Գլխաւոր

«Հայաստան» խմբակցութեան Պատգամաւորները Հանդիպեցան Հայաստանի Մէջ Եւրոմիութեան Պատուիրակութեան Ղեկավարին Հետ

ԵՐԵՒԱՆ․- Երկուշաբթի, 12 Հոկտեմբերին, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Աննա Գրիգորեան եւ խմբակցութեան քարտուղար Արթուր Խաչատրեան հանդիպեցան Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան պատուիրակութեան ղեկավար, արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վասիլիս Մարաքոսին հետ։
Քննարկուեցան երկկողմ յարաբերութիւններուն եւ զանազան մարզերու մէջ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր։ Կարեւորուեցաւ նորընտիր խորհրդարանին հետ գործակցութիւնը։
Աննա Գրիգորեան իր դիտարկումները ներկայացուց Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական իրավիճակին, դատական համակարգին մէջ առկայ խնդիրներուն եւ քաղաքական դրդապատճառներով ձերբակալութիւններու ու կալանաւորումներու դէպքերուն վերաբերեալ։ Ազգային ժողովի պատգամաւորները խօսեցան նաեւ խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք տեղի ունեցած գործընթացներուն մասին։
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման։ Վասիլիս Մարաքոս նշեց, որ Եւրոմիութիւնը աշխոյժ ներգրաւուածութիւն ունի տարածաշրջանին մէջ եւ կ՚աջակցի խաղաղութեան հաստատման գործընթացին։
Խմբակցութեան ներկայացուցիչները կարեւորեցին նաեւ Եւրոպական խորհրդարանին ընդունած բանաձեւը, որուն մէջ կոչ կ՚ուղղուի, ի շարս այլ հարցերու, անմիջապէս ազատ արձակելու Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ բանտարկեալները

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email
Back to top button