ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ 106 ՄԻԼԻՈՆԸ ԵՒ ՉԱՐԱՑԱԾ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆՑԻՆ

1 0
Read Time:2 Minute, 2 Second

 

            Նոյեմբերի շաբաթ օր մըն էր: Արմենակի հետ հայկական համարուող քաղաքի սրճարանը նստած կը զրուցէինք:  Հայրենակից մը մօտեցաւ, Արմենակը բարեւեց եւ  ֆրանսերէնով ըսաւ.

            – Պարոն Արմենակ, Հայաստան Հիմնադրամէն նամակ ստացայ դրամահաւաքի մասնակցելու համար: Նաեւ հեռաձայնեցին: Ի՞նչ կ’ըսէք, գումարները իրենց նպատակին կը հասնի՞ն: Թերթերը գրեցին, որ վարչապետը 106 միլիոն վերցուցած էր, առանց տնօրէն խորհուրդի որոշման, ոչ ոք իմացաւ, թէ ի՞նչ բանի համար: Նոյն ատեն իշխանութիւնը ինք իրեն պարգեւավճարներ շնորհեց: Ի՞նչ պէտք է ընեմ: Դրացիներս ալ նոյնը կը հարցնեն:

            Սրտցաւ ազգայինին ըսի որ նստի, սուրճ ապսպրեցի իրեն համար ալ:

            Արմենակ լուռ դիտեց «հիւր»ը, ապա ըսաւ.

            – Պարոն Մարքօ, քեզի չեմ կրնար ըսել մի՛ մասնակցիր դրամահաւաքի: Նոյնիսկ մեծերու սխալները պատճառ պէտք չէ ըլլան, որ չօգնենք մեր հայրենակիցներուն եւ հայրենիքին: Բայց պէտք է միշտ հաշիւ պահանջել: Հսկել:

            – Պարոն Արմենակ, ո՞վ կը լսէ ինծի պէս համեստը:

            – Եթէ առանձին ըլլաս, դուն քեզի խօսած կ’ըլլաս: Եթէ յիշած դրացիներուդ հետ երթաս Հիմնադրամի գրասենեակը, եւ խօսիս, աւելի լաւ կ’ըլլայ: Օրինակ, պահանջես այդ 106 միլիոնի հաշիւը:

            – Ուրեմն ի՞նչ պէտք է ընել:

            – Պարզ ձեւ մըն ալ կայ: Միութիւն կը կազմես, ինչպէս կ’ընեն շատեր, դրացիներուդ նուիրատութիւնները կը հաւաքես, գրպանդ կը դնես, Հայաստան կ’երթաս, եւ յարմար տեսած նպատակներուդ կու տաս այդ գումարները:

            – Բայց ես միջոց չունիմ օդանաւի տոմս գնելու:

            – Կ’ընես բոլորին պէս: Դրացիներուդ նուիրաբերած գումարներէն մաս մը կը յատկացնես ճամբորդական ծախսերուդ, ինչպէս կ’ընեն բոլոր «Հայաստանի օգնողները», եւ մնացեալը կը բաժնես տեղւոյն վրայ:

            – Եթէ բան չմնայ:

            – Այդ արդէն կարեւոր չէ, երբ նպատակդ բարի է: Այդ ձեւով դրացիներուդ օգնութեան տոլարներն ալ կը գումարուին իրենց նպատակին չծառայած վերցուցած 106 միլիոնին վրայ, քու եւ դրացիներուդ խիղճը հանգիստ կ’ըլլայ այդ 106 միլիոնը նուիրածներու խիղճին պէս:

            Պարոն Մարքօն աւելի շուարած, ոտքի ելաւ, շնորհակալութիւն յայտնեց սուրճին եւ Կեդրոնականցիի լուսաւոր խրատներուն համար եւ գնաց:

            Արմենակին հարցուցի.

            – Ինչո՞ւ բարեկամդ շուարումի մատնեցիր: Խեղճը ի՞նչ պիտի ընէ հիմա:

            – Մակա՛ր, ես քեզ աւելի իմաստուն կը կարծէի: Չհասկցա՞ր, որ կազմակերպական աշխատանք տարի: Վաղը պիտի տեսնես, որ նոր միութիւն մըն ալ պիտի ծնի, պիտի ծնի նոր նախագահ մը, Հայաստանի տնտեսութիւնը պիտի բարելաւուի նոր «տուրիստ» Մարքոյով, օդանաւային ընկերութիւններու պիւտճէն ալ պիտի հաւասարակշռուի:

            – Շատ բան չհասկցայ ըսածներէդ:

            – Մակա՛ր, ֆրանսացին կ’ըսէ, «սարքել եւ քանդել միշտ աշխատիլ է»: Մենք ազգովին լաւ հասկցած ենք այս խօսքին իմաստը, նոյնիսկ՝ Հայաստան, քանի որ ֆրանքոֆոնիայի անդամ ալ ենք:

            Երբ առանձին տուն կը դառնայի, մտածեցի, որ կեդրոն մը պէտք է ստեղծել, ազգային հոգեկան թերապիայի համար եւ Կեդրոնականցին նշանակել անոր նախագահ:

            Ան ալ բարձրացած կ’ըլլայ բոլոր փրկիչ նախագահներուն շարքին:

 

Մակար ի Գաղիա, 21 Նոյեմբեր 2021

Happy
Happy
50 %
Sad
Sad
50 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles