտ յիշելով՝ որ վաղը ուշ է:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles