

Փոքր երազներ մի երազեր որովհետեւ անոնք
չեն կրնար մարդոց սրտերը շարժել:
Կէօթէ
Ապագան կանխագուշակելու լաւագոյն ձեւը
զայն ստեղծելն է:
Աբրահամ Լինքոլն
Նոր-Տարուան շեմին մարդիկ սովոր են բարեմաղթանքներ փոխանակել, աղօթել ու յուսալ, որ Նոր-Տարին ըլլայ նորանոր յաջողութիւններով լի, առողջութեամբ առլցուն եւ երջանիկ օրեր պարգեւող տարի:
Կանխասպասուած Նոր-Տարուան համար, մարդիկ սլացք տալով իրենց երեւակայութեան, կը կառուցեն ծանրակշիռ ու սիրտ ու հոգի կրծող մտահոգութիւններէն վերջնականապէս ձերբազատուած, իրականացած իղձերով ու փափաքներով լի եթէ ոչ կատարեալ միջավայր, բայց գոնէ` կատարեալին ձգտող գործընթացներով լեցուն երազային կեանք մը իրենց եւ իրենց անմիջական շրջապատին, երբեմն նաեւ իրենց անմիջական շրջապատէն դուրս` ընդհանուրին համար:
Մարդիկ կը կառուցեն իրենց երազային կեանքը որովհետեւ ոչ ոք կրնայ զրկել զիրենք երազելու իրաւունքէն: Ոչ ոք կրնայ զրկել զիրենք բարին ցանկալու եւ բարին գործելու մտաւոր ճիգէն: Անհատին ու իր երազին միջեւ գոյութիւն չեն կրնար ունենալ յոյսն ու լոյսը խափանող չարքեր: Գոյութիւն չեն կրնար ունենալ լուսաւոր ապագան խոչընդոտելու մարդկային թումբեր եւ բազում այլ հանգամանքներ որոնք ոչ-երազային, իրական կեանքին մէջ շատ յաճախ կը խոչնդոտեն մարդուն մօտ ապագայի յոյսով, հաւատքով, արժանապատիւ ապրելու եւ արարելու ամէն ձգտում:
Ամանորի շեմին, Ամենակարողը թող բաւարարէ բոլորին բարի ցանկութիւնները: Բոլորին բարի երազները թող դառնան իրականութիւն եւ թող, որ հայն ալ իր կարգին առանց սեռի, դաւանանքի ու գաղափարախօսութեան խտրութեան, Նոր-Տարուան շեմին ունենայ ազգովին երազելու եւ բարին ցանկալու իրաւունք ու այդ երազը իրականացնելու կախարդական կամք եւ կարողութիւն:
Երազային այդ կեանքին մէջ հայու հաւաքական ոյժին, կամքին եւ պատասխանատուութեան կախարդական հմայքով ու մոգական հպումով եւ ազգի զաւակներուն հաւաքական ճիգերով:
– Ի՛ սպառ վերացնենք մայր հայրենիք Հայաստանէն ներս տիրող այն յոռի բարքերն ու սովորութիւնները, որ հայ անհատէն կը խլեն արժանապատիւ ապրելու իր իրաւունքը:
– Ի՛ սպառ վերացնենք բոլոր այն արգելքները` օրինական, քաղաքական, հասարակական, իրաւական, տնտեսական, վարչական, ընկերա-հոգեբանական, որոնք չեն նպաստեր, որ հայ անհատը ստեղծագործէ հայրենի հողին վրայ այլ` կը ստիպեն զինք պանդուխտի ցուպը ձեռք առնելով իր բախտը որոնել օտար հողերու վրայ:
– Ի սպառ վերջ տանք Է. Ակնունիի խօսքերով ձեւակերպուած.-
՛՛Գնում է հայը կնճիռը ճակտին յոյզը սրտում՛՛ :
՛՛Ու՞ր, հայ շինական՛՛:
՛՛Ղարիբութիւն:՛՛
սիրտ ճմլող պատկերին եւ զայն փոխարինենք ՛՛Դէպի՜ Երկիր՛՛-ով:
– Հայաստանեան սահմանամերձ գիւղերն ու քաղաքները թող դառնան հայ գիւղացին, հողագործը, գործարարը, ուսուցիչն ու աշակերտը հողին կապող օճախներ յանուն` ազգի ու հայրենիքի ապահովութեան:
– Արցախը թող ըլլայ ազատ, անկախ ու Հայաստանին միացած: Հայ զինուորը թո՛ղ շարունակէ մնալ անյաղթելի:
– Թող փուլ գայ հայկական ցեղասպանութիւնն ու հայ ժողովուրդի արդար հատուցման պահանջատիրական երթը խափանող ամէն փորձ եւ ազգի զաւակներու միակամ եւ տքնաջան աշխատանքի որպէս արգասիք` աշխարհն ամբողջ թո՛ղ ճանչնայ եւ դատապարտէ հայկական ցեղասպանութիւնը եւ հայ ժողովուրդի հետ միասին` արդար հատուցում պահանջէ:
Հայու հաւաքական ոյժին, կամքին եւ պատասխանատուութեան կախարդական հմայքով ու մոգական հպումով, ազգովին կարենանք արժեւորել ազգի մէկ հատուածին ապրած ողբերգութեան ահաւորութիւնը եւ ազգովին համապատասխան քայլեր ձեռնարկենք: Սուրիահայ գաղութի ապրած դժնդակ ներկան իր ահաւորութեամբ կը սպառնայ ամբողջ գաղութի մը եթէ այսօր ոչ ֆիզիքական, բայց հաստատօրէն որպէս ծաղկող ու ազգային կեանքին իր առիւծի նպաստը բերած ու տակաւին բերող կազմակերպ ներոյժի ի սպառ կորստեան եւ տարտըղնման ի սփիւռս աշխարհի: Այդ ներոյժը ամբողջական կորուստէ փրկելու եւ մայր հայրենիքի բարգաւաճման ծառայեցնելու ամէն նախադրեալները կան եթէ` Սուրիահայ գաղութի ցաւը ամոքելու պարագայական եւ կարճաժամկէտ լուծումներու կողքին նաեւ եւ մանաւանդ` մնայուն ու տեւական, հանգրուանային լուծումներու տեսքով պատասխանատուութիւն եւ յանձնառութիւն դրսեւորենք` ազգովին :
– Հայաստանէն ներս ստեղծենք նպաստաւոր այն պայմանները, որոնք պիտի վերջնականապէս հայրենի հողին կապեն Սուրիական տագնապէն հեռացած ու Հայաստան կայք հաստատած ազգի զաւակները: Աւելին, Հայաստանէն ներս ստեղծենք տնտեսական եւ ընկերա-հոգեբանական այնպիսի մթնոլորտ, որ դէպի իրեն ձգէ հոն հաստատուիլ փափաքող նորերը:
– Հայրենիքէն ներս վերջ տանք եսասիրութիւններուն, ամէն գնով իշխանութիւն պահելու մոլուցքին, չյագեցող ախորժակներուն, մինչեւ գլուխները փտախտի մէջ ծածկուած կոյր բայց կամապաշտ ընթացքին ու հաստատենք արժանապատիւ ապրելու մշակոյթ եւ այդ մշակոյթը սերմանենք ապագայ սերունդներուն մէջ:
– Գաղափարի շունչով եւ ազգային ոգիով լիցքաւորենք ե՛ւ սփիւռքեան ե՛ւ Հայաստանեան կրթական, հոգեմտաւոր, ընկերային, մշակութային ու քաղաքական մեր կառոյցները յանուն` ապագայ սերունդներու կերտման, ազգային կառոյցներու եւ ազգային տեսլականի յաւերժացման: Նիւթական կարծեցեալ արժէքները մնայուն չեն կրնար ըլլալ: Միայն գաղափարով ու ոգիով կարելի է երաշխաւորել ազգային տեսլականի յաւերժացումը:
Եւ վերջապէս, Նոր-Տարուան սեմին հայուն վայել հաւաքական գիտակցութեամբ եւ հաւաքական պատասխանատուութեամբ, մեր երազները դարձնենք իրականութիւն եւ հաւաքաբար կերտենք ազգին ապագան:
Մուրատ Մանուկեան
Ուոթըրթաուն –
Մասաչուսէց