ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՆՈՐ ԳՐԱՒԱՐԿՆԵՐԸ
“Ինթէրնէշընըլ Նիւ Եորք Թայմզ“ի 2014 Յուլիս 16ի թիւին առաջին էջը կը գրաւեն Կազայէն հսկայ պատկեր մը եւ թերթին Երուսաղէմի, Պաղտատի եւ Քիեւի թղթակիցներուն երեք յօդուածները։ Անոնց մէջ կը ներկայացուին Պաղեստինի, Իրաքի եւ Ուքրաինայի մէջ ընթացող պատերազմներուն վերջին իրադարձութիւնները։ Նախապէս, “Ֆրանս-Էնթէր“ի աշխարհաքաղաքական հարցերու քրոնիկագիրն ալ հրաժեշտ առած էր իր ունկնդիրներէն, ըսելով որ Օգոստոսի կէսերուն իր վերադարձին, վստահաբար պիտի մեկնաբանէ նշեալ շրջաններուն մէջ տեղի ունեցած սահմանային շարժումները։ Պատերազմական եւ մահաբեր այս իրադրութեան մէջ, Ֆրանսացիներն ալ կը մեկնին արձակուրդի, առանց շատ մտահոգուելու քաղաքացի հազարաւոր զոհերու ճակատագրով, որոնք թիրախ պիտի դառնան ռմբակոծումներու, կոյր ոճրափորձերու եւ կողմնակի այլ արկածներու։ Զէնքի ու զինամթերքի առեւտուրը երբեք այսքան բարգաւաճ չէր եղած։ Ռուսաստան եւ Իսրայէլ անսանձ կերպով կը շարունակեն գերսպառազինել Ատրպայճանը, Սէուտական Արաբիա եւ Քաթար ալ միլիառներու արժողութեամբ զինամթերք կը գնեն։


