
Կազմակերպութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Յանձնախումբին, Շաբաթ, Ապրիլ 21-ին, Տիթրոյթի մէջ, տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 103-ամեակի նուիրուած ձեռնարկ:
Ձեռնարկին բացումը կատարեցին մասնաճիւղի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտները, դրօշակի արարողութեամբ եւ քայլերգներու երգեցողութեամբ:
Ապա Տիթրոյթի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետուհի՝ Լարա Ներսէսեան, աւելի քան հինգ հարիւր ներկաներուն դիմելով, շեշտեց Տիթրոյթի հայ գաղութին տարած կարեւոր աշխատանքը, ցեղասպանութեան ճանաչման գծով: Ան նշեց որ արդէն իսկ յանձնախումբ մը կազմուած է գաղութի անդամներէն, որոնք ստանձնած են ծրագրի մը պատրաստութիւնը, Միշիկընի դպրոցներէն ներս Հայոց Ցեղասպանութիւնը դասաւանդելու:
Ապա բեմ բարձրացաւ Տիթրոյթի Հայ Երիտասարդական Միութեան ներկայացուցիչ Հելէն Աթար, որ ընդգծեց ամէն մէկ հայու, յատկապէս երիտասարդներուն, պարտականութիւնը չմոռնալու անցեալը եւ վառ պահելու հայու պայքարող եւ գոյատեւող հոգին:
Նաեւ, խօսք առաւ Հ.Յ.Դ. ՝՝Ազատամարտ՝՝ Կոմիտէի ատենապետ Ռաֆֆի Ուրլեան, որ շեշտեց երիտասարդութեան դերը գաղութին մէջ: Ան ներկայացուց օրուայ հիւրը՝ Մանթել Ուլիըմզ, որ Տին Քէյնի հետ արտադրած էր ՝՝Architects of Denial՝՝ ժապաւէնը:
Մանթել Ուլիըմզ պատմեց իր մանկութենէն դրուագներ, թէ միշտ զգացած էր որ մարդիկ իրեն հանդէպ ատելութեամբ լեցուած են, որովհետեւ ինք տարբեր էր իր շուրջիններէն, ինչպէս որ հայերը զգացած են Արեւմտեան Հայաստանի մէջ: Ան շեշտեց, թէ ինչ որ ալ ըլլան պատճառները այդպիսի վերաբերմունք մը բնաւ ներելի չէ: Ինչպէս նաեւ ան անդրադարձաւ Թուրքիոյ տարած հետեւողական աշխատանքին, կասեցնելու ՝՝Architects of Denial՝՝-ի ցուցադրութիւնը, Ամերիկայի զանազան քաղաքնեչու մէջ, մանաւանդ Ուաշինկթընի եւ Մ.Ա.Կ.-ի միջավայրէն ներս:
Ան աւարտեց խօսքը երիտասարդութեան հրաւիրելով, որ միշտ գործօն ըլլան իրենց գաղութին մէջ եւ պայքարին արդարութեան համար, որովհետեւ ի վերջոյ իրենք են հայութեան ապագան:
Յայտագրին մաս կազմեց նաեւ Համազգայինի ՛՛Արաքս՛՛ պարախումբը “Ատանայի Ողբերգ” եւ “Հայ, Հայ” պարերով: