
Հալէպի մէջ ազգային-մշակութային կեանքէն ներս ուրոյն տեղ կը գրաւեն ուսանողական, երիտասարդական եւ պատանեկան միութիւնները, որոնք կը գործեն Գաղափարական կազմակերպութիւններու, Ազգ. Առաջնորդարանի եւ կամ մշակութային միութիւններու հովանաւորութեամբ: Պէտք է ըսել, որ գործած են շատ մը միութիւններ, սակայն անոնցմէ ոմանք ժամանակի ընթացքին այլ-այլ պատճառներով դադրած են գործելէ:
– Սուրիահայ Պատանեկան Միութիւնը (ՍՊՄ) Հալէպի մէջ գոյութիւն է 1920-ական թուականներէն: Հոն կը համախմբուին համայնքի պարման-պարմանուհիները: Անոնք, Պատանեկան միութեան յատուկ դաստիարակչական Ծրագրով կը կազմաւորուին, ազգային շունչով տոգորուած եւ հայրենասիրութեամբ շաղախուած կը պատրաստուին վաղուան նուիրեալները:
Հալէպի մէջ սկզբնական շրջանին գործած է միայն «Միքայէլ Վարանդեան» մասնաճիւղը:
Պատանեկան Միութիւնը տարիներ ետք ՍԵՄ-ի հիմնադրութեամբ կը դառնայ վերջինիս համարատու: Այնուհետեւ, ՍԵՄ-ի Պատանեկան Միութեան Սուրիոյ ընտանիքը իր շրջաններու գործունէութիւնը համադրուած եւ կենսունակ մակարդակի վրայ պահելու յառաջադրանքին մղուած, յառաջացած է Ընդհանուր Վարիչ Մարմին (ԸՎՄ), որուն կեդրոնը եղած է Հալէպ:
ՍԵՄ-ի ՊՄ ԸՎՄ-ը զբաղած է ներքին կազմակերպչական եւ շրջաններու դաստիարակչական կեանքը յուզող հարցերով, առաւել անոր գլխաւոր առաքելութիւնը եղած է միջ-մասնաճիւղային գործունէութեան համադրումը ու մանաւանդ բանակումներու նախաձեռնութիւնը ամառնային վայրերու մէջ (Քեսապ, Ղընեմիէ եւ այլն): Ուղարկած է Սուրիոյ շրջաններու մասնաճիւղերուն Հալէպի մէջ կայացած բարձրորակ մակարդակի ձեռնարկներն ու դասախօսները: 1992 թուականին ԸՎՄ-ի նախաձեռնութեամբ Հալէպի մասնաճիւղերէն կազմուած՝ հիմնուած է Պատանեկան «Մեղրի» երկսեռ երգչախումը, որ յեղափոխական, ազգային եւ ռազմա-հայրենասիրական երգերով առանձին ելոյթներ ունեցած է, ինչպէս նաեւ այլ ձեռնարկներու ալ իր մասնակցութիւնը բերած:
Տասնեակ տարիներ ետք ՍԵՄ-ի Պատանեկան Միութեան անդամներու թիւի յաւելումով յառաջացած են երեք մասնաճիւղեր՝ «Քեռի», «Արաբօ» եւ «Գարեգին Նժդեհ», յետոյ «Քեռի» մասնաճիւղը լուծարուած է վերը նշուած երկու մասնաճիւղերուն մէջ: Յետագային պատանիներու կրկին թիւի յաւելումով երեք մասնաճիւղի կը բարձրանայ, կրելով հետեւեալ անունները՝ «Նիկոլ Դուման», «Շահէն Մեղրեան» եւ «Արամ Մանուկեան»: Սուրիոյ պարտերազմի յառաջացուցած անապահով վիճակը եւ արտագաղթի պատճառով, պատանիներու թիւը կը նօսրանայ: Այնուհետեւ, ԸՎՄ-ի որշումով նստավայրի երեք մասնաճիւղերէն երկուքը՝ «Շահէն Մեղրեան» եւ «Արամ Մանուկեան» կը միաձուլուին եւ կը յառաջանայ «Սերժ Թովմասեան» մասնաճիւղը: Այժմ վերջինն ու «Արամ Մանուկեան» մասնաճիւղի մէջ համախմբուած են Պատանեկան Միութեան պարման-պարմանուհիները:
ՊՄ մասնաճիւղերու պատանիները բաժնուած են տարիքային դրութեամբ խումբերու մէջ, հոն իրենց յատուկ դաստիարակներու անմիջական հսկողութեամբ կը տրուի դասախօսութիւններ՝ Հայոց Պատմութիւն, յեղափոխական դէմքեր, դէպքեր, երգի ուսուցում, տեղի կ’ունենան խաղեր, արշաւներ, ուղեւորութիւններ, այցելութիւններ, ձեռային աշխատանքներ եւ այլն: Մասնաճիւղերը իրենց կեդրոններուն մէջ ունին յատուկ իրենց գրադարանը:
Մասնաճիւղը կը գործէ Վարիչով եւ օգնական վարիչներով, որոնք կապուած են ԸՎՄ-ին: Տակաւին տարիներ առաջ ՊՄ ԸՎՄ-ը ՍԵՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան հովանիէն կ’անցնի ուղակի Պատկան Մարմնի հովանիին տակ եւ այսպէս կը յիշուի Սուրիահայ Պատանեկան Միութիւն (ՍՊՄ):
Մասնաճիւղի յանձնախումբերէն են՝ դաստիարակչական, քարոզչական, ընկերային, պատի թերթի, եւ այլն: Նստավայրի կարգ մը մասնաճիւղեր հրատարակած են թերթոններ: Ինչպէս նաեւ հրատարածակած է «Կորիւն» պարբերաթերթը:
Միութեան տարիներու սովորոյթ է Ս. Ծննդեան եւ Ս. Զատկուան օրերուն քարտաբաշխումի երեւոյթը, որ պարման-պարմանուհիներ, առաւօտեան ժամերէն սկսեալ խումբ առ խումբ շրջագային Հալէպի հայահոծ թաղամասերը եւ հայկական բնակարաններու դռները զանգելով՝ շնորհաւորելէ ետք, կը յանձնեն Միութեան կողմէ պատրաստուած քարտը:
Մասնաճիւղերը կը մասնակցին ՍՊՄ Ընդհանուր Վարիչ Մարմնի (ԸՎՄ) կազմակերպած տարեկան բանակումներուն, միջ-մասնաճիւղային զանազան արշաւներուն եւ այլ նախաձեռնութիւններուն:
– Կիլիկեան Շրջանաւարտից երկսեռ Միութիւնը հիմնուած է 1925 թուականին:
– Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութիւն (ՃՇՄ):
Միութիւնը հիմնուած է 1947 թուականին, Ճեմարանի առաջին հունձքի հինգ շրջանաւարտներու կողմէ:
Այդ տարիներուն շրջանաւարտից միութիւնը ունեցած է գործունէութեան երեք դաշտեր:
1.- Զուտ միութենական ձեռնարկներ, ինչպէս՝ պտոյտներ, ճաշկերոյթ-խրախճանքներ, ընդհանուր հաւաքներ, ուր քով-քովի կու գային շրջանաւարտները:
2.- Ճեմարանի համար ձեռնարկներ, ինչպէս՝ աշակերտութեան համար կազմակերպուած հանդէսներ, տօնախմբութիւններ, ներքին դասախօսութիւններ:
3.- Հանրութեան հրամցուած ձեռնարկներ, զոր կ’ընէր իր ուժերով, ինչպէս՝ թատերական ներկայացումներ, երգահանդէսներ ու նուագահանդէսներ: Սակայն աւելի ուշ սոյն ձեռնարկները կ’անցնին Համազգայինի ծիրէն ներս:
Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութեան հիմնական նպատակները եղած են.-
ա.-Աջակցիլ ճեմարանի նիւթապէս եւ բարոյապէս, մասնաւորաբար զարկ տալով գրադարանի ճոխացման: Միութիւնը գոյացուցած իր գումարով կը նպաստէ դպրոցին, կը պահէ սաներ, գրադարանի համար գիրքեր կը գնէ:
բ.- Կազմակերպել դասախօսութիւններ մասնաւորաբար Հալէպի աշխատաւոր դասակարգին համար:
գ.- Ըստ կարելիութեան՝ կազմակարպել հայերէն, արաբերէն եւ օտար լեզուներու, ինչպէս նաեւ թուաբանութեան դասընթացքներ: Իսկ աւելի ուշ, Շրջանաւարտից Միութիւնը կ’ընդլայնէ իր գործունէութեան դաշտերը:
Միութիւնը իր տարիներու եռուն գործունէութեամբ յաջողած է ճեմարանին շուրջ համախմբել ճեմարանականներն ու շրջանաւարտները, ամէն ճիգ ի գործ դնելով անոր ամրապնդման ու բարգաւաճումին:
Ամէն տարի ճեմարանի շրջափակին մէջ նախաձեռնած է աւանդական տօնավաճառ (քերմէս):
Միութիւնը 1994-1995 ուսումնական տարեշրջանին լոյս ընծայած է 8 էջանի, «Աշակերտին ձայնը» (երկու թիւ) հանդէսը: 1999-2009 թուականներուն, 9 թիւ լոյս ընծայած է «Շաւիղ» պարբերաթերթը (յաջորդաբար խմբագիրներ՝ Այտա Մինասեան, Լեւոն Շառոյեան, Անի Ֆիշէնկճեան եւ Լալա Միսկարեան-Մինասեան):
ՔԵԱ Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութիւնը ունեցած է «Շաւիղ» պարբերաթերթի, գրական, քարզչական, ընկերային, վիճակագրական, աշակերտական յանձնախումբեր: Այժմ ունի միայն Մշակութային, Կազմակերպչական, եւ Աշակերտական յանձնախումբեր: Մշակութային յանձնախումբը լոյս կ’ընծայէ «Ծիածան» պարբերաթերթը:
Միւս կողմէ, յայտնենք թէ ՔԵԱ Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութիւնը Հալէպէն դուրս մասնաճիւղ մը եւս ունի Միացեալ Նահանգներու Լոս Անճելոսի քաղաքին մէջ:
– Հալէպի Հայ Համալսարանականներու Միութիւն (ՀՀՀՄ, 1967):
– Քրիստափոր Ուսանողական Միութիւն (ՔՈՄ)
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կուսակցութեան գաղափարախօսութեան հաւատացող խումբ մը երիտասարդներ, անհրաժեշտութիւնը կը զգան ուսանող տարրի համախմբման, այս մեկնակետէն ելլելով Հալէպի մէջ կը հիմնեն Քրիստափոր Ուսանողական Միութիւնը (ՔՈՄ):
Համալսարաններու եւ համարժէք բարձրագոյն վարժարաններու դաշնակցական ուսանողներ, միութեան մէջ հետեւելով իրենց Ծրագրին կը նախաձեռնեն ուսումնասիրութիւններ, դասախօսութիւններ, զրոյցներ, կլոր սեղաններ, լսարաններ եւ այլն: Միւս կողմէ, Հալէպի պետական համալսարանին մէջ տա¬րե¬կան հերթականութեամբ՝ ամէն Ապրիլ 24-ի հանդիպակաց շաբաթը կը կազմակերպուի «Հայկական մշակոյթի շաբաթ»ը: Մէկ շաբթուան տեւողութեամբ կը ներկայացուին գիրքի, լուսանկարներու եւ գեղանկարչական ցուցահանդէսներ: Գեղարուեստական եւ գրական ձեռնարկներով հանդէս կու գան հայկական զանազան խումբեր:
«Հայկական Մշակոյթի Շաբաթ»ի տարեկան հերթականութեամբ կազմակերպումը յիշեցում մըն է Թուրքիոյ կատարած Հայոց ցեղասպանութեան, որուն ոճրագործը մինչեւ օրս կը մնայ անպատիժ ու կը մերժէ ընդունիլ ու հատուցում կատարել:
Միութիւնը կը կազմակերպէ տարեկան բանակումներ, կը մասնակցի ՀՅԴ Երիտասարդական-Ուսանողական Գրասենեակի կազմակերպած սեմինարներուն, խորհրդաժողովներուն ու այլ նախաձեռնութիւններուն: Ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Երիտասարդական-Ուսանողական համահայկական բանակումներուն:
«Գանձասար» շաբաթաթերթի մէջ «Ուսանողական էջ» վերնագրի տակ միութեան անդամներ լոյս կ’ընծայեն գաղափարական, քաղաքական, վերլուծական եւ Հայ Դատի հետ առնջուող իրենց յօդուածները: Անցեալին հրատարակած են «Կորիզ» պարբերաթերթը:
ՔՈՄ-ի անդամները իրենց բազմազան աշխատանքներով կը դառնան Հայ Դատի պաշտպանները, անոնք դաշնակցական գաղափարախօսութեամբ կը թրծուին եւ կը պատրաստուին ապագայ կուսակցականը, մտաւորականը եւ ղեկավարը:
Անկոտրում կամքով, ամէն տեսակի հարթակներու վրայ կը շարունակեն պահանջատիրութեան աշխատանքը:
– Տխրունի Ուսանողական Երիտասարդական Միութիւն (ՏՈԵՄ)
Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան գաղափարախօսութեամբ տոգորուած խումբ մը երիտասարդներ, երիտասարդական համախմբումի մը առկայութեան անհրաժեշտութիւնը զգալով 1969 թուականին Հալէպի մէջ կը հիմնեն Տխրունի Ուսանողական Երիտասարդական Միութիւնը (ՏՈԵՄ):
Միութեան հիմնադիր առաջին ժողովին կ’որդեգրուի հետեւեալ բանաձեւը.-
ա.- Նորահաս սերունդին, երիտասարդութեան ջամբել հայեցի դաստիարակութիւն, վառ պահել հայասիրութեան ու հայրենասիրութեան ոգին:
բ.- Ինքնազարգացումի մղել հայ երիտասարդը մանաւանդ դպրոցական թերաւարտները քայլ պահելու համար կեանքի յառաջընթացին:
գ.- Դասախօսութիւններ ու լսարաններ կազմակերպել, հայ երիտասարդութիւնը հեռու պահելու ամէն տեսակի մոլութիւններէ եւ սայթաքումներէ:
դ.- Նիւթապէս եւ բարոյապէս սատար հանդիսանալ երիտասարդութեան ուսման մէջ կատարԵլիութեան հասնելու համար:
ե.- Անզիջող պաշտպանը հանդիսանալ Հայ Դատին ու անկոտրում կամքով շարունակել պահանջատիրութեան աշխատանքը մինչեւ մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներու ձեռքբերումը:
զ.- Հնչակեան կուսակցութեան գաղափարախօսութեամբ թրծել հայ երիտասարդը եւ պատրաստել ապագայ կուսակցականը:
Վերոնշեալ հիմնաւորումներով գործած է ՏՈԵՄականը:
Պէտքէ նշել, որ սկզբնական շրջանին միութեան կեդրոնատեղին եղած է Թիլել թաղամասի ՀՄՄ-ՆՍՄՄ-ի ակումբը:
1978-ին ՀՄՄ-ՆՍՄՄ-ը երբ կ’ունենայ սեփական նոր շէնք հետեւաբար այդ շէնքին մէջ ՏՈԵՄ-ի կը տրամադրուի գրասենեակ մը:
Առաջին հրապարակային նախաձեռնութիւնը եղած է 1971 թուականին Արուեստի երեկոյի կազմակերպումը:
ՏՈԵՄականներու ջանքերով վերադասաւորուած է ՀՄՄ-ՆՍՄՄ-ի ակումբի «Ֆէրուզ Խանզատեան» գրադարանը:
ՏՈԵՄ-ի յաճախակի վարչութիւններու եւ միութեան անդամներու տարիներու հաւատարիմ գործունէութեամբ իրագործուած են հետեւեալ նախաձեռնութիւնները.- ա) Ներ-ակումբային ու հրապարակային դասախօսութիւններ առնչուած զանազան թեմաներով: բ) Ընդհանուր զարգացման մրցոյթներ: գ.) Ապրիլեան զոհերու ոգեկոչման հանդիսութիւններ, ինչպէս նաեւ այս առթիւ հսկումի երեկոներ: դ) Համահայկական ուխտագնացութեան մասնակցութիւն դէպի Տէր Զօր: ե) Քսան կախաղաններու յիշատակի ոգեկոչման հանդիսութիւնններ: զ) Հնչակեան կուսակցութեան հիմնադրութեան ամեակներու տօնակատարութիւններ:
Անշուշտ հայ ժողովուրդի ազատութեան համար մղուող ապստամբութիւններու, եւ այլ տեսակի ազգային ամեակներու յիշատակման ձեռնարկներ ու հանդիսութիւններ:
– Սուրիահայ երիտասարդական միութիւնը (ՍԵՄ)
Հալէպի մէջ հիմնուած է 1979-ին:
Կ’իրականացնէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան գաղափարական, քարոզչական գործունէութիւնը:
Անոր նպատակը սկիզբէն ի վեր եղած է ու կը մնայ.- 1. հայ երիտասարդութեան քաղաքականացում: 2. պայքար Հայ Դատի արդարացի լուծման ուղղութեամբ: 3. ընկերվարութեան եւ ժողովրդավարութեան արժէքներու տարածում երիտասարդութեան շրջանակներուն մէջ: 4. մասնակցութիւն անարդարութեան դէմ պայքարին եւ ձգտում հաստատելու հասարակական արդարութիւն: 5. զօրակցութիւն մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան աշխատանքներուն: 6. մասնակցութիւն քաղաքացիական հասարակութեան ստեղծման գործընթացին: 7. պայքար բոլոր տեսակի խտրականութիւններու դէմ: 8. մասնակցութիւն արդարութեան ձգտող միջազգային շարժումներուն եւ համագործակցութիւն միջազգային առաջադիմական երիտասարդական կազմակերպութիւններու հետ: 9. մասնակցութիւն հայկական ինքնութեան պահպանման աշխատանքներուն Սփիւռքի մէջ: 10. հայ ժողովուրդի շահերուն ամէնուրեք ծառայելու գիտակցութեան եւ յանձնառութեան ստեղծում երիտասարդութեան մէջ:
ՍԵՄ-ի ընտանիքը իր շրջաններու գործունէութիւնը համադրուած եւ կենսունակ մակարդակի վրայ պահելու յառաջադրանքին մղուած, յանձին տուեալ շրջաններու ներկայացուցիչներու Պատգամաւորական Ա. Ժողովով յառաջացուցած է ՍԵՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը, որ զբաղած է ներքին կազմակերչական եւ շրջաններու կեանքը յուզող հարցերով, առաւել անոր գլխաւոր առաքելութիւնը եղած է միջ-մասնաճիւղային գործունէութեան համադրումը՝ տարեկան բանակում, խորհրդաժողովներ, կլոր սեղաններ, վերաորակաւորման դասընթացքներ, արշաւներ: Ինչպէս նաեւ հրատարակչական աշխատանքներ՝ Պարբերաթերթեր, պրակներ, Ամանորի առիթով պատի եւ գրպանի օրացոյցներ, կոչեր, որմազդներ, գազակներ, ձայներիզներ, տեսերիզներ եւ այլն:
ՍԵՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան կեդրոնը Հալէպ է, անոր հովանիին տակ կը գործեն դաստիարակչական, քարոզչական եւ այլ յանձնախումբեր: Հրատարակչական առումով անցեալին հրապարակուած է «Շանթ» պարբերաթերթը:
ՍԵՄ-ը Հալէպի մէջ նախապէս ունեցած է մէկ մասնաճիւղ, ապա՝ երկու, իսկ հիմա՝ «Փոթորիկ», «Ազատամարտ» եւ «Արցախ» մասնաճիւղեր: Մասնաճիւղը ազգային, յեղափոխական գաղափարական դրուածքով իր շուրջ համախմբած է բազմաթիւ երիտասարդութիւն:
Մասնաճիւղը բաժնուած է խումբերու: Անոնք իրենց դաստիարակչական ծրագրի շնորհիւ կը թրծուին, եւ կը պատրաստուին ամէն ինչէ առաջ ազգին ծառայող նուիրեալներ, ապա վաղուան ղեկավարները: Մէկ կողմէն խումբերը առանձին-առանձին, միւս կողմէ մասնաճիւղը կը կազմակերպեն արշաւներ, զրոյցներ, դասախօսութիւններ, քանի մը օրեայ բանակումներ եւ այլն:
Մասնաճիւղին մէջ գոյութիւն ունեցած են զանազան յանձնախումբեր, որոնց շնորհիւ հայ համայնքին ներկայացուած են ազգային եւ յեղափոխական դէմքերու եւ դէպքերու ձեռնարկներ: Մասնաճիւղի իրերայաջորդ վարչութիւնները հրատարակած են հատուկենտ պռոշիւրներ, երգարաններ: Շրջան մը հրատարակուած է Ազատամարտ մասնաճիւղի «Ազատամարտ», Փոթորիկ մասնաճիւղի «Փոթորիկ» եւ այլ պարբերաթերթեր:
Հալէպի երեք Մասնաճիւղերը կը մասնակցին ՍԵՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան կազմակերպած տարեկան բանակումներուն, միջ-մասնաճիւղային սեմինարներուն, խորհրդաժողովներուն ու այլ նախաձեռնութիւններուն: Ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Երիտասարդական-Ուսանողական համահայկական բանակումներու, սեմինարներու եւ այլ նախաձեռնութիւններու:
Մասնաճիւղերը իրենց յատուկ կեդրոնները եւ կամ այլ կեդրոններու մէջ իրենց տրամադրուած քանի մը սենեակներ ունին: Պատմական կարեւորութեան համար պէտք է նշել, թէ 1970ական թուականներուն գոյութիւն ունէր «Մարտիկեան» սրահը, որ կը պատկանէր ՍԵՄ-ի եւ ՊՄիութեան:
Միւս կողմէ, յայտնենք, թէ երեք մասնաճիւղերն ալ ունին յատուկ իրենց գրադարանը:
ՍԵՄ-ի անդամ-անդամուհիները Սուրիոյ տագնապին, յատկապէս Հալէպի մէջ տեղի ունեցած հրթիռակոծումներու եւ անապահով վիճակին մէջ հաւատարիմ մնալով իրենց ՈՒխտին կրցան յանձն առնել հայ ժողովուրդի ապահովական եւ ծառայողական մեծ աշխատանքները: Անոնք հայկական թաղամասերու ինքնապաշտպանութեան նուիրեալ գործին մէջ մեծ սխրագործութիւններ ցուցաբերեցին եւ հարիւրաւոր հայերու ու տեղացիներու կեանքն ու պատիւը փրկեցին: ՍԵՄ-ի անդամներ քաղաքի ամէն տեսակի ծանր գործերու մէջ միշտ առաջնակարգ դիրքերու վրայ գտնուեցան:
– Հայաստանի Ուսանողական Բարձրագոյն Հաստատութիւններու Շրջանաւարտներու Միութիւն- Բուհերու Միութիւն (1982)
– Սուրիոյ Համալսարաններու Շրջանաւարտներու Հալէպահայ Միութիւն (ՍՀՇՀՄ, 1985)
– 2004-էն ներկայութիւն է Սուրիահայ գրողներու համախմբումը (միութիւնը): Կեդրոնը Հալէպ: Անդամներուն մեծ մասը Հալէպէն են: Համախմբումի նպատակն է համախմբել սուրիահայ գրողները ու առիթը ստեղծել անոնց, հերթական հանդիպումներով մօտէն ճանչնալու զիրար ու տեղեակ ըլլալու իրարու ստեղծագործական աշխատանքներէն, միաժամանակ տեղեակ պահել զիրար գրական կարեւոր իրադարձութիւններէ:
Համախմբումը Բերիոյ թեմի առաջնորդարանի հովանաւորութիւնը կը վայելէ: Ազգ. Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս, իւրաքանչիւր ամսուան սկիզբը, Սրբազան հօր հրաւէրով անդամական հերթականութեամբ հանդիպում տեղի կ’ունենայ, զոր կը նախագահէ Առաջնորդ Սրբազան հայրը:
Համախմբումը կը կազմակերպէ գրական հրապարակային հանդիպումներ, երեկոներ, գիրքերու գինեձօն-շնորհահանդէսներ, կը ծաւալէ հրատարաչական աշխատանք, կը քաջալերէ հայ եւ արաբ փոխադարձ թարգմանութիւնները եւ հայն ու հայկականը կը ծանօթացնէ տեղացի արաբ ժողովուրդին:
Սուրիահայ Գրողներու Համախմբումի նախաձեռնութեամբ հրատարակուած է «Երթ» տարեգիրքի շարքը:
– Զաւարեանի Շրջանաւարտից Միութիւն
Հիմնուած է 2010 թուականին: Ազգ. Զաւարեան վարժարանի շրջանաւարտներու համախմբուը կը կազմէ Ազգ. Զաւարեան վարժարանի Շրջանաւարտից Միութիւնը: Ունի յատուկ Կանօնագիր, ընդունուած Ազգ. Վարչութեան կողմէ (հեղինակ՝ Աւօ Գաթրճեան): Միւութիւնը համարատու է Ազգ. Զաւարեան Վարժարանի Հոգաբարձութեան (հիմա՝ Ազգ. Միացեալ Նախակրթարան Վարժարան):
15 Օգոստոս 1936-էն ի վեր գործող Ազգ. Զաւարեան Վարժարանը, որ տասնեակ տարիներ շարունակած է իր նուիրական առաքելութիւնը կրթութիւն եւ ուսում ջամբելով բոլորին: Օրին, Վարժարանի կողքին կը գործէր Զաւարեան միութիւնը, որուն գլխաւոր նպատակն էր նիւթապէս եւ բարոյապէս օժանդակել եւ նեցուկ կանգնիլ վարժարանի վերելքին իր ներդրումներով օգտակար հանդիսանալ վարժարանի պիւտճէի հաւասարակշռման, այս բոլորին կողքին հաւատացած իրենց առաքելութեան սատար հանդիսանալու նպատակաւ նորանոր սերունդներու պատրաստութեան, որ ապագային պիտի ստանձներ ղեկավար պաշտօններ:
1936 թուականէն ստեղծած է հանրային գրադարանը եւ չնչին գումարներով գիրքեր կը մատուցեր աշակերտութեան, շրջանաւարտներուն եւ հանրութեան: Գրադարանը կը պարունակէր շուրջ 2500 գիրքեր:
Արդարեւ, 2010 թուականին Ազգային Զաւարեան Վարժարանի հոգաբարձութեան եւ տնօրէնութեան անխոնջ աշխատանքով եւ Ազգային Վարչութեան Քաղաքական ժողովի հաւանութեամբ կարելի եղաւ Զաւարեան միութեան փոխարէն, որ շուրջ 40 տարիներէ ի վեր դադրած է գործելէ յառաջացնել Զաւարեան Շրջանաւարտից միութիւնը այդ իսկ նպատակաւ հոգաբարձութիւնը խորհրդակցաբար Ազգային վարչութեան Քաղաքական ժողովի հետ նշանակեց վարչութիւն մը:
Միութիւնը, իր գլխաւոր նպատակը յաջողցնելու միտումով կը կազմակերպէ խրախճանքներ, ձեռնարկներ, վիճակահանութիւններ եւ այլն:
Զաւարեանի Շրջանաւարտից Միութիւնը, Միութեան Կանօնագիրը, Անդրանիկ Վարչութիւնը՝ Ազգ. Իշխանութեան վաւերացումով, ընթացք առած է տեղի ունեցած առաջին մեծ հաւաքով: Միութիւնը կը կազմակերպէ խրախճանքներ, ձեռնարկներ, վիճակահանութիւններ, որպէսզի համախմբէ շրջանաւարտներէ եւ հոնկէ գոյացած գումարով օգտակար դառնայ Զաւարեան վարժարանին ու աշակերտութեան աւելի բարգաւաճման համար:
– Ազգ. Սահակեան Վարժարանի Շրջանաւարտից Միութիւն
Հիմնուած է 2012-ին: Միւութիւնը համարատու է Ազգ. Սահակեան Վարժարանի Հոգաբարձութեան (հիմա՝ Ազգ. Միացեալ Նախակրթարան Վարժարան):
Ազգ. Սահակեան Վարժարանի հոգաբարձութեան եւ տնօրէնութեան անխոնջ աշխատանքով եւ Ազգային Վարչութեան Քաղաքական ժողովի հաւանութեամբ կարելի եղաւ յառաջացնել Զաւարեան Շրջանաւարտից: Միութիւնը կը ղեկավարուի Վարչութեամբ:
Միութեան գլխաւոր նպատակն էր նիւթապէս եւ բարոյապէս օժանդակել եւ նեցուկ կանգնիլ վարժարանի վերելքին իր ներդրումներով օգտակար հանդիսանալ վարժարանի պիւտճէի հաւասարակշռման:
Հայ Դատի Յանձնախումբ
Հայոց ցեղասպանութեան 50ամեակէն յետոյ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ եւ անմիջական հովանաւորութեամբ, ինչպէս սփիւռքի զանազան համայնքներուն մէջ, այնպէս ալ Հալէպի մէջ կազմաւորուեցաւ Հայ Դատի յանձնախումի յառաջացման գաղափարը: Սոյն Յանձնախումբը առաւելաբար Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումի շահերը հետապնդող գործունէութիւն ծաւալեց: Դասախօսութիւններով, արաբերէն գիրքերու հրատարակութեամբ եւ անձնական շփումներու միջոցով փորձած է շահիլ արաբ բարեկամներ:
Հալէպի Հայ Դատի յանձնախումբը նպատակադրած է արաբ բարեկամներէն բացի, իր շուրջ համախմբել նաեւ Հայ Դատի հայ բարեկամներուն, որոնք առանց մեծ պարտաւորութիւններու, պատրաստ են նիւթական եւ բարոյական ներդրում կատարել Հայ Դատին:
Հայ Դատի Յանձնախումբը կը կազմակերպէ տեւական քաղաքական ձեռնարկներ եւ դասախօսութիւններ, սուրիահայ համայնքի լայն խաւերուն հաղորդակից դարձնելով՝ հայկական հարցի ու պահանջատիրութեան ոլորտին մէջ նորանոր ձեռքբերումները:
Տարիներու ընթացքին, Հայ Դատի Յանձնախումբը յաջողած է տեւական աշխատանքներով ու ձեռնարկներով իր շուրջ համախմբել Հայ Դատի նկատմամբ դրական մօտեցում ունեցող արաբ բարեկամները:
Հայ Դատի Յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ պարբերաբար կը կազմակերպուին դասախօսութիւններ, ուր կը քննարկուին նիւթեր՝ Սուրիոյ պատմաքաղաքական կեանքին մէջ հայերու դերի մասին, ինչու չէ նաեւ՝ Հայոց ցեղասպանութեան եւ օրուայ այլ այժմէական հարցերու վերաբերեալ, որ կ’առնջուի Հայկական հարցին: Ըստ հնարաւորին դասախօսութեան կը հրաւիրուին արաբ մասնագէտներ եւ մտաւորականներ:
Հայ Դատի առնչուող եւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին գիրքեր կը թարգմանուին եւ կը հրատարակուին:
Վերոնշեալ դասախօսութիւնները, հրատարակութիւններն ու ցուցահանդէսները, որ պատմական, մշակութային, գրական եւ այլ ասպարէզներուն կը հանդիսանայ քարոզչական կարեւոր միջոցներէն մէկը՝ հայ ժողովուրդին ճանչցնելու եւ հայ-արաբական յարաբերութիւնները՝ քաղաքական, հասարակական եւ մշակութային տարբեր մակարդակներուն մէջ ընդլայնելու:
Հալէպի ոչ հայկական սրահներուն մէջ կը կազմակերպուին ձեռնարկներ՝ եւ ցուցահանդէսներ հայութիւնը առաւել ծանօթացնելու նպատակով:
Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումը ամէն տարի լաւագոյն առիթ կ’ընծայէ Հայ Դատի յանձնախումբին, որպէսզի քարոզչական ծաւալուն աշխատանք կատարէ թէ՛ ներհամայնքային առումով եւ թէ՛ յատկապէս արաբ եւ օտարազգի ժողովրդին ուղղուած:
Հայ Դատի Յանձնախումբեր յաջորդաբար ձեռնարկած են զանազան խորագրով խորհրդաժողովներ:
2005-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 90-րդ ամեակին առիթով Հալէպի Հայ Դատի յանձնախումբի նախաձեռնությամբ՝ Երեւան ժամանեցին Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին Սուրիոյ անապատներու մէջ հազարաւոր հայեր ազատող եւ տուն տուող արաբ աշիրաթապետներու (ցեղապետ) պատուիրակութիւն մը` բաղկացած Սուրիական Արաբական Հանրապետութեան հիւսիսարեւելեան շրջաններու 12 արաբ ցեղախումբերու ազդեցիկ աշիրեթապետերէ:
Պատուիրակութիւնը Ծիծիռնակաբերդ այցելեց յարգանքի տուրք մատուցելու Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին եւ Հայաստանի մէջ իրենց ներկայութեամբ եւս քանի մը անգամ աշխարհին ազդարարելու մեծ ոճրի մասին, որու հեղինակները հերքելու անյոյս ջանքեր կը գործադրեն: Նշենք, թէ 2002 թուականին Հայ Դատի կազմակերպութեամբ, Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդարանի նախաձեռնութեամբ պարգեւատրուեցան արաբ աշիրեթապետերը:
Սուրիոյ պատերազմի նախօրէին Հալէպի մէջ հաւատարմագրուած պետութիւններու հիւպատոսներ, հայ եւ Սուրիոյ քրիստոնեայ համայնքներու առաջնորդներ, նաեւ Հալէպահայ համայնքի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ Հալէպի հայկական ազգային գերեզմանատան մէջ յարգանքի տուրք մատուցած են Մեծ եղեռնի զոհերու յուշակոթողին պսակադրութեան պաշտօնական արարողութեամբ:
Միւս կողմէ, ազգային-մշակութային կեանքի վերելքին սատարող կարեւոր գործօններէն են հանդիսասրահներն ու սրահները: Հալէպի գլխաւոր հանդիսասրահներն են.-
– «Աւետիս Ահարոնեան» հանդիսասրահ, կառուցուած է 1956-1959-ին, Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս (Ազգ. Հայկազեան Երկսեռ Վարժարաններու Աղջկանց բաժնի ներքնայարկը): 1988-1989-ին, Ազգ. Առաջնորդարանի կողմէ հիմնովին վերանորոգուած եւ բարեզարդուած է (նախագիծ եւ իրագործում՝ հալէպահայ ճարտարապետ Գէորգ Երամեանի եւ հալէպահայ ճարտարագէտ՝ Կարօ Միսիրեանի):
Սրահը միայարկանի է, վերանուանուած է Աւետիս Ահարոնեանի անուամբ եւ կ’ընդգրկէ 450 հանդիսատեղեր: Պաշտօնական բացումը կատարուած է 28 Մայիս 1989-ին: Այժմ անգործածելի է:
– ՀԲԸՄ-ի «Գէորգ Նազարեան» հանդիսասրահ, կառուցուած է 1958-ին, Լ. Նաճարեան-Գ. Կիւլպէնկեան Կեդրոնական Վարժարանին կից: 1997-ին, Միութեան նախաձեռնութեամբ հիմնովին վերանորոգուած է եւ բարերարին անունով վերանուանուած է «Գէորգ Նազարեան» հանդիսասրահ: Սրահը երկյարկանի է, կ’ընդգրկէ 550 հանդիսատեղեր:
– Կրթասիրաց Մշակութային Միութեան՝ «Զօհրապ Գաբրիէլեան» հանդիսասրահը, կառուցուած է 1973 թուականին, Կրթասիրաց Վարժարանին կից: 1998-1999 թուականին, հիմնովին վերանորոգուած եւ բարեզարդուած է (նախագիծ եւ իրագործում՝ հալէպահայ ճարտարապետներ Անդրանիկ Մարկոսեանի եւ Գէորգ Երամեանի), արդեամբ՝ ամերիկահայ Ճէք Մանուշեանի, ի յիշատակ նախկին հալէպահայ Զօհրապ Գաբրիէլեանի, որուն անունով վերանուանուած է սրահը: Սրահը երկյարկանի է, կ’ընդգրկէ 700 հանդիսատեղեր:
– «Գէորգ Եսայեան» հանդիսասրահ, կառուցուած է 1997-ին, Ազգ. «Կիւլպէնկեան» վարժարանին ներքնայարկը: Արդիական կառուցուածքով մէկ յարկանի սրահը կ’ընդգրկէ 618 հանդիսատեղեր:
Վերոնշեալ գլխաւոր հանդիսասրահներուն զուգահեռ, հայկական վարժարաններէ կամ ակումբներէ ներս կը գործեն սրահներ. օրինակ, Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» սրահ (1926, բարեզարդուած՝ 2000-ին), ՀԵՄ-ի (նախկին ՀՄԸՄ-ի Թիլէլի ակումբ) «Հրաչ Փափազեան» սրահ (1940-ական թուականներ), Նոր Գիւղի Ճեմարանի կից գտնուող «Տիգրանեան» սրահ (1955, ապա բարեզարդուած), «Մարտիկեան» սրահ (1959 թուականին: Ապա սրահին հողատարածքը քանդուած եւ վերակառուցուած ազգապատկան «Սիս» շէնքը), «Զաւարեան» թատերասրահ (1965), «Սիս» շէնքի ներքնասրահը եւ ուրիշներ: Անշուշտ, ասոնց կողքին տակաւին կան եկեղեցիներու սրահները, որ առանձին եկեղեցիներու բաժնին մէջ կ’անդրադառնանք:
Թիլէլի ՀԵՄ-ի ակումբ (նախապէս ՀՄԸՄ-ի)
ՀՄԸՄ-ի ակումբը, կը գտնուի Հալէպի Թիլէլ փողոցին վրայ: Վարձու շէնք մըն է: 1940ական թուականներէն, շուրջ կէս դար ծառայած է ՀՄԸՄ-ի Հալէպի կեանքին ու յետոյ անոր գործածութիւնը իբրեւ ժողովատեղի յանձնուած է ՀԵՄ-ի:
Ակումբը ունեցած է ժողովասենեակներ, սրահ մը շուրջ 200 հոգի ընդունող եւ մեծ բակ մը, ամառները օգտագործելի: Հոն գործած է նաեւ «Քրիստափոր» գրադարանը (1919):
1988-1989-ին, յատկապէս սրահը հիմնովին վերանորոգուած է եւ վերանուամուած ազգային-հասարակական գործիչ, ՀՅԴ-ի անդամ, Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխան Հրաչ Փափազեանի անունով:
Ան սովորական ակումբի մը հասկացողութենէն տարբեր բան ունեցած է: Տարբեր բնոյթ, տարբեր նկարագիր ու աշխարհայեացք: Անմահներու Հրաչ Փափազեաննի, բժիշկ Ատուր Գապագեանի, Նշան Թիւսիւզեանի, Լուտէր Մասպանաճեանի, Վահէ Չօքքարեանի եւ ուրիշներու փառքն ու պարծանքը կը յուշեն:
Պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ սկզբնական շրջանին ակումբէն ներս ֆետայի Յարութիւն Սարգիսեան (Քեռի Թադօ) բնակութիւն հաստատած է:
2012 թուականէն ետք ընդհանրապէս անգործածելի եղած է եւ հրթիռակոծումներու թիրախ:
Արամ Մանուկեան Ժողովրդային Տուն (ԱՄԺՏ)
ԱՄԺՏ կառուցուած է Հալէպի վիլլաներու հայահոծ թաղամասէն ներս, 1176 մեթր քառակուսի տարածութեամբ հողաշերտի մը վրայ, գնուած երկու հանգրուաններով՝ 1946 եւ 1969 թուականներուն, նախաձեռնութեամբ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Սուրիոյ Մարմնին, Հովանաւորութեամբ՝ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Սուրէն Սրբ. Արք. Գաթարոյեանի, եւ արդեամբ՝ համայն հալէպահայութեան (գլխաւոր բարերարներէն են՝ հալէպահայ Մանուէլ Մահսէրէճեան, Կարապետ Չամիչեան, Բիւզանդ Քէյվանեան, Յակոբ Յակոբեան, Փանոս Քաջարեան, Աբրահամ Աւընեան, Յարութիւն Մարտիկեան, Անդրանիկ Ալեքսանեան, Աւետիս Մատեան եւ Յովհաննէս Խաչատուրեան):
Շէնքին շինարարական բարդ աշխատանքները ընթացք առած են 1981 թուականին, պաշտօնական հիմնարկէքը կատարուած է 21 մարտ 1982 թուականին, Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի կողմէ: Շէնքի կառուցումը աւարտած է 1988 թուականին (նախագիծ՝ դոկտ. Հէյսէմ Գուլիի, իրագործում՝ հալէպահայ ճարտարապետներ Անդրանիկ Մարկոսեանի, Նշան Օղիկեանի եւ Կարպիս Թովմասեանի): Հայ Կեդրոնի պաշտօնական բացումը կատարուած է 29 Մայիս 1988 թուականին, մասնակցութեամբ՝ գաղափարական գործիչ Հրաչ Տասնապետեանի:
Կոթողային այս կառոյցը քանի մը յարկերով կ’ընդգրկէ.- ա. Ներքնայարկը՝ «Շաւարշ Քրիսեան» մարզական սրահ: բ. գետնայարկ՝ «Սպիտակ» երիտասարդական սրահ (1989), որ յետագային բաժնուած է երկու մասի եւ բարեզարդուած՝ մէկ կողմը վերանուանուած «Նիու Սպիտակ»: Նոյն յարկին վրայ կը գտնուի «Մեղրի» հայկական անուշեղէնի վաճառախանութը, փոքրիկներու խաղավայրը եւ 2000 թուականէն սկսեալ, օժտուած է համակարգիչային կեդրոնով:
գ. առաջին յարկ՝ «Լեւոն Շանթ» մշակութային սրահ, որ կ’ընդգրկէ ընթերցարան մը, ճատրակի բաժին մը, շարժական փոքր բեմայարթակը եւ շարժապատկերի պաստառը, որ լայն առիթներ կ’ընծայէ գեղարուեստական ձեռնարկներուն, մշակութային այս սրահի բացումը կատարուած է՝ 3 դեկտեմբեր 1989 թուականին: Նոյն յարկին վրայ կը գտնուի «Քրիստափոր» հանրային գրադարանը:
դ. երկրորդ յարկ՝ «Անի» ճաշասրահը յատկացուած է խնճոյքներու եւ խրախճանքներու, պաշտօնական բացումը կատարուած է՝ 5 Յունուար 1990 թուականին: Նոյն յարկին վրայ կը գտնուի «Ռատիօ երազ» ձայնասփիւռի կեդրոնը:
ե. Երրորդ յարկ՝ ժողովասենեակներ:
զ. տանիքը՝ «Այգեստան Դալար» ճաշարան (ամառնային), պաշտօնական բացումը կատարուած է՝ 28 Մայիս 1989-ին, գեղազարդումի նախագիծ եւ իրագործում՝ հալէպահայ ճարտարպետ Գէորգ Երամեանի):
Պէտք է աւելցնել, որ շէնքի յարկերու յարակից բաժիններուն մէջ տեղադրուած են նաեւ ժողովասենեակներ տրամադրուած՝ Համազգայինի, ՀՄԸՄ-ի, ՍՕԽաչի, ՍԵՄ-ի, Պատանեկան Միութեան:
ԱՄԺ Տունը կը ղեկավարուի խնամակալութեամբ: Խնամակալներու բծախնդիր եւ աչալուրջ գործունէութեամբ ԱՄԺ Տունը կը պահէ հայկական իր ուրոյն դիմագիծը եւ վարկ կը ստանայ քաղաքի բոլոր բնակիչներուն մօտ:
Հիմնադրութենէն ի վեր, Արամ Մանուկեան Ժողովրդային Տունը որոշադրիչ դերակատարութեամբ անփոխարինելի տեղ կը գրաւէ հալէպահայ համայնքի կեանքէն ներս: Հազարաւոր մշակութային ձեռնարկներ, տօնակատարութիւններ, յոբելինականներ, խրախճանքներ, ինչպէս նաեւ հասարակական գործիչներ, գաղափարական, մտաւորական եւ այլ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ այստեղ ներկայութիւն եղած են:
201-ին սկիզբ առած Հալէպի մարտերու պատճառով ԱՄԺ Տան կարգ մը գործունէութիւններ մէկ կողմէ երբ կը կասի, միւս կողմէ ալ համեմատաբար աւելի ապահով ըլլալուն համար իր դռները կը բանայ եւ տէր կը կանգնի զանազան այլ հաստատութիւններու եւ միութիւններու: Այսպէս, օրինակ՝ 2012 թուականին ՍՕԽաչի Ազգ. Պատսպարանի սաները կը տեղափոխուին ԱՄԺ Տուն եւ կ’ապաստանին «Լ. Շանթ» սրահին մէջ: Համազգայինի Հալէպի Հայագիտական Հիմնարկը, Բարսեղ Կանաչեան երաժշտական դպրոցն ու ՍՕԽաչի մասնաճիւղեր հոն իրագործեցին իրենց ծրագիրները:
Հայ Փուռ
Նոր Գիւղի շրջանը գտնուող ազգապատկան «Սեւան» շէնքի ներքնայարկը 1990 թուականի յունիսին վերածուած է փուռի՝ «Հայ փուռ»: Ժրաջան աշխատանքով, փուռը տարիներ, շրջանի եւ հայկական այլ հաստատութիւններուն պարզ հաց մատակարարած է:
Յետագային, սակայն յատկապէս վերջին վարչութիւններու ժամանակաշրջանին՝ անոնց թոյլ հետեւողութեամբ ու անտեղի որոշումի պատճառով եւ «Հայ փուռ»ի ստեղծման նպատակներուն հակառակ, անփոյթ որոշումով մը «Հայ փուռ»ը աշխատանքէ դադրեցաւ:
Սուրիոյ պատերազմի ժամանակաշրջանին դժբախտաբար արդէն փակուած էր փուռը: Հետեւաբար, պատերազմի ժամանակահատուածին մէջ եւ հացի տագնապալի, չսելու համար, յատկապէս չգոյութեան օրերուն, «Հայ փուռ»ի գոյութեան շատ մեծ կարիքը կը զգացուէր համայնքին կողմէ:
«Սիմոն Վրացեան» Կեդրոն
«Սիմոն Վրացեան» կեդրոնը կառուցուած է Հալէպի Սիւլէյմանիէ հայաբնակ թաղամասէն ներս, 156 մ քառ. հողաշերտի վրայ, հողատարածքը նախկին Կիւլպէնկեան վարժարանն էր, հետեւաբար կալուածը ազգապատկան է: Կեդրոնի բացումը տեղի ունեցաւ 24 դեկտեմբեր 2003-ին, թեմի Առաջնորդ Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի կողմէ:
Այս կառոյցը քանի մը յարկերով կ’ընդգրկէ.-
ա. ներքնայարկը՝ «Գառնի» ճաշարանը յատկացուած է խնճոյքներու եւ խրախճանքներու եւ այլ առիթներու:
բ. գետնայարկ՝ Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղի, Հալէպի Հայ Համալսարանականներու Միութեան (ՀՀՀՄ), Սուրիոյ Հայ Շրջանաւարտից Համալսարսնականներու Միութեան (ՍՀՇՀՄ):
գ. առաջին յարկը՝ ՀՄԸՄ-ի:
դ. երկրորդ յարկը՝ Սուրիահայ Երիտասարդական Միութեան կը պատկանի (ՍԵՄ): Երկու ժողովասենեակ եւ «Աբրահամ Աշճեան» սրահ: Սրահը օժտուած է շարժապատկերի պաստառով:
ե. երրորդ յարկ՝ Սուրիահայ Պատանեկան Միութեան (ՍՊՄ): Ժողովասենեակներ են:
զ. չորրորդ յարկ՝ Խնամակալութեան գրասենեակները
է. ՍՕԽաչի «Սեւան» մասնաճիւղ եւ «Քրիստափոր» մատենաշար:
«Սիմոն Վրացեան» կեդրոնը կը ղեկավարուի խնամակալութեամբ: Խնամակալներու բծախնդիր եւ աչալուրջ գործունէութեամբ «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնը կը պահէ հայկական իր ուրոյն դիմագիծը:
2012-ին Հալէպի մէջ ծայր առած մարտերու պատճառով «Ս. Վրացեան» կեդրոնը համեմատաբար աւելի ապահով նկատուելուն համար Կեդրոնի Խնամակալութիւնը անմիջապէս Կեդրոնի դռները կը բանայ Ազգային հաստատութիւններու եւ զանազան այլ միութիւններու եւ տէր կը կանգնի անոնց: Ստորեւ կը նշենք այդ միութիւններու ու հաստատութիւններու անունները.- ա.- Ազգ. Առաջնորդարանը իր բոլոր գրասենեակները տեղափոխեց կեդրոնի քետնայարկը: բ. Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանի 12-րդ կարգի (պաքալորիա) աշակերտները 2011-2012 ուսումնական տարեշրջանին Սիմոն Վրացեան Կեդրոնի երեք յարկերու մէջ իրենց դասաւանդութիւնները կատարեցին: գ. Պատանեկան միութեան Նոր Գիւղի «Նիկոլ Դուման» մասնաճիւղը: դ. ՍՕԽաչի Նոր Գիւղի «Նայիրի» մասնաճիւղը: ե. Սրբոց Քառասնից Մանկանց թաղականութեան հովանիին տակ գտնուող դպրաց դաս, քարտուղարութիւն, աղքատախնամ եւ այլն: զ. ՍՕԽաչի ձեռագործի յանձնախումբի ժողովները եւ անոնց դասընթացքները նոյնպէս կը կատարուին կեդրոնին մէջ: է. Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանի շրջանաւարտից միութիւնը: ը. ՍՕԽաչի հայկական խոհանոց «Փեթակ» տնային ճաշեր մատուցող խոհանոց-վաճառատունը, որ իր ընթացիկ աշխատանքէ զատ հարիւրաւոր կարիքաւոր ընտանիքներու ճաշ կը մատակարարէ: թ. ՀՄԸՄ-ի փողերախումբ եւ այլն:
Պատերազմի ժամանակաշրջանին յատկապէս 2012, 2013 եւ 2014 տարիներուն Կեդրոնը անփոխարինելի որոշադրիչ դերակատարութիւն ունեցաւ հալէպահայ համայնքի ընդհանրապէս եւ Սուլէյմանիէ շրջանի յատկապէս կեանքէն ներս:
Պէտք է աւելցնել, որ «Ս. Վրացեան» Կեդրոնի երկրորդ յայրկի ՍԵՄ-ի «Աբրահամ Աշճեան» սրահը յաճախ օգտագործուեցաւ մշակութային, գեղարուեստական, շտապ օգնութեան դասընթացքներու եւ ձեռնարկներու: Ինչպէս նաեւ փոքրիկներու ֆիլմի եւ հեքիաթներու պատումի ձեռնարկներուն: Յատկապէս ՍՕԽաչի մասնաճիւղեր եւ Հալէպի Հայ Համալսարանականներու միութեան յանձնախումբեր հոն իրագործեցին իրենց ծրագիրները: Կեդրոնին մէջ շրջան մը գործեց նաեւ փոքր դարմանատուն մը:
Ուրբաթ, 10 Ապրիլ 2015 թուականի ռմբակոծութեան հետեւանքով «Սիմոն Վրացեան» Կեդրոնի թաղը ամբողջութեամբ քանդուեցաւ: Մէկ կողմէն Կեդրոնի կողքի շէնքը հիմնայատակ եղաւ եւ զոհուեցան շատ մը անձեր: Միւս կողմէ, կեդրոնի մէջ արձանագրուեցաւ վիրաւորներ, որոնք ակումբ գտնուող տղաքն էին:
«Սիմոն Վրացեան» Կեդրոնի 7 յարկանի շէնքը քարուքանդ եղաւ եւ անգործածելի: Սակայն կեդրոնին կրած վնասները արդէն երկու օր ետք վերացած էին, վերաշինութեան աշխատանքներ կատարուած, եւ այսօր «Վրացեան» կեդրոնը այն չէ, ինչ որ էր պայթումին օրը: