
Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան 79-րդ Ողիմպիականը, տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի Օգոստոս 30-էն, Երկուշաբթի Սեպտեմբեր 3, Պոսթընի մէջ:
Աւելի քան հազար մասնակցողներ ներկայ էին այս սպասուած հաւաքին:
Անցեալի եւ ներկայի անդամներ քանի մը օր միասնաբար, անմոռանալի ժամեր անցուցին եւ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեցին:
Մրցումներուն կողքին տեղի ունեցան հաւաքներ եւ խնճոյքներ:
Նախկին Երիտասարդականներուն համար տեղի ունեցաւ, յատուկ հաւաք մը, Ուաթըրթաունի Հայ Կեդրոնին մէջ:
Յաջորդող օրերուն, այլ խնճոյքներու ընթացքին, ելոյթ ունեցան Արմենչիք եւ Օննիկ Տինքճեան:
Իսկ վերջին օրը, տեղի ունեցաւ հրաժեշտի դաշտագնացութիւն “Քէմփ Հայաստան“ի մէջ: Յառաջիկայ 80-րդ Ողիմպիականը, տեղի պիտի ունենայ Ուաշինկթընի մէջ:
Ստորեւ դասաւորումը.-
1. Փրովիտենս` 176
2. Պոսթըն` 145
3. Ֆիլատելֆիա` 124
4. Տիթրոյթ` 49
5. Նիւ Ճըրզի` 39
6. Կրանիթ Սիթի` 23
7. Ուստըր` 20
8. Թորոնթօ` 16
9. Շիքակօ` 12
10. Մոնրէալ` 5
11. Նորթ Էնտովըր 3
12. Ռէյսին եւ Ուաշինկթըն 0