Լրահոս

Հայոց Բանակէն Ներս Նոր Հրամանատարներ

army

ԵՐԵՒԱՆ.- Նախագահ Սերժ Սարգսեան նոր նշանակումներ կատարած է պաշտպանութեան նախարարութեան եւ բանակի հրամանատարական կազմին մէջ: Արդարեւ, նախագահ Սարգսեանի հրամանագիրով գնդապետ Վալերիկ Քոչարեան նշանակուած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան չորրորդ բանակային գունդի հրամանատար: Մէկ այլ հրամանագիրով՝ գնդապետ Դաւիթ Մանուկեան նշանակուած է Հ.Հ. Պաշտպանութեան նախարարութեան երկրորդ բանակային գունդի հրամանատար: Գնդապետ Գրիգորի Խաչատուրով նշանակուած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան երրորդ գունդի հրամանատար:
Պաշտպանութեան նախարարութեան բարձրագոյն մակարդակի վրայ եւս եղած են նոր նշանակումներ, որոնց շարքին՝ զօրավար Պօղոս Պօղոսեան նշանակուած է Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու սպառազինութեան վարչութեան պետ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button