ՀԱՅԵՐԷՆ ՏՊԱԳԻՐ ԳԻՐՔԻՆ ԿԸ ՍՊԱՌՆԱ՞Յ ԱՆՀԵՏԱՑՄԱՆ ՎՏԱՆԳ

0 0
Read Time:3 Minute, 11 Second

 Յ. Պալեան

            Եթէ այսօր չխօսուի այս մասին, եւ հայերէն տպագիր եւ թուղթէ գիրքին սպառնացող անհետացման վտանգին մասին, թէ պետութիւն եւ թէ գիր-գրականութեան պաշտպան  եւ  անոր զարգացման, համար գործող կազմակերպութիւններ կրաւորականութիւն ցուցաբերեն,  հայերէն գիրքը պիտի չքանայ հրապարակէն,  եթէ  դեռ կարգ մը անձեր,  սիզիֆեան յամառութեամբ,  ժամանակ մըն ալ յիսուն կամ հարիւր օրինակով գիրք լոյս ընծայեն, պիտի հասնինք հոն՝ ուր ինչպէս օր մը իր գիրքին վրայ բանաստեղծ Զուլալ Գազանճեան գրեց՝ «Նուէր կը տրուի բարեկամներու»:

            Միշտ կարելի է  նստիլ եւ զրուցել-վերլուծել  այս նահանջի պատճառները,  որպէս բանգէտ  հռոմէացի  ծերակուտականի պարեգօտ  հագնելով:  Ճիշդ է, նաեւ ֆրանսական, ամերիկեան եւ այլ ժողովուրդներու պարագային ալ առկայ է նման միտում, այն օրէն ի վեր  երբ թուայնացումը (numérique) սովորական  դարձաւ, մշակութային բարքերու մաս:  Օրինակ, e-book-ի դրութիւնը. գիրքը աւելի աժան է, նուազ ծանր եւ  ցանկացողը  անմիջապէս  կրնայ գտնել:

            Չենք կրնար ըսել որ հայերը գիրք չեն կարդար:  Հայերը գիրքեր կը կարդան  տարբեր  լեզուներով: Նուազած է հայերէն գիրք կարդացողներու թիւը եւ ասոր պատճառը կը համարուի յիշուած թուայնացումը, թէեւ, խօսքի ընթացքին, հայերէն գիրքի թուայնացումը պահանջողներ կ’ըլլան:  Ճիշդ է, զբօս-ժամանցի բազմացումը,  հեռատեսիլը, օտար լեզուներու թափանցումը հայկական ընկերութեան մէջ, օտարալեզու գիրքերու շուրջ եղած քարոզչութիւնը, կրթական հաստատութիւններու մէջ անոնց տրուած կարեւորութիւնը, կը նեղցնեն հայերէն  գիրքի տարածման ծիրը:

            Առաւել, գրական հայերէնի իւրացումը, ե՛ւ արեւելահայերէնի ե՛ւ արեւմտահայերէնի,  հետզհետէ նուազ որակաւոր կը դառնայ  եւ  որակով հայերէն իւրացնողներու  տոկոսը  կը նուազի:  Դժբախտաբար  ոչ սովորութիւնը եւ ոչ ալ միջոցները ունինք հարցախոյզ կազմակերպելու, եւ կը գոհանանք ենթակայական գնահատումներով:  Բայց կայ առարկայական փաստը.  գիրքերուն տպաքանակի  թիւերը, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ):

            Խաբկանք պատճառող շնորհահանդէսներուն ծախուած կամ նուէր տրուած գիրքերը չեն վկայեր ընթերցողի թիւի մասին:

            Ըստ հարցախոյզի մը, ֆրանսացիներու 77%ը կը յայտարարէ, թէ կը սիրէ ընթերցումը, մասնաւորաբար գիրքերու: Կրկին,  ֆրանսացիներու 11%ը  կը յայտարարէ, թէ  տարուան ընթացքին  թուայնացուած մէկ  գիրք կարդացած է: Ուրեմն, ֆրանսացիին կամ ամերիկացիին համար տպուած-թուղթ գիրքը դեռ կրնայ տեւել: Հաւանօրէն, դեռ երկար ժամանակ մըն ալ, տպագրուած եւ թուայնացած  գիրքը պիտի ապրին կողք կողքի, պէտք է մանաւանդ գիտնալ, որ թուայնացած գիրքը, e-bookը ձրի չէ:

            Գիրքը, ան ըլլայ օտարալեզու թէ հայերէն, եղած է վաճառուելու համար, եւ եթէ այդպէս է, ըստ այնմ պէտք է վերաբերիլ անոր:  Հոս կը սկսի գիրքը սպառողին-վաճառողին դերը, անոր վիճակուած է կարեւոր դեր: Ամենէն դժուար եւ քիչ վա-ճառուողները բանաստեղծութեան գիրքերն են: Անգլիոյ մէջ եղած էր փորձ մը. բա-նաստեղծները իրենց ձեռագիրը կամ գիրքը կը կարդային գարեջրատուներու (pub) մէջ եւ հետաքրքրութիւն կը ստեղծէին:  Լոս Անճելըսի մէջ հանդիպեցայ  գրատուներու, ուր կարելի էր նստիլ, բաժակ մը սուրճ առնել, գիրքերը  թերթատել  եւ գիրք գնել: Ֆրանսա ալ կարելի է  կարգ մը գրատուներ երթալ,  սուրճ մը առնել, նոյնիսկ ճաշել, գիրք գնել եւ վաճառել:

            Հայերէն գիրքը  պէտք է ներակայացնել, պարզ գրախօսականէ մը աւելին ընելով, թէեւ այդքանն ալ յաճախ չի կատարուիր: Գիրքը պէտք է տանիլ ժողովուրդին, իրեն մօտ, իր թաղին մէջ:  Այս արդէն հրատարակիչի, գրախանութի եւ մշակութային գրական միութեան գործն է:

            Եթէ  վաղը դադրի հայերէն տպագիր գիրքը, մնան միայն  պատկերազարդ ալպոմները, խոհանոցի գիրքերը եւ մանկական պատկերազարդ պրակները եւ խաղերը, ի՞նչ պիտի ըլլայ հայ գրականութեան ճակատագիրը: Գրականութիւնը ժողովուրդի մը հոգիին հայելին է, ժամանակի վկայութիւնը:

            Սերունդները ինչպէ՞ս պիտի անցնին անմիջական ժամանակէն անդին, միայն բիզնե՞սով, տուրի՞զմով, պատառոտած ճինզե՞րով, ուռած շրթներով, ներկուած մազերով եւ նորոյթ համարուած եւ անմիջապէս մոռցուող երգերով…

            Ղեկավարութիւնները, Հայաստան եւ սփիւռքներ, կացութեան պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ ընելիք ունի՞ն, քիչ մը անդին անցնելով  բարեսիրական  արշաւներէ եւ երեւելիական մարմաջներէ: Հարցում էր:

            Միութիւններ, անոնց անդամները եւ վարչականները, չե՞ն անհանսգտանար հարիւր կամ հինգ հարիւր տպաքանակով  եւ չսպառող գիրքերու մասին երբ կը լսեն…

            Երեւան այցելել, հպարտութիւն պատճառող Մատենադարանով հիանալ, եւ անտարբեր հանդիսատեսը ըլլալ  հայ գիրին եւ գիրքին, չ’անհանագստացնե՞ր  դրօշակ շապիկներով թափառողները եւ զանոնք այդպէս քաջալերողները…

            Շէքսփիր ըսած էր, որ բան մը սխալ է Դանիոյ թագաւորութեան մէջ

            Մեր մեծ եւ պզտիկ փառասիրութիւններու, յաջողութիւններու ճչացող  թագաւորութիւններուն մէջ, բեմերուն եւ հեռատեսիլային  շատախօսութիւններուն  մէջ տեղ մը, բան մը…

            Որքա՜ն լաւ պիտի ըլլար, որ այս խօսքերը անհանգստացնէին, Հրազդանի եզերքէն  մինչեւ Սենեկա, մինչեւ Փոթոմաք եւ բանաստեղծի արեւադարձային բաղնիք կոչած  քաղաք-աշխարհը…

            Հարիւր տպաքանակով  գրական ուսումնասիրութեան հատոր…

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

One thought on “ՀԱՅԵՐԷՆ ՏՊԱԳԻՐ ԳԻՐՔԻՆ ԿԸ ՍՊԱՌՆԱ՞Յ ԱՆՀԵՏԱՑՄԱՆ ՎՏԱՆԳ

  1. Յուզող ու խռովեցուցիչ հարց է։ Արդեօք ի՞նչ թուային տուեալ ունինք այս մասին, քանի՞ տոկոսով պակսած է հայերէն նոր գիրքերու հրատարակութիւնը մեր գաղութներուն մէջ։ Արդեօք ո՞ր երկրի գաղութին մէջ աւելի պակսած է, ո՞ր երկրի գաղութին մէջ աճ արձանագրած է…
    Ինչ կը
    վերաբերի հին տպագրութիւնները իբրեւ արժէք պահպանելուն, վերջերս ակներեւ է բաւական նախաձեռնութիւններ զանոնք թուայնացնելու, ինչպէս նշած է հեղինակը եւ արդէն իսկ մաս մը գործօն են ու գտած լայն ընդունելութիւն։ Հակառակ գիրք մը թերթատելով կարդալու առաւելութեան, հայերէն լեզուով տպուած գիրքերը արդեօք ժամանակի ընթացքին բնական պատճառներով ալ կորսուելու կամ փճանալու վտանգին տակ չե՞ն (ահա թուայնացման աշխատանքի մէկ այլ արժէք)։ Համամիտ չեմ այն կարծիքին թէ թուայնացման պատճառով հայերէն գիրքի ընթերցանութիւնը նուազեցաւ։ Հոս թերեւս քարոզչութեան միջոցները աւելի պէտք է ընդարձակել հրապարակին ընդհանրապէս, որովհետեւ փաստ կայ թէ թուայնացման այդ մեքանիզմն ու անոր հետ ընդարձակուող ընկերային ցանցերը աւելի հրապուրիչ դարձուցած են հայերէն գիրքերու ընթերձանութիւնը։ Իսկ ինչ կը վերաբերի ապագայ սերունդներու դաստիարակութեան ու գոյատեւման վերաբերող՝ «Սերունդները ինչպէ՞ս պիտի անցնին անմիջական ժամանակէն անդին, միայն բիզնե՞սով, տուրի՞զմով, պատառոտած ճինզե՞րով, ուռած շրթներով, ներկուած մազերով եւ նորոյթ համարուած եւ անմիջապէս մոռցուող երգերով…», սերունդի մը հայօրէն գոյատեւումը կը կարծեմ թէ հաւաքական աշխատանքի արգասիքը կը հանդիսանայ, որուն մէջ պէտք չէ մոռնալ հայ ընտանիքին, հայ դպրոցին, հայ ակումբին ,միութիւններուն ու եկեղեցւոյ դերը այդ առաքելութիւնը յաջողցնելու մէջ, որուն արդիւնքը շատ յստակօրէն կը տարբերի գաղութէ գաղութ։ Եթէ օր մը տպագիր գիրք չմնայ, հայ ընտանիք, հայ դպրոց, ակումբ, եկեղեցի, միութիւննե՞ր ալ պիտի չմնան։ Մէկը պիտի չմնա՞յ հայ գիրքը արժեւորող։ Իսկ թերեւս ալ թուայնացման ընձեռած մանկավարժական առաւելութիւնները եւ նաւեւ անոնցմէ լաւապէս օգտուելու կարելիութիւնը օրէ օր պիտի զարգանայ մեր գիտցած սահմաններէն աւելին։
    Այո, ձեւով մը վտանգ է ու մեծ կորուստ երբ օր մը տպագիր գիրք չմնայ, բայց կարելի է շրջանցել ու տարբեր հաւաքական աշխատանքներ ձեռնարկել թէ պահպանելու եւ թէ ալ թուայնացման աշխատանքը զարգացնելու։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles