
Յատուկ «Հայրենիք»ին համար պատրաստուած, յօդուածագիր՝ Աւօ Գաթրճեանի այս ուսումնասիրութիւնները կը ներկայացնեն Սուրիահայ զանազան գաղթօճախներ եւ անոնց ետին գտնուող հարուստ պատմական անցեալը:
Նաեւ, շաբաթներու վրայ երկարող «Հայերը Սուրիոյ Պատնութեան Մէջ» յօդուածաշարքը կ՛ընդգրկէ կարգ մը անտիպ նկարներ, որոնք կը պատկանին յօդուածագրին, որ սոյն ուսումնասիրութեան համար օգտագործած է Սուրիոյ տարածքին մեր շրջաքայութեան ընթացքին հետազօտական, ականատեսի եւ ականջալուրի ու մանաւանդ անձնական գրադարանի արխիւներ, նաեւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի արխիւային նիւթեր եւ այլ հրատարակութիւններ:
Աազազ կամ Ազազ (արաբ. أعزاز), քաղաքը կը գտնուի Սուրիոյ հիւսիսարեւմտեան մասը, Հալէպի նահանգին մէջ: Հալէպէն 50 քմ արեւմուտք՝ թրքական սահմանէն 7 քմ հեռաւորութեան վրայ: Բարձրութիւնը ծովի մակերեսէն 573 մեթր է:
Շրջանը յայտնի է 1125 Յունիս 11-ին տեղի ունեցած հանրայայտ Ազազի ճակատամարտով, որ տեղի ունեցած է խաչակիրներու եւ սելճուքներու միջեւ:
Ազազի օդն ու ջուրը խիստ առողջարար են, իր բարձր դիրքով, գեղեցիկ բնութեամբ օժտուած ըլլալուն համար շատեր հոս կու գան օդափոխութեան համար:
Ազազ ընդարձակ դաշտերով, այգիներով ու գիւղերով շրջապատուած է: Նշանաւոր է իր պտուղներով՝ ձմերուկ, խաղող, սեխ եւ այլն: Յայտնի են ձիթաստանները տեղ-տեղ աղբիւրները:
Քիլիսի մօտ կառուցուած այս աւանը հողագործական եւ առեւտրական կեդրոն մը ըլլալուն պատճառով ապրուստի մեծ դիւրութիւններ ընծայած է իր բնակիչներուն:
Հայերը Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակահատուածին՝ 1919-ին, երեք հայ ընտանիքներու միջոցաւ եւ Աւետիս աղա Աթթարեանի գլխաւորութեամբ մուտք գործած եւ հաստատուած են Ազազի մէջ: Այնուհետեւ, Քիլիսէն եկած 65 հայ ընտանիքներ հաստատուած են հոս, որոնց գրեթէ բոլորն ալ բարեկեցիկ եղած են, իսկ ոմանք ալ նախանձելի դիրքերու տէր եղած:
Յատկապէս սկզբնական շրջանին, գիւղի բնակչութեան մեծամասնութիւնը եղած են հայեր, արաբներ եւ քիւրտեր: Հոն եղած են նաեւ թուրք ու եզիտիներ, բայց շուկան ու սրճարանը հայերէն եւ թրքերէն կը խօսուէր:
Շրջանը արագօրէն բարգաւաճած է եւ արհեստներու ու առեւտուրի կարեւոր կեդրոն դարձած: Ազազի զարգացման մէջ մեծ դեր ունեցած են հայ արհեստաւոր վարպետները, անոնց շնորհիւ տարածուած են պղնձագործութիւնը, երկաթագործութիւնը եւ ոսկերչութիւնը:
Հետզհետէ հայերու թիւը բազմացած է, Ազազի հայ համայնքը կը բաղկանար մեծաւ մասամբ քիլիսցիներէ, ապա՝ այնթապցիներէ եւ տիգրանակերտցիներէ: Թրքախօսներ ալ կային: Հայեր գլխաւորաբար Ազազի աւերակ բերդին արեւմտեան կողմը գտնուող գօտիին մէջ բնակութիւն հաստատած են, ուր հայկական առանձին թաղամաս մը կազմաւորուած է: Ապրած են համերաշխ իւրաքանչիւրը մասնակցած է համայնքի բարուոքութեան օգտին:
Ազազ հաստատուած հայ ընտանիքներէն շատեր հետագային կալուածներ գնած են եւ սկսած հողագործութեամբ, այգեգործութեամբ ու մեղուաբուծութեամբ զբաղիլ: Շատեր ալ գինիի եւ ձիթաիւղի պատրաստութեան գործարաններ բացած են:
Հայերու մեծամասնութիւնը արհեստաւոր դասակարգ եղած են, ինչպէս նաեւ հողագործներ, խանութպաններ՝ մսավաճառ ու կանաչեղէն, մանր առեւտրականներ՝ հագուստ, կերպաս, կօշիկ ու բժիշկներ եւ այլն:
1926-ին Ազազի հայութեան թիւը եղած է 200 տուն: Ըստ Ազգային Առաջնորդարանի Նոյեմբեր 23-ի համար 123 նամակին, 1938-ին Ազազի հայութեան թիւը եղած է 300 ընտանիք: 1952 Օգոստոս 9-ի տուեալներով 544 հոգի, 113 ընտանիք: 1957-ի տուեալներով 56 ընտանիք, 246 հոգի, որուն 116-ը արական, 130-ը իգական:
Տիար Աւետիս աղա Չափար Յարութիւնեան եղած է թաղապետ (մուխթար), օգնականներ ունենալով՝ Աբրահամ Պեկլեան, Յովհաննէս Թաթարեան եւ Գէորգ Քեահքէճեան:
Ազազի մէջ գոյութիւն ունեցած են հայ երեք յարանուանութիւններ՝ Առաքելական, Կաթողիկէ եւ Աւետարանական:
Ըստ 1934-ի վիճակագրութեան համաձայն, հայ Առաքելականներու թիւը եղած է 1415 հոգի, որուն 777-ը արական, իսկ 638-ը իգական: Իսկ 1944-ին՝ 250 տուն: Իսկ 1949-1950-ի շրջանին 100 հայ Առաքելական ընտանիք, 500 հոգիով: 1952 օգոստոս 9-ի տուեալներով հայ Առաքելական համայնքը 463 հոգի, 98 տուն:
Հայ Առաքելական համայնքը 1925-ին ունեցած է փառաւոր եկեղեցի մը, որ անուանուած է Սուրբ Թագաւոր: Եկեղեցին աղիւսաշէն շինուածքով եղած է գեղեցիկ, մանաւանդ իր կառուցուածքով եւ յարդարանքով:
Ս. Թագաւոր եկեղիցիի օծումը եւ առաջին հովիւ Արժանապատիւ Տէր Սահակ քահանայ Պալեանի ձեռնադրութիւնը տեղի ունեցած է Յուլիս 27, 1930-ին, Վարդավառի կիրակին, ձեռամբ ՆՍՕՏՏ Սահակ Բ. Խապայեան կաթողիկոսի եւ օրուան Արաջնորդ Գերշ. Տ. Արտաւազդ Արք. Սիւրմէեանի:
Եկեղեցւոյ անունը Ս. Թագաւոր անուանուած է, քանի որ Արտաւազդ Սրբազանի օծումը տեղի ունեցած է համանուն եկեղեցւոյ մէջ: Իսկ դպրոցը ի պատիւ Սահակ Վեհափառին անունով, իր փափաքին համաձայն:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Սահակ Բ. Խապայեանի տնօրինութեամբ Տէր Ստեփան Ա. քահանայ Ղազարեան, 1924-1927 այցելու, իսկ 1927-1930 Յունիս 25` հոգեւոր հովիւը եղած է: Ան, խոհեմութեամբ եւ կրօնաւորի մը վայել ձեւով կրցած է հովուել Ազազի հայ համայնքը: Տէր Ստեփանէն ետք, յաջորդաբար Ազազի հայ առաքելական եկեղեցւոյ սպասարկու եղած են տեղացի մնայուն հովիւներ՝ Արժանապատիւ Տ. Սահակ քահանայ Պալեան եւ Տ. Խորէն քահանայ Ներսէսեան՝ Սեպտեմբեր 19, 1943-ին Խորէն քահանայ Ներսէսեան Ազազի հովիւ ձեռնադրուեցաւ ձեռամբ Խադ արքեպիսկոպոս Աջապահեանի: Երկու տէր հայրներն ալ բնիկ քիլիսցի եղած են, ասոնք եւս անձնուիրութեամբ ծառայած են իրենց հօտին:

Եկեղեցւոյ մնայուն հովիւներու Հալէպ գաղթով, ժողովուրդը կը զրկուի մնայուն հովիւ մը ունենալէ, հետեւաբար հոգեւոր սնունդի մխիթարութիւնը կը կատարուի այցելու հոգեւոր հովիւ արժանապատիւ Տէր Բարսեղ քահանայ Սահակեանի կողմէ:
Սուրբ Թագաւոր եկեղեցին, Օգոստոս 31, 1958-ին դժբախտ պատահարի մը՝ ելեկտրական զետեղումներէ յառաջացած խզումի մը հետեւանքով հրոյ ճարակ կը դառնայ: Քիլիսի պատմական եկեղեցիին արժէքաւոր սպասներն, անօթներն ու զգեստները, որոնք պահ դրուած են հոն՝ ամբողջովին կը մոխրանան:
1959-ին մանկապարտէզի սրահը վերածուած է մատուռի, որուն օծումը մեծ շուքով կատարած է Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Ղեւոնդ Սրբազանը:
Ազազի մէջ գործած է նաեւ Կիրակնօրեայ վարժարանը, որ հիմնուած է Հոկտեմբեր 15, 1930-ին: Հիմնադրութենէն ի վեր մեծ դերակատարութիւն ունեցած է ազազահայ պարման-պարմանուհիներուն քրիստոնէական դաստիարակութիւն ջամբել: Ըստ 1948-ի տուեալներուն Կիրակնօրեայ վարժարանը ունէր 185 աշակերտներ, 88 մանչ եւ 97 աղջիկ: 1949-ին` 160 աշակերտներ, 76 մանչ եւ 84 աղջիկ: 1950-ին` 119 աշակերտներ, 46 մանչ եւ 73 աղջիկ:
1922-էն ի վեր իրերայաջորդ թաղականութիւնները ժրաջան աշխատանք ցուցաբերած են շրջանին օգտակար դառնալով բոլոր կարիքաւորներուն ամէն տեսակի օժանդակութեամբ:
Ազազի Ազգ. Սահակեան վարժարանը հիմնուած է 1922-ին: Դպրոցի անունը տրուած է ի պատիւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսներէն ՆՍՕՏՏ Սահակ Բ. Խապայեանի անունով:
Վարժարանը 1922-1923 ուսումնական տարեշրջանին նախ գործած է Բենիամին Ղազելեանի բնակարանին մէջ, 30 աշակերտներով: Ապա՝ 1923-1924-ին՝ Մուրատ Խամլեանի սրճարանը վերածուած է դպրոցի: 1924-1925-ին՝ օրուան նամակատան մերձակայքը գտնուող փոքր բնակարանի մը մէջ, 40 աշակերտութեամբ: Իսկ 1925-1926 ուսումնական տարեշրջանին վարժարանը կ’օժտուի սեփական շէնքով:
Ազգ. Սահակեան վարժարանը ենթակայ եղած է Բերիոյ Թեմին՝ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Արտաւազդ Արք. Սիւրմէյեանի օրէն, սակայն հովանաւորուած է Հ.Բ.Ը.Մ.-ի կողմէ:
Օգոստոս 24, 1929-ի թիւ 1723 պետական հրամանագրով վարժարանը Սարգիս Պալեանի (Տէր Սահակ) անունով վաւերացուած է:
1932-ին դպրոցի տնօրէնութիւնը վարած է Կարօ Ադամեան: Իսկ 1932-1933 ուսումնական տարեշրջանին՝ Սահակ Պալեան:
Սկզբնական շրջանին վարժարանը ունեցած է շուրջ 35 երկսեռ աշակերտներ: Ըստ Բերիոյ Թեմի արխիւներուն` 1931-ին վարժարանի աշակերտութեան ընդհանուր թիւը եղած է 220 երկսեռ ուսանողներ, նախակրթարան՝ 110, (70 մանչ, 40 աղջիկ: Մանկապարտէզ՝ 110-ը, 60 մանչ, 50 աղջիկ): 1932-1933 ուսումնական տարեշրջանին 230 աշակերտներ, 143-ը մանչ, 87՝ աղջիկ: 1933-1934-ին՝ դարձեալ 230 աշակերտ, 119-ը նախակրթարան, իսկ 111-ը մանկապարտէզ: 1934-ին՝ ընդհանուր թիւը եղած է` 243, 149 մանչ, 94 աղջիկ: 1936-1937-ին՝ 318 աշակերտ, 172 մանչ, 146 աղջիկ: 1937-1938-ին` 206 աշակերտ, 107 նախակրթարան, 99 մանկապարտէզ: 1940-1941-ին՝ 291 աշակերտ, 164 մանչ, 127 աղջիկ: 1941-1942-ին՝ 307 աշակերտ, 156 նախակրթարան, 151 մանկապարտէզ: 1942-1943-ին` 223 աշակերտ, 106 նախակրթարան, 117 մանկապարտէզ: 1943-1944-ին՝ 230 աշակերտ, 107 նախակրթարան, 123 մանկապարտէզ: 1944-1945-ին՝ 235 աշակերտ, 116 նախակրթարան, 119 մանկապարտէզ: 1945-1946-ին՝ 224 աշակերտ, 100 նախակրթարան, 124 մանկապարտէզ: 1946-1947-ին՝ 165 աշակերտ, 75 նախակրթարան, 90 մանկապարտէզ: 1947-1948-ին՝ 172 աշակերտ, 92 նախակրթարան, 80 մանկապարտէզ: 90 մանչ, 82 աղջիկ: 1948-1949-ին՝ 162 աշակերտ, 87 նախակրթարան, 75 մանկապարտէզ: 83 մանչ, 79 աղջիկ: 1949-1950-ին՝ 169 աշակերտ, 81 նախակրթարան, 88 մանկապարտէզ: 82 մանչ, 87 աղջիկ: 1950-1951-ին՝ 126 աշակերտ, 72 նախակրթարան, 54 մանկապարտէզ: 1951-1952-ին՝ 114 աշակերտ, 52 մանչ, 62 աղջիկ: 1952-1953-ին՝ 109 աշակերտ, 67 նախակրթարան, 42 մանկապարտէզ: 56 մանչ, 53 աղջիկ: 1953-1954-ին՝ 106 աշակերտ, 62 նախակրթարան, 44 մանկապարտէզ: 1954-1955-ին՝ 125 աշակերտ, 50 նախակրթարան, 75 մանկապարտէզ: 1955-1956-ին՝ 90 աշակերտ, 28 նախակրթարան, 62 մանկապարտէզ: 1956-1957-ին՝ 74 աշակերտ, կարգ՝ Զ.: 1957-1958-ին՝ 85 աշակերտ, կարգ՝ Ե.: 1958-1959-ին՝ 66 աշակերտ: 1959-1960-ին՝ 62 աշակերտ, կարգ՝ Դ.: 1960-1962-ին՝ 65 աշակերտ, կարգ՝ Ե.: 1962-1963-ին՝ 30 աշակերտ, կարգ՝ Գ.:

Տեղին է նշել, որ դպրոցի բացումէն մինչեւ փակուիլը (1932–1963) մեծ նպաստ բերած են քիլիսցի բարերարներ եւ քիլիսցի կազմակերպութիւններ, ինչպէս նաեւ Հայոց Համազգային կազմակերպութիւնը, Հ.Բ.Ը.Մ.-ը, լիովին նպաստած ու հովանաւորած է զայն, աւելցնենք, թէ Հ.Բ.Ը.Մ. 1951-ին վարժարանի բոլոր կահ-կարասիները հոգացած է:
Վարժարանի մանկապարտէզը 1958-ին երբ կը վերածուի մատուռի, յաջորդ տարին Թաղական Խորհուրդի ջանքերով այլ սրահ մը կը շինուի եւ կը տրամադրուի մանկապարտէզին:
Մեթր Համբարձում Պէրպէրեան (բնիկ քիլիսցի) միեւնոյն ատեն թաղականութեան ատենապետ եղած է, ու ձրիօրէն պաշտօնավարած դպրոցին մէջ, ամէն զոհողութիւն յանձն առնելով: Ան, 1930-էն մինչեւ 1963 դպրոցի յառաջդիմութեան մեծապէս նպաստած է: Համբարձում Պէրպէրեանի ջանքերով եւ անսակարկ նուիրումին իբրեւ արդիւնք 1930-ին, բացուած է գիշերային դպրոց մը, որ մեծ նպաստ բերած է համայնքի զաւակներուն:
Հայ կաթողիկէ համայնքը օրին կը հաշուէր 40 անձ, 8 ընտանիք՝ Մակարեաններ 3, Գասպարեաններ 3, Ֆատել Աղա Սերոբեան 1, Հաճի Յովսէփ Գասպարեան 1: Բոլորն ալ նիւթապէս ի վիճակի եղած են եւ գործակցած ազգային բոլոր նախաձեռնութիւններուն, իբրեւ քիլիսցի: 1952 Օգոստոս 9-ի տուեալներով հայ կաթողիկէ համայնքը կը հաշուէր 20 հոգի, 4 տուն:
Աւետարանական համայնքը եւս կը բաղկանար 8 ընտանիքէ, 42 հոգի: Թորոս Էֆէնտի Վարպետեան, Արթին Կիւլկիւլեան, Մարկոս Քիւլահճեան, Յովհաննէս Պետոյեան, Պետրոս Պետոյեան, Աւետիս Սատաքեան, Արմենակ Թօփճեան, Գէորգ Ալէմեան: Նշենք, որ բոլորն ալ քիլիսցիներ էին, բացի Ալէմեանը, որ Այնթապցի եղած է: 1952 Օգոստոս 9-ի տուեալներով հայ Աւետարանական համայնքը կը հաշուէր 61 հոգի, 11 տուն:
Աւետարանականները 1934-էն ետք ունեցած են սեփական ժողովարանն ու դպրոց:
Մանկապարտէզ եւ նախակրթարան բաժիններով երկսեռ վարժարանը 1943-1944 ուսումնական տարեշրջանին ունեցած է 40 աշակերտ: Իսկ 1951-ի տուեալներով՝ 45 երկսեռ աշակերտ, պաշտօնավարած են 4 ուսուցիչներ: 1945-1946 տարեշրջանին՝ 80 (44 մանչ եւ 36 աղջիկ): 1953-1954-ին՝ 40 (27-ը մանկապարտէզ, 13-ը նախակրթարան):
1954-ին պետական հրահանգով եւ աշակերտութեան նուազումի պատճառով վարժարանը փակուած է:
Հ.Բ.Ը.Մ.-ը իր նիւթական եւ բարոյական օժանդակութիւնը բերած է վերոնշեալ վարժարանին, իսկ 1951-ին վարժարանի բոլոր կահ-կարասիները հոգացած է:
Ազազի հայ համայնքը ունեցած է երկու սեփական գերեզմանատուն:
Ազազի մէջ գործած են հետեւեալ միութիւնները.-
– Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (Հ.Բ.Ը.Մ.) Ազազի մասնաճիւղի հիմնադրութեան թուականը թէեւ անյայտ է, սակայն ակնյայտ է, որ մասնաճիւղը 1922-էն նիւթական օժանդակութիւններ կատարած է տեղւոյն Թաղական Խորհուրդին եւ վարժարանին: Մասնաճիւղի ընդհանուր անդամական ժողով մը տեղի ունեցած է Փետրուար 26, 1931-ին:

Մասնաճիւղի վարչութեան Յուլիս 22, 1943-ի նիստէն երեւան կու գայ, որ արանց մասնաճիւղի կողքին գործած է նաեւ Օրիորդաց եւ Տիկնանց վարչութիւն մը եւ Հայ Երիտասարդաց Միութիւնը (Հ.Ե.Ը.), որոնց ջանքերուն շնորհիւ կարելի եղած է այրերու թիւը 24-էն 42-ի բարձրացնել: 1944-ին մասնաճիւղի անդամներուն թիւը եղած է 53:
– Ազազի Քիլիսցի Կրթական Երիտասարդաց Միութիւնը սկիզբ առած է 1926-ին: 1927-ին ունեցած է 12 անդամ: 1937-ին, Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան (Հ.Ե.Ը.) հիմնադրութեան ընթացքին, միութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը միացած է Հ.Ե.Ը.-ին, իսկ մնացեալն ալ Հ.Մ.Ը.Մ.-ին: Այսպիսով մասնաճիւղը ինքնաբերաբար կազմալուծուած է: 1932-ին անդամներուն թիւը եղած է 53 հոգի, սակայն 26-ը միայն ներկայ եղած են:
– Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան (Հ.Մ.Ը.Մ.) Ազազի մասնաճիւղը հիմնադրուած է 1934-ին: Պատանիներու եւ երիտասարդներու մէջ մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծած է: Սկզբնական շրջանին իբրեւ ակումբ օգտագործած են վարժարանը, ապա ունեցած սեփական քարաշէն ակումբ, կահաւորուած եւ կազմած գրադարան մը: Մասնաճիւղը սկաուտական եւ գայլիկներու կազմով եւ ֆութպոլի խումբով, թէպէտ այս թիւը կը տարուբերի տարուան եղանակներու համեմատ` որոշ յաւելումով կամ նուազումով, բայց եւ այնպէս աչքառու գործունէութիւն ունեցած է համայնքին մէջ:


Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Ազազի մասնաճիւղը հերթականօրէն իր մասնակցութիւնը բերած է Հալէպի մէջ Սուրբ Զատկին տեղի ունեցող տարեկան Միջ-մասնաճիւղային մրցումներուն ու տողանցքներուն:
Մասնաճիւղի թիւը ներգաղթէն ետք, թէեւ նօսրացած է, սակայն մնացորդացը շարունակած է իր աշխատանքը: Իսկ աւելի ուշ մասնաճիւղը արդէն կազմալուծուած է եւ ակումբն ալ նախ վարձու տրուած, յետոյ ծախուած:
– Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութիւնը (Հ.Ե.Ը.) հիմնադրուած է 1937-ին: Այդ տարին ունեցած է 50 անդամ: Մասնաճիւղը ունեցած է իր սեփական ակումբը սրահով եւ բեմով օժտուած: Մասնաճիւղը ունեցած է ֆութպոլի շատ լաւ խումբ մը բնականաբար գերազանց ֆութպոլիստներով: Բեղուն գործունէութիւն ունեցած է:
Միւս կողմէ, պատանի ու երիտասարդ տարրին մտային զարգացման եւ յառաջդիմութեան սատար կանգնելու համար նախաձեռնած է գիշերային դասընթացքներ եւ լսարաններ ու այլ ձեռնարկներ: Իրագործած է յատուկ գեղարուեստական յայտագիրներ:
Ներգաղթի պատճառով մասնաճիւղը կը կազմալուծուի:


Արդարեւ, 1946-ին Ազազէն հարիւր ընտանիք Հայաստան ներգաղթած է, որմէ ետք համայնքը տկարացած եւ մնացեալներն ալ աստիճանաբար սկսած են տեղափոխուիլ դէպի Հալէպ եւ Պէյրութ:
Ազազ Հալէպի հայութեան համար օդափոխութեան կեդրոն դարձած է: Շատ մը հալէպահայեր բնակարաններ վարձելով ամրան եղանակը հոն անցուցած են եւ ձմեռուան պաշար պատրաստած:
Ազազի հայ համայնքի կեանքին մէջ երկար տարիներ անխտրականօրէն ծառայած եւ ազգային բեղուն գործունէութիւն ունեցած են. Արժանապատիւ Տէր Սահակ քահանայ Պալեան, մեթր Համբարձում Պէրպէրեան, բժիշկ Միհրան Վարպետեան, Սարգիս Ղազարեան եւ ուրիշներ:
Տէր Սահակ քահանայ Պալեան, ոչ միայն 12 տարի քահանայագործած է Ազազի Ս. Թագաւոր եղեղեցւոյ մէջ, այլեւ շուրջ 12 տարի ալ եղած է Ազազի ինքնակառավարման խորհուրդի (Մեճլէս Իտարա) անդամ:
Ազազի հայ համայնքը 1970ականներէն սկսեալ զանազան պատճառներով աստիճանաբար նօսրացաւ մինչեւ, որ հայաթափուեցաւ:
Անհրաժեշտ կը նկատենք ընդգծել, որ 2011-ին Սուրիոյ պատերազմի պատճառով Ազազի աշխարհաքաղաքական եւ զինուորական կարեւորութիւնը առաւել եւս շեշտուեցաւ, յատկապէս հոն Ազազի թուրքմէններու ներկայութիւնը: