ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ «ԿԱՄԱՒՈՐ ԲԱՆԱԿ»Ը ԽՐՈԽՏ ՈՒ ԱՌԻՆՔՆՈՂ ՇԱՐՔԵՐՈՎ ԿԸ ՏՈՂԱՆՑԷ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

0 0
Read Time:15 Minute, 18 Second

Շաբաթավերջին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 100-ամեակի տօնակատարութիւնները մեծ խանդավառութեամբ շարունակուեցան Հայաստանի մէջ։ Տեղի ունեցաւ 100-ամեակի փառաւոր տողանցք, Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոն եւ Արամ Մանուկեանի արձանի այցելութիւն, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի Երեւանի կեդրոնին առջեւ միութեան հիմնադիրներու յուշաքանդակներու զետեղում եւ «Վարդան Բախշեան գրադարան-ընթերցարան»ի բացում։ Այն պահուն, երբ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 11-րդ բանակումի մասնակիցները, իրենց կարգին, ունեցան ազգային յայտագիրներով լեցուն երկու օր։ Արդարեւ, 1200 բանակողները, 100-ամեակի տողանցքէն ետք, Շաբաթ երեկոյեան, այցելեցին Հայոց Ցեղասպանութեան Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, իսկ երէկ յետմիջօրէին, անոնք այցելեցին Վազգէն Սարգսեանի անուան զօրանոց, ուր մօտէն ծանօթացան հայկական բանակի սպաներու պատրաստութեան ուսումնարանին եւ տեղւոյն քաջարի բանակայիններուն։

100-ամեակի պատմական տողանցքը Շաբաթ, Յուլիս 21-ի երեկոյեան ընթացք առաւ Երեւանի «Ազատութեան» հրապարակէն։ Տողանցքը առաջնորդեցին Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի շեփորախումբը եւ վեց դրօշակակիրներ, որոնց հետեւեցան համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական բանակումին մասնակից պատուիրակութիւնները՝ այբուբենական շարքով։ Պատուիրակութիւններու կարգին, առաջին անգամ ըլլալով, տողանցեցին նաեւ աշխարհի չորս ծագերէն եկած միութեան վաստակաշատ նախկին խմբապետ-խմբապետուհիները, թիւով 150 հոգի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի սկաուտական շարքերը՝ 400 գայլիկ-արծուիկներ, արի-արենոյշներ եւ շարային յատուկ խումբի անդամներ։

Տողանցող պատուիրակութիւնները «Հանրապետութեան» հրապարակ հասնելով, խրոխտ ու առինքնող շարքերով անցան այս առիթով պատրաստուած պատուոյ թրիպիւնին առջեւէն, ուր զիրենք ողջունեցին Սփիւռքի եւ գիւղատնտեսութեան նախարարներ Մխիթար Հայրապետեան եւ Արթիւր Խաչատրեան, Կոտայքի մարզպետ Ռոմանոս Պետրոսեան, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած Եգիպտոսի, Յորդանանի եւ Լիբանանի դեսպանները, Մ. Նահանգներու դեսպանատան ներկայացուցիչները, ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչներ Հրանդ Մարգարեան եւ Արսէն Համբարձումեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայ եւ նախկին անդամներ, միութեան 26 շրջաններու պատասխանատուներ, 100-ամեակի տօնակատարութիւններու «կնքահայրներ», հիւրեր եւ հրաւիրեալներ։

Ապա, տողանցող պատուիրակութիւնները իրենց տեղերը գրաւեցին հրապարակին վրայ եւ ընդհանուր «հանգիստ-պատրաստ»է ետք՝ հետեւեցան օրուան յայտագիրին։

Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի շեփորախումբը, որ տողանցքին ամբողջ տեւողութեան ազգային-հայրենասիրական իր եղանակներով ոգեւորած էր Երեւանի բնակիչներն ու տողանցքին հետեւողները, տողանցքին պաշտօնական յայտագիրին ազդանշանը տուաւ Հայաստանի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի քայլերգներուն կատարումով։

Առաջին խօսքը արտասանեց Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան։ Ան շնորհաւորեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 100-ամեակը եւ ըսաւ, որ սկաուտական շարքերը իրենց պայծառ եւ լուսաւոր դէմքերով կը ներկայացնեն մեր մեծագոյն հպարտութիւնը։

Հ.Մ.Ը.Մ. դար մը առաջ հիմնուեցաւ ազգային եւ համամարդկային գաղափարներով, ըստ որոնց՝ ան կրթեց, միտքով, հոգիով ու մարմնով առողջ սերունդներ, ըսաւ նախարարը։ Հ.Մ.Ը.Մ. տարիներ շարունակ մեծ աւանդ ունեցաւ հայապահպանութեան գործին մէջ, Սփիւռքի մէջ հայ մարդը հայ պահելու եւ աւելի հայացնելու աշխատանքին մէջ, իսկ Հայաստանի մէջ՝ օրինապահ քաղաքացիներ կերտելու ճիգին մէջ։ Հ.Մ.Ը.Մ. պատրաստեց քաղաքացիական իրենց իրաւունքներուն եւ պարտաւորութիւններուն գիտակից սերունդներ՝ միշտ  բարձր պահելով հայութեան եւ Հայաստանի անունը։ Անոր համար ալ հայութիւնը միշտ հպարտ եղաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ով, իսկ Հայաստանի պետութիւնն ալ միշտ եղաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի կողքին, այնպէս ինչպէս Հ.Մ.Ը.Մ.ը եղաւ պետութեան կողքին, հաստատեց նախարար Հայրապետեան։

Յաջորդ խօսքը արտասանեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան։ Ան ողջունեց տողանցողները անկախ Հայաստանի մայրաքաղաքի սրտին մէջ։ «Այն Հայաստանին, որուն համար երդում կատարած էք ծառայելու։ Այն Հայաստանին, որուն համար գործած են ձեզի նախորդած սկաուտական շարքերը։ Ու նաեւ, այն Հայաստանին, ուր կը համախմբուիք չորս տարին անգամ մը, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական ձեր բանակումները կատարելու, հայկական ձեր արմատները զօրացնելու եւ քիչ մը աւելի հայացած ձեր երկիրները վերադառնալու համար», ըսաւ ան։

Մկրտիչեան ըսաւ, որ «Հայաստանն է մեր ուժին աղբիւրը եւ կենսունակութեան  աւիշը։ Հայրենի հողն է մեզ օտարացումէ եւ ձուլումէ փրկող միակ ապաւէնը։ Ճիշդ է, որ մեր մեծամասնութիւնը կ’ապրի Հայաստանէն դուրս, բայց, կասկած չկայ, որ Հայաստանը կ’ապրի իւրաքանչիւրին հոգիին ու սրտին մէջ։ Կասկած չկայ, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ական դաստիարակութեամբ մեր սկաուտները Հայաստանը կը ճանչնան առանց զայն ունենալու։ Հայաստանը կը սիրեն առանց զայն ճանչնալու, որովհետեւ սկաուտներու երակներուն մէջ կը հոսի հայու արիւնը, անոնց կուրծքերուն տակ կը տրոփէ Հ.Մ.Ը.Մ.ականի սիրտը»։

Իր խօսքը սկաուտներուն ուղղելով, Մկրտիչեան ըսաւ, որ դուք բախտաւոր սերունդ էք, որովհետեւ Հայաստանի անկախութեան 100-ամեակի տարին առիթն ու պատեհութիւնը ունիք ձեր սիրելի միութեան 100-ամեակը տօնելու արդար գոհունակութեամբ եւ հպարտութեամբ։ Դուք նաեւ յաւելեալ պարտականութիւն ունեցող սերունդ էք, որովհետեւ կոչուած էք 100 տարուան վաստակի մը արժանաւոր կրողները ըլլալու եւ այդ վաստակին վրայ անպայման ձեր կողմէ բան մը աւելցնելու։

Ապա, Մկրտիչեան յայտնեց, որ ինչքա՜ն գեղեցիկ է տեսակ-տեսակ դրօշներով սկաուտներ տեսնել այս հրապարակին վրայ։ Բայց նաեւ, ինչքան հմայիչ է պանծալի Եռագոյնը տեսնել բոլոր դրօշներէն առաջ ու բոլոր դրօշներէն վեր։ Եռագոյնով առաջնորդուող այս տողանցքը քիչ ետք կրնայ աւարտիլ, բայց Հ.Մ.Ը.Մ.ի երթը երբե՛ք չի կրնար վերջ գտնել։ 100 տարի առաջ սկսուած այդ երթը կը շարունակուի ու պիտի շարունակուի բոլորին խրոխտ քայլերով, «կամաւոր բանակ»ի հզօր կամքով եւ «Պատուաբեր անցեալէն յաղթական ապագայ» ընթանալու հաստատ վճռակամութեամբ։

Խօսք առաւ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան։ Ան ողջունեց հայութեան «կամաւոր բանակը» եւ նշեց, որ մէկ դրօշի տակ այսքան երիտասարդներ համախմբելու երեւոյթը ինքնին ոգեւորիչ է։ Ան ըսաւ, որ կեանքի մէջ յաջողութեան գրաւականը գիտելիքը, հաւատքն ու կամքն են, որոնցմով զինուած՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ հարկ է որ իրենց համար ճշդեն յաւակնոտ նպատակներ, կարողանան տալ կշռադատուած որոշումներ եւ հետեւողականութիւն ցուցաբերեն այդ որոշումներու իրականացման համար։

Համբարձումեան թելադրեց առաջնորդուիլ սկաուտութեան համար հիմնական նշանակութիւն ունեցող ազգասիրութեան եւ բարոյականութեան սկզբունքներով։ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը սոսկ կազմակերպութիւն չէ, այլ՝ իւրօրինակ դպրոց է մնայուն արժէքներու, սիրոյ, եղբայրութեան, հայրենասիրութեան դպրոց։ Նորանկախ Հայաստանի ապագան կրնան երաշխաւորել միայն Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներու նման բանիմաց, ազնիւ, հայրենասէր եւ կազմակերպուած հայորդիներ, հաստատեց ան։

Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի ողջոյնի խօսքը փոխանցեց ատենապետ Դաւիթ Յակոբեան։ Ան ըսաւ, որ այսօր մեծագոյն տօնն է, իւրայատուկ եւ խորհրդանշական։ Այսօր Հ.Մ.Ը.Մ. կը նշէ իր մէկ դարեայ գործունէութեան յոբելեանը։ Հ.Մ.Ը.Մ. անցնող մէկ դարուն սովորական միութիւն մը չեղաւ, այլ՝ եղաւ դպրոց մը, ուր փոխանցուեցան ազգային գաղափարախօսութիւն, պատուի զգացողութիւն։ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մեծ ընտանիքը ունեցաւ մէկ նպատակ՝ պատրաստել հայ ազգին արժանի, գիտակից, նուիրուած, հոգեպէս կայուն ու առողջ սերունդներ, որոնք պիտի կերտեն մեր երազած ապագան։

Հուսկ, իր խօսքը փոխանցեց համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 11-րդ բանակումի ընդհանուր խմբապետ Թալին Օրտողլեան։ Ան ըսաւ, որ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 100-ամեայ «կամաւոր բանակ»ին երթը սկսաւ Հայոց Ցեղասպանութենէն անմիջապէս ետք՝ որբախնամի եւ հայրենիքի օժանդակութեան աշխատանքներով։ Այսօր, 100 տարի ետք, այդ «կամաւոր բանակը» կը գործէ ամէնուրեք, հայապահպանման առաքելութեամբ, կառչած մնալով հիմնադիրներու հաստատած սկզբունքներուն՝ «առողջ միտքը առողջ մարմինին մէջ» տեսնելու մօտեցումին։ Այսօր, նոյն «կամաւոր բանակ»ին զինուորները կը շարունակեն քալել խրոխտ ու հաստատ քայլերով։

Իր խօսքը սկաուտներուն ուղղելով, Օրտողլեան ըսաւ. «Սիրելի՛ սկաուտներ, դուք իսկապէս կամաւոր բանակն էք այս միութեան։ Դուք էք որ կը ստանձնէք այդ ջահը, որ վառեցաւ 100 տարի առաջ ու բացավառեց սրտերը հազարաւոր հայերու։ Հոն ուր հասաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը, տարածեց մարզական եւ սկաուտական առողջ ոգի։ Այսօր այդ ջահը կը վառի աշխարհի չորս ծագերուն։ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը դարձնելով անքակտելի մէկ մասը հայ իրականութեան»։

Շարունակելով, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 11-րդ բանակումի ընդհանուր խմբապետուհին ըսաւ. «Յուզիչ եւ խրախուսիչ է անկախ հայրենիքի մայրաքաղաքին գլխաւոր հրապարակին վրայ տեսնել 2000 Հ.Մ.Ը.Մ.-ական սկաուտներ, որոնք եկած են իրականացնելու երազը հիմնադիր ղեկավարներու եւ շարունակելու անոնց երթը, ուխտելով հաւատարիմ մնալ այն բոլոր սկզբունքներուն, որոնց վրայ հիմնուած է այս միութիւնը։ Յառա՜ջ դէպի նոր 100-ամեակ, յառա՜ջ դէպի նորանոր յաղթանակներ»։

ՀԻՄՆԱԴԻՐ ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԵԱՆ ՅՈՒՇԱՔԱՆԴԱԿՆԵՐՈՒ ԲԱՑՈՒՄ

100-ամեակի պատմական տողանցքը կանխեց, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հիմնադիր երրորդութեան՝ Շաւարշ Քրիսեանի, Գրիգոր Յակոբեանի եւ Յովհաննէս Հինդլեանի յուշաքանդակներուն բացումը՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի Երեւանի կեդրոնին մուտքին։

Բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայ եւ նախկին անդամներ, Շաւարշ Քրիսեանի  եղբօրը թոռը՝ տոքթ. Շաւարշ Քրիսեան, նահատակ Վարդան Բախշեանի մայրն ու քոյրը՝ Այտա եւ Աննա Բախշեաններ, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի վարչութեան ներկայ եւ անցեալի անդամներ, հիւրեր եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներ։

Յուշաքանդակներուն բացումը կատարեցին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի ատենապետ Դաւիթ Յակոբեան, տոքթ. Շաւարշ Քրիսեան եւ յուշաքանդակի բարերար տէր եւ տիկ. Վարդան եւ Սապին Գազանճեաններու ներկայացուցիչ՝ Գահիրէի Հ.Մ.Ը.Մ.-«Արարատ» մասնաճիւղի ատենապետ Լեւոն Դելփեան։

Այս առիթով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան խօսքը փոխանցեց Րաֆֆի Կէօվօղլանեան։ Ան ըսաւ, որ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը այսօր հպարտ ու բարձրաճակատ կը ներկայանայ իր ժողովուրդին՝ մէկ դարու նուաճումներով եւ իրագործումներով հարուստ իր պատմութեամբ։ Հ.Մ.Ը.Մ. կը յիշէ այդ պատմութեան մեծ երախտաւորները եւ յարգանքի ու գնահատանքի իբրեւ արտայայտութիւն, Երեւանի սրտին մէջ, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի կեդրոնի մուտքին, կը կանգնեցնէ միութեան հիմնադիրներուն յուշաքանդակները։

Կէօվօղլանեան նշեց, որ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հիմնադիրները խոր հայրենասիրութեամբ իրենց ծրագիրներուն կիզակէտը դարձուցած էին հայութիւնը, հայ լեզուն, Հայաստանն ու հայ նորահաս սերունդը։ Այսօր, անոնք կրնան հանգիստ ննջել, որովհետեւ իրենց ծրագիրները իրագործման մէջ են միութեան աշխարհասփիւռ մեծ ընտանիքին եւ յատկապէս՝ Հայաստանի կազմակերպութեան կողմէ։

Շարունակելով, Կէօվօղլանեան շնորհակալութիւն յայտնեց յուշաքանդակի բարերար Վարդան եւ Սապին Գազանճեաններուն, քանդակագործներ Աշոտ եւ Հայկ Մարկոսեաններուն եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին այս աշխատանքին իրագործման։

«Այս յուշաքանդակները պիտի ըլլան ներշնչումի աղբիւր ծրագրելու եւ իրագործելու յառաջիկայի մեր բեղուն գործունէութիւնը։ Այս յուշաքանդակները պիտի ըլլան նաեւ մղիչ ուժը հետեւելու միութեան հիմնադիրներուն գծած ուղիին, գաղափարախօսութեան եւ բարձրացիր- բարձրացո՛ւր նշանաբանին», շեշտեց Րաֆֆի Կէօվօղլանեան եւ իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, որ  այս յուշաքանդակները, այս իւրայատուկ վայրէն, պիտի ըլլան մնայուն յուշարարներ՝ մնալու այդ սերունդին արժանաւոր ժառանգորդները, Հ.Մ.Ը.Մ.ը առաջնորդելով պատուաբեր անցեալէն դէպի նորանոր իրագործումներ, դէպի յաղթական ապագայ։

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան խօսքէն ետք, ներկաները բարձրացան Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի կեդրոնին երրորդ յարկը, ուր տեղի ունեցաւ «Վարդան Բախշեան գրադարան-ընթերցարան»ին բացումը։

Խօսք առաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի վարչութեան ատենապետ Դաւիթ Յակոբեան եւ ըսաւ, որ նախապէս Վարդան Բախշեանի անունով սրահ մը կար կեդրոնին մէջ, սակայն նպատակայարմար նկատուեցաւ զայն բարեկարգել եւ գրադարանով մը օժտել, որպէսզի սկաուտները կարողանան աւելի շատ ժամանակ անցընել կեդրոնին մէջ՝ աւելի կապուելով միութեան։ Ան հաստատեց նաեւ, որ գրադարան-ընթերցարանին գլխաւոր բարերարը եղած է Վարդան Բախշեանի մտերիմ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներէն մէկը, որ սակայն չէ փափաքած անունը յայտարարել։ Գրադարանը տակաւին իր վերջնական տեսքը չէ ստացած եւ խոստումներ կան զայն նոր գիրքերով եւ համակարգչային սարքերով հարստացնելու։

Ապա, Վարդան Բախշեանի մասին խօսելով, Յակոբեան նկատել տուաւ, որ 1991-ին Արցախի ազատագրման կռիւներուն նահատակուած Վարդանը թէեւ կարճ, սակայն բովանդակալից եւ հերոսական կեանք մը ունեցաւ։ Ան անմահացաւ՝ ներշնչումի օրինակ դառնալով գալիք սերունդներուն։ Վարդանը ընթերցասէր էր, իրեն համար ընթերցանութիւնը միջոց էր գիտելիքներ եւ ճանաչողութիւն ձեռք բերելու, մեր պատմութեան եւ մեր ժողովուրդի խնդիրներուն ծանօթանալու համար։ Թող իր օրինակը վարակիչ ըլլայ այսօրուան սկաուտներուն համար, Վարդանի օրինակով իրենք զիրենք գիտութեամբ եւ գիտելիքներով զինելու համար, աւելցուց Յակոբեան։

Այնուհետեւ, սրտի խօսք փոխանցեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան եւ յայտնեց, թէ ինք Վարդան Բախշեանը ճանչցած է միութեան 1991-ի Պատգամաւորական Ժողովին։ Վարդանը համակ եռանդ եւ խանդավառութիւն էր։ Ընթերցասէր եւ գաղափարական մարդ, որուն նմանները քիչ են մեր օրերուն։ Վարդանը կը պատկանէր Հայաստանի մէջ վերընձիւղուած Հ.Մ.Ը.Մ.-ի առաջին սերունդին, որ հսկայական գործ կատարեց միութիւնն ու միութենական արժէքները ծանօթացնելու եւ տարածելու համար, վկայեց ան։

Վերջին խօսքը արտասանեց նահատակ Վարդան Բախշեանի քոյրը՝ Աննա Բախշեանը։ Ան ըսաւ, որ այս գրադարան-ընթերցարանին բացումը կարեւոր նախաձեռնութիւն է այսօրուան սկաուտութիւնը գիր-գրականութեան եւ ակումբին կապելու իմաստով։ Ընթերցանութիւնը,- շեշտեց ան,- կարեւոր է միտքով առողջ սերունդներ պատրաստելու համար։

Բախշեան նշեց, որ Վարդանը ունէր գիրքի պաշտամունք։ Զինք ճանչցողները գիտեն այդ մասին։ Շատ հաճելի է, որ իր սիրելի միութեան կեդրոնին մէջ բացուած է գրադարան-ընթերցարան։ Այսօր, համացանցի ներկայութեան, դժբախտաբար, գիրքի նկատմամբ հետաքրքրութիւնը նուազած է, բայց ամէն պարագայի գիրքը ուրիշ զգացողութիւն է եւ ուրիշ լիցքեր կու տայ մարդուն։

Խօսքին աւարտին, Աննա Բախշեան շնորհաւորեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ը 100-ամեակին առիթով եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ը՝ գրադարան-ընթերցարանին համար եւ յայտարարեց, որ Վարդանին գիրքերէն կարեւոր մաս մը կը նուիրէ իր անունը կրող այս գրադարանին։

ԵՌԱԲԼՈՒՐ ԵՒ ԱՐԱՄ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆԻ ԱՐՁԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

100-ամեակի ոգեկոչումները շարունակուեցան երէկ, Կիրակի, 22 Յուլիսին։ Կէսօրէ առաջ ժամը 10-ին, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 11-րդ բանակումին խմբապետական կազմի անդամներ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ. սկաուտներ այցելեցին Եռաբլուր եւ մէկական ծաղիկով իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին նահատակաց պանթէոնին մէջ հանգչող Արցախեան պայքարի բոլոր հերոսներուն, որոնց կարգին Հ.Մ.Ը.Մ.ական Վարդան Բախշեանին, Վիգէն Զաքարեանին, Վաչէ Ռոստոմեանին եւ Յակոբ Առուստամեանին։ Սկաուտները առաջնորդեցին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-i վարչութեան անդամները։

Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոնին մէջ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան խօսքը փոխանցեց Բագրատ Եսայեան։ Ան ըսաւ, որ իւրաքանչիւր կազմակերպութիւն պարտաւոր է իր անցեալը գնահատել եւ իր գաղափարներու ազդեցութեան եւ տարածման չափը ճշդել։ Իսկ նման արժեւորումի համար, Եռաբլուրը յարմարագոյն վայրն է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի համար, որովհետեւ ան կ’ամփոփէ շիրիմները Արցախեան պայքարին զոհուած Հ.Մ.Ը.Մ.-ական նահատակներուն։

Եսայեան յայտնեց, որ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը անցնող 100 տարին գործած է իբրեւ «կամաւոր բանակ», եւ երբ պահը հասած է, հայրենիքի լինելութեան եւ պաշտպանութեան հրամայականը ներկայացած է, Արցախի ազատագրման կռիւները սկսած են, միութեան «կամաւոր բանակ»ի անդամներէն շատերը, իրենց դաստիարակութեամբ եւ անձնազոհութեամբ, գտնուած են պայքարի առաջին շարքերուն մէջ։ Անոնք զոհած են ընտանիք, անձնական հանգիստ ու բարօր կեանք եւ իրենց թանկագինը զոհած են մեր երազած Հայաստանը իրականութիւն դարձնելու եւ միացեալ Հայաստանի ճամբուն վրայ առաջին քայլը առնելու համար։

Շարունակելով, Եսայեան նշեց, որ Վարդանը, Վիգէնը, Վաչէն եւ Յակոբը ներշնչումի օրինակներ են Հ.Մ.Ը.Մ.-ական սերունդներու համար։ Այսօր, հայկական բանակին կը ծառայեն բազմահարիւր Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ, որոնք մեծցած եւ դաստիարակուած են միութեան նահատակներուն գաղափարական շունչով, միշտ պատրաստ՝ գերագոյն զոհաբերութեան եւ նորանոր յաղթանակներու, որպէսզի կարելի ըլլայ իրականութիւն դարձնել մեր մեծ նպատակը՝ ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանը։

Այս առիթով, սկաուտները ողջունեց Եռաբլուրի պատասխանատու գնդապետ Առաքելեանը, որ ի տես աշխարհի զանազան երկիրներէն ժամանած սկաուտներուն դրուատեց հայութեան միասնականութեան եւ ամբողջականութեան երեւոյթը եւ նշեց, որ հայրենիքը միայն խաղաղ օրերուն յիշելով չի պահուիր, այլ՝ ճգնաժամի պահերուն անոր կողքին ըլլալով, ամէն ինչ զոհաբերելով եւ ի հարկին՝ արիւն թափելով։ Մենք այս բոլորը սորվեցանք Վիգէնէն, Վարդանէն եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական մնացեալ նահատակներէն, որոնք յաղթանակի դափնիներով պսակեցին մեր պատմութիւնը, շեշտեց ան։

Յաջորդ հանգրուանը եղաւ Արամ Մանուկեանի նորաբաց արձանը։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայ եւ նախկին անդամներու ընկերակցութեամբ, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 11-րդ բանակումի խմբապետական կազմը Արամի արձանը այցելեց երէկ կէսօրուան ժամը 12-ին, ուր զետեղեց յարգանքի ու յիշատակի ծաղկեպսակ մը։ Խօսք առաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Բագրատ Եսայեան։ Ան նշեց, որ պատահական չէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի տարին Արամը վերադարձաւ իր ժողովուրդին։ Տասնամեակներ շարունակ, հայրենի ժողովուրդը զրկուած էր Արամի արժէքներէն, դաւանանքէն եւ գաղափարներէն, որովհետեւ օրուան իշխանութիւնները համաձայն չէին անոնց։ Սակայն, Հ.Մ.Ը.Մ.-ը եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը յաջողեցան Արամի գաղափարները վառ պահել Սփիւռքի մէջ։ Վառ պահեցին 70 տարի եւ զայն փոխանցեցին հայրենիքին ու հայ ժողովուրդին։

Եսայեան յայտնեց, որ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը եղաւ այն կազմակերպութիւնը, որ տասնամեակներ շարունակ դաւանեց գաղափարական այնպիսի արժէքներ, որոնք մնայուն են մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին համար, եւ այսօր, իբրեւ պարտականութեան գիտակից կազմակերպութիւն, հետեւելով այդ նոյն արժէքներուն, հաւատքով եւ վստահութեամբ այդ արժէքները կը վերադարձնէ իր ժողովուրդին, հանգիստ մտքով, որ այդ գաղափարները կրողները պիտի բազմանան հայրենիքի մէջ եւ պիտի շարունակուի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի անկասելի երթը՝ «Պատուաբեր անցեալէն յաղթական ապագայ»։

 

ՎԱԶԳԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ԱՆՈՒԱՆ ԶՕՐԱՆՈՑ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Երէկուան այցելութիւնները եզրափակուեցան Վազգէն Սարգսեանի անուան զօրանոց այցելութեամբ։ Այցելութիւնը կատարուեցաւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 11-րդ բանակումին մասնակից 650 սկաուտներով, առաջնորդութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայ եւ նախկին անդամներու։

Այս առիթով խօսքեր արտասանեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան եւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տոնոյեան։ Տողանցեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտները, ապա Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի եւ հայկական բանակի շեփորախումբերը նուագեցին ազգային-հայրենասիրական երգեր, որոնք մեծ խանդավառութիւն ստեղծեցին ներկաներու մօտ։

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ բանակ եւ զօրանոց խորհրդանիշներ են պետականութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան։ Իսկ 100-ամեայ Հ.Մ.Ը.Մ. եղած է ու կը մնայ մնայուն պաշտպանը հայրենի պետականութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան։

«Հայաստանի  Առաջին Հանրապետութեան օրերուն Հ.Մ.Ը.Մ. առաջիններէն էր, որ իր ծառայութիւնները դրաւ հայոց պետականութեան տրամադրութեան տակ, մտաւ որբանոցները եւ Ցեղասպանութեան որբերէն, թշուառ ու անտէր պատանիներէն կերտեց նոր հայը, հայկական բանակի ապագայ զինուորը։ Հայաստանի վերանկախացումէն ետք, Հ.Մ.Ը.Մ. դարձեալ առաջիններէն էր, որ իր հանրանուէր գործունէութիւնը ծաւալեց հայրենիքի մէջ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի ճամբով ջանաց այս անգամ կերտել նոր քաղաքացին, ազգային իր արժէքներուն եւ նպատակներուն հաւատարիմ հայ մարդը, ազգային բանակ մտնելու պատրաստուող հայ երիտասարդը», ըսաւՄկրտիչեան։

Ապա, ան շեշտեց, որ շատերը Հ.Մ.Ը.Մ.-ը ճանչցան, իր քայլերգին բառերով, իբրեւ «կամաւոր բանակ» հայութեան եւ հայրենիքին, միշտ ծառայելու, ծառայութեամբ մեծնալու կամքով ու տեսիլքով։ Շատերը Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մէջ տեսան անհայրենիք ժողովուրդի մը փոքրիկ բանակը, որ հաւատաց մեծ նպատակներու, մեծ ու անսակարկելի արժէքներու։

Մկրտիչեան յայտնեց, որ «հայոց բանակի տողանցքին հետ զօրամաս մը չէ որ միայն կը տողանցէ, այլ՝ մեր պատմութեան բոլոր հերոսները, փաղանգ առ փաղանգ, անցեալի նախարարական գունդերէն մինչեւ ֆետայական մեր խումբերը եւ Արցախեան պայքարի հերոսական վաշտերը։ Հ.Մ.Ը.Մ.-ական սերունդները այս համոզումով կը մեծնան ու հասակ կ’առնեն, խոր յարգանք տածելով հայոց բանակին եւ անոր վեհ առաքելութեան։ Հ.Մ.Ը.Մ.-ական տղաք ու աղջիկներ այս դաստիարակութեամբ կը խոնարհին հայոց բանակի անթիւ զոհողութիւններուն դիմաց եւ, իբրեւ գերագոյն արժէք, զայն կը դասեն ամէն բանէ վեր։

«Այսօր, «Կամաւոր բանակը» կանգնած է կողքին պետական բանակին։ Իսկ կա՞յ աւելի գեղեցիկ պատկեր՝ քան համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական, համահայկական  այս զօրակցութիւնը, որ սա պահուն կը պարզուի մեր աչքերուն դիմաց։ Այստեղ ներկայ սկաուտներու ճամբով ամբողջ հայութիւնն է, որ այսօր յարգանքի իր տուրքը կու տայ Հայոց բանակի նուիրեալներուն, որոնք կը մնան միշտ արթուն, միշտ խրոխտ ու անձնազոհ, որպէսզի հայրենիքի սահմանները մնան ապահով, իսկ զաւակները՝ պաշտպանուած»։

Իր կարգին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տոնոյեան ողջունեց Հ.Մ.Ը.Մ.ը իր «շնորհալի, շնորհակալ եւ հայրենանուէր գործունէութեան համար»։ Ան ըսաւ, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ը Ցեղասպանութենէն ետք որբախնամի աշխատանք կատարեց, 40 հազար որբերու տիրութիւն ըրաւ, համահայկական մարզախաղեր ու բանակումներ կազմակերպեց եւ այդ բոլորով պահպանեց ու տարածեց հայ լեզուն, ազգային ինքնութիւնն ու ժառանգութիւնը։

Նախարար Տոնոյեան գնահատեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մեծ ծառայութիւնը հայ ժողովուրդին։ Ան ըսաւ, որ Սփիւռքը եւ Հայաստանը անբաժանելի են իրարմէ։ Փորձութեան պահերուն բաժանարար բոլոր գիծերը կը ջնջուին։ Արցախեան պայքարի յաղթանակին մէջ մեծ դեր ունեցան Սփիւռքէն ժամանած հայրենակիցները, որոնց կարգին՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի դպրոցէն անցածները։ Իրենց ծառայութիւններով, մարտերու ընթացքին ցուցաբերած արիութեամբ շատերը արժանացան Հայաստանի ու Արցախի հանրապետութիւններու մետալներուն եւ շքանշաններուն, իսկ ոմանք ալ՝ հերոսի կոչումին։

Տոնոյեան վստահեցուց, որ Հայաստան ունի փոքրաթիւ, սակայն ամուր եւ մարտունակ բանակ, որ արդի պատմութեան ամէնէն փառաւոր յաղթանակներէն մէկուն կերտիչն է։ Հայաստանի բանակով հպարտանալու շատ բան ունի մեր ժողովուրդը։ «Այս այցելութիւնը մայր հայրենիք եւ հայոց բանակ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտները կը դարձնէ աւելի հպարտ, աւելի հայրենապաշտ ու աւելի հայ», ըսաւ ան։

Զօրանոց այցելութիւնը եզրափակուեցաւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան միջեւ յուշանուէրներու փոխանակումով։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles