Յօդուածներ

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ՍՓԻՒՌՔ(ՆԵՐ) ԲԱԶՄԱԴԷՄ ԵՒ ՊՂՏՈՐ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Յ. Պալեան
Հայաստան եւ սփիւռք յարաբերութիւններ ունեցած են խորհրդային շրջանին եւ ունին այսօր, միշտ
հայաստանասիրութեան, հայրենասիրութեան եւ հայասիրութեան կարգախօսներով: Այդ յարաբերութիւնները
բնական եղած անցեալին, երբ հայութիւնը կ’ապրէր ռուսական եւ օսմանեան կայսրութիւններու մէջ: Մէկ եւ
տէր ըլլալու զգացումը աւելի հզօր եղած է քան խորհրդային շրջանին եւ նոյնիսկ այսօր: Թէեւ նշուած
սէրերը երբեք նոյն ձեւով չեն հասկցուած եւ նոյն նպատակները չեն հետապնդած, սահմաններու այս կամ
այն կողմը: Խորհրդային շրջանին եւ մասամբ ալ այսօր, անոնք մնացած են զգացական մթնոլորտի մէջ,
ձեւաւորուած են գեղեցիկ խօսքով, կամ շահագործուած են տարբեր նպատակներու համար: Այսինքն անոնք
նոյն իմաստը չեն ունեցած հայ պետութեան, հայ անհատներուն եւ հայ հաւաքականութիւններուն համար:
Վերանկախացումէն ետք, Խորհրդաժողովներ եւ երկու ուղղութիւններով այցելութիւններ եւ
տեսակցութիւններ միշտ եղած են, բայց ազգային իրաւ մէկութեան գաղափարական վերաբերում չէ եղած:
Խորհրդաժողովներէ ետք, տօնակատարութիւններու առիթով, գեղեցիկ բանաձեւումներով խօսուած է
մէկութեան մասին, բայց ոչ մէկ տեղ չէ արձանագրուած մէկութեան կենսագործման համար պարտքի,
իրաւունքի եւ մասնակցութեան կանոնը: Հետեւաբար, կարգ մը տարազներ, ինչպէս լաւ հնչող Հայաստան-
Արցախ-Սփիւռք Եռամիասնութիւնը, քաղաքական տարտամութիւն են, ըստ կացութեան, անհատի, միութեան
կամ պետութեան առաջադրանքներուն կարելի է մեկնաբանութիւններ ընել: Ո՞վ կրնայ, թէ յստակ ըսել թէ
ի՞նչ կայ այդ հնչեղ Եռամիասնութեան մէջ, բացի զգացականէ եւ քիչ մըն ալ՝ բարեսիրականէ:
Յուզիչ Եռամիասնութեան բովանդակութիւն պէտք է տալ, որպէսզի ան դառնայ իսկական
հզօրութիւն (բառ՝ զոր շատ կը սիրենք կրկնել):
Միաժամանակ պէտք է հաստատել պարտքի եւ իրաւունք-մասնակցութեան կանոնը, էապէս տարբեր
արձակուրդային հետաքրքրութիւններէ:
Հայուն պարտքը ազգին եւ հայրենիքին նկատմամբ հայրենատիրութիւնն է: Իսկ ինչպէ՞ս կ’ըլլայ
հայրենատիրութիւնը: Հայաստանեան անցագիր ունենանք թէ ոչ, տէր ըլլալու համար պարտքի
գիտակցութեամբ պէտք է գործել, գործած ըլլայինք: Այս մասին ոչ մէկ ծրագիր ունինք: Հայրենատէր ըլլալու
համար քաղաքացիի վերաբերում պէտք է ունենալ: Այդ վերաբերումը առնուազն երեք կէտեր ունի:
ա. Հայը, հայաստանաբնակ թէ ոչ, քաղաքացիի տուրք պարտի վճարել, հայրենիք պահելու համար:
Այս հարցը հարկ էր քննել խորհրդաժողովներու ընթացքին: Այս տուրքը բարեսիրական Հիմնադրամի
նուիրատուական մասնակցութիւն չէ: Ինչպէս որ տուրք կը վճարենք մեր բնակած երկիրներուն մէջ, այդպէս
ալ, տարեկան գնահատումով եւ դրութեամբ, տուրք պէտք է վճարել Հայաստանի պետութեան: Ինչպէ՞ս: Այս
մասին պէտք է խօսիլ եւ ճշդել, ապա իւրաքանչիւր հայու դիմել, զայն արձանագրել ցանկի վրայ,
միաժամանակ, այդ տուրքը գանձելու կազմակերպութիւն եւ կառոյց պէտք է յառաջացնել: Հայը,
հայաստանաբնակ թէ ոչ, ոչ միայն իր տուրքով իր քաղաքացիական պարտքը պիտի կատարէ, այլ նաեւ իր
պարտականութիւնը պիտի համարէ Հայրենիքի պաշտպանութիւնը: Սփիւռքի հայը, ազգային գիտակցութեամբ,
պիտի ծառայէ բանակին: Այդ ծառայութեան եղանակը կը քննուի: Եթէ Սիսիանի կամ Եղէգնաձորի տղան
բանակ կ’երթայ, ըլլալով հայ, սփիւռքի տղան եւս, ըլլալով հայ, բնակի Սիտնի թէ Պէվըրլի Հիլզ, գիտակից
յանձնառութեամբ բանակ պիտի երթայ: Այդպէս կ’ըլլայ հայրենատիրութիւնը, եթէ չենք եզրակացուցած, որ
երկու տեսակ հայեր կան: Այսպէս կը ստեղծուի ցանկալի եւ իրաւ միութիւնը: Այս ծառայութիւնը ոչ թէ
որպէս պարտք պէտք է դիմաւորուի, այլ՝ որպէս իրաւունք:
բ. Սփիւռքի հայը սոսկ հանդիսատես պէտք չէ ըլլայ ինչ կը վերաբերի հայրենիքի եւ ազգի
ճակատագրի ընթացքին, այդ դերին մէջ պէտք չէ բանտարկել ազգի աւելի քան կէսը: Իր
պարտականութիւններուն տէր ըլլալով, ան իրաւունք պէտք է ունենայ իր կարծիքը յայտնելու եւ
որոշումներու կայացման մասնակցելու: Այդ մասնակցութիւնը հաճոյակատարական շնորհ չէ, այլ
հաւաքաբար ազգի ճակատագիրը տնօրինելու պարտականութիւն, երբ կը խօսինք մէկութեան եւ միասնութեան մասին: Ասկէ առաջ տուած եմ օրինակը: Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ ընտրուած եւ լիիրաւ
իրաւունքներով ընտրուած պատգամաւորներ կան, որոնք կը ներկայացնեն երկրէն դուրս ապրող
Ֆրանսացիները: Անոնք ջոջական-էսթէպլիշմընթային իրաւունքներու հիման հրաւիրեալներ չեն, ընտրուած
են: Այս մասին ոչ ոք կը խօսի Հայաստանի մէջ, ոչ ոք կը խօսի սփիւռք(ներ)ի մէջ: Կարծէք ազգի միացման
հեռանկարէ հրաժարած ենք, կամ զայն բանտարկած տօնական խօսքերու մէջ:
Եւ ի հարկէ, ազգի աւազանին մէջ մնալու համար, յանձնառութեան եւ մասնակցութեան կողքին,
սփիւռք(ներ)ի ինքնութեան եւ հարազատութեան հարցը կը դառնայ պետական օրակարգ, որովհետեւ ազգը
ազգ է իր ինքնութեամբ, այդ ինքնութիւնը կը ստացուի պատմութենէն, լեզուով եւ մշակոյթով: Ի հարկէ, շատ
բան ըսուած եւ գրուած է լեզուի կորուստով ինքնութեան կորուստի մասին, թէեւ կը շարունակենք
ինքնախաբէութիւն մշակել բացառութիւններու օրինակներով:
Երբ կանոնակարգուին իրաւունքները եւ պարտաւորութիւնները, յարաբերութիւնները կ’ունենան նոր
որակ: Սփիւռքի էսթէպլիշմընթը չ’ըլլար խօսակիցը, Հայաստանի արտասահման այցելող մեծերը չեն
գոհանար հիւրընկալի դեր ունեցող երեւելիներով, Սփիւռքը անոնց պատկերով չեն տեսներ եւ սխալ
դատումներ չեն ըներ:
Այս աշխատանքը կը կազմակերպուի, ընելու համար այնպէս, որ Սփիւռք(ներ)ի միլիոնաւոր հայերը,
գէթ անոնց որոշ տոկոսը կը դառնայ հայրենատէր եւ մասնակից:
Ի հարկէ, այս պարտքի եւ իրաւունքի կենսագործումով, սփիւռք(ներ)ը, յանձնառութեան ճամբով,
ինքնութիւն կը պահէ, կը կանխուի օտարումը (aliénation):
Այսօր, Սփիւռք(ներ)ը հայասէրի վիճակին մէջ է, եւ հակառակ ամէն կարգի ճոռոմաբանութիւններու,
բախտաւոր պարագային կը համարուի կառքին հինգերորդ անիւը (որմէ միշտ կարելի է հրաժարիլ), կամ անոր
պէս բան մը:
Առանց պարտքի, իրաւունքի եւ մասնակցութեան, Միասնութեան ճառերը ամբոխ յուզելու կը
ծառայեն, ծագումով հայերու տուրիզմին:
Իսկ մենք պարտաւոր ենք գործել իրաւ հզօրութիւն ստեղծելու համար, որ խորհրդաժողովներէն,
շրջապտոյտներէն եւ տուրիզմներէն խորապէս տարբեր որակ կը պահանջէ: Որակ՝ այսօր, նաեւ գալիքի
համար, մտածելով 2119 թուականի ազգի եւ հայրենիքի մասին:
2119ի մասին մտածել բառերու մարզանք չէ, ան ազգի լինելութեան պարզ-բարդ խնդիրն է,
սերունդներու ինքնութեան, պատմութիւն ապրած եւ ինքնութիւն մշակած ժողովուրդի մը գոյութենական
մղձաւանջային հարցականը, որուն պատասխանը այսօ՛ր կը փնտռուի:
Այս հարցականին պատասխանը, անցեալ եւ ինքնութիւն ունեցող մեր ժողովուրդին սպառնացող
անհետացման սպառնալիքին դիմաց, ներկայ պայմաններուն մէջ, ի՞նչ պէտք է ըլլայ: Մարդկային իրաւունքի
եւ արժանապատուութեան (յարգելիութեան) խնդիր է ընդունիլ ըլլալ անորոշ նորի ակամայ սկիզբ, փոխանակ
ըլլալու ժառանգուած ինքնութեամբ շարունակութիւն:
Այդ շարունակութիւնը Հայրենիքով կ’երաշխաւորուի, որ կը կենսագործուի հայրենատիրութեամբ:
Այս ըմբռնումով ալ, Հայաստանէն տեղի ուեցած եւ տեղի ունեցող արտագաղթը ազգային աղէտ է, աղէտ է
հայրենադարձութեան բացակայութիւնը: Զոյգ պարագաներուն ալ, մեր հաւաքականութիւնները պիտի մտնեն
նորի սկիզբի հունը, որ ոչ մէկ ձեւով նախկինի շարունակութիւնը պիտի ըլլայ, որքան որ պահ մը լաւ հնչեն
մարդորսական ճապկումները:
Այս ըմբռնումով պէտք է վերատեսութեան ենթարկել եւ յստակացնել Հայաստան-Սփիւռք(ներ)
յարաբերութիւնները, իրաւունքները եւ պարտաւորութիւնները:
Անմիջականի ճնշումը եւ տուրիստական երթալ-գալու իրարանցումը կը խցեն հեռանկար տեսնելու
եւ ունենալու ճանապարհները:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button