ՀԱՅՈՒՆ «ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ»…

0 0
Read Time:4 Minute, 29 Second

 

p14 JEBEJIAN
Դոկտ.Հրայր Ճէպէճեան

«Հապա եթէ գան եւ մեզ ջարդեն՞…»։

Նիկոսիա, Կիպրոս։ Աշխատանքային գրասենեակիս կից՝ակնոցի վաճառականութեամբ զբաղող դրացիս է։ Միջին տարիքի յոյն Կիպրացի տիկին մը։ Ապրած է Կիպրոսի տագնապը,վաթսունական թուականներէն սկսեալ,բայց նաեւ 1974ին՝երբ իր տունէն տեղահանուած է եւ իր իսկ երկրին մէջ գաղթական։ Եթէ գիտէ որ ես հայ եմ՝բայց նաեւ լսած եւ կարդացած է մեր պատմութիւնը…։Եւ ցեղասպանութեան ահաւորութիւնը եւ ապրուած վախը…։ Եւ կը զգայ վախը՝քանի ինք ալ ապրած է այդ նոյնը…։

Եւ չուշացաւ իր մէջի, եւ մինչեւ այսօր սեղմած «վախը» դուրս հանելու…։ «Չեմ գիտեր ինչպէս՞ պիտի ապրինք Թուրքին հետ։ Հապա եթէ գան եւ մեզ ջարդեն՞…»։

Եթէ մէկ կողմէ կան հաշտութեան փորձեր՝կղզիին վերամիացնելու առընչութեամբ՝բայց մտահոգութիւնը եւ վախը նոյնքան առկայ է…։ Եւ դրացիս չի զլացաւ իր «վախը» բաժնեկցելու ինծի հետ…։ Վերջապէս՝ապրուած փորձառութիւն էր որ ստեղծած էր այդ վախը…։Եւ այդ նոյն վախը չեր ուզեր վերապրիլ…։

Բայց վախը խաբուսիկ երեւոյթ մը չէ…։ Մարդկային զգացում մըն է զոր կարելի չէ անտեսել…։Եւ ոչ ալ պէտք է զայն առընչել այսպէս ըսած «առնական» արժանապատուութեան՝ ամօթ է եւ պէտք չէ վախնալ «տրամադրութեամբ»…։ Վախը իրական է՝ապրած ու տակաւին ապրուելիք իրականութիւն մըն է՝մարդկային կեանքին եւ պատմութեան տարբեր հոլովոյթներուն մէջէն…։ Վախը կը ստեղծէ կեանքը ընդհատելու եւ կամ ընդհատուելու դէմ-դիմաց կանգնած իրականութեամբը՝որ դիւրին վիճակ մը չէ մարդ արարածին համար՝ուր պարտի ընկալել կեանքը վերջացնելու իրականութեամբը՞…։

Եւ հայուն պատմութիւնն ալ զերց չէ այս վախին ու անոր ստեղծած ահաւոր իրավիճակներու ապրած ու ապրուած կեանքի պատմութիւններէն…։Եթէ մէկ կողմէ կայ ցեղասպանութեան պատմութիւնը՝եւ ցեղասպանուած հայուն վախը՝տակաւին նոյնքան նաեւ վերապրողին…։ Ներառելով նաեւ անոնց հոգեկան ներաշխարհի ապրած վախին ահաւորութիւնը…։ Եւ նոյն այս վախի զգացումն է՝որ իր տարբեր հոլովոյթներով եւ պարունակութեամբ կը շարունակէ տակաւին հալածել հայուն կեանքը…։ Եթէ մէկ կողմէ վախին ֆիզիքական զգացումն է՝բայց նաեւ հոգեկան-իմացական ու տակաւին ինքնութեան կանչին…։ Ինքնութիւնը եւ անոր մշակութային գիտակցութիւնը պահելու վախը…։

Ապրիլ 2016…։ Քանի մը շաբաթներէ իվեր աշխատանքներուս բերումով կը շրջագայիմ Արաբական Ծոցի տարածաշրջաններուն մէջ…։Ղարաբաղեան ճակատին վրայ պատերազմին բռնկումը խանգարեց աշխատանքային բոլոր տրամադրութիւնս եւ կեդրոնացումս…։ Հայը դարձեալ կ՚ապրի վախին ու անոր ստեղծած արհաւիրքի մթնորոտին մէջ…։ Կան նահատակներ…։ Մեր հայ տղաքն են՝որոնք ոչ միայն կռուիլ գիտեն այն նաեւ՝ Նահատակուիլ…։ Եւ քանի այցելած եմ Ղարաբաղը եւ տեսած եւ վայելած անոր գեղեցկութիւնը,կարելի չէ արիւնագամ վիճակի վերածել զայն…։ Ղարաբաղի բնութիւնը արիւն չուզեր…։ Ան կառչած է ապրելու։

Պահրէյնի եկեղեցիներէն մէկուն պաշտամունքին ներկայ եմ։ Հոգեւորականին քարոզի բնաբանը ընտրուած Աստուածաշունչի մէկ շատ ծանօթ հատուածէն…։ « Սիրէ քու ընկերդ քու անձիդ պէս՝եւ սիրէ թշնամիդ»։ Աստուածաշունչի պատգամին զօրութիւնը կը կայանայ հոն՝ուր երբ իւրաքանչիւր անգամ կարդաս եւ լսես, կը «խօսի» քեզի՝մեկնելով քու ներկայի ապրած իրավիճակիդ մէջէն…։ Անկախ որ նոյն հատուածը եւ համարն է որ կը կարդաս եւ կը լսես…։ Ընկերա-հոգեբանական եւ ներաշխարհի իրավիճակը իրենց որոշիչ ազդեցութիւնը ունի պատգամին ընկալումին հետ…։ Հատուածին փոխանցած պատգամը կը նկատես մեկնելով քու ապրած օրուանդ ու ժամանակիդփորձառութեան ըն մէջէն…։

Եթէ Աստւոածաշունչի իմ շատ լսած եւ կարդացած հատուածներէն մէկն էր՝բայց այդ օրը Պահրէյնի մէջ, նոյն այս համարը եկաւ աւելի «փոթորկելու» իմ արդէն իսկ տագնապած հոգիս…։ Սիրէ թշնամիդ …։Ան որ վախի մթնոլորտ ստեղծեց հայուն պատմութեան եւ որ տակաւին կը շարունակէ…։ Մինչեւ այսօր…։ Ղարաբաղի մէջ…։ Ու դաձեալ Ապրիլ ամսուն մէջ…։

Բայց անհրաժեշտ էր որ վերլուծէի…։ Աստուածաշունչի սիրոյ եւ սիրելու հասկացութիւնը պէտք չէ վեր առնել բառացիօրէն։ Կայ խորքային եւ ընկերային մեկնաբանութիւնը եւ բացատրութիւնը՝բայց նաեւ ընկալումը՝որ հատուածին եթէ մէկ կողմէ կու տայ Աստուածաբանական հիմք՝բայց նաեւ ազգային-մշակութային կեանքի արժէչափ։ Քրիստոսի խօսած «սէրը» սոսկ ենթակայական արժէչափերէն շատ աւելի՝կը կեդրոնանայ «տարբեր» մակարդակի՝իմմա «արժէքի» չափանիշերով կեանքեր ստեղծելու հեռանկարին վրայ՝եւ ուր Քրիստոնեան պարտի կերտել զայն…։ Արժէչափեր՝որոնք հեռու են աշխարհի «սակարկելի» չափանիշերէն՝եւ կը կառչին Քրիստոսի շնորհած «արժէքին» գիտակցութեամբը՝եւ որուն «տարբեր» մակարդակը կը կայանայ հոն՝որ կեանքեր կը կերտէ եւ ոչ թէ կը քանդէ…։ Եւ «բարեկամը ու թշնամին սիրելը» պէտք է ըմբռնել այս տեսակի կեանքեր ապրելու պրիսմակէն՝որ կը տգնին Արժէչափեր ստեղծել մարդկային պատմութեան հոլովոյթներուն համար՝ուր «տարբեր«ը իր դրական ներգործութիւնը ունի եւ ոչ ժխտական…։

Եւ հայը իր «վախի« եւ «սարսափի» այդ ահաւոր փորձառութիւնը կրցաւ վերածել այս՝ «տարբեր» արժէչափի կեանքեր կերտելու իրականութեանը մէջ…։ Հայը կրցաւ իր գրաւը դնել հոն՝ուր իր ապրած «վախի» կեանքի փորձարութիւնը վերածեց ոչ թէ ատելութեան եւ քանդումի պատմութեան մը՝այլ սիրելու եւ կառուցելու…։

Եւ հայուն պատմութիւնը այսօր նորէն կը կրկնուի…։ Այս անգամ Ղարաբաղի մէջ։Վախի ու սարսափի՝եւ անոր հետ նահատակութեան մթնոլորտն է դարձեալ…։ Եւ եթէ հայը կը կռուի, ոչ թէ որովհետեւ կ՚ուզէ ատել եւ քանդել, այլ որովհետեւ կ՚ուզէ շարունակել սիրել եւ շինել…։Սիրել իր ազգային-քրիստոնէական կեանքը, զոր շինած էր Ցեղասպանութենէն ետք,եւ շատ մը զրկանքներով եւ մինչեւ այսօր…։Եւ հայուն պատերազմը նոյն այդ իր շինած կեանքը պահելու իրականութեանը մէջն է՝որ սակարկելի չէ՝եւ որ «տարբեր» մակարդակ ունի…։

Երիտասարդ հայուհիին նկարը մէկ իրական արտայայտութիւնն է հայուն «մակարդակով» ապրելու կեանքին ձգտումին։Եթէ իր «հայուն աչքերն» են, ուր կայ յուզում,մտահոգութիւն եւ երեւի վախ՝բայց նաեւ հաստատ համոզում։ Թէ մեր տղոց՝իմմա բանակին հետ՝հայը եւ Արցախը զօրաւոր են…։Եւ այս զօրութիւնը ուժն էհայուն, որ քանդելու համար չէ եղած…։Այլ պահելու, կերտելու ու շարունակելու համար այս «տարբեր» եւ «իմաստալից» կեանքը…։Ողջ հայութեանը համար։

Ղարաբաղի հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի յայտարարութիւնը այս ուղղութեամբ խիստ բովանդակալից է։ « Մեր պատերազմը հողատարածքի համար չէ, այլ Ազգային Ինքնութեան»։

Եթէ Նիկոսիոյ դրացիս կը վախնայ՝բայց նաեւ ես եւ իւրաքանչիւր մարդ արարած…։Բայց այդ վախը պիտի վերածել ապրող կեանքի…։Կեանք մը որ տարբեր է…։Եւ որուն տարբերութեանը չափանիշերը Արժէքի հասկացողութեանը եւ գիտակցութեանը մէջն է…։Եւ այս գիտակցութիւն պիտի պահենք՝նոյնիսկ երբ ստիպուած ըլլանք «պատերազմելու»…։

Եւ այս հայուն «պատերազմն» է…։Վախին ընդ մէջէն ապրող եւ ապրեցնող եւ Արժէքի չափանիշերով կեանքեր ստեղծելու «պատերազմը»…։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles