
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Հայաստանի Ազգային ժողովի հինգ անդամներէ բաղկացած պատուիրակութիւնը ժամանեցշՈւաշինկթըն, ուր շարք մը հանդիպումներ ունեցաւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու, վարչակազմի պաշտօնական ներկայացուցիչներու, փորձագէտներու, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի հայկական հարցերու յանձնաժողովի ներկայացուցիչներուն հետ:
Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ, Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ բարեկամական խումբի ղեկավար Արփինէ Յովհաննիսեանը, իսկ կազմին մէջ են Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորներ Արմէն Աշոտեանը, Նայիրա Զոհրապեանը, Էտմոն Մարուքեանը եւ Աղուան Վարդանեան:
Պատուիրակութիւնը Մարտ 8-ին արտաքին գործոց նախարարութեան յարկին տակ հանդիպում մը ունեցաւ նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով առաջին փոխտեղակալ Էլիզապեթ Միլըրտի հետ:
Հանդիպման ընթացքին պատուիրակութեան անդամները անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ կաշառակերութեան դէմ պայքարին գծով իրականացուող բարեփոխումներուն, դատական իշխանութեան անկախութեան ապահովման վերաբերող քայլերուն եւ շարք մը այլ հարցերու: Անոնք նաեւ անդրադարձան Արցախի տագնապի խաղաղ լուծման հեռանկարներուն եւ ընդգծած Ամերիկայի կարեւոր դերակատարութիւնը` շրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան պահպանման մէջ: Քննարկուեցան նաեւ Հայաստանի արտաքին քաղաքական օրակարգն ու շրջանային անվտանգութեան առնչուող այլ հարցեր:
Միացեալ Նահանգներ կատարած այցելութեան ծիրին մէջ Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ բարեկամական խումբի անդամները հանդիպում ունեցան, նաեւ Քոնկրէսի հայկական հարցերով յանձնախումբի անդամներուն հետ: Հանդիպումին ընթացքին պատուիրակութեան անդամները քննարկեցին «Հազարամեակի մարտահրաւէր ընկերակցութեան» եւ Հայաստանի միջեւ համագործակցութեան հեռանկարները, Հայաստանի մէջ տիրող իրավիճակը, ինչպէս նաեւ` հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու օրակարգը: Միեւնոյն ժամանակ անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի մէջ վերջերս տեղի ունեցող զարգացումներուն, յատկապէս` խորհրդարանական կառավարման համակարգին անցման, ինչպէս նաեւ` Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համաձայնագիրին:
Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ, Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ բարեկամական խումբի ղեկավար Արփինէ Յովհաննիսեան հանդիպում ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ գրասենեակի տնօրէնի փոխտեղակալ Կրեթչըն Պիրքլի հետ: Քննարկուեցան տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու, զբօսաշրջութեան, վերականգնուող ուժանիւթի եւ այլ ոլորտներու մէջ համագործակցութեան հեռանկարները: Երկուստեք կարեւոր նկատուեցան նաեւ համագործակցութեան նոր ձեւաչափը, յատկապէս օժանդակութենէն անցումը դէպի առեւտրական յարաբերութիւններու: