
Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկները համակարգող Կեդրոնական Յանձնախումբի նիստի աւարտին, Նախագահ Սերժ Սարգսեան, ընկերակցութեամբ Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետներուն ու ժողովականներուն, այցելեց Ծիծեռնակաբերդ: Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին ծաղկեպսակի զետեղումէն ետք, երկու Վեհափառ Հայրապետներու նախագահութեամբ հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու հոգիներուն խաղաղութեան համար:
Ապա, Կեդրոնական Յանձնախումբի անդամները այցելեցին Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանը եւ ծանօթացան թանգարանի նոր ցուցադրութեան նախապատրաստական աշխատանքներուն:
Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ նաեւ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի համահայկական հռչակագիրի հրապարակման արարողութիւնը: Հռչակագիրը միաձայնութեամբ ընդունուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկները համակարգող Կեդրոնական Յանձնախումբի 29 Յունուար 2015-ի նիստին եւ նոյն օրը փաստաթուղթը ընթերցեց Նախագահ Սերժ Սարգսեանը: Կեդրոնական Յանձնախումբին որոշումով, հռչակագիրի մայր օրինակը յանձնուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանին: Նախագահ Սարգսեան նշեց, որ հռչակագիրէն օրինակ մը պիտի ուղարկուի Միագեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Ընդհանուր Քարտուղարին եւ այլ օրինակ մը պիտի պահուի Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային արխիւին մէջ:
Յունուար 29-ին Հայաստանի կառավարութեան ընդունելութիւններու տան մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած նախաձեռնութիւնները համակարգող պետական յանձնաժողովի հինգերորդ նիստը, զոր վարեց յանձնաժողովի նախագահ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանը:
Նիստը գումարուեցաւ ընդլայնուած կազմով. պետական յանձնաժողովի անդամներէն բացի, ներկայ գտնուեցան շրջանային յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ, փորձագէտներ, Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցիչներ, Հայաստանեայց Առաքելական Ս. եկեղեցւոյ թեմերու առաջնորդներ: Հանրապետութեան նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն` հրաւէրը ընդունելու եւ պետական յանձնաժողովի նիստին անձամբ ներկայ գտնուելու համար` չափազանց կարեւոր նկատելով այդպիսի ձեւաչափով նիստի կայացումը, որ առիթ պիտի տայ միասնաբար արդիւնաւէտօրէն քննարկելու համազգային նշանակութեան խնդիրներն ու միասնական որոշումներու յանգելու: