
Վերջերս, Պէյրութի Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնը կազմակերպեց գիտաժողով մը՝ Յորդանանի Հայերուն մասին:Կեդրոնի տնօրէն Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան, բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ Յորդանանի հայօճախին առանձնայատկութիւններուն եւ կարեւորեց գիտաժողովին նշանակութիւնը:
Ընթերցուեցաւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժնի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանի ողջոյնի գիրը:
Ի բացակայութեան Յորդանանի ԱլՊէյթ Համալսարանի Գրականութեան եւ մարդասիրական բաժանմունքի տեսուչ դոկտ. Հինտ Ապու Շըըրի, իր զեկոյցը կարդաց Հայկազեան համալսարանի Արուեստից եւ Գիտութեան կաճառներու տեսուչ դոկտ. Արտա Էքմէքճին:
Դոկտ. Ապու Շըըրի զեկոյցը՝ «Յորդանանի նոր շրջանի պատմութիւնը՝ օսմանեան եւ ազգային իշխանութեան շրջանին (1850-1946)», համապարփակ ներկայացուց ներկայ Յորդանանի պատմական մօտիկ անցեալը, տնտեսական-ժողովրդագրական տեղաւորումները, շրջանին ռազմավարական եւ կրօնական նշանակութիւնը: Զեկոյցը՝ պետութիւն-ժողովուրդ փոխյարաբերութեան, ընկերային-գիտական ու կառավարման յառաջընթացին խորապատկերին վրայ ներկայացուց 20.000 հայ աքսորեալներու ժամանումը արեւելեան Յորդանան. անոնց ընդունումը տեղաբնիկներուն եւ իրենցմէ շուրջ կէս դար առաջ նոյն շրջանը հաստատուած Չերքէզներուն կողմէ: Զեկոյցը ընդգծեց հայ աքսորեալներուն նպաստը շրջանի յառաջընթացին՝ երկրագործութեան, ոռոգումի համակարգին, մեքենաշինութեան, լուսանկարչութեան, կօշկակարութեան, ատաղձագործութեան եւ կենցաղային կարգ մը ոլորտներուն: Զեկոյցը կ՚ընդգծէր որ առատ չեն տեղական աղբիւրները՝ 1915-1918 շրջանին Յորդանան աքսորուած Հայերուն մասին, աւելցնելով նաեւ որ մանաւանդ առաջին տարիներուն մասին կան տեղաբնիկներու հատուկենտ յուշեր, որոնք կը խօսին աքսորեալ Հայերուն արհեստաւորութեան, ձեռքի ճարտարութեան, երգերուն եւ հողագործութեան յառաջացեալ մակարդակին մասին: Յուշերը կը խօսին նաեւ խառն ամուսնութիւններուն, Շերիֆ Հիւսէյնի ապստամբ բանակին միացող եւ թուրքերուն դէմ կռուելու ձգտող հայերու մասին:
Հանդիսութեան յաջորդեց յորդանահայ տաղանդաւոր լուսանկարիչ Միրօ Գիզիրեանի լուանկարչական ցուցահանդէսը: Ցուցադրուած էին նաեւ Յորդանանի հայօճախին պատմութեան վերաբերող կարգ մը գիրքեր եւ խեցեգործ Նշան Պալեանի ստեղծագործութիւններու փունջ մը:
Գումարուեցան վեց նիստեր, որոնց ընթացքին կարդացուեցան 21 զեկոյցներ՝ Գերմանիայէն, Մ. Նահանգներէն, Ֆրանսայէն, Հայաստանէն, Յորդանանէն եւ Պէյրութէն ժամանած փորձագէտներէ ու մասնագէտներէ: Զեկոյցները խմբաւորուած էին ըստ բնագաւառներու.- ա) Պատմութիւն, Պետութիւն եւ Ժողովրդագրութիւն, բ) Ծայրամասեր, գ) Կազմակերպութիւններ եւ Հաստատութիւններ, դ) Նոր Ժամանակներ, եւ ե) Ինքնութեան Խնդիրներ:
«Հայկական աւատները Յորդանանի մէջ (ԺԲ.-ԺԴ. դարեր)» զեկոյցով, փրոֆ. Գլօտ Մութաֆեան ընդգծեց որ Երուսաղէմի Սուրբ Թորոս գրադարանին մէջ 1319-ին Դրազարկ (Կիլիկիա) ընդօրինակուած ձեռագիր մը կայ, որ 1329-ին նուիրուած է Քարաքի հայկական եկեղեցիին՝ Լեւոն Դ. թագաւորին կողմէ: Անձնական այսպիսի նուէր մը թագաւորին կողմէ՝ հաւանաբար կ՚արտացոլացնէ յորդանանեան այս ոստանին մէջ հայկական կարեւոր բնակչութեան մը գոյութիւնը: Ան աւելցուց, սակայն, որ այլ աղբիւրներ առայժմ յայտնաբերուած չեն, նշելով հանդերձ թէ 1335-ին Երուսաղէմի մէջ Ներսէս Կրակացիի կողմէ ընդօրինակուած ձեռագիրը կրնայ նկատի ունենալ Քարաքը՝ իբրեւ յիշատակագիրին ծննդավայր:
«Յորդանանի տարածքը Հայոց ցեղասպանութեան շրջանին. բռնագաղթածներ, սով եւ պատերազմ» վերնագրեալ զեկոյցով դոկտ. Հիլմար Քայզէր նշեց Յորդանան գետի արեւելեան տարածքին ռազմավարական նշանակութիւնը՝ Հիճազի երկաթուղագիծին պատճառով: Ցանցառ բնակչութեամբ այս շրջանը, կը գտնուէր Ճեմալ Փաշայի հրամանատարութեամբ օսմանեան չորրորդ բանակին իրաւասութեան տակ. ան ձեւով մը յետնամաս կը նկատուէր, ուստի յարմար վայր՝ հայ տեղահանուածներ ուղղորդելու՝ 1915 Յուլիս 8-էն սկսեալ: Պայման էր, որ տեղաւորուող հայերը առնուազն 25 քմ. հեռու ըլլային երկաթուղագիծէն: Ասիկա օսմանեան տեղաւորման առաջին ծրագիրը չէր: 1870-ականներէն սկսեալ չերքէզ գաղթականներ տեղաւորուած էին Հաուրանի մէջ, իբրեւ հակակշիռ՝ արաբ վաչկատուններու եւ գիւղացիներու:
Աքսորի ճամբուն վրայ հայերը ենթարկուեցան դժուարութիւններու եւ բրտութեան, իսկ օսմանեան իշխանութիւնները մօտէն հետեւեցան գաղթականներուն փրկութեան տոկոսին: Ուսումնասիրութիւնը օսմանեան արխիւային նոր նիւթ հրամցուց այս առընչութեամբ, վիճակագրական տուեալներով զուգորդեց արեւմտեան աղբիւրներու եւ վկայութիւն-յուշերու տուեալները:
«Յորդանանի սահմանադրութիւնը եւ փոքրամասնութիւններու իրաւունքները» զեկոյցին մէջ փրոֆ. Ճոն Արմաճանի Յորդանանի 1952-ի սահմանադրութեան հէնքին վրայ անդրադարձաւ Իսլամին դերին՝ Յորդանանի սահմանադրութեան մէջ, նշելով թէ սահմանադրութիւնը կը բացառէ կրօնքի, լեզուի, ցեղի խտրութիւն: Զեկոյցը անդրադարձաւ նաեւ սահմանադրութեան տրամադրած իրաւունքներու եւ պահպանակներու լայն ծիրին, ուշադրութեան առարկայ դարձնելով Յորդանանի հայերուն եւ այլ կրօնական ու/կամ ցեղային փոքրամասնութիւններուն վրայ անոնց կիրարկումին հետեւանքները: Զեկոյցը ընդգծեց նաեւ այն հսկայ ուժն ու հեղինակութիւնը, զորս սահմանադրութիւնը կը շնորհէ թագաւորին, որ պետութեան եւ երկրին գլուխն է:
Հիմնուելով 1969-ին կառուցուած Ամմանի Սուրբ Թադէոս եկեղեցիին պսակի, մկրտութեան եւ թաղման տոմարներուն տուեալներուն վրայ, դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան ներկայացուց Ամմանահայ ժողովրդագրական պատկերի կարգ մը երեսակներ՝ անոնց պապենական արմատներուն, արհեստներուն, մահացութիւններուն պատճառներուն, մանկական մահացութիւններուն, կրօնական հոգածութեան եւլն. ու լուսաբանական բաղդատութիւն մը կատարեց Ամմանի եւ Պէյրութի Նոր Հաճնոյ հայութեան վերոյիշեալ տուեալներուն միջեւ:
Դոկտ. Աննա Օհաննէսեան-Շարփէնի «Յորդանանի հարաւի հայ պետեւի յետնորդները» զեկոյցը նկատի ունէր իսլամ ցեղախումբերու մէջ ամուսնացած Հայուհիները, անոնց ունեցած ազդեցութիւնը՝ կազմուած ընտանիքներուն կենցաղին, մտայնութեան եւ ապրելակերպին վրայ: Զեկոյցը անդրադարձաւ այն դրական յիշողութիւններուն որոնք ամրագրուած էին թէ՛ վերոյիշեալ Հայուհիներուն յետնորդներուն եւ թէ՛ միջավայրին նորահաս սերունդին մէջ:
Ի բացակայութեան Ամմանահայ Ալին Պեննէեանի, իր զեկոյցը ընթերցեց Հայկազեան համալսարանի հայագիտական ուսմանց ուսանողուհի Լիլա Փամուքեանը: «Ճարաշի Հայերը» վերնագրեալ զեկոյցը անդրադարձաւ Ցեղասպանութեան շրջանին եւ յաջորդող տարիներուն Ճարաշ հաստատուած Հայերու ունեցած ազդեցութեան՝ տեղի հողագործական մշակոյթի, ոռոգման համակարգերու եւ ալրաղացութեան գործարքներուն վրայ: Յատկանշական էր, որ Հայերը նորոգած էին հռոմէական շրջանէն մնացած ջրաղացները եւ գործածած զանոնք՝ ցորեն աղալու համար:
«Ամմանի Հայ Մարմնամարզական Ընդհանուր Միութեան մասնաճիւղը» նիւթով զեկուցեց ամմանահայ Սիլվա Պաղսարեան: Ան լուսարձակի տակ առաւ 1938-ին Ամմանի մէջ հիմնուած մասնաճիւղը Հ.Մ.Ը.Մ.-ին, մանրամասնեց միութեան գործունէութիւնը, մարզական նուաճումները, գործունէութեան ծիրը, զարգացման հանգրուանները, արձանագրած յաջողութիւններն ու դիմագրաւած դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ գործակցութիւնն ու մասնակցութիւնը՝ տեղական նման կազմակերպութիւններու թէ համաՀ.Մ.Ը.Մ.-ական ձեռնարկներու:
Յակոբ Սերփէքեան «Ռուսէյֆայի Հայերը» զեկոյցով ներկայացուց 1920-ի սկիզբները այնտեղ տեղաւորուած մեծ մասամբ մարաշցի շուրջ 25 հայ ընտանիքներու կեանքն ու առօրեան, 1928-ին հիմնուած առաջին հայկական դպրոցը եւ 1934-ին կառուցուած եկեղեցին: Սերփէքեան անդրադարձաւ Հայերուն՝ տեղաբնիկներուն հետ զարգացուցած եղբայրական ու հարազատ յարաբերութեանց, բացատրեց Հայոց բերած նպաստը Ռուսէյֆայի հողագործութեան, բանջարաբուծութեան եւ ագարակապանութեան, ուսման համար Խ. Հայաստան մեկնած ռուսէյֆածին Հայերուն, կառուցուած ֆոսֆաթի գործատան եւ անոր ժխտական հետեւանքներուն, որուն պատճառով ալ Հայեր ստիպուեցան հեռանալ Ռուսէյֆայէն:
Ծնունդով Իրպիտէն, Ամմանաբնակ ճարտարապետ Գէորգ Մսըրլեան զեկուցեց «Իրպիտի Հայերը» նիւթով: Ըստ Մսըրլեանի, փոքրաթիւ Հայեր հաստատուած են Իրպիտ 1924-ին: Արխիւային նիւթի բացակայութեան պատճառով, զեկոյցը հիմնուած էր Իրպիտ ապրած երէց Հայերու հետ հարցազրոյցներու, Իրպիտի յոյն օրթոտոքս համայնքի տոմարներու տուեալներուն, արաբ աղբիւրներու եւ իրպիտահայ ընտանիքներու մօտ պահպանուած արխիւային մնացորդներու վրայ: Զեկոյցը բացայայտեց իրպիտահայերուն ճիգը՝ պահպանելու իրենց լեզուն, մշակոյթը, կրօնքը, խոհանոցը եւ պատմութիւնը: Ապա ընդգծեց անոնց նպաստը եւ դերը Իրպիտի առեւտրական, ճարտարարուեստական, երկրագործական եւ մշակութային կեանքի վերելքին ու անդրադարձաւ Խ. Հայաստան ուսանելու մեկնած երիտասարդ իրպիտահայերուն նպաստին՝ հայօճախին հայկական վերակենսաւորման:
Հայկազեան համալսարանի Հայկական Սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի աշխատակից Եղիկ Թաշճեան, «Թագաւորներու լուսանկարիչը՝ Յակոբ Պէրպէրեան» վերնագրեալ զեկոյցով ներկայացուց Յակոբ Պէրպէրեանը: Թէ ինչպէս՝ Գոնիա ծնած այս անհատը Ատանա, Ալեքսանտրէթ, Դամասկոս դեգերելէ ետք ի վերջոյ կը հաստատուի Ամման, ուր 1920-ականներու երկրորդ կէսին կը դառնայ թագաւորական լուսանկարիչ, եւ արուեստը սորվեցնելով իր կնոջ, զայն կը դարձնէ թագուհիներու նկարիչ: Զեկոյցը անդրադարձաւ նաեւ Պէրպէրեանի նպաստին՝ ամմանահայութեան:
Նման բնոյթի այլ զեկոյց մըն էր Դոկտ. Աննա Օհաննէսեան-Շարփէնի «Աքապայի (Լուսանկարիչ) Յակոբը» վերնագրեալ զեկոյցը, որ կը մանրամասնէր լուսանկարիչին ոդիսականը՝ պապենական Հայաստանէն մինչեւ Աքապա, հեռանալը անկէ ու 1950-ականներուն վերադարձը Աքապա ու նպաստը Աքապայի զբօսաշրջութեան՝ շնորհիւ վաչկատուն ցեղախումբերուն հետ ունեցած բարեկամութեան, յառաջացուցած վստահութեան եւ տարածքի տեսարժան վայրերուն լուսանկարչական ծանուցումներուն:
Ի բացակայութեան Սիլվա Սարգիսեան-Հայրապետեանի, իր զեկոյցը ընթերցեց Հայկազեան համալսարանի հայագիտական ուսմանց ուսանող՝ Նարեկ Հաննէեան: Զեկոյցը կը վերլուծէր Ամմանի հայօճախին կերտումին մէջ 1948-ին՝ Պաղեստինէն եկած Հայերու դերը: Արդարեւ, գաղթականներու այդ ներհոսքը վճռեց անհրաժեշտութիւնը բաւարարելու անոնց այլազան կարիքները, քանի որ եկուորները ձեւաւորեր էին իրենց հաւաքական կեանքը, յառաջացուցեր՝ իրենց կազմակերպութիւնները Պաղեստինի մէջ:
Պէյրութահայ Ռոզէթ Ալէմեան ներկայացուց 1955-ին հիմնուած Ամմանի Մարզական միութիւնը, անոր հիմնումին տուն տուող պատճառները, հիմնադիրները, հետապնդած նպատակները, ծաւալած վաթսունամեայ գործունէութեան հանգրուանները, արձանագրած արդիւնքները, դրացի երկիրներէ Ամման ապաստան գտած Հայերու տրամադրուած օժանդակութիւնները, Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէին հետ հաստատած կապերը եւ հիւրընկալումը հայրենի մշակոյթի գործիչներու:
Հայ Օգնութեան Միութեան Ամմանի «Արազ» մասնաճիւղին մասին զեկուցեց Ամմանահայ Արսինէ Ճամպազեան, որ ներկայացուց մասնաճիւղին հիմնադրութիւնը, հետապնդած նպատակները, կազմակերպական ծրագիրն ու վարչական կանոնագիրը: Զեկոյցը մանրամասնեց մասնաճիւղին գործունէութիւնը, հայապահմանման ի խնդիր անոր տարած աշխատանքները, վերլուծեց միջ-համանքային համագործակցութեան իրողութիւնները եւ մասնաճիւղին մասնակցութիւնն ու գործակցութիւնը՝ Ընկերային զարգացման նախարարութեան հովանիին տակ գործող Յորդանանի Միութիւններու լիկային: Զեկոյցը մատնանշեց նաեւ մասնաճիւղին դիմագրաւած դժուարութիւններն ու մտահոգութիւնները, մանաւանդ՝ նորահաս սերունդին առընչութեամբ, մասնաճիւղին աշխատանքներուն ու հայօճախին հայապահպանման խնդիրներուն նկատմամբ անոր հետաքրքրութիւնը ապահովելու առումով:
Ամմանի հայ կաթողիկէ համայնքին համառօտակի անդրադարձաւ ամմանահայ Մատլէն Մեծակոբեան, որ առանձնացուց հայ կաթողիկէ եկեղեցիին հիմնումն ու դպրոցին ծաւալած գործունէութիւնը, դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ դպրոցին աշակերտութեան ներկայ պատկերը: Ան մատնանշեց այն դերը որ համայնքի կարկառուն անդամներ ունեցած են համայնքին եւ յորդանահայութեան ազգային-մշակութային վերելքին մէջ:
Ամմանահայ Ներսէս Ներսէսեան անդրադարձաւ հայօճախին պատմութեան, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան եւ միաբանութեան դերին եւ առընչութեան, լուսարձակի տակ առաւ յորդանահայ կազմակերպութեանց եւ հաստատութեանց հիմնադիրներ եւ առաջնորդներ, որոնք սատարած են հայօճախին պահպանման եւ վերելքին: Ան նշեց անունները եւ պաշտօնները շարք մը Հայերու, որոնք հասած են բարձր դիրքերու՝ Յորդանանի պետական վարչամեքենային թէ հասարակութեան ու հանրային կեանքին մէջ եւ նպաստած՝ հայութեան հանդէպ տեղաբնիկ ժողովուրդին դրական ընկալման: Հուսկ, Ներսէսեան անդրադարձաւ Յորդանանի հայ առաքելական երկու եկեղեցիներու կառուցման, ծանրանալով Մաղթասի նորակառոյց Սուրբ Կարապետ եկեղեցիին վրայ:
Իր՝ «Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէն եւ յորդանանահայութիւնը» զեկոյցին մէջ, Երեւանի Պետական համալսարանի Սփիւռքագիտութեան բաժնի դոկտորականի ուսանողուհի Հրածին Վարդանեան ըրաւ համառօտ պատմականը Սփիւռքի հետ Խորհրդային Հայաստանի յարաբերութիւններուն՝ Եղեռնի յիսնամեակէն ետք, մատնանշելով թէ մշակութային աշխատանքներու հիմնական կազմակերպիչը 1964-էն մինչեւ Խորհրդային Միութեան փլուզումը եղաւ Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէն: Վարդանեան բնութագրեց այդ յարաբերութիւններուն ծիրը, նկարագրեց առնուած գործնական քայլերը՝ մշակութային փոխայցելութիւններ, յորդանահայ երիտասարդներու հայրենական ուսում, Հայոց պատմութեան-լեզուի-գրականութեան-երգի ու պարի ամառնային դասընթացներ, դասագիրքեր, թերթեր, ամսագրեր, մասնակցութիւն համահայկական հաւաքներու եւլն.:
Մատլէն Մեծակոբեան ինքնութեան եւ համարկումի տեսական ենթահողին վրայ ներկայացուց Յորդանանի Հայոց ինքնութեան հարցերը եւ թէ ինչպէս Յորդանանի հայերը կրցած են հաւասարակշռութիւն յառաջացնել համարկումին եւ հայրենակապումին միջեւ: Ան ընդգծեց, որ հայերու համարկումը Յորդանանին վերաճեցաւ ու վերափոխուեցաւ՝ տեղական, շրջանային եւ միջազգային ընկերա-տնտեսական եւ քաղաքական զարգացումներուն, իսկ վերջերս՝ նաեւ հաղորդակցութեան հետ: Զեկոյցը յորդանանցի մտաւորականներու եւ փորձագէտներու հետ հարցազրոյցներու հիմամբ մատնանշեց որոշակի երեւոյթները յորդանահայութեան տեղական համարկումին եւ անոր մշակութային, հաստատութենական ու իրաւաբանական ենթահողին:
Ի բացակայութեան յորդանահայ Վիգէն Ասլանեանի, իր՝ «Յորդանահայերու մասնակցութիւնը հանրային կեանքին» նիւթով զեկոյցը ընթերցեց պատմութեան ուսանող Պետիկ Թորոսեան: Զեկոյցը քննարկեց յորդանահայերու մասնակցութիւնը հանրային կեանքին, կարեւորեց նման մասնակցութիւնը, նշեց օգուտները անոր եւ վերլուծեց թէ ինչո՛ւ քիչ է հայկական մասնակցութիւնը, լուսարձակի տակ առաւ գործօնները, ինչպէս՝ պատկանելիութիւնը, հաւատարմութիւնը, շահերը, հայրենասիրութիւնը, քաղաքացիական զգացողութիւնը եւլն.:
Իրպիտ ծնած, այժմ Ամմանահայ դոկտ. Լուսին Թամինեան ներկայացուց իր անձնական փորձառութիւնը՝ իր ինքնութեան կազմակերտումին: Դոկտ. Թամինեան օգտագործելով ինքնութեան զանազան տեսութիւններու բառապաշարը կատարեց պատումը իր ինքնութեան մնայուն վերափոխութեան, արաբ եւ ամմանահայ միջավայրերու ընկալումը եւ հակադարձութիւնը իր ինքնութեան դրսեւորումներուն, յառաջացուած հակասութիւնները եւ հայկական ինքնութեան հակասական՝ արտաքսական եւ ընդգրկական սահմանումները: Թամինեան քննարկեց նաեւ իր պայքարը՝ «պատկանելու» եւ «համարկուելու» համապատասխան միջավայրին, որ կ՚ենթադրէ կազմումը, կազմաքանդումը եւ վերակազմումը իր ինքնութեան:
Գիտաժողովին վերջին զեկոյցը կը պատկանէր Երեւանի Պետական համալսարանի Արեւելագիտութեան բաժնի դասախօս փրոֆ. Արաքս Փաշայեանին, որ լուսարձակի տակ առաւ հայօճախին արդի հիմնախնդիրները: Ան նկարագրեց հայօճախին ներկայ իրավիճակը, գործող կազմակերպութիւնները, բնութագրեց գործօն անդամները, ապա անդրադարձաւ հայօճախին օրակարգերուն, հիմնական դժուարութիւններուն, հայապահպանութեան մարտահրաւէրներուն եւ կատարեց շարք մը առաջարկներ, շեշտելով այն բացառիկ դերը, զոր Հայաստանի Հանրապետութիւնը կրնայ խաղալ Միջին Արեւելքի ներկայ տագնապալի պայմաններու տակ: Հուսկ, ան անդրադարձաւ եկեղեցիին դերին, եւ հայօճախին գոյատեւման հեռանկարներուն, ընդգծելով կարգ մը գործօններու ազդեցութիւնը:
Նիստերը վարեցին դոկտորներ Արտա Էքմէքճի, Զաւէն Մսըրլեան, Արմէն Իւրնէշլեան, Լեւոն Աւետանեան, Նանօր Գարակէօզեան եւ Անքը Էլ Պաթայնէ:
Աննախընթաց այս գիտաժողովը յատկանշուեցաւ փորձագէտ, հայօճախին մէջ գործօն դեր ստանձնած գործիչներու, լուսանցքային դէտերու առաւել մասնակցութեամբ: Հայօճախին ծայրամասերուն նուիրուած զեկոյցները ականատես-մասնակիցներու վկայութիւններ էին, որոնք հաւաքական յիշողութեան բացառիկ դրսեւորումներ հանդիսացան: Զեկոյցները այս գիտաժողովով ամրագրուելով անցան գրաւոր պատմութեան:
Գիտաժողովին մասնակիցները՝ փորձագէտներ թէ մասնագէտներ, կը տիրապետէին իրենց արծարծած նիւթերուն: Զեկոյցները կը զանազանուէին թէ՛ նիւթի բնոյթով, թէ՛ մեթոտաբանութեամբ եւ թէ՛ յառաջացման եղանակով, երբեմն նաեւ՝ զգացականութեամբ եւ ենթակայականութեամբ: Ոմանք դաշտային հետազօտութեան, բանասիրական ուսումնասիրութեան, արխիւային պրպտումներու, իսկ ուրիշներ՝ փաստաթուղթերու վերլուծութեան վրայ հիմնուած էին:
Ազատ, անմիջական, երկար քննարկումներու եւ վերլուծումներու ընդմէջէն լուսարձակի տակ առնուեցան յորդանահայութեան մանաւանդ վերջին հարիւրամեակին վերաբերող հարցեր, խնդիրներ, իրագործումներ, նուաճումներ:
Գիտաժողովի տեւողութեան զեկուցաբերներուն կողքին ներկայ եղան մեծաթիւ ունկնդիրներ, ինչ որ կ՚արտացոլացնէ նման գիտաժողովներու հանդէպ յառաջացած հետաքրքրութիւնը:
Գիտաժողովը նաեւ մէկտեղում մը եղաւ Յորդանաբնակ, Միջին Արեւելքի հայօճախներու ժամանակակից պատմութեամբ եւ ընդհանրապէս Սփիւռքի ուսումնասիրութեամբ զբաղող փորձագէտներու, հետազօտողներու, մտաւորականներու եւ հետաքրքրուողներու, ուր շաղախուեցան նոր մտածումներ, հաստատուեցան նոր ծանօթութիւններ եւ յարաբերութիւններ, որոնք կը ծառայեն սփիւռքագիտութեան:
Կեդրոնի կազմակերպած վերջին երեք տարիներու գիտաժողովները շրջանի հայօճախներուն բեւեռուող լուսարձակներ են, որ կը մղեն առընչուող հայութիւնը իր պատմութիւնը, դէպքերն ու զարգացումները շրջանի համապատկերով, Միջին Արեւելքի անդրսահմանային ելակէտերէ դիտելու եւ ընկալելու:
Յառաջիկայ տարուան՝ Կեդրոնի գիտաժողովի նիւթ որոշուած է «Իրաքի Հայերը» թեման: Այդ գիտաժողովը կը ծրագրուի կազմակերպել 2017 Մայիսին: Ծրագրա-
յին նախապատրաստական աշխատանքները արդէն իսկ ընթացք առած են: