ՀԱՅԵՐԸ ՀԱԼԷՊԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ (Ա. ՄԱՍ)

0 0
Read Time:28 Minute, 22 Second

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Հալէպ (արաբերէն՝ حَلَب, անգլերէն՝ Aleppo, Ալեփփօ) քաղաքը կը գտնուի Սուրիոյ հիւսիս-արեւմուտքը Հալէպ նահանգի վարչական կեդրոնը: Հին շրջանին կոչուած է Բերոյա, հայկական աղբիւրներու մէջ նաեւ Բերիա, Տիբերիա, Խալիպոն, Խաղաբ: Բերիա հին հռոմէական անունն է Հալէպի, այժմ հայկական շրջանակի մէջ կը պահուի եկեղեցական տիտղոսներու պարագային: Թէեւ կարգ մը տեղերու եւ այլ հին անունը յիշելու համար տրուած է Բերիա կամ Բերիոյ անունները: Առասպելը կ’ըսէ, որ Ս. Գրային հայր Աբրահամը ապրած է անոր միջնաբերդին մէջ եւ քանի որ ան սպիտակ կով մը ունէր, անունը` Շահպա, զոր կը կթէր ամէն օր, ու մարդիկ կ’ըսէին «Հալապ ըշ-շահպա՛», այսինքն հայր Աբրահամը կթեց իր Շահպա կովը, ատոր համար ալ մինչեւ այսօր Հալէպի անունը  «Հալապ ըշ-շահպա» մնացեր է:Հալէպի հիմնադրութիւնը կը նկատուի Ք. Ա. երկրորդ հազարամեակին: Քաղաքը կառուցուած է հովիտներու եւ բլրակի ստորոտը եւ ունի հիանալի տեսարան իր բարձր բերդովը. պարիսպներովը եւ շէնքերու հնութեամբ: Գետակ մը ունի Քուէյք գետ անունով, անհամ ջուրով, որ կու գայ Այնթապի Ճատըղ գիւղէն:

Հալէպի ժողովուրդը հինէն ի վեր եղած է աշխատասէր, խորամանկ, արթուն, հեռատես եւ շահասէր վաճառական եւ յառաջդիմութեան սիրահար: Նոյնպէս անցեալէն կու գայ անոր զբօսասէր եւ զուարթ ըլլալը:  Հալէպի բնակչութիւնը կը տարբերի Սուրիոյ միւս շրջաններու բնակիչներէն իրենց կենցաղով, սովորութիւններով, հիւրասիրութեամբ եւ այլն:

Հալէպի բերդը 4000-էն աւելի կեանք ունի: Հազարաւոր հնութիւն կայ Հալէպի մէջ: Հնութեան կարգին է Ս. Քառասնինց Մանկանց եկեղեցին:Ժամանակի ընթացքին Հալէպը բազմաթիւ թագաւորութիւններու ու կայսրութիւններու ենթակայ է: Հէքիաթային այս քաղաքի հայերը գոյութիւն ունեցած են Տիգրան Մեծի ժամանակ (Ք. Ա. 95 – 55): Ըստ աւանդութեան, Հալէպի միջնաբերդի մուտքերէն մէկը (անոնք չորսն են) զարդաքանդակները պատրաստուած են հայոց թագաւորի կարգադրութեամբ, երբ ան գրաւած էր Անտիոքը (Ք. Ա. 83 – 69) եւ այցելած Հալէպ:

Հալէպի քաղաքային տեսքի վրայ տեղ գրաւած են մզկիթները, մետրեսէները (դպրոցները), խաները (իջեւանատները), եկեղեցիները եւ վանքերը:

Հալէպ քաղաքը եւ անոր հայ համայնքի գոյութիւնը նշելու համար անհրաժեշտ է Հայոց պատմութեան ընդմէջէն կեդրոնանալ հայոց հոգեւոր եւ քաղաքական մտքի կեդրոնը հանդիսացող Անի մայրաքաղաքին, որ 1045 թուականներուն գրաւուեցաւ Բիւզանդացիներու կողմէ վերջ տրուեցաւ Հայոց Բագրատունեաց թագաւորութեան եւ միլիոնէ աւելի բնակչութիւնը լքեց իր բնօրրանը եւ գաղթեց երկրին հարաւ-արեւելեան շրջանը եւ իրեն համար ստեղծեց նոր աշխարհ մը Կիլիկեան թագաւորութիւն, Ռուբէն Ա.-ի գլխաւորութեամբ:Երբ մէկ կողմէ Ռուբէն Ա.-ի հիմնած թագաւորութիւնը կը ճանչցուէր եւրոպական եւ եգիպտական թագաւորութիւններու կողմէ, միւս կողմէ արաբ իշխաններու կողմէ անոր կը տրուէր «թագաւոր» մակդիրը եւ իբրեւ կարեւորութիւն եւ արժէք ու մանաւանդ հայերէն հնչումով իսկ ընդունած ու Ռուբէնին համար գործածուած է «թագաւոր» բառը, վերոնշեալը հաստատելու համար, իբրեւ աղբիւր կը յենինք արաբ պատմագիր Շէյխ Քամէլ Ղըզզիի «Հալէպի պատմութիւնը» գիրքին, որուն մէջ յիշատակուած է, թէ այս անունը քանդակուած է Հալէպի Ֆիրտոս մզկիթին կամարին վրայ:

Հայկական Կիլիկիոյ եւ Համտանիներու թագաւորութեան սահմանային դրացնութիւնը երկու երկիրներու միջեւ առեւտրական փոխ-յարաբերութիւններու զարգացման նպաստ բերաւ: Այս յարաբերութիւնը պատճառ եղաւ, որ բազմաթիւ հայ վաճառականներ եւ երեւելի մարդիկ հաստատուին Հալէպ:Արդարեւ, հայեր իրենց աշխատասիրութեամբ եւ պարկեշտ աշխատանքով ոչ թէ իրենց օրապահիկը կը հանէին այլեւ լաւ վաստակ ձգած ըլլալնուն համար ստանձնած էին պետական բարձր պաշտօններ: Այս մասին կը կարդանք դարձեալ Շէյխ Քամէլ Ղըզզիի «Հալէպի պատմութիւնը» գիրքին Գ. հատորին էջ 115-ին մէջ. «Ազիզ թագաւորին մահէն ետք, գահաժառանքը եղաւ եօթնամեայ Նասէր Եուսուֆ արքայորդին, իսկ թագաւորութեան գործերուն խնամակալ նշանակուեցաւ Շամսետտին Լուլու Էլ Արմէնի որ ծագումով հայ էր»: Վերոնշեալը քանդակուած է նոյնպէս Հալէպի Ֆիրտոս մզկիթին կամարին վրայ:1355 թուականին, Հալէպի մէջ հռչակաւոր գրիչ Յովհաննէսի կողմէ գրուած է մագաղաթեայ Աւետարան մը՝ յիշատակարանին մէջ արձանագրուած է հետեւեալ գրութիւնը. «Այս գիրքը ունեցաւ Հալէպցի իշխան… թագաւոր 1379 թուին: Իրմէ ետք Հալէպի

Խաչատուր սրբազանը զայն նուիրեց Երուսաղէմի Ս. Յակոբայ գրադարանին, 1529-ին եւ կը կրէ  2629 համարը»:Ըստ Շէյխ Քամէլ Ղըզզիի, 1 Մայիս 1375 թուականին, Հալէպի իշխանը եւ Եգիպտոսի Սուլթան Աշրաֆ Շաապանը, իրենց բանակներով արշաւեցին Հայկական Կիլիկիոյ վրայ: Կատաղի մարտերէ ետք գրաւեցին երկիրը եւ Կիլիկիոյ Լեւոն Զ. Լուսինեան թագաւորն ու Փոլ Պետրոս Ա. Կաթողիկոսը, ինչպէս նաեւ կարգ մը իշխաններ՝ Հալէպի վրայով գերի տարուեցան Եգիպտոս: Իսկ 240 այլ երեւելիներ մնացին Հալէպ, որոնց միացան իրենց ընտանիքներն ու ծանօթները եւ սկսան աշխատիլ զանազան արհեստներու մէջ: Ասոնք ստիպուեցան կրել արաբական մականուններ, համաձայն իրենց արհեստին, եւ կամ պատահական մականուններ:

Արդարեւ, վերը նշուած այն փաստարկութիւնները, ներառեալ հայազգի պալատական Շամսետտին Լուլու էլ-Արմէնին, զոր յիշատակուած են կը հաստատեն, որ բազմաթիւ հայեր արդէն կառավարական բարձրաստիճան պաշտօններ ստանձնած են Հալէպի մէջ հայկական համայնքի մը կազմուելէն եօթը դար առաջ: Այդ առումով ալ հայեր, որոնք օտար անուններ կրած են երբեք պէտք չէ զարմացնեն մեզ:Հալէպի հայկական համայնքի գոյութեան մասին առաջին հաւաստի տեղեկութիւնը կը վերաբերի 14-րդ դարուն, երբ Կիլիկիոյ շրջանի Այնթապ քաղաքէն գաղթած հայերը կառուցեցին Ս. Աստուածածին եկեղեցին: Այս մէկը կը հաստատէ 1329-ին Հալէպի մէջ գրուած հայկական ձեռագիրի մը յիշատակարանը:Պէտք է ըսել, որ այդ ժամանակ Հալէպը արդէն ձեւաւորուած հայոց գաղթավայր էր հոգեւորական դասով, իր թեմով, առաջնորդ եպիսկոպոսներով, ինչպէս նաեւ առեւտրականներով եւ արհեստաւորներով: 1500 թուականէն առաջ Ռայիս Եսային կը կառուցէ ժամատունը, հոգեւորականներու խուցերը, եւ առանձին հայկական գերեզմանատունը:

1438-ին կը յիշատակուի, որ Յովակիմ արքեպիսկոպոս եղած է Հալէպի Հայոց թեմի հոգեւոր առաջնորդ: Հետեւաբար, 15-րդ դարու կէսին, երբ Հալէպը դարձած է միջազգային տարանցիկ առեւտուրի կեդրոն, հայ համայնքը վերելք ապրած է:

1516-էն Հալէպը գրաւած Սելճուքները զայն դարձուցած են փաշալիկութեան կեդրոնը: 1616-ին Հալէպի մէջ կար մօտ 6 հազար հայ: Յետագային Հալէպ կը տեղափոխուէին թրքական բռնապետութիւնէ փախչող արաբկիրցիները (1660), սասունցիները (ԺԷ. դար), հռոմկըլայեցիները (ԺԷ. դար), կարինցիները (1737): ԺԷ. դարուն Հալէպ եկան նաեւ Նոր Ջուղայէն, Մարաշէն, Զէյթունէն:1652-ին Հալէպի մէջ գոյութիւն ունէր աւելի քան 20 հազար հայ (հիմնականին մէջ Երեւանէն, Ղարաբաղէն, Էրզրումէն, Սեբաստիայէն, Ակնէն, Կիլիկիայէն գաղթածներ):

Կ’ենթադրուի, որ Միջնադարուն, Սրբավայրեր այցելող հայերը կ’անցնէին Հալէպով: 1624-ին ծանեցի խոճա Ղարիբճանը հայ ուխտաւորներու համար յատուկ կառուցած է նշանաւոր Հոգետունը, որ մինչեւ օրս իր գոյութիւնը իբրեւ կառոց պահպանած է, հոն բազմաթիւ նուիրատուական արձանագրութիւններ պահպանուած են:Հոգետունը կը գտնուի Թիլէլ եւ Սալիպէ շրջաններու միացնող բաժինին մէջ: Ունէր 430 մեթր տարածութիւն, որ կ’ընդգրկէր փողոցի երկու կողմերու մէջ շարուած երկյարկ շէնքերու 23 սենեակները: Հոգետունը ունէր դուռ, փուռ ու ջրհոր: Ջրհորը կանգնած էր բակի մէջտեղը, ջրհորի սարքը՝ անիւի վրայ անցուած պարանով մը քաշուող զոյգ սափորներ կային: Բակին մէջ զետեղուած էր նաեւ միակուռ քարէ կոփուած, մեծ չափի, միոտանի զոյգ աւազաններ:

Միւս կողմէ, մեծ արժէք են Հոգետունի պատմական վիմագրութիւնները, որ թիւով 13 են՝ Նոր Ջուղայի Խոճաներու պատուէրով փորագրուած, դարեր առաջ: 1972-ին Ուիլիըմ Սարոյեանի թելադրանքով յատուկ նկարահանուած են բոլորն ալ: Լուսանկարներու վերարտադրութիւնները յանձնուած են Հայաստանի մատենադարան: Հոգետունը ունէր ճերմակ քարերով շարուած հրապուրիչ սալայատակը, որ յետագային փոխարինուեցաւ, տգեղ ասվալտ եւ սիմենթէ սեւ սալիկներով:Հոգետունի աւերումը մաս առ մաս սկիզբ առաւ Համաշխարհային Բ. Պատերազմէն ետք: Հերթաբար, սկսելով ճերմակ սալայատակը, ջրհորը, զոյգ աւազանները եւ այլն:Այժմ այդտեղ բանուկ շուկայ է: Սակայն քարերու վրայ եղած վիմագրութիւններէն մաս մը ծածկուած են խանութներու խճողուած ցուցատախտակներու տակ:

Մաս մըն ալ շինարարական աշխատանքի իբրեւ տգէտ վերաբերմունք սրբատաշելով զանոնք: Բայց եւ այնպէս շատ քիչ այլ վիմագրութիւններ ալ կարելի է տեսնել:Հալէպահայերը զբաղած են առեւտուրով, կը պաշտօնավարէին պետական հիմնարկներու, իջեւանատներու մէջ եւ ամենակարեւորը՝ հմուտ արհեստաւորներ էին (ոսկերիչներ, մետաքսագործներ, հիւսուածագործներ, ինչպէս կանանց, նոյնպէս եւ տղամարդոց մասնագիտութիւնն էր): Ներկարարութիւնը մարաշցիներու ու այնթապցիներու մենաշնորհն էր, որոնք նաեւ կտաւագործներ էին:Կաշիի մշակման եւ կօշկակարութեան մէջ մասնագիտացած էին տիգրանակերտցիները: Արհեստաւորներու բանակը համալրուեցաւ 1915-ին Մեծ եղեռնէՆ յետոյ:Հետեւաբար, հալէպահայերը հմուտ ոսկերիչներ, արծաթագործներ, ակնագործներ, կաշեգործներ, մետաքսագործներ էին: Նշանաւոր էր հայ խոճաներու (մեծ վաճառականներ) դերը Սուրիոյ միջազգային առեւտուրի եւ ապրանքներու փոխանակութեան շրջածիրին մէջ: Զբաղուելով Պարսկաստանի եւ Սուրիոյ հում մետաքսի առեւտուրով՝ անոնք աշխուժ կապեր հաստատած էին՝ Վենետիկի, Ժընեւի, Ամսթերտամի, Մարսէյի հետ: 1616-ին ընդարձակուած է Ս. Քառասնից մանկանց եկեղեցին:17-րդ դարուն սկիզբը, Քառասուն Մանկանց եկեղեցիին կից դպրոց մը հիմնուեցաւ, ուր կը հսկէր Սարգիս քահանայ Մուրատը, 1593-1662: Բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ Սարգիս քահանան գրած է աստղագիտութեան, բնագիտութեան եւ բժշկութեան մասին՝ Ամիր Տովլաթի ոճով: Նոյնիսկ դրամահատութեան իրաւունք ստացած էր Մուրատ Դ. Սուլթանէն, թուրք եւ պարսիկ պատերազմին տարած յաղթանակին ի յիշատակ:

Պէտք է նշել, որ Սարգիս քահանայ Մուրատի ընտանիքէն՝ Ժան Ապտ Ալլ Հաննա Մուրատ, առաջին հաշուապահը եղած է Հալէպ նահանգին, 1925-էն յետոյ:17-րդ դարու վերջերը Պարսկաստանէն Հալէպ հաստատուած բազմաթիւ հայ ընտանիքներ կոչուած են «Աճեմի», «Խուկազ», «Իսա», «Ապրահամշահ» եւ այլն: Իսկ ուրիշներ փոխեցին իրենց անունները եւ եղան «Սայեղ», «Մխմելճի», «Հալլաք», «Հաֆէզ», «Շաշաթի», «Մրեաթի» եւ այլն:Հայր Թոռնպէզ, իր պատմագրական, աշխարհագրական եւ կրօնական բառարանին Զ. Հատորին էջ 330-ին մէջ հայերու մասին գրած է. «Հայ հոգեւորականներէն խումբ մը շփում հաստատելով Հռոմի Պապին հետ, ընդունեցին կաթոլիկութիւնը»:

Ուստի այս դաւանափոխ հայերն են, որ սկսան արաբական անուններ կրել: Իսկ Առաջին համաշխարհային պատերազմին եւ անկէ ետք հոս հաստատուածները կը պահեն իրենց հարազատ անունները «եան»ով:17-րդ դարու վերջը, երբ սաստկացած են քրիստոնեաներու հալածանքները, հայ համայնքի վիճակը վատացած է, 1745-ին Հալէպի հայ բնակչութեան թիւը 6720 էր: Հալէպի մեծահարուստ երկու թաղերու մէջ կը բնակէին ջուղայեցիները, երեւանցիներն ու արաբկիրցիները:Համայնքի վիճակը համեմատաբար բարելաւուած է 1940-ական թուականներուն՝ օտարերկեայ դրամագլուխի ներթափանցման եւ առեւտրական կապերու զարգացման շնորհիւ:1880-1890-ական թուականներուն Հալէպի եւ նահանգի մէջ (Ալիքսանդրետ, Պէյլան, Անտիոք եւ այլն) եղած է մօտ 70 հազար հայ: Համայնքը ապրած է մշակութային եւ հասարակական-քաղաքական աշխուժ կեանքով:Գործած են եկեղեցիներ, դպրոցներ, մշակութային, բարեգործական կազմակերպութիւններ: Ազգային կեանքի մէջ մէծ էր Հալէպի հայոց առաջնորդարանի դերը: 1879 թուականին Հալէպի 2000 հայ բնակիչներ դիմած են Կ. Պոլսոյ մէջ մեծ տէրութիւններու դեսպանութիւններուն՝ պահանջելով կենսագործել Պեռլինի պայմանագրի 61-րդ յօդուածը: 1895-ին, հայկական կոտորածներու ժամանակ, ջարդերու եւ կողոպուտի ենթարկուած են Հալէպի նահանգի բազմաթիւ հայկական բնակավայրեր (Հալէպ, Անթաքիա, Քիլիս, Պիրեճիք, Նազիպ, Մարաշ, Այնթապ, Ուրֆա)՝ շրջակայ գիւղերով:

Միայն Հալէպի մէջ սպաննուած է մօտ 1000 հայ: 1909-ի Ատանայի ջարդերու ժամանակ թուրք մոլեռանդ խառնամբոխը ասպատակած է Հալէպի նահանգի շարք մը հայկական բնակավայրեր: Քեսապի հայերը դիմադրած են թրքական 30 հազար պաշըպոզուքներուն, այնուհետեւ համախմբուած են ծովեզերեայ Գարատուրան գիւղի մօտ: Թուրքերը կոտորած են շրջանը մնացողները, թալանած եւ այրած հայերու տուները, եկեղեցիները ու դպրոցները:1915-ին, Մեծ եղեռնի ժամանակ, Հալէպ դարձած է բռնութեամբ տեղահանուած հայերու խոշոր հաւաքակայան: Քաղաքէն մօտ 2 քմ. Հարաւ Գարլըք բարձունքի վրայ գտնուող հաւաքակայանէ աքսորուածները քշուած են Միջագետքի անապատները եւ ոչնչացուած: Հալէպի մէջ կուտակուած հայերու դժոխային վիճակի, անոնց նկատմամբ գործադրուած անասելի դաժանութեան, բարբարոսութեան մասին իրենց յուշերուն մէջ բազմաթիւ փաստեր նշած են գերմանացի ուսուցիչ Մարթին Նիպագեն, թրքական պաշտօնեայ Նայիմ պէյը, եւ ուրիշներ:Հայերու ծրագրաւորուած ցեղասպանութեան ապացոյցներ են երիտթուրքերու կառավարութեան՝ Հալէպի նահանգապետին յղած ծածկագիր հեռագիրն ու հրահանգները, որոնցմով կը կարգադրուէր անյապաղ տարագրութեան վայրերը ուղարկել եւ ոչնչացնել Հալէպի մէջ կուտակուած աքսորեալներուն: Հալէպի մօտ վայրագօրէն խոշտանգուած են թրքական խորհրդարանի անդամներ՝ գրող Գրիգոր Զոհրապը ու հասարակական-քաղաքական գործիչ Վարդգէս Սերենկիւլեանը:Եղեռնէն փրկուած հայերու հոծ բազմութիւն մը կեդրոնացաւ եւ բնակութիւն հաստատեց Հալէպի կամ յարակից աւաններու մէջ: Հալէպ եկած հայ գաղթականները ստեղծեցին առանձին թաղեր. Նոր Գիւղ (արաբերէն՝ Մէյտան:

Նոր Գիւղը պէտք չէ հասկնալ որպէս գիւղ), Համիտիէ, Սեպիլ, Հարթ ալ-Պլղոր, Հարթ ալ-Մահիպ:1918-ին Հալէպի եւ անոր շրջակայքը կար 60.000, 1935-ին՝ 49281, 1944-ին՝ 72.000, 1976-1977-ին՝ 75.000, 2003-ին՝ 50.000 հայ:Բերիոյ թեմի 1949-1950 թուականի վիճակագրութեան տուեալներու համաձայն Հալէպի հայ առաքելականներու թիւն էր 32.000 հոգի:Հալէպահայերը գործօն մասնակցութիւն բերած են Հալէպի, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ տնտեսական, հասարակական, մշակութային, զինուորական եւ քաղաքական կեանքին մէջ: Հիմնած են շարք մը գործարաններ, ուր արտադրած են գորգեր, մետաքսէ գործուածքներ, վերամշակած են կաշի եւ մորթ, զգալի աւանդութեամբ ներդրում ունեցած են ոսկերչութեան ծիրին մէջ, արծաթագործութեան, պղինձի վրայ փորագրութեան, կահոյքի արտադրութեան, շինարարական ընկերութիւններու հիմնական եւ այլ բնագաւառներու մէջ:Հալէպի հայերը իրենց նպաստը բերած են նաեւ Սուրիոյ ժողովուրդի ազգային անկախութեան պայքարին:

1946-1947-ին 1189 հալէպահայ ընտանիք (6347 մարդ) ներգաղթած են դէպի Հայաստան: 1940-1960-ական թուականներուն քաղաքական անկայունութիւնը, 1967-ի եւ 1973-ի արաբ-իսրայէլեան պատերազմները, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ստեղծուած լարուած իրադրութիւնը բացառաբար անդրադարձած են Հալէպի հայ համայնքի վրայ, զգալի թիւով հայեր արտագաղթած են:Հայկական աւանդական երեք կուսակցութիւնները Սուրիական Հանրապետութեան կազմաւորման շրջանին, մինչեւ 1960ական թուականները բացայայտ գոյութիւն եղած են եւ աշխուժ գործունէութիւն ունեցած: Սակայն 1960ական թուականներուն քաղաքական վերիվայրումներու պատճառով արգիլուած են: Յետագային, իշխանափոխութեան եւ գործելաձեւի դրուածքով յատկապէս վերջին շրջանին կարելի է ըսել, թէ կուսակցութիւնները Հալէպի եւ ընդհանրապէս Սուրիոյ տարածքին կը գործեն ոչ պաշտօնական ձեւով: Իսկ անոնց հովանաւորող կազմակերպութիւններն ու միութիւնները կը գործեն պետական համապատասխան արտօնագրերով:
16-17-րդ դարերուն գործած է դպրատուն («դասատուն»), որու գրիչներու գործերէն պահպանուած են 200-է աւելի ձեռագիր մատեաններ, ինչպէս նաեւ հալէպահայ վարպետներու բարձրորակ որմնանկարներ, սրբապատկերներ ու մանրանկարներ։ Յայտնի էին նկարիչներ Ումէի որդի Անանիան, Հանանիայի որդի Խաչատուրը եւ ուրիշներ։16-րդ դարու սկիզբը` 1499-1500, արդէն գոյութիւն ունեցած է եկեղեցական առաջնորդութեան շէնք, որ պարբերաբար դարձած է նաեւ կաթողիկոսական աթոռանիստ:Սուրիոյ հայերու շրջանակին մէջ առանձնայատուկ տեղ կը զբաղեցնէ Հալէպի հայ համայնքը, որ հայկական սփիւռքի աւանդական եւ կայացած համայնքներէն է:Բերիոյ Հայոց Թեմը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երկրորդ մեծ եւ հնագոյն թեմն է:Պատմական տուեալներու համաձայն, Բերիոյ Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը հաստատուած է 1499-1500 թուականներուն, երբ հալէպահայ համայնքի երեւելիներէն Ըռայիս Պարոն Եսայիի բարերարութեամբ` Հալէպի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս կառուցուած է նաեւ «Թագաւորական Դարպաս», այլ խօսքով` Առաջնորդարան, որուն նկարագրականը առաջին անգամ կատարուած է 1616-ին, պատմաբան Սիմէոն Լեհացիի կողմէ:

ԺԶ դարու առաջին քառորդին Առաջնորդարանը ընդարձակուելով ծառայած է իբրեւ Սիսի Կաթողիկոսներու ժամանակաւոր նստավայր եւս: Այստեղ 1849-ին միւռոն եփուած է:Յետագային, Առաջնորդարանը միշտ դարձած է Թեմակալ Առաջնորդներուն ու թեմական ժողովուրդին ուշադրութեան եւ խնամքին առարկան, եւ ենթարկուած է վերակառուցումներու, նորոգութիւններու եւ բարեզարդումներու: Առաջնորդարանի շէնքը, ժամանակի ընթացքին կրած փոփոխութիւններով հանդերձ, մինչեւ 1970 միշտ գտնուած է եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ: Յիշարժան է, թէ 1922-ին, երբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ տարագիր Կաթողիկոս Սահակ Բ. Խապայեան քանի մը միաբաններով նախ ապաստանած է Պէյրութ եւ յետոյ Հալէպ, հոգեւոր-վարչական գործունէութիւններուն կեդրոնատեղին եղած է սոյն Առաջնորդարանը: Պատմական կարեւորութեան համար, պէտք է յայտնեք, թէ Սահակ Վեհափառ այդ ընթացքին գործի լծուած է մարմիններ ստեղծելու եւ այդ կարեւոր մարմիններէն եղած է «Ազգային Միութիւնը», որուն երդիքի տակ համախմբուած են երեք հայկական կուսակցութիւնները, յարանուանութիւնները եւ այլն: Համերաշխութեամբ գոյացած այս մարմինը ներկայացուցչական բնոյթ ունէր եւ բոլորին ընդունելի ըլլալով, մեծ վարկ կը վայելէր: Թեմին տակաւ ընդարձակուող կարիքները բաւարարելու առաջադրանքով, 1970-ին Ճիտէյտիէ-Սալիպէ շրջանին մէջ կառուցուած է արդիական շէնք մը` զոր ընդարձակուած է 1988-1989 թուականներուն:

Առաջնորդարանը կը բաղկանայ Ա. յարկէ, որ կ’ընդգրկէ Առաջնորդարանի զանազան գրասենեակները: Իսկ Բ. յարկը՝ թեմակալ Առաջնորդին բնակարանը: Ունի ներքնայարկով եռայարկ շէնք վեց բնակելի յարկաբաժիններով, երկու ներքնայարկերով եւ 17 խանութներով:ԺԹ. դարու երկրորդ կէսէն սկսեալ երբ Թեմի ազգային-եկեղեցական կեանքը կազմակերպուած է Ազգ. Սահմանադրութեան տրամադրութիւններուն համաձայն, ծաղկում արձանագրած է հայ համայնքի կեանքը` ազգային, եկեղեցական, մշակութային, հասարակական եւ կրթական մարզերէն ներս: Ազգ. Առաջնորդարանը ճակատագրական դեր ունեցած է Ի. դարու սկիզբը, Մեծ եղեռնի օրերուն, երբ Հալէպ քաղաքն ու շրջակայքը դարձած են տարագրեալ հայ ժողովուրդին մեծագոյն հաւաքավայրը. Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ շրջափակը կը մնայ աքսորական խլեակներու տառապանքին ամենէն խօսուն վկայարանը:Իսկ հայկական Կիլիկիոյ օրհասէն ետք սատարած է հայ գաղթականներու երկիր վերադարձի աշխատանքներուն:

Ապա, Հալէպի հայ համայնքը Ազգ. Առաջնորդարանի ծաւալած զանազան գործունէութիւններով ապրած է յետ-եղեռնեան բեղուն շրջանը: Նշանակալից կը մնայ 1945-1946 թուականներուն դէպի հայրենիք կատարուած ներգաղթին Ազգ. Առաջնորդարանի ունեցած ողջունելի ներդրումը: Առաջնորդարանը կը ղեկավարէ համայնքի կրօնական եւ աշխարհիկ հարցերը:20-րդ դարու վաթսունական թուականներուն, սուրիական պետութեան կողմէ համայնքներու վարժարաններէն ներս պետական ծրագրի կիրարման հարցով Ազգ. Առաջնորդարանի կողմէ որդեգրուած կեցուածքը հայկական վարժարանները զերծ պահած է փակուելէ:Բերիոյ Թեմի նորագոյն պատմութեան գեղեցիկ էջերէն է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի շնորհաբաշխ այցելութիւնը Հալէպ եւ Տէր Զօր` 2001-ին: Սուրիոյ մէջ սկիզբ առած պատերազմով վտանգուած եւ անապահով վայր դարձաւ Ազգ. Առաջնորդարանի շրջանը, հետեւաբար Առաջնորդարանը տեղափոխուեցաւ համեմատաբար աւելի ապահով նկատուած Սուլէյմանիէ շրջանին մէջ գտնուող «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնը: Բերիոյ թեմի Ազգ. առաջնորդարանը` իր բոլոր գրասենեակներով եւ արխիւներով, մինչեւ օրս հոնկէ կը շարունակէ ծառայել ժողովուրդին:

Իսկ Առաջնորդը, որ կը բնակէր Առաջնորդարանէն ներս, բնականաբար տեղափոխուեցաւ համեմատաբար աւելի ապահով վայր: Ներկայիս, Բերիոյ Թեմին ենթակայ են.- Հալէպ (նստավայր), Ճէզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդութիւն` որ կ’ընդգրկէ Գամիշլի, Մէլքիէ (Տէրիք), Րաս Ուլ-Էյն եւ Հասիչէ, ինչպէս նաեւ` Տէր Զօր, Րագգա, Թէլ Ապիատ, Եագուպիէ, Թարթուս, Պանիաս, Լաթաքիա, Քէսապ, Ղընեմիէ եւ Արամօ: Վերոնշեալ հայաբնակ շրջաններու եւ Հալէպի թաղերու եկեղեցիները կը կառավարուին թաղական խորհուրդներով:Համայնքի ներքին գործերը կը վարէ օրէնսդիր մարմին հանդիսացող Գաւառական ժողովը, որ կ’ընտրուի գործադիր մարմնի նշանակութիւն ունեցող Ազգային վարչութիւն (նախապէս Քաղաքական ժողով): Գոյութիւն ունի նաեւ Կրօնական Ժողովը:Ազգային առումով Հալէպի Հայ Առաքելական համայնքը լաւ կազմակերպուած է, սահմանադրական բոլոր մարմինները առկայ են: Ըստ օրէնքի կը կազմուի Ազգ. Երեսփոխանական Ժողով (Գաւառական) եւ անկէ բխած բազմաթիւ խորհուրդներ եւ ժողովներ: Այսպէս՝ Ազգ. Վարչութիւն, Կրօնական Ժողով, Քահանայից Դաս, Կիրակնօրեայ Դպրոցներու Խորհուրդ, Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Խորհուրդ, Ուսումնական Խորհուրդ, Տնտեսական Խորհուրդ, Ընկ. Ծառայութեան Խորհուրդ, Դատաստանական Խորհուրդ, Կալուածոց Հոգաբարձութիւն, Մարդուժի Պատրաստութեան Ծրագրի Յանձնախումբ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ծրագրաւորման Խորհրդատու Մարմին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Վերաքննիչ Ատեան, Հաշտեցման Յանձնախումբ: Անշուշտ վերոնշեալ մարմիններու կողքին կը գործեն նաեւ «Գ. Եսայեան» սրահի հոգաբարձութիւնը, «Յովսեփ եւ Անահիտ Մարգարեան» փոխատուութեան, «Կեանք մը փրկենք», «Սուրէնեան» եւ «Դպրոց» հիմնադրամները: Յայտնենք, թէ 1991 թուականին կազմուած է «Առողջապահական խորհորդ»ը, որ համայնքէն ներս հետապնդած է առողջապահական խնդիրներ ունեցող համայնքի զաւակներուն հարցերը, նիւթաբարոյական օժանդակութիւններ ընծայած է անոնց, ստանձնած է Ազգային վարժարաններու բուժծառայութիւնը, բժշկագիտական դասախօսութիւններ կազմակերպած է, իսկ միւս կողմէ սերտ համագործակցութիւն ունեցած է Ս. Օ. Խաչին հետ:Սուրիոյ պատերազմէն մղուած եւ անոր ծանրագոյն հետեւանքներուն դիմաց, Ազգային Իշխանութիւնը, Ազգ. երեսփոխանական ժողովին վաւերացումով եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ, հաստատեց «Դպրոց» կրթական հիմնադրամը, որուն նպատակն էր Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. վարժարաններու, յատկապէս 2012-2013 ուսումնական տարեշրջանի, նիւթական կարիքները բաւարարել համազգային հանգանակութիւն կազմակերպելով հալէպահայերէ, սուրիահայերէ եւ աշխարհասփիւռ հայերէ: Արդարեւ, 27 մարտ 2013 թուականին հիմնուած «Դպրոց» հիմնադրամը կը ղեկավարուի Թեմի Ազգ. Վարչութեան կողմէ յառաջացած հոգաբարձութեամբ, որուն մաս կազմեցին նաեւ Սփիւռքի զանազան համայնքներէ անդամներ: Կեդրոնը՝ Հալէպ:

Բերիոյ թեմի հովանի տակ կը գործեն նաեւ «Զարեհեան» գանձատունը (1991), «Արամ Մանուկեան» ժողովրդային տունը (ԱՄԺՏ), «Օշական» գրատունը (1989) Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ կից (2011 թուականի պատերազմի պատճառով տեղափոխուած Ազգ. Կիւլպէնկեան վարժարանի կից), «Արեւելք» տպարանը (1946), Ազգ. Կեդրոնական Գրադարանը (2007) եւ այլն:Ազգային Առաջնորդարանը, իբրեւ համայնքի կեդրոն, թեմակալ Առաջնորդներուն գլխաւորութեամբ եւ Ազգ. Իշխանութիւններով, միշտ յարգալից յարաբերութիւններ մշակած է սուրիական հայրենիքի իշխանութեանց հետ` վայելելով անոնց անվերապահ վստահութիւնն ու յարգանքը:Բերիոյ Հայոց Թեմը իր հիմնադրութենէն մինչեւ 2017 ունեցած է 61 Առաջնորդ, կամ Կաթողիկոսական փոխանորդ եւ Առաջնորդի Տեղապահ: Բերիոյ Թեմի կամ Հալէպի Թեմի առաջին Թեմակալ Առաջնորդի անուան շուրջ մեր ուսումնասիրութեան եւ հետազօտական աշխատանքներէն ի յայտ կու գան տարբեր տեսակի կարծիքներ, օրինակ՝ Արտաւասդ Արք. Սիւրմէեանի «Պատմութիւն Հալէպի Հայոց» (գ. հատոր, էջ 21) աշխատասիրութեան մէջ յիշուած է «Յովակիմ Արքեպիսկոպոս – 1438»: Իսկ Մաղաքիա Արք. Օրմանեանի «Ազգապատում» (բ. հատոր, ա. մաս, էջ 2080) աշխատասիրութեան մէջ եւս յիշուած է «Յովակիմ Արքեպիսկոպոս», մինչ Վարդան Եպիսկ. Տէմիրճեանի «Գաւազանգիրք» ա. հատորին մէջ` իբրեւ Թեմի Առաջին Առաջնորդ յիշատակուած է «Յովհաննէս Արքեպսկ. Բարիացի կամ Հալէպցի (1432-1442)» (էջ 264): Հետեւաբար, մեր տեսակէտով կը հետեւցնենք, թէ Բերիոյ Թեմի առաջին Թեմակալ Առաջնորդը պէտք է ըլլայ Գերաշնորհ Տ. Յովակիմ Արքեպիսկոպոսը:Ստորեւ կը ներկայացնենք Բերիոյ Հայոց Թեմի 61 Առաջնորդներուն, Կաթողիկոսական փոխանորդներուն կամ Առաջնորդի Տեղապահներուն անուանացանկը, անոնց ծառայած ժամանակաշրջանի ժամկէտով:
Յովակիմ Արք. Բերիացի Առաջնորդ 1432-1442

Խաչատուր Արք. Բերիացի Առաջնորդ 1525-1545

Սարգիս Արքեպիսկոպոս Առաջնորդ 1560-1578

Ղազար Արք. Հալէպցի Առաջնորդ 1580-1588

Յովհաննէս Արք. Ուռհայեցի Առաջնորդ 1595-1603

Խաչատուր Արք. Կարկառեցի Առաջնորդ 1603-1620

Սիմէոն Արք. Սեբաստացի Առաջնորդ 1625-1633

Յակոբ Արք. Կարկառեցի Առաջնորդ 1633-1640

Գրիգոր Արք. Զէյթունցի Առաջնորդ 1642-1651

Խաչատուր Արք. Սեբաստացի Առաջնորդ 1651-1657

Յակոբ Արք. Կարկառեցի Առաջնորդ 1657-1660

Յովհաննէս Արք. Հալէպցի Առաջնորդ 1660-1661

Դաւիթ Արք. Կարկառեցի Առաջնորդ 1661-1668

Ազարիա Արք. Կարկառեցի Առաջնորդ 1670-1677

Յարութիւն Վարդապետ Առաջնորդ 1700-1710

Աբրահամ Արք. Այնթապցի Առաջնորդ 1710-1713

Յակոբ Եպս. Յովսէփեան Առաջնորդ 1715-1720

Ղուկաս Վրդ. Աջապահեան Առաջնորդ 1729-1733

Գաբրիէլ Արք. Աջապահեան Առաջնորդ 1737-1741

Աւետիս Վարդապետ Առաջնորդ 1741-1743

Գաբրիէլ Արք. Աջապահեան Առաջնորդ 1743-1745

Վրթանէս Եպիսկոպոս Առաջ. Տեղապահ 1746-1750

Պետրոս Արքեպիսկոպոս Առաջնորդ 1751-1762

Գաբրիէլ Արք. Սեբաստացի Առաջնորդ 1762-1768

Եփրեմ Արք. Աջապահեան Առաջնորդ 1768-1771

Գէորգ Արք. Բերիացի Առաջնորդ 1772-1780

Մինաս Արքեպիսկոպոս Առաջնորդ 1781-1788

Կարապետ Վարդապետ Առաջնորդ 1788-1795

Սիմէոն Արքեպիսկոպոս Առաջնորդ 1796-1818

Եփրեմ Արք. Աջապահեան Առաջնորդ 1819-1821

Մատաթիա Արքեպիսկոպոս Առաջնորդ 1827-1829

Մարկոս Եպիսկոպոս Առաջնորդ 1829-1837

Մատթէոս Արքեպիսկոպս Առաջնորդ 1837-1839

Յակոբ Արքեպիսկոպոս Առաջնորդ 1840-1842

Փիլիպոս Վրդ. Սէօքիւնեան Առաջնորդ 1842-1845

Նիկողոս Արք. Կիւլէսէրեան Առաջնորդ 1845-1855

Յակոբ Եպս. Գաղատացի Առաջնորդ 1861-1866

Մկրտիչ Արք. Տիգրանեան Առաջնորդ 1866-1870

Մկրտիչ Արք. Քէֆսիզեան Առաջնորդ 1870-1871

Յակոբ Ծ. Վրդ. Արսլանեան Առաջ. Տեղապահ 1872-1876

Մովսէս Ծ. Վրդ. Կէօմրիւկճեան Առաջ. Տեղապահ 1876-1886

Մաղաքիա Ծ. Վրդ. Տէրունեան Առաջ. Տեղապահ 1887-1888

Մովսէս Ծ. Վրդ. Կէօմրիւկճեան Առաջնորդ 1888-1894

Պետրոս Վրդ. Ներկարարեան Առաջնորդ 1894-1904

Արսէն Վրդ. Յակոբեան Կթղ. Փոխանորդ 1904-1905

Կարապետ Ծ. Վրդ. Կարապետեան Առաջնորդ 1905-1908

Շահէ Վրդ. Գասպարեան Առաջ. Տեղապահ 1908-1911

Ներսէս Եպս. Դանիէլեան Առաջնորդ 1911-1913

Յարութիւն Աւ. Քհնյ. Եսայեան Առաջ. Տեղապահ 1913-1916

Խաչատուր Աւ. Քհնյ. Պօղիկեան Առաջ. Տեղապահ 1916-1918

Յարութիւն Աւ. Քհնյ. Եսայեան Առաջ. Տեղապահ 1918-1922

Խադ Ծ. Վրդ. Աջապահեան Կթղ. Փոխանորդ ——- -1923

Փառէն Ծ. Վրդ. Մելքոնեան Կթղ. Փոխանորդ 1923-1924

Եփրեմ Ծ. Վրդ. Տոհմունի Առաջնորդ 1924-1925

Արտաւասդ Արք. Սիւրմէեան Առաջնորդ 1925-1940

Զարեհ Եպս. Փայասլեան Առաջնորդ 1940-1956

Ղեւոնդ Արք. Չէպէյեան Առաջնորդ 1956-1967

Ատոմ Աւ. Քհնյ. Քէհեայեան Առաջ. Տեղապահ 1967-1968

Տաթեւ Եպս. Սարգիսեան Առաջնորդ 1968-1977

Սուրէն Արք. Գաթարոյեան Առաջնորդ 1977-2004

Շահան Ս. Արք. Սարգիսեան Առաջնորդ 2004-

Հալէպի հայ առաքելական եկեղեցիներն են.-
Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցի

Հալէպի Սալիպէ թաղամասի Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցին ԺԴ. դարէն մինչեւ այսօր Բերիոյ Թեմի առաջնորդանիստ եկեղեցին է եւ պատմականօրէն առաջին անգամ յիշուած է 1476-ին: Անցեալին եղած է նաեւ կաթողիկոսանիստ եկեղեցի, ուր կատարուած են եպիսկոպոսական ու կաթողիկոսական ձեռնադրութիւններ եւ սրբալոյս միւռոնի օրհնութիւններ` 1849-ին Սիսի Միքայէլ Բ. Աջապահեան եւ 1923-ին` Սահակ Բ. Խապայեան կաթողիկոսներու կողմէ: Մինչ նախնական մատուռը Կաթողիկոսներու, Առաջնորդներու եւ ականաւոր եկեղեցականներու եւ աշխարհականներու դամբարանը եղած է, ուր թաղուած են Ազարիա Ջուղայեցի (1601), Պետրոս Կարկառեցի (1608), Մկրտիչ Քէֆսիզեան (1894), Բաբգէն Ա. Աթոռակից Վեհափառ Հայրապետներ (վերջնոյն աճիւնները 1966-ին փոխադրուած են Անթիլիասի Զարեհեան Դամբարանը):

Աւանդութեան մը համաձայն, Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ եւ նախկին Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ վայրը քրիստոնէական գերեզմանատուն մը եղած է` իր փոքրիկ մատուռով:Մինչեւ 1500, եկեղեցին ներկայացած է իբրեւ փոքր աղօթատեղի-մատուռ մը:1499-1500 թուականներուն, Հալէպի հայ համայնքի երեւելիներէն «Ըռայիս Պարոն Եսայի»ի բարերարութեամբ, եկեղեցին ընդարձակուած է դէպի արեւելք-արեւմուտք ուղղութեամբ: 1616-ին Հալէպահայ իշխան Պետիկ Չէլէպիի նուիրատուութեամբ եւ եղբօրը` Խոճա Սանոս Չէլէպիի վերակացութեամբ, եկեղեցւոյ հիւսիսակողմը կառուցուած է ընդարձակ եկեղեցի մը` երեք խորաններով, որոնք վերաշինուած են Ի. դարու երկրորդ կիսուն: Կեդրոնի Աւագ Սեղանը վերակառուցուած է 1965-ին, արդեամբ`օրուան Առաջնորդ Ղեւոնդ Արք. Չէպէրեանի (նախագիծ եւ իրագործում` պէյրութահայ ճարտարապետ Գէորգ Էմմիեանի): Աջակողմեան եւ ձախակողմեան Սեղանները վերակառուցուած են 1985-ին (բարերարութեամբ` հալէպահայ ազգային Տէր եւ Տիկին Մանուէլ եւ Այտա Մահսէրէճեաններու, նախագիծ եւ իրագործում` ճարտարապետ Սարգիս Պալմանուկեանի):

1995-ին հիմնովին վերանորոգուած եւ բարեզարդուած է մատուռը: Ս. Սեղանը հանդիսաւորապէս վերստին օծուած է 23 Սեպտեմբեր 1995-ին, ձեռամբ` Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի (բարերարութեամբ` հալէպահայ հայր եւ որդի Յակոբ եւ Հրաչ Յակոբեաններու, նախագիծ` ճարտարապետ Սարգիս Պալմանուկեանի, իրագործում` հալէպահայ ճարտարապետ Գէորգ Սարգիսի):Եկեղեցին կ’ընդգրկէ նաեւ վերնատուն (1874), մկրտութեան աւազան (1888), զանգակատուն-աշտարակ (1912), որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի յատուկ յիշատակարան եւ արձանագրութիւն:

Ուշագրաւ հնութիւններէն են գետնափոր ներքնայարկը, խաչքարերը (1452-1604), առաջնորդական գահը (1733), սրբանկարներու ընտիր հաւաքածոն` որոնք շեշտակի կը բացայայտեն թէ ԺԵ.-ԺԸ. դարերուն Հալէպի մէջ գոյութիւն ունեցած է հայկական արուեստի իսկական դպրոց մը: Սրբանկարներու մեծ մասը վերանորոգուած են 1993-1996 տարիներուն` նախաձեռնութեամբ Սուրէն Սրբազանի եւ հայրենի արուեստագէտ Անդրանիկ Անտոնեանի կողմէ:Պատմութեան ընթացքին եկեղեցին միշտ ենթարկուած է վերանորոգութիւններու եւ բարեզարդումներու: 1976-ին կառուցուած է Ս. Մինասի սրբանկարին նուիրուած քարաշէն խորանը (բարերարութեամբ` հալէպահայ ազգային Զաւէն Մկրեանի), 1983-ին` Ս. Քառասնից Մանկանց սրբանկարին նուիրուած խորանը (բարերարութեամբ` հալէպահայ ազգային Յովհաննէս Տապպաղեանի), 1992-ին` Ս. Աստուածամօր սրբանկարին նուիրուած խորանը (բարերարութեամբ` հալէպահայ ազգային Տէր եւ Տիկին Յովսէփ Մարգարեաններու, նախագիծ եւ իրագործում` հալէպահայ ճարտարապետ Գէորգ Սարգիսի), 12 Սեպտեմբեր 1993 թուականին` Ս. Սարգիսի խորանը (բարերարութեամբ` հալէպահայ ազգային Բժ. եւ Բժշկուհի Տէր եւ տիկին Կարօ եւ Թամար Նարպէկեաններու):

28 Մայիս 1991-ին շրջափակի հիւսիսակողմը իրագործուած է Մեծ եղեռնի նուիրուած Յուշարձան-Որմնաքանդակը (բարերարութեամբ` հալէպահայ Կարօ եւ Տիրան Գըլըճեան եղբայրներու, նախագիծ` ճարտարապետ Սարգիս Պալմանուկեանի, իրագործում` հալէպահայ ճարտարապետ Գէորգ Երամեանի): 1991-ին շրջափակի նախկին Ս. Աստուածածին եկեղեցին վերածուած է Զարեհեան Գանձատան, 6 Հոկտեմբեր 1996-ին, շրջափակի արեւելեան կողմը, նախաձեռնութեամբ Տարօն-Տուրուբերանի Հայրենակցական Միութեան, իրագործուած է Տարօն Աշխարհի ու Նահատակներուն նուիրուած Յուշարձան-Որմնաքանդակը (նախագիծ եւ իրագործում` հայրենի արուեստագէտներ Մկրտչեան եղբայրներու եւ հալէպահայ արուեստագէտ Վիգէն Պէրթիզեանի): 1992-ին, շրջափակը քարապատուած է (բարերարութեամբ` Տիկ. Արաքսի Ֆէթթէլի, ի յիշատակ հանգուցեալ ամուսնոյն` Ճորճ Ֆէթթէլի):

Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս կը գործեն.- նախկին Առաջնորդարանը, Հայոց Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցներու Կեդրոն բաժինը, Համազգայինի Ն. Աղբալեան մասնաճիւղը, Ա. Ահարոնեան հանդիսասրահը եւ Ազգ. Հայկազեան Վարժարանի աղջկեաց բաժինը:

26 Ապրիլ 2000-ին, հովհանաւրութեամբ` Արամ Ա. կաթողիկոսի, նախագահութեամբ` Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի, նշուեցաւ եկեղեցւոյ առաջին ընդարձակման 500 ամեակը: Ամէն տարի հանդիսաւորապէս կը նշուի եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը:2012-ին Հալէպի մէջ սկիզբ առած պայթումներու պատճառով, յատկապէս տեղի ունեցած հրթիռակոծումներու եւ դիպուկահարներու թիրախ դարձած Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ կարգ մը բաժինները վնասուեցան ու աւերուեցան: Թէեւ եկեղեցին անմիջական մեծ վնաս չստացաւ, սակայն տարածքը շատ ծանր վնաս կրեց մասնաւորաբար 2015-ի Ապրիլին:

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցի

Հիմնուած է 1930-ին, Նոր Գիւղ հայաւանին մէջ, նախաձեռնութեամբ` Սահակ Բ. Կաթողիկոսի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ: Օծումը կատարուած է 26 նոյեմբեր 1933-ին, ձեռամբ` Բաբգէն Ա. Աթոռակից Կաթողիկոսի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ:Եկեղեցին ունի մէկ Աւագ Սեղան, մկրտութեան աւազան, վերնատուն, զանգակատուն եւ սիւնազարդ կառոյց մը, ճարտարապետ եղած է Խաչէր Արապեան:

1973-1973-ին, իրականացած են շարք մը նորոգութիւններ: 1984-1987 տարիներուն, իրագործուած են հիմնական վերանորոգութիւններ եւ բարեզարդումներ, բարեկարգուած է վերնատունը եւ օժտուած ձայնային յարմարութիւններով, վերաշինուած է Աւագ Սեղանը (նախագիծ եւ իրագործում` հալէպահայ ճարտարապետ Գեղամ Խրիկեանի), կառուցուած է Ս. Սարգիս Զօրավարի սրբանկարին նուիրուած խորանը (1986):1984 թուականին, վերանորոգուած են մկրտութեան աւազանը (բարերարութեամբ` Տէր եւ Տիկ. Զoր. Արամ Գարամանուկեանի) եւ շքամուտքը:10 Դեկտեմբեր 1989-ին, նախաձեռնութեամբ Բալուի Հայրենակցական Միութեան, շրջափակին մէջ կանգնած է Հայաստանի երկրաշարժի զոհերուն նուիրուած Յուշակոթող-Աղբիւրը (նախագիծ եւ իրագործում` հալէպահայ ճարտարապետ Անդրանիկ Միհրանեանի):Շրջափակէն ներս կը գործէր Ազգ. Սահակեան Վարժարանը:Ամէն տարի, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի «Ելն 7 Վիրապն» տօնին, հանդիսաւորապէս կը նշուի եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը:2004-ին հիմնուած է «Գրիգոր Լուսաւորիչ» եկեղեցւոյ հոգեւոր լսարանի «Սաղմոս» երգչախումբը:

2011-ին սկիզբ առած Սուրիոյ պատերազմին պատճառով Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին յաճախ հրթիռակոծումներու թիրախ դարձաւ եւ պայթումներու պատճառով կառոյցը միշտ ենթարկուեցաւ քանդումի, հրդեհի եւ աւերի:

Սուրբ Գէորգ Եկեղեցի

Հայոց ցեղասպանութենէն ետք Հալէպի մէջ կառուցուած առաջին եկեղեցին եղած է: Հիմնուած է 1923-ին, Սուլէյմանիէ-Րամ շրջանի հայկական հիւղաւաններուն մէջ` որպէս Սուրբ Խաչ եկեղեցի:

1936-ին, հիւղաւաններուն վերացումէն ետք, Նոր Գիւղ հայաւանի մէջ 1937-ին կառուցուած է Ս. Գէորգ եկեղեցին` որ թերաւարտ մնացած է մինչեւ 1955:Եկեղեցւոյ շրջանը Նոր Գիւղի մէջ էր, այդ շրջանը յետագային արաբերէն կը կոչուի Սուլէյման ալ-Հալապի:1955-ին, եկեղեցին հիմնականօրէն հայկական ոճով վերակառուցուած է, եւ հանդիսաւոր օծումը տեղի ունեցած է 25-26 Սեպտեմբեր 1965-ին, ձեռամբ` օրուան Առաջնորդ Ղեւոնդ Արք. Չէպէեան:

Եկեղեցին ունի երեք խորաններ, վերնատուն, զանգակատուն եւ մկրտութեան աւազան:Զանգակատունը կառուցուած է 1985-ին (բարերարութեամբ` հալէպահայ Սմբատ Էքիզեան եւ Կարպիս Կապոնեան ընտանիքներուն), մկրտութեան աւազանը` 1987-ին (բարերարութեամբ` հալէպահայ  Նազար Նազարեանի), 1986-ին` Ս. Գէորգ Զօրավարի սրբանկարի խորանը, 1987 թուականին` Ս. Աստուածածնի սրբանկարին խորանը (բարերարութեամբ` հալէպահայ Ժան Տանկուրեանի), 1990-ին` Ս. Սարգիս Զօրավարի սրբանկարին խորանը (բարերարութեամբ` ամերիկաբնակ Տէր եւ Տիկ. Գէորգ Աստուրեանի):1990-ին փետրուարին, շրջափակի արեւելակողմը իրագործուած է Մարաշի Աղէտին նուիրուած Յուշարձան-Որմնաքանդակը (բարերարութեամբ` ամերիկաբնակ Տէր եւ Տիկ. Աբրահամ Գութուճանեաններու, նախագիծ` հալէպահայ արուեստագէտ Վիգէն Պէրթիզեանի, իրագործում` հալէպահայ ճարտարապետ Գէորգ Երամեանի):

23 Ապրիլ 1994-ին, դարձեալ շրջափակի արեւելակողմը, նախաձեռնութեամբ Զէյթունի Հայրենակցական Միութեան, իրագործուած է Զէյթունի նահատակներուն նուիրուած Յուշարձան-Որմնաքանդակը (նախագիծ եւ իրագործում` հայրենի արուեստագէտներ Մկրտչեան եղբայրներու), իսկ 20 Մայիս 1998-ին, կանգնած է Զարեհ Ա. Կաթողիկոսի կիսանդրին (արդեամբ` Լուսին եւ Գոհար Համալեան քոյրերու, ի յիշատակ իրենց եղբօր` Կարապետ Համալեանի):Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գործած է Ազգ. Մեսրոպեան Վարժարանը, Կիրակնօրեայ դպրոցներու Ս. Գէորգ բաժինը:

Ամէն տարի հանդիսաւորապէս կը նշուի եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը: 2011-ին սկիզբ առած Սուրիոյ պատերազմին պատճառով Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ շրջանը եղաւ անապահով: Այնուհետեւ, 2012 Հոկտեմբերին զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ Սուրբ Գէորգ եկեղեցին հրոյ ճարակ դարձաւ: Հրկիզուեցաւ եկեղեցւոյ ներքնամասը, քարտուղարութեան, դպրաց դասի եւ յարակից այլ սենեակներ ու եկեղեցւոյ սրբանկարներն, սրբազգեստները: Բաւական լուրջ վնասներ կրեց նաեւ Ազգային Մեսրոպեան վարժարանը՝ իր մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի բաժիններով:

Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցի

Մեծ եղեռնի վաղորդայնին եւ մանաւանդ հայկական Կիլիկիոյ Աղէտէն ետք, առաւելաբար Այնթապէն Հալէպ ապաստանած հայութիւնը հոգեւոր սնունդը ստացած է Սուրբ Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ շրջափակի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, տնօրինութեամբ` օրուան Առաջնորդական Տեղապահ Յարութիւն Աւագ քահանայ Եսայեանի եւ Ազգ. Իշխանութեան:Սոյն եկեղեցին պատմականօրէն հաստատուած է 1429-ին:

Վերանորոգուած է 1535 թուականին` Խաչատուր Արք. Հալէպիի կողմէ, ապա 1784-ին` Մինաս Արքեպիսկոպոսի օրով, 1849-ին` Նիկողոս Արք. Կիւլէսէնեանի ջանքերով, իսկ 1 յունուար 1850-ին` վերաշինուած է մկրտութեան աւազանը:Հալէպի նշանաւոր դասատունը ԺԴ.-ԺԷ. դարերուն գործած է Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ եւ Սուրբ  Աստուածածին Եկեղեցւոյ հովանիին ներքեւ:ԺԹ. դարու երկրորդ կիսուն եւ յետագային, եկեղեցուց կառոյցը պարբերաբար ծառայած է իբրեւ դպրոց եւ Ազգ. Գրադարան, մինչ 1991-ին վերածուած է «Զարեհեան» Գանձատան:Կիլիկիոյ վերջին պարպումին հետեւանքով ՝՝Նիյր Իսթ Րիլիֆ՝՝ , Սուրբ Աստուածածնայ մատուռին մէջ բացած է Գաղթականաց վարժարան մը, որ հազիւ 300 աշակերտ կրնար պարփակել իր նեղ սահմաններուն մէջ:

Ապա, Կիլիկեան նպաստից Միութիւնը ընդառաջելով գաղթականաց զաւակներուն դաստիարակութեան կարեւոր հարցին, 1921-ին նոյն եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ բացած է իր ուրոյն վարժարանը:Այս երկու քոյր հաստատութիւնները իրենց առանձին գոյութիւնը տարի մը պահելէ ետք, 1922 ուսումնական տարեշրջանին սկիզբը Կիլիկեան Միութիւնը յաջողեցաւ միացնել այս երկուքը, «Կիլիկեան Գաղթականաց Վարժարան» անուան տակ:Յաջորդ երկու տարիներու ընթացքին սոյն վարժարանը թէեւ յաջողած է մինչեւ 1000-1200 երկսեռ աշակերտութիւն ընդունիլ իր ծոցը, սակայն հետագայ դէպքերը ցոյց տուած են, որ այս ալ անբաւական էր գոհացնելու հետզհետէ Թուրքիոյ ամէն շրջաններէն խուժող գաղթականաց զաւակներուն բաւարարել, ուստի մտածուած է այլ դպրոց մը, որ բացուած է այլ վայր մը:

1976-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղականութեան եւ Կրթասիրաց Վարժարանի հոգաբարձութեան համատեղ գործակցութեամբ, գնուած է նորակառոյց եկեղեցւոյ եւ դպրոցին հողաշերտը` Վիլլաներու թաղամասէն:Եկեղեցւոյ հանդիսաւոր հիմնարկէքը կատարուած է 10 սեպտեմբեր 1972 թուականին, հովանաւորութեամբ` Խորէն Ա. Կաթողիկոսի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, եւ նախագահութեամբ`օրուան Առաջնորդ Տաթեւ Ծ. Վրդ. Սարգիսեանի: Շինարարական աշխատանքները աւարտած են 1982 թուականին, իսկ հանդիսաւոր օծումը կատարուած է 1 մայիս 1983 թուականին, ձեռամբ` Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ (նախագիծ` պէյրութահայ ճարտարապետ Գէորգ Գարաճըրճեանի, իրագործում` ճարտարապետ Գեղամ Խրիկանի):Եկեղեցին ունի մէկ Աւագ Սեղան (բարերար`հալէպահայ Սողոմոն Չամիչեան), մկրտութեան աւազան (բարերար` հալէպահայ Յովհաննէս Սէրայտարեան) եւ ներքնասրահ:1980-ին, շրջափակին արեւմտեան կողմը կառուցուած է Յուշարձան-Աղբիւրը (Զարմայր Աւ. քահանայ Հինտոյեանի կողմէ` ի յիշատակ երէցկին Մարի Հինտոյեանի):1986-1987-ին, բարեկարգուած է ներքնասրահը եւ գոց շրջափակը, որոնք բարեզարդուած են 1991 թուականին:

1988-ին, Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի տնօրինութեամբ, ներքնասրահի մուտքի հանդիպակաց պատին մէջ ամփոփուած է եկեղեցւոյ քահանաներէն Զարմայր Աւ. քահանայ Հինտոյեանի դամբարանը: 1993-ին, եկեղեցւոյ մայր դրան աջակողմը, շրջափակին մէջ, իրագործուած է Ապրիլեան Նահատակներու նուիրուած Յուշարձան-Որմնաքանդակը (արդեամբ` Գրիգոր, Մելինէ եւ Սիլվա Արոյեաններու, իբրեւ երախտագիտութիւն իրենց ծնողքին, նախագիծ` ճարտարապետ Սարգիս Պալմանուկեանի, իրագործում` ճարտարագէտ Գէորգ Արսլանեանի, քանդակագործ` Լեւոն Ղազարեան):1998-ին եկեղեցւոյ ներքնամասը եւ խորանը բարեզարդուած են:Եկեղեցւոյ կից կը գործեն Կրթասիրաց Վարժարանն ու համանուն Միութեան «Զօհրապ Գաբրիէլեան» հանդիսասրահը:2011-ին ընթացք առած Սուրիոյ պատերազմին պատճառով թեթեւ վնասներ կրեց եկեղեցին:

Սուրբ  Յակոբ Եկեղեցի 
Հալէպի ասորիներու թաղամասի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հիմնարկէքը կատարուած է 3 Յունիս 1934-ին, նախագահութեամբ օրուան Առաջնորդ` Արտաւազդ Արք. Սիւրմէեանի: Շինարարական աշխատանքները սկսած են, սակայն կառոյցը թերաւարտ մնացած է մինչեւ 1962, եւ նոյն տարին կառուցուած է եկեղեցւոյ ներկայի շէնքը, որ ունի մէկ Աւագ Սեղան, փոքր զանգակատուն, շրջափակ` քանի մը սենեակներով եզերուած:1988-1989-ին, եկեղեցին վերանորոգուած եւ բարեզարդուած է:Ամէն տարի հանդիսաւորապէս կը նշուի եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը` նուիրուած Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի տօնին:Սուրիոյ պատերազմի՝ Հալէպի հրթիռակոծումներէն Սուրբ Յակոբ եկեղեցին նաեւ իր բաժինը ստացաւ:
Վերը նշուած եկեղեցիները կը ղեկավարուին ձեռնհաս ու գործունեայ անձերէ կազմուած թաղականութիւններով: Այս բոլոր թաղական խորհուրդներն ալ կ’աշխատին եկեղեցիի պայծառացման համար, եւ անոնց միակ մտահոգութիւնը եղած է հայ ազգը տեսնել ազգ. վերելքի ուղիին մէջ: Թաղականութեան խորհուրդներու հովանիին տակ կը գործեն Աղքատախնամ յանձնախումբը, Տիկնանց յանձնախումբը, Դպրաց դասը եւ այլն:Միւս կողմէ, նշենք, թէ ԺԶ. դարու վերջը, ԺԷ. դարու սկզբը, Հալէպի Սուրբ Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ կից ստեղծուած է դասատուն (1860-էն սկսեալ՝ վարժարան), որ ոչ միայն հոգեւոր հաստատութիւն էր, այլեւ՝ գիտութեան ու մշակոյթի կեդրոն:

Այդտեղ գրուած ու նկարազարդուած են բազմաթիւ ձեռագրեր, որոնցմէ ամէնէն հինը 1355 թուականի «Աւետարան»ն է (այժմ՝ Երուսաղէմի Սուրբ Յակոբեանց վանքի ձեռագրատուն):Յետագային դասատունը աշխատած են այնպիսի տաղանդաւոր գրիչներ ու մանրանկարիչներ, ինչպիսին են Մելիքսէթ վարդապետը, Ստեփանոս քահանայ Կրակցին, գրիչ ու ծաղկող Յովհաննէս Ղալամքարեան Հալէպցին: Այստեղ մեծ հոգատարութեամբ արտագրուած են Աստուածաշունչեր, Աւետարաններ, ներբողներ, խրատներ, ճառեր, Պղոկլի եւ Ոսկեբերանի աշխատութիւնները:ԺԵ. դարուն գործը կը հովանաւորէր Կիլիկիայէն գաղթած վաճառական Վարուժը: Դասատան կից կազմարարական արուեստանոցին մէջ աշխատած են գործի վարպետներ Յովհաննէսը (1553), Միքայէլ աբեղան (1609), Պաղտասար քահանան (1612), Պետրոս Հալէպցին (1691), Եսայի սարկաւագը (1783) եւ ուրիշներ: Ձեռագրերու կազմերը կաշեպատ էին կամ արծաթապատ:

Կազմատան պատրաստած ընտիր գործերէն մեզի հասած է «Հալէպի Աւետարան»ը արծաթեայ պահպանակով (Հալէպ, Առաջնորդարան):Աւետարանը գրուած է 1580-ին, իսկ դրուագուած կազմի հեղինակը լուսարար Տէր Միքայէլն է: Գրիչներն ու ծաղկողները Հալէպ կը հրաւիրուէին նաեւ ձեռագրային այլ կեդրոններէ: ԺԷ. դարուն Հալէպի մէջ աշխատած են Իսրայէլ Ամթեցին՝ Տիգրանակերտէն, Մկրտիչն ու Վարդանը՝ Լեհաստանէն, Աւետիքը՝ Ամիտէն, Ղազար Դպիրը՝ Զէյթունէն, Աստուածատուր քահանան եւ անոր աշակերտ Ալեքսիանոսը՝ Ուռհայէն, գրիչներ Մարկարը՝ Կարինէն, Պետրոս քահանայ Աստապատցին՝ Էջմիածինէն, Ներսէս վարդապետը՝ Սեբաստիայէն, Ղազար Բաբերդցին եւ ուրիշներ:Աւելցնենք, որ Հալէպի մէջ ապրած եւ ստեղծագործած են նաեւ ծաղկող, կապող եւ կազմող Տէր Ղազարն իր զաւակներու հետ, երաժիշտ Խաչատուր վարդապետ Կարկառեցին, Վասիլ վարդապետը եւ գիտական ուսումնասիրութիւններու հեղինակ

Սարգիս քահանայ Խիզանցին, որ 1596-ին Հալէպ հրաւիրուած է իբրեւ «արուեստի ուսուցող»: Հալէպի մեծահարուստները ձեռագրեր կը պատուիրէին նաեւ օտար արուեստանոցներու մէջ (Մարաշ եւ Զէյթուն) ստեղծագործող գրիչներուն ու մանրանկարիչներուն: Հայերը կը տիրապետէին արաբերէնին, թրքերէնին, պարսկերէնին, իսկ երբեմն գիտէին նաեւ ֆրանսերէն ու իտալերէն:Կ’աշխատէին իբրեւ թարգմանիչ: Գիտական ու մշակութային այսօրինակ մթնոլորտը կը հրապուրէր եւ Հալէպ կը բերէր աշխարհի տարբեր ծայրերը ապրող հայ մտաւորականներուն: Տարբեր ժամանակ Հալէպ եկած են ժամանակագիր Գրիգոր Դարանաղցին (մօտ 1576-1643), ճանապարհորդ-ուղեգրող, հասարակական եւ եկեղեցական գործիչ Սիմէոն Լեհացին (1584-1637), պատմագիր Առաքել Դաւրիժեցին (? – 1670), ապագայ եկեղեցական գործիչ եւ գիտնական Մխիթար Սեբաստացին (1676-1749), հայ ազատագրական շարժման առաջատար դէմքերէն մէկը՝ Յովսէփ Էմինը (1726-1809), աստուածաբան, քերական եւ պատմագիր Միքայէլ Չամչեանը (1738-1823), անուանի աշուղ եւ բանաստեղծ Սայաթ Նովան (1712-1795) եւ շատ ու շատ ուրիշներ:Հալէպի հայ համայնքի զարգացումին նպաստած են բազմաթիւ հոգեւոր գործիչներ, թեմի առաջնորդներ, Տէր Խաչատուր Ուռհայեցին (1535-1603), Սիմէոն Սեբաստացին (1625-1633) եւ ուրիշներ: Ասոնց շարքին մէջ իբրեւ մեծ մտաւորական կ’առանձնանայ բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններու հեղինակ Գերշ. Տէր Արտաւազդ արքեպիսկոպոս Սիւրմէյեանը:

Հին դարերէն սկսեալ հայ եկեղեցին յատուկ ուշադրութիւն ընծայած է դաստիարակութեան: Հետեւաբար, այդ միջոցաւ ալ կրօնական դաստիարակութեան:

Կրօնական դաստիարակութեան նպատակն է կրօնը իր հաւատալիքներով ու ուսուցումներով, իր պատմութեամբ ու առաքելութեամբ ամբողջական, մնայուն ու կենդանի ներկայութիւն դարձնել անոր հետեւող անհատի մը կամ համայնքի մը կեանքէն ներս՝ հոգեմտաւոր զարգացման ու կազմաւորման ընթացքի մը ընդմէջէն:Արդարեւ, վերոնշեալ մեկնակէտէն ելլելով Բերիոյ Թեմի Ազգ. Առաջնորդարանը միշտ հետամուտ եղած է կրօնական դաստիարակութիւն ջամբելու մատղաշ սերունդին:1908-ին, Ազգ. Առաջնորդարանի նախաձեռնութեամբ, Հալէպի մէջ գործած է Ազգ. Լսարանը` սատարելու համար հայ պատանիներու հոգեմտաւոր առողջ դաստիարակութեան:1927-ին, կրօնա-բարոյական դաստիարակութեան հիմնական օճախներ նկատուող Հայց. Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցներու գաղափարը ծնունդ առած է Թեմի Ազգ. Վարչութեան Կրօնական Ժողովին կողմէ, եւ 28 Յունիս 1930 թուականին, հաստատուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սահակ Բ. եւ Բաբգէն Ա. Հայրապետներու սրբատառ կոնդակով: Մինչ այդ, 24 Նոյեմբեր 1929 թուականին, Հալէպի մէջ հիմնուած է առաջին Կիրակնօրեայ դպրոցը` Սուրբ Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս, եւ կը շարունակէ գործել առ այսօր:

1978-էն ի վեր Հայց. Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցները արձանագրած են մեծ վերելք, հայրական անվերապահ քաջալերանքով Բերիոյ թեմի Առաջնորդ Սուրէն Սուրբ Արք. Գաթարոյեանի, հետեւողական աշխատանքներով Ազգային Վարչութեան Կրօնական Ժողովին ու Կրօնական Դաստիարակութեան Խորհուրդին, եւ փոխ-գործակցութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հայց. Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցներու Վարիչ Տնօրէնութեան: Այժմ, Բերիոյ թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի հայրական հովանաւորութեամբ Թեմի ողջ տարածքին աշխուժօրէն կը գործեն Կիրակնօրեայ դպրոցները (նախապէս՝ 12 Կիրակնօրեայ դպրոցներ, շուրջ 125 ուսուցիչ-ուսուցչուհիներով եւ 900-1000 երկսեռ աշակերտութեամբ):Կրօնական Դաստիարակութեան գլխաւոր աշխատանքներէն են.- կրօնական դասախօսութիւններու շարքեր, երիտասարդական հաւաքներ, կրօնական Մատենաշարի հրատարակութիւն (ցարդ լոյս տեսած եւ 11 հատորներ) Հայց. Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցներու եւ հայկական վարժարաններու կրօնաւանդ ուսուցիչներու համար կազմակերպուած վերաւորակաւորման դասընթացքներ եւ թեմական ու միջ-թեմական համագումարներ:Կրօնական դաստիարակութեան կը սատարեն Հայոց Առաքելակա Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Եղբայրակցութիւնները եւս:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles