Հայկազեան Համալսարանի Նախագահ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան Այցելեց Ազգային Առաջնորդարան
ՆԻՒ ԵՈՐՔ․- Երկուշաբթի, Փետրուար 28-ին, Ա․Մ․Ն․ արեւելեան Թեմի բարեջան առաջնորդ՝ Անուշաւան Արք. Դանիէլեան ընդունեց Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի նախագահ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեանի այցելութիւնը Ազգային Առաջնորդարանին մէջ։ Դոկտ. Հայտոսթեան յայտնեց, թէ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի նախօրեակին, ուսանողութեան թիւը 650 էր, իսկ այժմ Հայկազեան համալսարանը շուրջ 600 ուսանող ունի չորս ճիւղերու մէջ, 170 հոգինոց ուսուցչական եւ վարչական անձնակազմով։ Համալսարանը ցարդ տարբեր բնագաւառներու պսակաւոր արուեստից (bachelor) եւ մագիստրոսական (master) աստիճաններ տուած է գրեթէ 4500 աշակերտներու։
Անդրադառնալով ներկայ տագնապի ներգործութեան համալսարանին վրայ, դոկտ. Հայտոսթեան յայտնեց, թէ բազմակողմանի է. «Առաջինը՝ ուսանողներուն վրայ, որոնց ծնողները կամ ընտանիքները ո՛չ միայն դրամատան իրենց խնայողութիւնները օգտագործելու առիթը կորսնցուցած են, այլեւ կրթաթոշակ վճարելու կարողութիւնը մեծապէս նուազած է։ Երկրորդը՝ երիտասարդներու հանգստաւէտութեան մակարդակը, յոյսի զգացողութիւնը եւ, հետեւաբար, ապագայի ծրագրումի զգացողութիւնը հիմնովին նուազած է»։

