
ԹՈՐՈՆԹՕ․- Կիրակի, Օգոստոս 8-ին, «Հայ կեդրոն»-ին մէջ տեղի ունեցած «Հայրենիքը` այսօր» հրապարակային հանրահաւաքին զեկուցեց Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ ՏԷր Խաչատուրեանը, որ ակնարկելով տիրող դժուար կացութեան, ըսաւ, որ չենք կրնար յուսահատիլ, որովհետեւ․- «Իբրեւ Հ․Յ․Դաշնակցութիւն մեր պարտականութիւնն է մեր ընկերներուն, համակիրներուն եւ երիտասարդներուն հետ միասին գտնել լուծումներ, գտնել կացութիւնները յեղաշրջելու եւ մեր ժողովուրդին յոյս ներշնչելու հիմնական աղբիւրներ»:
Ան նշեց, որ այս օրերուն Արցախ նոր ճնշումներու տակ է, ուր յստակ ժողովրդային ակնկալութիւններ կան, թէ՛ Հ․Յ․Դ․-էն, թէ՛ առհասարակ հայ աշխարհէն` իր սփիւռքով ու հայրենիքով, որ Արցախը չմեկուսանայ, ապա ըսաւ. «Մեր ամբողջ կարողականութիւնը դրած ենք ու պիտի շարունակենք դնել ի սպաս Արցախի դատին. միջազգային մակարդակի վրայ քաղաքական յարաբերութիւններն են, տեղւոյն վրայ ընկերատնտեսական խնդիրներու լուծումներն են, բնակավայրերու շինութիւնն է, աքսորեալ ժողովուրդի մէկ հատուածի հողին կառչելու համար տարուելիք աշխատանքներն են, գլխաւորաբար հայութեան միութեան ճամբով հիմնական ծրագիրներու որդեգրումն է եւ մանաւանդ մեր պայքարն է մեր թշնամիներուն դէմ` Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի, որոնք գրկախառնուած արդէն իսկ անցած են գրոհի ու Հայաստանի եւ Արցախի տկար վիճակը օգտագործելով կը միտին կորզել առաւելագոյն զիջումներ»:
Բիւրոյի ներկայացուցիչը շեշտեց, որ հիմնական առաջնահերթութիւնը անվտանգութեան խնդիրներն են: Առանց Արցախի չկայ Հայաստան, Արցախը Հայ Դատի հասկացողութեան առաջին կարեւորագոյն փուլն է, հետեւաբար ամէն տեսակի պայքար պէտք է մղել, որպէսզի Արցախի ժողովուրդը ամուր կառչած մնայ իր հողին, Արցախը ծաղկի եւ գոյատեւէ` հասնելու համար հայութեան հիմնական նպատակին, որն է միաւորուիլ մայր հայրենիքին հետ:
«Այս առումով ալ չափազանց կարեւոր է, որ Արցախ զգայ, որ ինք մասնիկն է համայն հայութեան, չզգայ անտեսուած, եւ ասոր համար ալ մեր ֆիզիքական ներկայութիւնը, մեր հոգածութիւնը Արցախի նկատմամբ պէտք է դրսեւորենք ամէն օր թէ՛ քաղաքական, թէ՛ անվտանգութեան եւ թէ՛ մեր յարաբերութիւններու առումով Իրանի Հանրապետութեան հետ, Ռուսիոյ հետ, տարածաշրջանի այլ ուժերու հետ, միջազգային ուժերու հետ, որպէսզի ըստ այնմ նշուի, որ հայութեան համար Արցախը մահու եւ կենաց խնդիր է», ըսաւ ան եւ ընդհանուր պատկեր մը տուաւ վերջին տասնամեակին Հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցած քաղաքական իրադարձութիւններուն, Արեւմուտքի դիրքորոշման, Ռուսիոյ քաղաքական շահերուն, Հայ-ռուսական յարաբերութիւններու վատթարացման, հայ-իրանական իսկական յարաբերութեան գրեթէ չգոյութեան եւ մանաւանդ Թուրքիա-Ատրպէյճան ամբողջական մերձեցման համաշխարհային շահերէն թելադրուած։
Իր խօսքի աւարտին ան նշեց, որ բոլոր հայորդիները ամէն գնով աշխատին հայ բանակը հզօրացնել: Յատուկ ծրագիրներ մշակուին, որ ամրապնդուին սահմանային գիւղերը: Ամէն գնով աշխատիլ Արցախը մեկուսացումէ դուրս բերել: Քաղաքականապէս, նիւթապէս եւ բարոյապէս Արցախի կողքին կանգնիլ` իբրեւ համահայկական հիմնական առանցք եւ Հայ Դատի առաջին փուլ: Ապա եզրափակեց խօսքը ըսելով. «Պէտք է զարկ տանք հայրենիքի մէջ փրկութեան շարժման: Համահայկական բոլոր կառոյցները, կաթողիկոսութիւնները, բարեգործական միութիւնը եւ ազգային քաղաքական բոլոր կուսակցութիւնները պէտք է հասկնան, որ պատմական պահեր կան, զորս պէտք չէ փախցնել, պատմական պահեր կան, զորս պէտք է բռնել ստեղծելու համար միասնակամութիւն ազգային գաղափարախօսութեան ամուր հիմքի վրայ, անկախ բոլոր տեսակի տարբերութիւններէն, որովհետեւ երբ էականին մէջ համաձայն ենք, անպայման կը գտնուին համահայկական լուծումներ: Այսօր աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է այդ համահայկական օրակարգերը կազմել եւ իսկական համախոհութիւն ստեղծել, որպէսզի զարգանայ հայրենիքի իսկական փրկութեան շարժումը»: