
Read Time:1 Minute, 30 Second
Տոքթ.Սարգիս Ատամ
Շնորհակալութիւն յայտնել, կատարուող շնորհքի մը,նպաստաւոր աշխատանքի մը, բարիքի մը եւ կամ տրուող նուէրի մը համար որպէս պատասխան քաղաքավարական խօսքեր արտասանելով , մէկու մը` ուրիշ մէկուն շնորհապարտութիւն արտայայտել կը նշանակէ եւ քաղաքավար վարմունք մըն է, սակայն կան այնպիսի պարագաններ ուր, պէտք չէ որ մի միայն որպէս ի յանուն քաղաքավարութիւն համար շնորհակալութիւն յայտնել: …Երբ որ յանձաւոր մը եւ կամ անոր մեղսակիցը, իր յանձանքը եւ կամ մեղքը 101 տարի գաղտի կը պահէ եւ 101 տարի վերջ իր յանձանքը եւ կամ մեղքը կը խոստավանի, այս պարագային, “Շնորհապարտութիւն” արտայայտել պէտք չէ, հոս արդէն”Շնորհակալութիւն” բառը իր իմաստը կը կորսնցուցած է, նշանակութիւն մը չունի եւ սակայն քաղաքավարական պարզ խօսք մըն է:
Անշուշտ այս պարագային ,բերանացի խոստովանքը բաւարար չէ ,խոստովանութեան համոզիչ ըլլալու համար, պէտք է նաեւ հոգւով,սրտով եւ գործով ալ ապաշխարիլ:
Ամէն պարագայի Հայոց եւ նաեւ Պոնտոսցի Յոյներու,Ասորիներու Ցեղասպանութեան բանաձեւին Գերմանոյ խորհրդարանի մէջ գրեթէ միաձայնութեամբ ճանաչումը, ոչ թէ միայն պատմական է հայ ժողովուրդի համար այլ ողջամիտ հասկացողութեան տէր իւրաքանչիւր անձի համար եւ մարդկային իրաւունքները յարգողներու համար ալ շատ կարեւոր եւ ողջունելի եղելութիւն մըն է , սակայն դեռ բացեր ու պակասներ ունի, միւս կողմէ, պէտք է ընդունիք որ , 101 տարուայ հին հարց մը,մէկ անգամէն մեր պահանջքներուն կատարեալ գոհացում չի կրնար տալ: Կը յուսամ թէ, Գերմանիայ իր պարտականութիւնը անթերի ձեւով կատարելով ինքզինքը իր յանձանքէն ներեալ նկատել կու տայ:
Ի վերջոյ այս որոշումով հիմնականին մէջ առաջին հերթին դէպի դրական ուղի կարեւոր քայլ մը առնուած է: Գերմանական խորհրդարանը իր յանձանքը խոստովանած է եւ սակայն իր յանձանքի տուրքը դեռ չէ վճառած,պէտք է որ, իր պարտականութիւնը անթերի ձեւով կատարէ:
Այս բանաձեւին Գերմանիոյ Խորհրդարանի մէջ ճանաչումը ողջունելի է, սակայն , ասոր համար պէտք չէ որ Գերմանիոյ խորհրդարանի շնորհակալութիւն յայտնել,այլ պէտք է շնորհակալութիւն յայտնել այն կազմակերպութիւններուն, հաստատութիւններուն եւ այն անձերուն որոնք, այս բանաձեւը Գերմանիոյ խորհրդարան բերին եւ ճանաչման համար ջանք թափեցին, անոց բոլորին վարձքը թող կատար ըլլայ :