Լրահոս

Հայոց Ցեղասպանութեան Ճշմարտութեան Եւ Արդարութեան Բանաձեւ

panatsev 1

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Հինգշաբթի Մարտ 18-ին, Ներկայացուցիչներու Տան անդամներ Ֆրենք Փըլոն, Էտըմ Շիֆ, Ռապըրթ Տոլտ, Տէյվիտ Վալատաօ,եւ այլ պաշտօնակիցներ ներկայացուցին «Հայոց Ցեղասպանութեան Ճշմարտութեան եւ Արդարութեան Բանաձեւ»ը, որուն մէջ կոչ կ՛ուղղուի նախագահին՝ հայ-թրքական յարաբերութիւնները հիմնելու, Թուրքիոյ կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութեան ճանաչման վրայ։panatsev 2
Քառասուն ներկայացուցիչներու բանաձեւին նպատակն է նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած արդար եւ ամբողջական միջազգային արխիւ մը գոյացնել։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունեց բանաձեւի մշակումը, յայտնելով թէ այսպիսով կը պահպանուի
տարածաշրջանի խաղաղութիւնը: «Այս մօտեցումը կոչ կ՛ուղղէ Ամերիկային նոր քաղաքականութիւն որդեգրելու: Անիկա արտացոլացումն է ամերիկեան արժէքներուն, ինչպէս նաեւ՝ ճանաչում, թէ մեր ազգային շահերու հետապնդումը կրնայ նպաստել Թուրքիոյ կողմէ ճշմարտութեան աղաւաղման ջանքերու ձախողութեան ու այս Ցեղասպանութեան հարցի միջազգային կարգաւորման», եզրակացուց ան:

Advertisement Subscribe Today
Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button