Լրահոս

«Հայաստան» Դաշինքը Ազգային Ժողովի Աթոռները Պիտի Ստանձնէ

 


ԵՐԵՒԱՆ.-  «Հայաստան» Դաշինքը իր 12 աթոռները պիտի ստանձնէ նախընտրական ցուցակի հերթականութեան համաձայն։ Ցուցակը գլխաւորող Քոչարեանի հրաժարումէն ետք խորհրդարան մուտք պիտի գործէ ցուցակի 13-րդ թեկնածու, Երեւանի աւագանիի «Մայր Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Մեսրոպ Մանուկեան։

Յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններու վերջնական արդիւնքներով՝ «Հայաստան» դաշինքը ստացած էր 144 հազար 983 քուէ՝ ապահովելով 12 աթոռ։ Սահմանադրական դատարանը Յուլիս 4-ին ուժի մէջ ձգած էր Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի որոշումը։

«Հայաստան» դաշինքը Ազգային ժողովին մէջ պիտի ներկայացնեն Իշխան Սաղաթէլեան, Աննա Գրիգորեան, Սեւակ Խաչատրեան, Արթուր Խաչատրեան, Քրիստինէ Վարդանեան, Աղուան Վարդանեան, Գեղամ Մանուկեան, Ագնեսա Խամոյեան, Լեւոն Քոչարեան, Արթուր Սարգսեան, Լիլիթ Գալստեան եւ Մեսրոպ Մանուկեան։

 

 

Advertisement Subscribe Today

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button