ՀԱՅԵՐԸ ՀԱԼԷՊԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ (Թ. ՄԱՍ ԵՒ ՎԵՐՋ)

0 0
Read Time:17 Minute, 37 Second


ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Հալէպի հայութիւնը ժամանակի ընթացքին մաս կազմած է քաղաքի, ինչպէս նաեւ երկրի պետական կառոյցին, տուած է պետական բազմաթիւ բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ՝ նախարարներ, երեսփոխաններ եւ այլ քաղաքական պաշտօններ զբաղեցուցած անձնաւորութիւններ:
Բնականաբար հայ համայնքը կ’ուզէ միշտ իր ներկայացուցիչները ունենալ զանազան ժողովներու կամ հաստատութիւններու մէջ, նախ իբրեւ լիիրաւ քաղաքացի, գիտակցելով իր պարտականութիւններն ու իրաւունքները միատեղ` իր ձայնը լսելի դարձնելու եւ գործօն մասնակցութիւն բերելու Սուրիական Հայրենիքի գոյերթին:
Մինչեւ 2017, Սուրիոյ կառավարութեան մաս կազմած են երեք հայ նախարարներներ, որոնք եղած են Հալէպահայ՝ Հանրի Հընտիէ (Պալապանեան, 1934), Ֆաթհալլահ Ասիուն (1936, 1943 եւ 1949) եւ դոկտ. Նազիրէ Ֆարահ Սարգիսը (2012 եւ 2014):
Հալէպահայեր 1928-էն ի վեր Սուրիոյ խորհրդարանէն ներս իրենց ներկայացուցիչները ունեցած են (բացի քանի մը շրջան):
Սուրիոյ Խորհրդարանի անդամ ընտրուած են հետեւեալ հալէպահայ ներկայացուցիչներ: 1928-էն ի վեր յաջորդաբար երեսփոխաններ եղած են` Միհրան Բիւզանդեան, Ֆաթհալլահ Ասիուն (4 շրջան), Նիքոլա Ճանճիկեան (3 շրջան), Հրաչ Փափազեան, Հանրի Հնտիէ (Պալապնեան), Հրանդ Սիւլահեան, Պետրոս Միլլեթպաշեան, Արտաշէս Պoղիկեան, Մովսէս Սալաթեան, Տիգրան Չրաճեան (3 շրջան), Ապտալլա Ֆաթթալ, Լուիս Հնտիէ, Գրիգոր Էպլիղաթեան (8 շրջան), Արամ Գարամանուկեան, Ռուբէն Տիրարեան, Լեւոն Ղազալ, Սիմոն Իպրահիմ (Լիպարեան, 2 շրջան), Սիւնպիւլ Սիւնպիւլեան (2 շրջան), իսկ 2016 թուականին Ժիրայր Րէիսեան:
Զանազան ժամանակաշրջաններուն Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու պաշտօնավարած են շատ մը հայեր:
Նախ յայտնենք, թէ 1983-էն առաջ երբ գոյութիւն չունէին Նահանգապետական եւ Քաղաքապետական խորհուրդները կը գործէր նահանգներու Տեղական ինքնակառավարման մարմինը, վերոնշեալ մարմնին մաս կազած են հետեւեալները՝ բժիշկ Տիգրան Չափանեանը, մեթր Նազար Նազարեանը, Մովսէս Գ. Քէօշկէրեանը, Զաւէն Սապունճեանը եւ Յարութ Հալլաճեանը, որոնք գործած են 1977-1983 տարիներուն:
Սուրիոյ տարբեր շրջաններու Նահանգապետական խորհուրդներու անդամներ ընտրուած են. Յարութիւն (Արթին) Պարսումեանը (երկու նստաշրջան՝ 1983 եւ 1987-ին), Յարութ (Արթին) Ասատուրեանը (1987-ին), մեթր Նազար Նազարեանը (երկու նստաշրջան՝ 1983 եւ 1987-ին), Հրանդ Աթթարեանը (երեք նստաշրջան՝ 1983, 1987 եւ 1991-ին), Ստեփան Բալուլեան (1987-ին), Հասմիկ Խաչատուրեանը (1987-ին), Քրիստափոր Իֆատեան, Ճորճ Պապեանը (երկու նստաշրջան՝ 1993 եւ 1997-ին), Յովհաննէս Մուշեղեանը, Լեւոն Իսհաքը (Սահակեան), Պօղոս Թաշճեանը, մեթր Կարօ Շուշանեան, մեթր Հուրի Ապահունին, Ճորճ Թիւֆէնքճեանը, Նորա Գրաճեանը եւ այլն:
Քաղաքապետական խորհուրդներու անդամ ընտրուած են. Նշան Օղիկեանը (երեք նստաշրջան՝ 1983, 1987 եւ 1991), Սիմոն Իպրահիմը (Լիպարեան, 1983 թուականին, Գործադիր մարմնի անդամ), Ճորճ Տաուլէն (1983-ին), Կարպիս Թովմասեանը, Սարգիս Չերչեանը, Պօղոս Թաշճեանը, Աւետիս (Ատիս) Մուրատեանը:
Միւս կողմէ մեծ է թիւը այն հալէպահայերուն, որ Հալէպ նահանգի եւ յատկապէս քաղաքի մէջ թաղապետութեան, պաշտօններ զբաղեցուցած են:
1967-1970 Հալէպ նահանգի պաշտպանութեան կոմիտէի նախագահի պաշտօն վարած է Նազար Նազարեան:
Պատկառելի թիւ կը կազմեն հալէպահայ բժիշկները, դեղագործները, երկրաչափները, փաստաբանները, կապալառուները, համալսարանի դասախօսները եւ այլն:
Սուրիոյ եւ յատկապէս Հալէպի մարզաշխարհին մէջ հալէպահայութեան ներդրումը մեծ եղած է: Հայկական մարզական ակումբներ՝ միութիւններ, Սուրիոյ ակումբային մրցումներու ընթացքին յաճախ Հալէպ քաղաքի եւ Սուրիոյ ախոյեան եղած են, այս աւանդութիւնը կը շարունակուի մինչեւ օրս: Աւելցնենք, թէ Սուրիոյ ախոյեանութեան մրցաշարքեր նախապէս գոյութիւն չունէր, այդ պատճառով ալ մրցաշարքերը ընդհանրապէս մէկտեղուած էր Հալէպի մէջ, ուր հայկական բոլոր մարզական միութիւնները արդէն իրենք կը գրաւէին առաջնակարգ դիրքերը: Միւս կողմէ, սուրիական մարզաշխարհին մէջ հայկական միութիւնները, իւրաքանչիւրը արաբերէն անունով ներակայացած է:
Արդարեւ, ստորեւ կը նշենք Հալէպի այն հայկական միութիւնները, որոնք Սուրիոյ ախոյեանութեան տիրացած են.
Գերմանիկ-Վասպուրական մարզական միութիւնը տիրացած է Սուրիոյ «Ազատագրութեան վահան»ին:
Հ.Մ.Մ. 1960 թուականին կը դառնայ Սուրիոյ ախոյեան:
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ֆութպոլի խումբը 1962 եւ 1965-ին եղած է Սուրիոյ ախոյեան:
Հ.Ե.Ը.-ի Պասքէթի աղջկանց Ա. խումբը 1981-ին Սուրիոյ իգական մրցաշարքին եղած է Սուրիոյ ախոյեան:
Հ.Ե.Ը.-ի լողի աղջկանց խումբը 2005-2010 տարիներուն յաջորդաբար Սուրիոյ ախոյեանութեան դիրքին կը տիրանայ ու կը դառնայ բաժակակիր:
Սուրիոյ Հայ Սեւ Գօտիներու Միութիւնը (ABBA) 2001 թուականէն մինչեւ օրս Քունկ-Ֆու Ուու-Շույի Հալէպի, Սուրիոյ եւ արաբական աշխարհի ախոյեանութիւններու դափնեկիր է:
Այստեղ կը ներկայացնենք մարզաշխարհի գերաստղերէն հոյլ մը, որոնք ցուցաբերած են ճարտարութիւն, կարգապահութիւն, մարզական ոգի, ինքնածին կարողութիւն եւ այս բոլորով հայ ազգի անունը Սուրիոյ տարածքին բարձր պահած: Այս մարզիկները բնականաբար իրենց անունը ոսկի տառերով արձանագրած են Սուրիոյ մարզաշխարհի պատմութեան մէջ, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ անունը արտաքին աշխարհին մէջ յաճախ բարձր պահած:
Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ անունները իրենց մարզաձերով.
Ֆութպոլ՝ Գէորգ Կրպոյեան, Ծերուն Աֆարեան, Աւետիս Գաւլագեան Սուրիոյ ֆութպոլի հաւաքականի մարզիչ, Արտաւազդ Մարութեան (Արտօ, 1912-1984), Մանուէլ Գաթրճեան, Յակոբ Սափսըզեան, Վազգէն Տէր Ղուկասեան, Կարապետ Սափսըզեան, Աբրահամ Քէշիշեան (նաեւ թենիս), Յակոբ Աֆարեան, Մանուէլ Գարճեան, Գօգօ Քիլէճեան, Մուրատ Թորոսեան, Յակոբ Փոթուքեան, Յակոբ Գըզըլկէօզեան, Գէորգ Աւընեան, Գօգօ Սեւտալեան, Շիւքրի Քէշիշեան, Անդրանիկ Մալեան, Սարգիս Շէօհմէլեան, Անդրանիկ Պահարեան, Սարգիս Մխսեան, Լեւոն Արապեան, Սերոբ Մերտխանեան, Անդրանիկ Սիւլիւքճեան, Սահակ Եղոյեան, Սարգիս Քէօշքարեան, Յարութ Գաւլաքեան Կարպիս Թովմասեան, Գէորգ Մարտիկեան եւ ուրիշներ:
Ծանրաբարձութիւն՝ Յակոբ Տէյիրմէնճեան (1955-ի Սուրիոյ ախոյեան):
Աթլեթ՝ Երուանդ Տեմիրճեան, Յովհաննէս Պասմաճեան, Սեդրակ Տօնականեան (ԱՄՀ առաջնութիւն), Սարհատ Մերտխանեան (ԱՄՀ երկրորդութիւն), Յակոբ Աւետեան:
Կռփամարտ՝ Նազար Ճանսըզեան (միջակ-քարշ կռփամարտի Սուրիոյ ախոյեան), Մինաս Ճանսըզեան (երկար տարիներ միջակ ծանրութեան Սուրիոյ ախոյեան), Հայկ Վարդանեան (Սուրիոյ ախոյեան), Ցաւակ Ղազարեան (Սուրիոյ ախոյեան), Ստեփան Ոսկեան (Սուրիոյ ախոյեան) եւ այլն:
Ըմբիշ՝ Կարապետ (Կարօ) Խաչերեան «Մերձաւոր Արեւելքի վագրը» (1961 թուականի Սուրիոյ ախոյեան):
Հեծանիւ՝ Արմէն Քաջեան (Սուրիոյ բոլոր ժամանակներու լաւագոյն հեծելանուորդը), Մկրտիչ Իսփէնճեան, Սամօ Ազարիկեան (1962 թուականի Սուրիոյ ախոյեան), Ալպեռ Էքմէքճեան, Զոհրապ Տէր Պօղոսեան, Գէորգ Երանոսեան եւ այլն:
Մարմնամշակութիւն՝ Լեւոն Հիմիտեան (արական մարմնի վայելչութեան համաշխարհային դափնեկիր, 1950), Գրիգոր Ազնաւուրեան, Գրիգոր Գալայճեան, Մարտիրոս Գոչունեան, Ճորճ Թորոսեան, Տիգրան Կարապետեան, Յակոբ Յակոբեան, Համբարձում Եագուպեան, Ճորճ Ոսկերիչեան, Գրիգոր Սիւլահեան եւ ուրիշներ:
Ճատրակ՝ Միքայէլ Շատարեւեան (1975 եւ 1976 թուականին Սուրիոյ ախոյեան, իսկ 1975 թուականին արաբական աշխարհի ախոյեան, 1986-1990 հինգ անգամ Սուրիոյ ախոյեան, 1986, 1988 եւ 1990 թուականին երեք ողիմպիականի մասնակցեցաւ: Իսկ 1989 թուականին արաբական աշխարհի առաջնութիւն):
Թենիս՝ Աբրահամ Քէշիշեան (1962 թուականի Սուրիոյ ախոյեան), Շիւքրի Սրուրեան (1980 թուականի Սուրիոյ ախոյան), Մարի Մուրատեան (1979 թուականի Սուրիոյ ախոյեան: Խաղցած է նաեւ պասքէթ), Արշօ Նահապետեան-Աստուրեան, Դաւիթ Դաւիթեան (Սուրիոյ ախոյեան) եւ այլն:
Լող՝ Արտեմ Չիրիշեան, Լեւոն Վարժապետեան, Մէյրի Ոսկերիչեան, Սոնա Ռասթկելէնեան, Սէրլի Մուշեղեան, Սիլվա Նարիկեան, Մակի Պապլօզեան, Դալար Պէրպէրեան եւ ուրիշներ:
Պասքէթպոլ՝ Կարօ Պորոյեան, Վարդան Նալպանտեան, Յովհաննէս Շիդիլեան, Տիգրան Գոնտրաճեան, Րաֆֆի Յովհաննէսեան, Վարդան Ներսէսեան, Զարեհ Սափսըզեան, Կարպիս Գաթարոյեան, Արմէն Աստուրեան, Զոհրապ Ստեփանեան, Այտա Գաւլագեան, Արամ Սարգիսեան, Սօսի Միհրանեան, Շահնուր Մուրատեան, Հուրի Պօղոսեան, Մարտիկ Տէկիրմէնճեան, Անի Գարալեան, Սեւան Գարամանուկեան, Երուանդ Ճիկերեան, Ալիսիա Մակարեան, Վաչէ Նալպանտեան եւ ուրիշներ:
Քունկ-ֆու Ուու-շու՝ Մեսթըր Ճորճ Տուրնայեան, Սուրիոյ մէջ իր միջոցաւ մուտք գործած է ծայրագոյն արեւելքի վերոնշեալ մարտարուեստը:
Միւս կողմէ, կ’արժէ նշել հալէպահայ գրողները ու թարգմանիչները: Ինչպէս նաեւ մտաւորականները, որոնք գրական եւ գիտական հրատարակուած աշխատութիւններ ունին: Նշենք անոնցմէ, օրինակ՝ Անդրանիկ Ծառուկեանը, Արմէն Անուշը (Մարաշլեան), Նազարէթ Նազարէթեանը, Ալեքսան Քէշիշեանը, Խաչիկ Շահինեանը, Յակոբ Չոլաքեանը, Լալա Միսկարեան-Մինասեանը, Յակոբ Միքայէլեանը, Անի Ֆիշէնկճեանը, Մանուէլ Քէշիշեանը, Մարուշ Գազանճեան-Երամեանը, բժիշկ Աբրահամ Երէցեանը, Պերճուհի Աւետեանը, Լեւոն Շառոյեանը, Հուրի Ազեզեանը, Վարդի Քէշիշեանը, Մարգրիտ Շամլեանը, տողերս գրողը եւ ուրիշներ: Տեղին է նշել, թէ վերոնշեալ խմբակին մաս կազմողներու առաջին անուններէն եթէ մահացողներ կան, ապա մնացեալ շարքին մեծամասնութիւնն ալ արդէն գաղթած են Հալէպէն:
Գերգնահատելի է նաեւ Հալէպի հայ արհեստաւորներու փաղանգը, որ գերազանցօրէն աչքի կը զարնէ իրենց աշխատանքի հմտութեամբ, բծախնդրութեամբ, բարձր որակի ստեղծագործական եւ արտադրութեան համար:
Մեծ եղած է թիւը այն հալէպահայերուն, որ անդամ եղած են արդիւնաբերական եւ այլ արհեստներու սենտիքաներուն, ինչպէս՝ ոսկերիչներու, վարսայարդարներու եւ այլն:
Քաղաքին մէջ պատկառելի թիւ կը կազմեն հայ լուսանկարիչներ, ճաշարանի տէրեր, առեւտրականներ, խանութպաններ, նպարավաճառներ, եւ այլ գործերով զբաղողներ:
Միւս կողմէ, Հայ երեք յարանուանութիւններու հոգեւորականները ժամանակ առ ժամանակ կը հանդիպին Սուրիոյ իսլամ, քրիստոնէական եւ կրօնական այլ ուղղութիւններու գործիչներու հետ, կը քննարկուին համագործակցութեան, միջկրօնական ու միջդաւանական երկխօսութեան, ինչպէս նաեւ կրօնական եւ ազգախումբերու հանդուրժողականութեանն առնչուող հարցեր:
Բերիոյ Թեմ-հայրենիք փոխ-յարաբերութիւնները միշտ եղած են ջերմ ու սիրալիր, եւ աւելի յատկանշական դարձած են Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի կողմէ իրականացած 1988-ի Դեկտեմբերի Հայաստանի աղէտալի երկրաշարժի աղէտեալներուն սուրիահայութեան կողմէ կատարուած օժանդակութիւններով: Հայաստանի անկախացումէն յետոյ Սուրիան աշխարհի մէջ երրորդ երկիրն էր, որտեղ, հաշուի առնելով նաեւ հայկական համայնքի գործօնը, մարտ 1993 թուականին Հալէպի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Ընդհանուր Հիւպատոսութիւն բացուեցաւ, պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ 28 Մայիս 1993 թուականին:
Հալէպ քաղաքը` իբրեւ ամենամեծ կեդրոնը Հիւսիսային Սուրիոյ, ինչպէս ազգային, քաղաքական եւ տնտեսական մարզի մէջ, նոյնպէս ալ կրթական աշխատանքի մէջ կարեւորագոյն տեղը կը գրաւէ ամբողջ Սուրիոյ տարածքին վրայ, իր դիմագրաւած յաջողութիւններով եւ ուսման, կրթութեան ու ազգ. տոհմիկ վերելքին համար թափուած բացառիկ ճիգերուն անհամեմատ արդիւնաւորուելովը:
Հալէպի Համայնքը ընդհանրապէս եւ հալէպահայ տարբեր կազմակերպութիւններ եօթանասունական թուականներուն նիւթաբարոյական օժանդակութիւններով նեցուկ կանգնած են Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին մեր ազգակիցներուն: Ինչպէս նաեւ Իրաքի պատերազմին՝ մեր ազգակիցներուն կարիքներուն հասնելու համար ամէն ջանք թափած են:
Հալէպահայութիւնը իր զանազան կազմակերպութիւններով, եկեղեցիներով, միութիւններով, միշտ պատնէշի վրայ եղած է նիւթաբարոյական օժանդակութիւնը ցուցաբերելու Հայաստանի, Արցախի Հանրապետութեան եւ Ջաւախքի հայ բնակչութեան:

«Ռատիօ Երազ»
Լրատուական շրջածիրէն ներս իրականութիւն է համացանցի միջոցով գործող «Ռատիօ Երազ»ը:
Ձայնասփիւռի գաղափարը Հալէպի համար, յատկապէս վերջին տարիներուն յաճախ օրակարգի կէտ դարձած է: Հալէպահայութիւնը կամ աւելի ճիշդ կ’ըլլայ ըսել Սուրիոյ հայութիւնը ընդհանրապէս 1980-ական թուականներուն մեծ հաճոյքով կ’ունկնդրէր Երեւանի Ձայնը, Կիպրոսի հայկական հաղորդումները, ապա նաեւ Դամասկոսի պետական ձայնասփիւռէն «Հայկական ժամ»ի թողարկումը, ինչպէս նաեւ ծովեզերեան շրջաններու մէջ դիւրաւ ունկնդրելի լիբանանեան հայկական ձայնասփիւռի կայաններու հաղորդումները՝ յատկապէս «Վանայ Ձայն»ը:
Արդարեւ, 2000ական թուականներուն շրջանին խումբ մը հալէպահայ պատասխանատուներու տքնաջան աշխատանքով եւ զանազան առիթներով փորձ կատարուած է ունենալու սեփական ձայնասփիւռի կայան մը, որ սփռուի FM ալիքով ողջ Սուրիոյ տարածքին, սակայն հնարաւոր չէ եղած: Իսկ վերջին շրջանին անգամ մը եւս փորձեր կատարուած են, սակայն դժուարութիւններ յառաջացած են եւ չեն կրցած յաջողիլ, բայց համացանցի ընձեռած բարիքներէն օգտուելով 2011-ին կը սկսի հալէպէն հայկական ձայնասփիւռի թողարկումը:
Ձայնասփիւռի անունը կը կոչուի «Ռատիօ Երազ»: Կը յառաջանայ անձնակազմ մը, որ մինչեւ օրս կը գործէ սիրայօժար՝ անվճար: Հիմնադրութեան օրերուն աշխատանքները հետզհետէ կը կազմակերպուին յայտագրերու իմաստով եւ մանաւանդ ձայնասփիւռի կեդրոնի մը հիմնումով: «Ռատիօ Երազ»ը կ’ունենայ իր կարգախօսը՝ «Երազ իմ երկիր հայրենի»ն:
«Ռատիօ Երազ»ի նպատակներէն մէկը կ’ըլլայ սուրիահայութեան ձայնը լսելի դարձնել հայկական աշխարհին: Աշխատակազմը կամաւորաբար կ’աշխատի ու ծրագրուած ձեւով կը գործէ, համերաշխութեամբ կը շարունակէ իր ծրագիրը, միշտ դէպի լաւագոյնին ձգտելով: Ներկայիս աշխատակազմը ունի 20 նոր ծրագիրներ: Յայտնենք, թէ անձնակազմը կը գործէ պատասխանատուի գլխաւորութեամբ:
Հակառակ պատերազմական ծանր պայմաններուն, 17 Յուլիս 2016 թուականին, Արամ Մանուկեան Ժողովրդային Տան առաջին յարկին մէջ տեղի կ’ունենայ ձայնասփիւռի կեդրոնին պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը:
Ձայնասփիւռի պարտականութիւնն է բնականաբար հալէպահայութեան, ինչու չէ նաեւ սուրիահայութեան ձայնը, յուզումները, ուրախութիւնը, գոյամարտը փոխանցել համայն հայութեան: Մէկ խօսքով հայկական ձայնը, խօսքը, միտքը, երգը, արուեստը եւ այլն:
«Ռատիօ Երազ»ի պատասխանատուները կը փորձեն, որ ձայնասփիւռը համացանցի հնարաւորութիւններէ զատ սփռուի նաեւ FM ալիքով ողջ Սուրիոյ տարածքին, սակայն կը թուի թէ պետական արտօնութեան լուրջ հարցեր կան:

2011-ին ծայր առած Սուրիոյ պատերազմը ամէնէն անապահով եւ դժուար օրեր կը սպասէր ընդհանրապէս Հալէպցիին, իսկ անոր ընդմէջէն բնականաբար Հայ համայնքին:
Հետեւաբար, Սուրիոյ վաճառականութեան եւ արդիւնաբերութեան առաջին քաղաքը հանդիսացած Հալէպ ու հալէպցիք պատերազմի ամբողջ ժամանակաշրջանին ապրեցան իսկապէս աննկարագրելի, ամենադժբախտ, մարդկային ողբերգական անբացատրելի օրեր եւ անապահով վիճակ մը:
Զինեալ ահաբեկչական զանազան խմբաւորումներ տարիներու ընթացքին ամէն տեսակի հազարաւոր հրթիռներ արձակեցին խաղաղ բնակչութեան վրայ:
Քաղաքի ամէն կողմ, շրջան, վայր, թաղ, բնակարան, գործատեղ, դպրոցներ, հիւանդանոցներ, սրբատեղիներ, մայրանոցներ, ծերանոցներ եւ ամէն տեղ թիրախ դարձած էր հրթիռակոծումներու, պայթումներու, ալան-թալանի, գողութեան, հրկիզման եւ այլն: Այս բոլորին կողքին անշուշտ ժողովուրդը ապրեցաւ նաեւ ահ ու դող, սարսափ, ցնցում, սոսկում, եւ այլն:
Հալէպի հայահոծ եւ կամ հայաբնակ վայրեր, ինչպէս՝ Նոր Գիւղ, Սիւլէյմանիէ, Ազիզիէ, Վիլլաներ, Աուժէթ ալ-Ճըպ, Ճիտէյտիէ, Թիլել, Թելեֆոն Հաուաի, Ճալաա, Շէյխ Թահա, Մըհաթթէթ Պաղտատ եւ այլ շրջաններ թիրախ դարձան ծանր հրթիռարձակումներու:
Միւս կողմէ, նոյնպէս հայերու արհեստանոցներ, գործատեղիներ եւ խանութներ, որ կը գտնուէին Շէյխ Նաժժառ, Րամուսէ, Արքուպ, Պոսթան փաշա, Ներսի շուկայ, Նոր Գիւղ, Ճիտէյտիէ, Սուլէյմանիէ, Թելեֆոն Հաուաի, եւ այլ վայրեր առաջին հերթին կողոպտուեցան, ապա հրթիռներու պայթումներէն քանդուեցան, հրոյ ճարակ եւ աւերակ դարձան:
Հրթիռարձակումներու պատճառով արձանագրուեցան բազմաթիւ զոհեր եւ վիրաւորներ: Հետեւաբար, ամէն կողմ սփռուեցաւ արիւն, զոհ, ահ ու սարսափ…: Այս բոլորին վրայ կ’աւելնար նաեւ հարիւրի մօտ առեւանգեալներ (միայն հալէպահայեր), որոնցմէ շատեր փրկագինով ազատ արձակուեցան իսկ ուրիշներ տակաւին կը մնան առեւանգուած:
Առ այդ, մարդկային մեծ ողբերգութեան մը ճիրաններուն մէջ նետուած էր աւանդապահ, կիսաքանդ Հալէպը:
Ռմբակոծումներու, հրթիռաձգութեան ու կրակոցներու պատճառով տարբեր տարողութեամբ վնասներ կրեցին գրեթէ բոլոր հայապատկան կալուածներն ու սրբատեղիները, այսպէս.-
– Հայ երեք համայնքներու հովանաւորութիւնը վայելող Հայ Ծերանոցը (Հանգստեան տուն) սիւներէն զատ ամբողջովին աւերուեցաւ, կողոպտուեցաւ եւ այլն:
– Հայ Կաթողիկէ Ս. Վարդանանք եկեղեցի եւ դպրեվանք, կղերանոց, Նոր Գիւղ. եկեղեցին հակամարտութիւններու ճակատ դառնալուն, ինչպէս նաեւ վանքի տակը պայթեցուած գետնուղիին պատճառով, ամբողջովին փլուզումի ենթարկուեցաւ:
– Հայ Առաքելական Ս. Գէորգ եկեղեցին, Սիւլէյման ալ-Հալապի. հրոյ ճարակ դարձաւ եւ բաժին մը քանդուեցաւ:
– Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցին, Ճիտէյտիէ: Հին Հալէպի փողոցներուն մէջ կեդրոնացած քանի մը հարիւր տարուան պատմութիւն ունեցող հայ եկեղեցին, ահաբեկիչներու բարբարոսութիւններու պատճառով մուտքի բաժինը քանդուեցաւ:
– Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, Նոր Գիւղ: Եկեղեցին ու կողքի ազգապատկան կառոյցները նուիրեալ հայ տղոց անձնազոհութեան իբրեւ արդիւնք փրկուած էր ահաբեկչական մեծ յարձակումէ մը: Սակայն, եկեղեցին միշտ թիրախ դարձաւ զինեալ խմբաւորումներու կողմէ:
– Հայ Կաթողիկէ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցի, Նոր Գիւղ: Նոր Գիւղ թաղամասի կեդրոնը գտնուող Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին Յուլիս 2016 թուականին ուղղակիօրէն թիրախ դարձաւ ահաբեկիչներու կողմէ: Հրթիռակոծումէն շաբաթներ վերջ եկեղեցին վերաշինուեցաւ եւ վերականգնեցաւ:
– Հայ Կաթողիկէ համայնքի աթոռանիստ եկեղեցին ծանր վնասներ կրեց: Եկեղեցւոյ յարակից առաջնորդարանը, նոյնպէս հրթիռակոծման ենթարկուեցաւ:
– Հայ Աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցի, Մունշիէ: Եկեղեցին քանի մը հրթիռարձակումի ենթարկուեցաւ, իսկ կիրակի օր մը, պաշտամունքէ ետք հրթիռ մը ուղղակի ինկաւ եկեղեցւոյ առաստաղը եւ քանդեց զայն:
– Բեթէլ եկեղեցի, Թելէֆոն Հաուաի: Քանի մը անգամ թիրախ դարձաւ հրթիռակոծումներու:
– Հայ Կաթողիկէ Աւետման եկեղեցին եւ համալիրը, Էշրէֆիէ:
Հայ երեք յարանուանութիւններու գերեզմանատուներն ալ բացօդեայ վիճակին մէջ յաճախակի հրթիռներու թիրախ հանդիսացաւ:
Ազգային, կրթական կամ միութենական կառոյցներէն տարբեր տարողութեամբ վնասներ կրած են Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Առաջնորդարանը, Ազգապատկան «Սիս» բնակարանային համալիրը, Ս.Օ.Խաչի ընկերա-բժշկական կեդրոնը, Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան երկրորդական վարժարանը, Ազգ. Զաւարեան վարժարանը, Ազգ. Հայկազեան վարժարանը, Սարգիս Չէմպէրճեան Կրթասիրաց երկրորդականը, Հայ Աւետարանական Բեթէլ վարժարանը, Հայ Կաթողիկէ «Զուարթնոց» վարժարանը, Մխիթարեան վարժարանը, Կիլիկիան վարժարանի երեք շէնքերը:
Հալէպի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի եւ Հ.Ե.Ը.-ի մարզաւանները: Ահաւոր պատկեր կը ներկայացնեն յատկապէս Նոր Գիւղի արեւելեան թաղամասերու հայկական բնակարաններն ու գործատեղիները: Ինչպէս նաեւ Ճիտէյտիյէի բնակարանները:
Միւս կողմէ, հալէպցիք ու հալէպահայութիւնն ալ իր կարգին ամենածանր դրութեան մէջ գտնուելով, զրկուած էին ամէնէն տարրական ու անհրաժեշտ պահանջքներէն՝ հացի սուր տագնապը, ելեկտրական հոսանքի չգոյութիւնը, ջուրի հոսքի դադրումը, օդի կազի նուազումը, կանանչեղթնի եւ այլ սննդեղէնի չգոյութիւնն ու սղաճը եւ այլն: Պարտք կը զգանք նշել նաեւ սուրիական թղթոսկիի արժեզրկման դերակատարութիւնն ալ պատճառ դարձաւ, որ ամէն բան քառապատկուի կամ աւելին:
Այնուհետեւ, Հալէպ խաւարի մէջ մնացած, մղձաւանջային քաղաք դառձած՝ զինուորական անցարգելներով ու աւազապարկերով փակուած փողոցներով, ամէն կողմ շրջող բանակային կամ օժանդակ զինեալներով քարուքանդ քաղաք մըն էր:
Հարիւրաւոր հայ ընտանիք բուռն բախումներու շրջաններէն տնազուրկ եղան եւ ապաստան գտնելու համար դիմեցին Հալէպի Շտապ Օգնութեան Գործադիր Մարմնին:
Հետեւաբար, 2012-ի Յուլիս-Օգոստոս ամիսերուն, Հալէպի ծանր մարտերու բերումով Բերիոյ Թեմի Ազգ. Իշխանութիւնը որոշեց, որ Ազիզիէի շրջանը գտնուող երեք յարկանի ազգապատկան «Ղազար Պետիկեան» շէնքը առժամեայ Հալէպի Շտապ Օգնութեան Գործադիր Մարմի տրամադրութեան տակ դրուի: Գործադիր Մարմինի անմիջական դասաւորումով. թէժ շրջաններու մէջ գտնուող քանի մը տասնեակ հայ ընտանիքներ, որոնք անօթեւան մնացած էին, տեղափոխուեցան Պետիկեան շէնք եւ հոն ապաստան գտան մինչեւ 2016:
Նոր Գիւղ հայահոծ թաղամասը, մեծ մասամբ, կը մնայ անբնակելի շրջան: Այնտեղի հայերը առհասարակ լքած են իրենց տունն ու տեղը ու փոխադրուած են աւելի ապահով վայրեր՝ քաղաքին մէջ, կամ քաղաքէն դուրս: Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանի պողոտային վրայ ո՛չ մէկ խանութ բաց էր, մինչեւ 2016 Դեկտեմբեր:
Նոյն է պարագան Ճիտէյտիէի հայերուն, որ ընդհանրապէս լքած են իրենց տունն ու տեղը ու փոխադրուած են աւելի ապահով վայրեր: Այդ շրջանին մէջ կար շուրջ 60 հայ ընտանիք:
Ահաւոր ու աննկարագրելի է վիճակը Պոսթան փաշա եւ Արքուպ թաղամասերուն մէջ, որոնք ամիսներ շարունակ ենթակայ մնացին օդային ու ցամաքային գնդակոծութեանց ու հրթիռարձակումներու:
Հալէպէն դուրս գալու ճամբաներու խզում տեղի ունեցաւ, միակ դժուար հասանելի վայրը Գամիշլիի շրջանը եղաւ, ցամաքային ճամբան տարիներ անգոյ էր Հալէպի եւ Գամիշլիի միջեւ, Գամիշլիէն Հալէպ գալ փափաքողը պէտք է Լաթաքիա երթայ օդանաւով, հոնկէ ցամաքի ճամբով ուղղուի Հալէպ:
Այսպիսով, հալէպահայութիւնը հակառակ քաղաքի դժնդակ պայմաններուն, տարիներ՝ մէկ կողմէ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն անխնայ ռմբակոծումներուն իբրեւ հետեւանք զոհեր կու տայ, նահատակներու մահը կը սգայ, միւս կողմէ կենցաղային, եւ տնտեսական ծանր դժուարութիւններ կը կրէ:
Այսօրուան տուեալներով, Հալէպի հայ համայնքը բնականաբար եւ ինքնաբերաբար կորսնցուցած է 2011 թուականի իր թիւին կէսէն աւելին: Հայաթափուած եւ կամ տարիներ ետք նօսրացած վիճակի մէջ են Հալէպի կարգ մը շրջաններ:
Հալէպի մէջ նահատակուած եւ զոհուած են շուրջ 135 հոգի. ներառեալ Սուրիոյ բանակին մէջ ծառայողներ, թեթեւ եւ ծանր վիրաւորուած են շուրջ 350 հոգի: Աւելի քան 1000 բնակարաններ, որոնց կողքին ազգային կառոյցներ քանդուեցան: Աւերուեցան, կործանեցան եւ կողոպտուեցան հայերու պատկանող աւելի քան 1000 խանութ, գործատեղի եւ գործարան:
Վերջին շրջանին հայերու մէջ թափ առնող արտագաղթը (որ նոր երեւոյթ չէ) անապահով վիճակի կողքին նաեւ տնտեսական շարժառիթներ ունի: Միւս կողմէ, մեծ է թիւը նաեւ այն երիտասարդութեան, որ պայմանագրային զինծառայութենէն եւ կամ բանակի պահեստային զինծառայութենէն խոյս տուած են: Առ այդ, հազարաւոր հայեր հեռացան Հալէպէն, ուրիշներ եկան նոր կայք փնտռելու Սուրիոյ ծովափնեայ քաղաքներուն՝ Թարթուսի, Պանիասի, Լաթաքիոյ եւ Քեսապի մէջ: Հալէպցիք նոյնիսկ Հալէպի մէջ տեղափոխուեցան համեմատաբար աւելի ապահով վայրեր: Հիմնականին մէջ արտագաղթեցին Լիբանան, Հայաստան, ԱՄՆ, Գանատա, Եւրոպա, Աւստրալիա, Ծոցի երկիրներ…:
Հալէպէն դուրս գաղթող հայութեան համար պէտք է ըսել, որ Համաշխարհային Բ. Պատերազմէն ետք ներգաղթը, աւելի ուշ ազգավնաս արտագաղթը դէպի օտար երկիրներ, պատճառ դարձան, որ ծանրօրէն տուժէ հալէպահայ համայնքը: Շարունակուեցաւ այդ մէկը 1960ական թուականներուն, յետագային 1980ական թուականներուն, իսկ 2011 թուականէն ետք Սուրիոյ պատերազմի պատճառով:
Արդարեւ, 2011 թուականին Հալէպի հայութեան կորուստները եթէ եղան մարդկային, շէնքի եւ արտագաղթի իմաստով, ապա արտագաղթի ճամբով քաղաքէն հեռացան պատասխանատու դիրքի վրայ եղողները՝ կղերականներ, կուսակցականներ, կրթական մշակներ, միութենականներ, բժիշկներ եւ այլն:
Այսու հանդերձ, նոյնիսկ այդ տեղաշարժով, տոհմիկ այս համայնքը մատուցած է կարեւոր ծառայութիւններ, հայրենիքին եւ Սփիւռքին տալով որակաւոր բազում հաւատաւոր գործիչներ, ղեկավարներ, գրչի մարդիկ, արուեստագէտներ, կրթական մշակներ, խմբագիրներ, տնօրէններ, արհեստաւորներ, մարզիկներ, բարերարներ եւ այլն: Որոնք վերազարթնում, ու ոգեւորութիւն ներշնչած են իրենց նոր միջավայրերուն մէջ:
Հալէպի հայութիւնը ներկայիս կը բախի բազմաթիւ խնդիրներու, որոնք, փաստօրէն, մէկ կողմէ կապուած են ազգապահպանման, միւս կողմէ` տնտեսական խնդիրներու հետ: Ազգապահպանութեան ուղղուած ջանքերը երթալով կը դժուարանան. կը մեծնայ օտար մշակոյթներու ազդեցութիւնը, կան արաբախօս շատ ընտանիքներ, որոնց մեջ հայկական շրջանակի մէջ մնալու զգացողութիւնը աստիճանաբար կը նուազի, որոշակիօրէն կը շատնան նաեւ խալֆ ամուսնութիւնները (հիմնականին մէջ` քրիստոնեայ արաբներու հետ):
Հալէպահայերու վնասը անսահման էր, տակաւին չենք նշեր անոնց ամարանոցներու կորուստները եւս, որ կը գտնուէին Քեսապ, Ղընեմիէ, Եագուպիէ, եւ այլ շրջաններ:
Այլ խօսքով, հալէպցիներու կրած վնասները չի համեմատուիր կամ չի բաղդատուիր Սուրիոյ ոչ մէկ քաղաքի բնակչութեան վնասներուն հետ, շատեր որքան ալ ուզեն բաղդատական ընել կամ իրենց կրած վնասը աւելի մեծ համարելով յառաջ տանիլ: Տակաւին չենք խօսիր հոգեկան խանգարումներու ու յառաջացուցած հիւանդութեան մասին:
12 Դեկտեմբեր 2016-ին, գիշերը Սուրիոյ բանակի յառաջախաղացքէն ետք, հալէպցինեը ապրեցան պատմական օր մը եւ ցնծութեամբ տօնեցին Մարտիրոսացած Հալէպ քաղաքի ազատագրումը՝ Հալէպի յաղթանակը, բայց եւ այնպէս Հալէպի ժողովուրդը քաջ կը գիտակցի, որ պատերազմը չէ աւարտած եւ իր դիմաց կան շատ դժուարին մարտահրաւէրներ: Վերոնշեալ մարտահրաւէրներէն մէկն է Հալէպի Վերականգնումը:
22 Դեկտեմբեր 2016-ին, Սուրիոյ Բանակին կողմէ պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ Հալէպ քաղաքի ազատագրումը:
Չորեքշաբթի, 4 Յունուար 2017 թուականի առաւօտուն Սուրիոյ պատերազմի սկսելէն ի վեր, առաջին անգամ ըլլալով Դամասկոսի նախագահական պալատին մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոս տեսակցեցաւ Սուրիոյ Հանրապետութեան Նախագահ Պաշշար ալ-Ասատի հետ: Հանդիպման ընթացքին, Նախագահը Սուրիոյ ներքին կացութեան, ապահովական ու քաղաքական երեսներուն գծով, ինչպէս նաեւ վերջին շրջանին տեղի ունեցած զարգացումներուն մասին լայն տեղեկութիւններ փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին:
Այս առիթով, Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց Հալէպէն ներս խաղաղութեան վերահաստատումը եւ մաղթեց, որ ամենամօտիկ ապագային բովանդակ Սուրիոյ տարածքին ամբողջական խաղաղութիւն եւ համերաշխութիւն հաստատուի: Արամ Ա. Կաթողիկոս նաեւ շեշտեց ու յոյս յայտնեց, որ երկրէն ներս բարեկարգումի ու վերականգնումի գործընթացը շուտով սկսի՝ գործօն մասնակցութեամբ բոլոր համայնքներուն, նաեւ քրիստոնեայ ու մասնաւորաբար՝ Հայ համայնքին:
Արամ Ա. Կաթողիկոս Սուրիոյ Նախագահի տեսակցութենէն ետք յաջորդ օր՝ Հինգշաբթի, 5 Յունուար 2017 թուականին, Աստուածայայտնութեան Ճրագալոյցին, Հալէպի պատերազմի ծայր առած օրուընէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով իր հովապետական այցելութիւնը կու տար Նահատակ Հալէպին: Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Սուրիա, Հալէպէն կատարեց «Դէպի վերականգնում» կոչն ու վերականգնումի յստակ պատկերացումը: Վեհափառ Հայրապետը քանի մը օրերու ընթացքին Հալէպի պետական բարձրաստիճան եւ Բերիոյ Թեմի զանազան մարմիններու հետ հանդիպումներ ունեցաւ տեսակցեցաւ անոնց հետ եւ խրախուսիչ պատգամներ փոխանցեց անոնց: Հալէպի հայութեան վիրաւոր սիրտերը, յուսադրելով՝ շէն ու կենսունակ երբեմնի հայկական Հալէպին առջեւ լուսաւոր հորիզոններու բացումը:
Միւս կողմէ, Սուրիոյ կառավարութիւնը հաստատեց Հալէպ քաղաքի վերականգնման աշխատանքներու ծրագիրը: Ծրագիրը կը ներառէ ճանապարհներու բացումը եւ քաղաքի ապահովումը ջուրով եւ ելեկտրական հոսանքով: Մշակուած վեց ամսուան ընթացքին քաղաքի արեւելեան թաղամասերու մէջ 50 դպրոց վերանորոգելու հրատապ ծրագիրը արդէն աշխատանքի մէջ է: Կը նախատեսուի նաեւ երկաթուղիի եւ օդակայանի վերակառուցումը:
Հալէպի վերականգնումի շրջածիրին մէջ արդէն Սուրիոյ շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմնի աշխատանքները Սուրիոյ հայութեան ու մանաւանդ Հալէպի հայութեան համար ամէնօչեայ տքնաջան աշխատանք է, որ գերգնահ
ատելի երեւոյթ է: Մարմինը արդէն վերականգնումի աշխատանքներուն նկատմամբ իր որոշ պատկերացումն ու ծրագիրը ունի:
Միւս կողմէ, Շաբաթ 29 Ապրիլ 2017 թուականին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հրաւէրով ու նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի համագումար:
Համագումարի մասնակիցները նախ լսելով Նորին Սրբութեան պատկերացումը, Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի գծով, կատարեցին ընդհանուր քննարկումներ ու արժեւորումներ, յառաջիկային գործադրելիք աշխատանքին առաջնահերթութիւնները, ընթացքն ու հանգրուանները:
Հետեւելով Նորին Սրբութեան պատկերացումին, համագումարը չորս բնագաւառները նկատեց հիմնական առաջնահերթութիւններ վերականգնումի գործընթացի ծիրէն ներս.- 1) Միջին «պիզնըս»ներու օժանդակութիւն ու փոխատուութիւն կատարելու ծրագիրի մշակում եւ անմիջական գործադրութիւն. 2) Ազգային կառոյցներու վերակազմակերպման ու վերաշխուժացման աջակցութիւն. 3) Վնասուած շէնքերու վերանորոգում. 4) Կարիքաւոր ընտանիքներու օժանդակութիւն:
Համագումարը առաջարկեց, որ յիշեալ չորս մարզերէն ներս ցարդ կատարուած նախապատրաստական աշխատանքները երկրէն ներս տիրող պայմաններու լոյսին տակ ամբողջացուին՝ մասնագիտական ու իրապաշտ մօտեցումով: Համագումարը նաեւ կարեւորութեամբ շեշտեց, որ վերականգնումի աշխատանքները համադրող ու հետապնդող յատուկ գրասենեակ մը հաստատուի Հալէպէն ներս՝ կեդրոնական ու մասնագիտական յանձնախումբերու կողքին: Սակայն, անհրաժեշտ է միշտ նկատի ունենալ Սուրիայէն ներս տիրող քաղաքական ու ապահովական պայմաններուն հոլովոյթը:
Սուրիոյ պատերազմը ճիշդ է, տակաւին իր աւարտին չէ հասած, սակայն Հալէպ քաղաքը ազատագրուած է: Ուստի Հալէպ քաղաքի ազատագրումով ամէնօրեայ հրթիռակոծման սարսափը, մահուան սպառնալիքը մասամբ մը վերջ գտան: Նիւթական ահաւոր վնասներ, մարդկային կորուստներ, գաղթ, կենցաղային դժուարութիւններ, ջուրի, ելեկտրականութեան տագնապ, սղաճ ու անգործութիւն ու տակաւին չգոյութիւններու շարքը երկար է:
Հալէպի քաղաքապետարանի ստորաբաժանումները մեծ աշխուժութեամբ եւ բծախնդրութեամբ կը մաքրեն ճամբաները, կը վերացնեն անցարգելները, հետզհետէ կը կանոնաւորուի երթեւեկութիւնը, կը բացուի տարիներու ընթացքին փակ մնացած ճամբաները: Միւս կողմէ ելեկտրականութիւնն ու ջուրը արդէն վերականգնած է, պատերազմի տարիներուն հետ չի համեմատուիր երբեք:
Քաղաքի անմիջական բարեկարգումը կ’իրագործուի ըստ կարելւոյն կարճ ժամանակի մէջ, սակայն Հալէպի վերականգնումը երկար ժամանակի կը կարօտի, որովհետեւ քաղաքը համարեա՛ աւերակ դարձած է: Անշուշտ այս բոլորը ժամանակի կը կարօտի, որովհետեւ աւերները մեծ են, ու շինարարական հսկայ աշխատանքներ պէտք է իրականանան:
Մեծ է թիւը անոնց, որոնք կը վերադառնան իրենց բնօրրանը կամաց-կամաց կառուցելու իրենց բնակարաններն ու գործատեղիները:
Հուսկ՝ Հալէպի ազգային մարմիններ, բարեսիրական, մշակութային, մարզական եւ այլ կազմակերպութիւններ եւ միութիւններ եղած են աչալուրջ եւ շրջահայեաց. ազգային շահը գերադասած են ուրիշ ամէն նկատումներէ. միշտ աշխատած են ազգային ոգին ներմուծել երիտասարդութեան սրտին մէջ, գաղափարական բարձր գիտակցութեամբ տոգորելով զանոնք, հաւատարիմ աւանդապահը դառնալով, անոնք մեր ազգային իտէալին իրագործման գլխաւոր ազդակը կը կազմեն:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles