
ՓԱՐԻԶ («Նոր Յառաջ», «Ա.Ֆ.Փ.»).- Ուրբաթ, Նոյեմբեր 13-ին, լոյսերու քաղաքին մէջ կատարուած ահաբեկչական արարքները ցնցեցին աշխարհը: Ջարդը այնքան ահաւոր եղած է, որ կան մեռեալներ եւ վիրաւորներ, որոնց ինքնութիւնը դեռ կարելի չէ եղած ճշդել: Հաղորդուած պաշտօնական ցանկերուն մէջ հայեր չկային։ 17ամեայ՝ Լոլա Ուզունեանը կը մնար անհետացած։ Ան իր հօրը հետ կը գտնուէր «Պաթաքլան»ի համերգին: Հայրը փրկուած էր, բայց լուր չունէր իր դուստրէն: Շաբաթասկիզբին, ներքին ապահովութեան ուժեր, բազմաթիւ այլ դիակներու կողքին յայտնաբերեցին Լոլա Ուզունեանի անշունջ էակը։

Երկու հայ երիտասարդներ ալ, որոնք նոյնպէս կը գտնուէին նոյն համերգասրահին մէջ, հրաշքով փրկուած են գործուած ահաբեկչութենէն:
Անոնք, ահաբեկիչներու ներխուժման պահուն զուգարանը կը գտնուէին, եւ լսելով հրացանաձգութիւնը` փախուստի դիմած եւ փրկուած են:
Ահաբեկչական համակարգուած գործողութիւններու շարքը սկսած էր Սէն-Տընիի մէջ, հոն ուր կը գտնուի «Սթատ տը Ֆրանս» մարզադաշտը: Այդ ժամուն տեղի կþունենար Ֆրանսա-Գերմանիա ոտնագնդակի բարեկամական մրցումը: Ներկայ էին շուրջ 80 հազար հանդիսականներ, որոնց կարգին՝ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ: Մարզադաշտին անմիջական մօտակայքը տեղի ունեցան յաջորդական երեք պայթումներ:
Քանի մը վայրկեան ետք, Փարիզի 10րդ եւ 11րդ թաղամասերուն մէջ տեղի ունեցաւ բուն ողբերգութիւնը: Արագահարուածներով եւ ռումբերով ծանրօրէն զինուած ահաբեկիչներ, բանուկ փողոցներ ներխուժելով կրակեցին, յատկապէս թիրախ ունենալով ճաշարաններ եւ սրճարաններ:
Արդէն քաոսային վիճակ կը տիրէր ֆրանսական մայրաքաղաքին մէջ, երբ յայտարարուեցաւ նաեւ, թէ խումբ մը ահաբեկիչներ ներխուժած են «Պաթաքլան» համերգասրահը, ուր 1.500 հանդիսականներու ներկայութեամբ տեղի կþունենար համերգ մը:
Այս զարգացումներուն յաջորդող վայրկեաններուն արդէն հաղորդուեցաւ, թէ Ֆրանսայի մէջ կը հռչակուի արտակարգ վիճակ: Սահմանները խիստ հսկողութեան տակ առնուեցան եւ հռչակուեցաւ նաեւ եռօրեայ ազգային սուգ:
Նմանօրինակ կացութիւն մը ստեղծուած էր միայն Ալճերիոյ պատերազմի օրերուն, վաթսունականներու սկիզբը:
Ֆրանսացի ծերակուտական մը յայտնած է, որ տեղի ունեցած ահաբեկչական գործողութիւններուն ընթացքին իրենք զիրենք պայթեցուցած ահաբեկիչներէն երկուքը թրքական կեղծ անձնագիրներ ունեցած են:
Նախապէս ֆրանսական ոստիկանութիւնը համոզում յայտնած էր, որ ահաբեկիչները օգտուած են սուրիական կեղծ անձնագիրներէ` նկատի ունենալով, որ Եւրոպա գաղթած ոչ սուրիացիներու մօտ Սուրիոյ քաղաքացիի կեղծ անձնագիրներ յայտնաբերուած են:
Սեպտեմբերին բրիտանական «Տէյլի Մէյլ» օրաթերթի Թուրքիոյ թղթակիցը յայտնած էր, որ երկու հազար տոլարով կրցած է Թուրքիոյ քաղաքացիի անձնագիր ձեռք բերել, իսկ հոլանտացի լրագրող մըն ալ յայտնած էր, որ ինք յաջողած է այդ մէկը կատարել 825 տոլարով: Ֆրանսայի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Հաքը Աքիլ շուտով հերքեց, թէ երկու ահաբեկիչներուն մօտ թրքական անձնագիրներ գտնուած են:
Նշենք թէ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան արդէն իսկ ցաւակցական հեռագիր յղած է Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտին` Փարիզի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութիւններուն առիթով:
Հեռագիրին մէջ նախագահ Սարգսեան կը յայտնէ.-
Մեծարգո՛յ պարոն նախագահ, խորապէս ցնցուած եմ Փարիզի մէջ տեղի ունեցած` աննախադէպ ահաբեկչութիւններուն լուրով: Խստագոյնս կը դատապարտեմ այդ զարհուրելի գործողութիւնները, որոնք բազմաթիւ անմեղ կեանքեր խլեցին:
Վերջին տարիներուն աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ այսօրինակ անմարդկային բնոյթի բռնութիւններու աճը լուրջ մտահոգութեան տեղի կու տայ: Վստահ եմ, որ քաղաքակիրթ հանրութեան իւրաքանչիւր անդամ կը միանայ բոլորս պատուհասած այս չարիքին դէմ պայքարին: Մենք չենք կրնար թոյլ տալ, որ բռնութիւնը, ծայրայեղականութիւնը եւ անհանդուրժողականութիւնը գերիշխեն: Մենք պարտաւոր ենք միացեալ ջանքերով բացայայտել եւ արմատախիլ ընել այն բոլոր գործօնները, որոնք ծայրայեղականութեան նման սարսափազդու դրսեւորումներու պատճառ կը դառնան:

Այս դժուարին պահուն Հայաստանը եղբայր Ֆրանսայի կողքին է եւ պատրաստ է ամենայն աջակցութիւն ցուցաբերել: Խորին ցաւակցութիւն կը յայտնեմ ձեզ, մեծարգո՛յ պարոն նախագահ, Ֆրանսայի բարեկամ ժողովուրդին եւ զոհուածներու հարազատներուն` մաղթելով համբերութիւն, ուժ ու կորով, իսկ վիրաւորներին` շուտափոյթ ապաքինում:
Ֆրանսացի ժողովուրդին հետ են մեր աղօթքները, սրտերն ու հոգիները: