Լրահոս

Հայաստան – Ատրպէյճան.- Նոր Համաձայնագի՞ր

ԵՐԵՒԱՆ.- Հ.Հ. հրաժարած վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հաստատեց, թէ գոյութիւն ունի նոր համաձայնագիր մը, զոր ինք պիտի ստորագրէ, որովհետեւ անիկա ամբողջովին կը համապատասխանէ Հայաստանի շահերուն:

Երեկոյեան  քաղաքացիներ համախմբուեցան կառավարութեան շէնքին մօտ եւ Նիկոլ Փաշինեանէն պահանջեցին հրապարակել այն փաստաթուղթը, զոր կը պատրաստուի ստորագրել: Քաղաքացիները երթով ուղղուեցան Ազգային ժողովի շէնքին մօտ, ուր փորձեցին փողոցը փակել: Ապա ցուցարարները ուղղուեցան Բաղրամեան պողոտայ՝ Ազգային ժողովին դիմաց, ուր եւս բախում տեղի ունեցաւ անոնց եւ ոստիկանութեան միջեւ, եւ 9 քաղաքացիներ ձերբակալուեցան։

«Հայաստան» դաշինքը հրապարակեց յայտարարութիւն մը՝ անդրադառնալով Հայաստանի քաղաքական վերջին զարգացումներուն, սահմանային հարցերուն եւ շրջանառուող համաձայնագիրի հարցին, նշելով, թէ«Սեփական իշխանութիւնն ամէն գնով պահպանել փորձող Նիկոլ Փաշինեանը երկրում ստեղծել է քաոս եւ պատրաստ է պետութեան ու հայրենիքի հաշուին կատարել ցանկացած ազգադաւ գործողութիւն»:

Վատիկանի մէջ Հայաստանի նախկին դեսպան Միքայէլ Մինասեանի հրապարակած էր փաստաթուղթը, եւ Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատարը հաստատած էր անոր գոյութիւնը:

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան դիտել տուաւ, որ ներգրաւուած չէ ենթադրեալ փաստաթուղթին վերաբերող գործընթացներուն մէջ: «Հանրապետութեան նախագահը ենթադրեալ փաստաթղթին առնչուող գործընթացների եւ քննարկումների մէջ ներգրաւուած չի եղել եւ չէ: Հետեւաբար, նա բացարձակապէս տեղեկացուած չէ այդ փաստաթղթի, առաւել եւս դրա մանրամասների մասին: Հանրապետութեան նախագահը համոզուած է, որ նման գործընթացները պէտք է լինեն առաւելագոյնս հրապարակային եւ բոլոր շահագրգիռ կողմերի ներգրաւմամբ», կը նշուի յայտարարութեան մէջ։

Advertisement Donate Today

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button