
Հայոց ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցը նշուեցաւ զանազան գաղութներէ ներս, յարմարելով պսակաձեւ ժահրի պարտադրած սահմանափակումներուն։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարը իր զանգերը ղօղանջեց Ապրիլ 24-ի առաւօտուն՝ նշելով Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման 105-ամեակը՝ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի մատուցմամբ, որուն հանդիսապետեցԱրամ Ա. Կաթողիկոս։ Պատարագը մատուցեց Լիբանանի թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան։
Յընթացս Պատարագին, Վեհափառ Հայրապետը Սուրբ Խորան բարձրացաւ եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն ուղղեց իր Հայրապետական ոգեշունչ պատգամը։ Ան յայտնեց, թէ Ապրիլ 24-ը Հայոց Ցեղասպանութիւնը յիշեցնող թուական մըն է, միաժամանակ ան իր մէջ կը բովանդակէ ու կը մարմնացնէ հայ ժողովուրդին պահանջատիրական կամքն ու անխորտակելի հաւատքը։
Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ Ապրիլ 24-ի խորհուրդով շաղախուած է իւրաքանչիւր հայու կեանքն ու գոյութեան պայքարը եւ աւելցուց, որ «Հայ դատը հայ ժողովուրդի՛ դատն է։ Քո՛ւ դատդ է, ժողովո՛ւրդ հայոց, եւ հետեւաբար հայ դատը մե՛նք պիտի շարունակենք համահայկական մաշտապով, համահայկական գործակցութեամբ, համահայկական կամքով եւ վճռակամութեամբ»։
Իր պատգամի ընթացքին, Հայրապետը բազմիցս յորդորեց ըլլալ իրապաշտ ու կազմակերպ՝ մանաւանդ ներկայ աշխարհաքաղաքական պայմաններուն մէջ, որոնք ցաւոք սրտի հիմնուած են ազգերու եւ գերպետութիւներու տնտեսական ու քաղաքական շահերու վրայ։ «Մարդկային իրաւանց հռչակագիրը, դժբախտաբար, թուղթի վրայ մնացած է, իսկ ազգերու իրաւունքները եւ Աստուածատուր արդարութիւնը մարդկային կեանքի լուսանցքին վրայ կը գտնուին», ըսաւ ան։
Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ հայ դատին այժմէականացման եւ իրաւական հիմքերով քաղաքականացման հրամայականին եւ շեշտեց դերակատարութիւնը Հայաստանի պետութեան եւ Սփիւռքին՝ իւրաքանչիւրը իրեն յատուկ մօտեցումներով. «Մենք մէ՛կ դատ ունինք. այդ դատը Հայաստանի՛ դատն է, մեր ազգի՛ն դատն է, մեր եկեղեցւոյ եւ իւրաքանչիւր հայո՛ւն դատն է։ Այս գիտակցութեամբ եւ յանձնառութեամբ, վերանորոգ հոգիով եւ հաւատքով պէտք է շարունակենք մեր դատի հետապնդումը միջազգային շրջանակներէն ներս՝ ընդարձակելով մեր բարեկամներու շրջանակը, ծաւալելով մեր քաղաքադիւանագիտական յարաբերութիւնները եւ միշտ շեշտը դնելով քաղաղաքան եւ իրաւական տարածքներուն վրայ»։
Շարունակելով իր պատգամը՝ Վեհափառ Հայրապետը ընդծեց պահանջատիրական պայքարի ոգիին ու շարունակականութեան անհրաժեշտութիւնը. ան շեշտեց. «Մենք իրաւազրկուած ժողովուրդ ենք։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ի՛նք եւս իրաւազրուած է, իր պատմական հողերէն, կալուածներէն դուրս դրուած է։ Սա պատմութեան էջերուն չի պատկանիր միայն։ Պահանջատիրութիւնը մեր ժողովուրդին համար լոզունք չէ՛՝ այլ ամենօրեայ տագնապ, ապրում եւ ձգտում է»։ Ան յիշեցուց, որ անկարելի է պահանջատիրութիւնը պատմութեան էջերուն յանձնել՝ մանաւանդ, երբ Թուրքիա կը շարունակէ իր արարքը՝ իւրացնելով ազգապատկան մեր կառոյցներները, փոխելով անոնց նկարագիրը ու ոչնչացնել փորձելով ամէն տեսակ հայկական հետք, ու հարց տուաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի նման միջազգային մշակութային հարստութիւններու պաշտպան կազմակերպութիւններու լռութեան պատճառը՝ ի տես մշակութային ցեղասպանութեան։
Հայրապետը իր պատգամը եզրափակեց կոչ ուղղելով հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն վերանորոգելու պահանջատիրական հաւատքը, կամքը վճռակամութիւնն ու յանձնարութիւնը, եւ այդ ոգիով շարունակելու պայքարը, հաւաքական պայքարը հայութեան՝ ի խնդրի մեր անիրաւուած ու բռնաբարուած իրաւունքներու վերատիրացման։
Նշենք, որ Հայոց Ցեղասպանութեան սրբացեալ նահատակներուն նուիրուած Սուրբ Պատարագին ներկայ էին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը, նախարարներ ու երեսփոխաններ, պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներու, ինչպէս նաեւ կազմակերպութիւններու, միութիւններու ու կառոյցներուն ներկայացուցիչներ։
Աւարտին, ներկաները ուղղուեցան դէպի Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակին կանգնեցուած Սփիւռքի մէջ առաջին յուշարձան՝ Սրբոց Նահատակաց մատուռ, ուր տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում՝ ի յարգանս աւելի քան մէկուկէս միլիոն սրբացեալ նահատակներուն։
Այս տարի լիբանանահայ երեք կուսակցութիւններուն նախաձեռնած Հայոց ցեղասպանութեան 105-ամեակին ոգեկոչումը կը կրէր «Տո՛ւնը մնացէք, պահանջատէ՛ր մնացէք» խորագիրը, եւ այս առիթով Հինգշաբթի, Ապրիլ 23-ի երեկոյեան ժամը 7:30-էն սկսեալ մոմեր վառեցան իւրաքանչիւր հայ ընտանիքի պատշգամը` ի նշան շարունակուող պահանջատիրութեան եւ իբրեւ յարգանք մեր մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներուն:
Նոյն ժամուն, ջահավառութիւն տեղի ունեցաւ Պուրճ Համուտի հրապարակին վրայ` հայ համայնքապետներուն եւ լիբանանահայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու` Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան, Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ներկայացուցիչներու ձեռամբ: Ապա ջահը տարուեցաւ լիբանանեան տարբեր շրջաններ, ուր գտնուող հայկական եկեղեցիներուն զանգերը ղօղանջեցին խորհրդաւոր կերպով, տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն, իսկ ջահը ողջունեցին պատշգամները մոմեր վառած հայորդիները: Պուրճ Համուտէն ջահը փոխադրուեցաւ այլ շրջաններ։
Մոմավառութեան եւ ջահերթի վերջին կանգառը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայր տաճարի շրջափակին մէջ գտնուող մատուռն էր, որուն առջեւ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Նշենք, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան 105-ամեակին առիթով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.- «Արդարութիւնը միակ միջոցն է աւելի մարդկային աշխարհ մը կերտելու: Աւելի քան մէկուկէս միլիոն նահատակ պատճառած Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման նախօրեակին, կը հաստատենք, որ հայ ժողովուրդին դէմ գործուած ոճիրներուն յիշատակը մարդկութեան խղճին մէջ կը մնայ ամօթի կնիք մը: Հայոց ցեղասպանութիւնը մեզի յիշել կու տայ, որ մարդ արարածը չարիքներ գործելու ատակ է, երբ ան պատիժի եւ հաշուետուութեան ենթակայ չէ: Արդարութիւնը միակ միջոցն է աւելի մարդկային աշխարհ մը կերտելու»:
*
Հալէպի մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցին նուիրուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ եւ ծաղկեմատոյց տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 24 Ապրիլին, Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։
Հայոց Ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն սրբադասուած նահատակներուն յիշատակին Սուրբ Պատարագ մատուցեց եւ օրուան պատգամը փոխանցեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան:
Պատարագին ներկայ էին Հ․Հ․ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Արմէն Սարգսեան, Հալէպի մարդասիրական առաքելութեան խումբի հիւպատոսութեան ներկայացուցիչ գնդապետ Արկատի Տօնոյեան, Բերիոյ Հայ Կաթողիկէ Թեմի Առաջնորդ Արհ. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի պետ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան, Սուրիոյ Խորհրդարանի հայազգի ներկայացուցիչ Ժիրայր Րէիսեան, սուրիահայ երեք կազմակերպութիւններու, բարեսիրական, մշակութային եւ մարզական միութիւններու ներկայացուցիչներ:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ուղղեց իր պատգամը, յայտնելով, թէ․- «Մեր դարաւոր թշնամին փորձեց թաղել հայուն ծրագիրը, որն էր կերտել ազատ, անկախ եւ ամբողջական Հայաստան, որուն համար հայ ժողովուրդը կրեց կեանքի այդ դառն ճանապարհը»: Աւելցնելով Սրբազան Հայրը ըսաւ. «Թշնամիին երազը չիրականացաւ: Տէր Զօրի անապատը ազատութիւն գոչեց եւ մարգարէին բառերով հայ ժողովուրդը Տէր Զօրէն յարութիւն առաւ եւ վերակենդանացաւ»:
Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանը դիտել տուաւ, որ 24 Ապրիլը այն օրն է, երբ մեր ժողովուրդը իր արիւնով հաւաքական ուխտ կնքեց՝ հաւատարիմ մնալու իր հայրենիքին, քրիստոնէական հաւատքին եւ մեր ազգային պահանջատիրութեան:
Աւելին, Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ այսօր Հայաստանն ու սփիւռքը երախտագիտութեամբ կը դիմեն բոլոր այն պետութիւններուն, որոնք ճանչցան Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Սրբազան Հայրը հաստատեց, թէ սուրիահայերը յաւերժ հաւատարիմ զինուորներն ենք սուրիական հանրապետութեան եւ պատրաստ ենք մեր արիւնը նուիրաբերելու անոր ամբողջականութիւնը եւ ազատութիւնը պաշտպանելու համար:
Հանդիսաւոր թափօրով Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ բոլոր ներկաները ուղղուեցան դէպի եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր դպրաց դասի անդամները մատուցեցին շարականներ, ապա ներկաները միասնաբար երգեցին «Կիլիկիա» մաղթերգը:
Այնուհետեւ, կազմակերպութեամբ՝ Հայ Երիտասարդաց Միութեան, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն յուշակոթողին դիմաց տեղի ունեցաւ ծաղկեմատոյց։
*
Լաթաքիոյ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ հաւաքուեցան Լաթաքիոյ Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդէն, դպրոցիս հոգաբարձութենէն, Լաթաքիոյ հայ գաղութը ներկայացնող միութիւններէն ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ՝ Եագուպիէի ու Արամոյի եկեղեցիներու թաղական խորհուրդներու անդամներ, իրենց յարգանքն ու ուխտը վերանորոգելու եւ ապրիլեան սրբադասուած մէկուկէս միլիոն նահատականերուն յիշատակը ոգեկոչելու համար։ Գաղութի քահանայ հայր՝ Տէր Վազգէն Քէօշկէրեանը կատարեց արարողութիւն, որմէ ետք Հ․Մ․Ը․Մ․-ի շեփորախումբը հանդիսաւոր կերպով հնչեցուց Սուրիոյ եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգները։ Խօսք առին թաղական Խորհուրդի ատենապետ Վահէ Կարճիկեան եւ Մարօ Սողոմոնեան, որոնք հաստատեցին, թէ 105 տարիէ ի վեր իրաւունքներուն կառչած ենք, որովհետեւ գիտենք, թէ իրաւունքը չի մեռնիր՝ երբ պահանջատէր կայ անոր ետին, նաեւ նկատել տուաւ, որ հայը ամէն տարի 24 Ապրիլին պիտի ոգեկոչէ ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն յիշատակը եւ պահանջէ իր անժամանցելի իրաւունքները:
Ապա ներկաները ուղղուեցան դէպի Ապրիլեան յուշակոթող, մոմեր եւ վարդեր զետեղեցին անոր դիմաց։ Աւարտին մասնակիցները հաւաքաբար երգեցին «Կիլիկիա» մաղթերգը, ապա քահանայ հօր «Պահպանիչ»ով վերջ գտաւ օրուան յայտագիրը:
*
Ապրիլ 24-ին, Ֆրանսայի թեմին բոլոր եկեղեցիներուն մէջ պատարագ մատուցուեցաւ, դռնփակ՝ պսակաձեւ ժահրի համաճարակով ստեղծուած իրավիճակին պատճառով: Լիոնի Սուրբ Յակոբ եկեղեցին առցանց սփռեց պատարագը։
Յաւարտ պատարագի՝ կատարուեցաւ «Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու բարեխօսական կարգը»: Նոյն օրը, ղօղանջեցին նաեւ մեր բոլոր եկեղեցիներուն զանգակները միանալով աշխարհասփիւռ քոյր թեմերուն աղօթավայրերուն, ոգեկոչելու համար 1915-ի Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերուն յիշատակը։
Իսկ ֆրանսահայ երիտասարդութիւնը, որ տարիներէ ի վեր Ապրիլեան հսկումներ կը կազմակերպէ Ֆրանսայի հայաշատ մեծագոյն քաղաքներուն, գլխաւորաբար Փարիզի մէջ, այս տարի նկատի ունենալով պսակաձեւ ժահրի ստեղծուած կացութիւնը, այդ հսկումը կատարեց առցանց։