ԳլխաւորԼրահոս

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Այցելեցին Խրամորթ Եւ Խնապատ  

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ․- Մարտ 17-ին, Հ․Հ․ Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ՝ Արթուր Խաչատրեան, Գեղամ Մանուկեան, Քրիտինէ Վարդանեան եւ Ելենա Կիրակոսեան, Հ․Յ․Դ․ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ, Արցախի Ազգային Ժողովի «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Մոսիյեանի եւ Արցախի Ազգային Ժողովի արտաքին յարաբերութիւնների յանձնաժողովի նախագահ Վահրամ Բալայեանի ուղեկցութեամբ այցելեցին Ասկերանի շրջանի սահմանամերձ Խրամորթ եւ Խնապատ համայնքները:

Ճանապարհին պատգամաւորներուն միացաւ Ասկերանի վարչակազմի ղեկավար՝ Համլեթ Ասրեան: Պատգամաւորները Խրամորթ եւ Խնապատ համայնքներու ղեկավարներուն հետ խօսեցան առկայ խնդիրներու մասին, տեսակցեցան գիւղացիներու հետ, իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին:

 

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button