
ԵՐԵՒԱՆ.- Մայիս 1-ին, Հայաստանի Ազգային Ժողովը չկրցաւ ընտրել վարչապետ: Միակ թեկնածուն՝ Նիկոլ Փաշինեանը («Ելք»), ստացաւ 45 քուէ: Իսկ դէմ քուէարկեցին 55 պատգամաւորներ: Յիշեցնենք, որ վարչապետ ընտրուելու համար անհրաժեշտ է նուազագոյնը 53 քուէ:
Նշենք, որ Ազգային ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան Ազգային ժողովի բեմէն յայտարարած էր, թէ հակառակ այն իրողութեան, որ իր կուսակցութիւնը որոշած է քուէարկել յօգուտ Նիկոլ Փաշինեանին, ինք պիտի չմասնակցի վարչապետի պաշտօնին Նիկոլ Փաշինեանի ընտրութեան քուէարկութեան եւ պատրաստ է իր պատգամաւորական լիազօրութիւնները վար դնելու, եթէ կուսակցութիւնը այդ պահանջէ իրմէ:
Հ.Յ.Դ. Գերագոյն Մարմինը, այս գծով յայտարարութիւն մը լոյս ընծայեց, յայտնելով.-«Այսօր Հ.Հ. Ազգային Ժողովում Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան պատգամաւոր Աղուան Վարդանեանի հնչեցրած տեսակէտը անձնական որոշում է եւ չի համապատասխանում Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պաշտօնական դիրքորոշմանը: Կատարուել է կարգապահական կոպիտ խախտում, որը կը դառնայ քննութեան նիւթ: Ըստ այդմ, Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինը պահանջում է Աղուան Վարդանեանից վաղաժամ վայր դնել պատգամաւորական իրաւասունքը»:
Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան, իր խօսքին մէջ ըսաւ.- «Մենք պարտաւոր ենք, անցեալի սխալները չկրկնելով, թոյլ չտալ, որ համաժողովրդական զարթօնքի ներուժը մսխուի, ժողովուրդը հիասթափուի, այլ անենք ամէն ինչ, որ բոլորը, ամէն մի քաղաքացի զգայ ժողովրդային շարժման բերած նոր շունչն ու ճաշակի դրա բարերար արդիւնքները:
Այս արարման փուլը յաջողելու գրաւականը նախեւառաջ արտաքին ուժերի միջամտութիւնը բացառելն է, Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութիւնը պահպանելը, հասարակութիւնը օտարների եւ իւրայինների չբաժանելը եւ ներազգային համերաշխութեան եւ բոլոր կողմերի համախոհութեան վրայ հիմնուած միասնաբար առաջ ընթանալն է: Սա պէտք է լինի յաղթանակ, որի մէջ իրենց դերակատարութիւնն են բերում բոլորը՝ անկախ քաղաքական հայեացքներից:
Մենք Նիկոլ Փաշինեանի հետ խօսել եւ համաձայնեցրել ենք այս փուլի հետ կապուած սկզբունքային եւ առաջնահերթ նշանակութիւն ունեցող մի շարք կարեւորագոյն հարցեր, որոնցից ես յատկապէս ուզում եմ առանձնացնել հետեւեալները՝
Պէտք է իրականացնել խաղաղ հանգուցալուծման ներքաղաքական այնպիսի գործընթաց, որը չի վտանգի մեր դիրքերն ու պաշտպանունակութիւնը ղարաբաղեան ճակատում»:
Նիկոլ Փաշինեան Ազգային ժողովի բեմէն յայտարարեց, որ ինք արդէն իր խօսքը չ՛ուղղեր Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութեան, որովհետեւ որպէս այդպիսին արդէն այդ կուսակցութիւնը գոյութիւն չունի, այլ ինք կը դիմէ Հ.Հ.Կ.-ական պատգամաւորներուն իբրեւ անհատ:
Հ.Հ.Կուսակցութեան պատգամաւորական խումբի ղեկավար Վահրամ Պաղտասարեան յայտարարած էր, որ իր կուսակցութիւնը միաձայնութեամբ դէմ պիտի քուէարկէ Նիկոլ Փաշինեանի թեկնածութեան: Այս վերջինը կոչ ուղղեց ընդհանուր գործադուլի եւ հանրահաւաքի: Շրջափակուած են պետական շէնքերը, անդամալուծուած է կառավարութեան գործունէութիւնը: