
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի վարչակազմին կողմէ վերջերս հրապարակուած 2014ի ամավարկով առաջարկուած է Հայաստանին տրամադրուելիք տնտեսական օժանդակութիւնը կրճատել 38 տոկոսով: Եթէ կառավարութեան առաջարկը անփոփոխ վաւերացուի, ապա Հայաստանի տրամադրուելիք 24.7 միլիոն տոլարի օժանդակութիւնը` 1988ի երկրաշարժէն ի վեր, ամենացած մակարդակին պիտի հասնի:
Քոնկրէսի մէջ Հայկական համախմբումը առաջարկած էր կառավարութեան, որ 2014ի ամավարկին մէջ 50 միլիոն տոլարի տնտեսական օժանդակութիւն նկատի ունենայ Հայաստանի համար: Անցեալ տարի, Հայաստանին տրամադրուած էր 40 միլիոն տոլարի տնտեսական նպաստ:
“Նախագահ Օպամա, որ իշխանութեան գլուխ եկաւ` խոստանալով պահպանել Հայաստանի տրամադրուող տնտեսական օժանդակութեան մակարդակը ու սերտացնել երկկողմանի առեւտուրն ու ներդրումները, շարունակաբար կը կրճատէ Հայաստանի տրամադրուելիք օժանդակութիւնները` միաժամանակ բաւարար քայլերու չդիմելով` տնտեսական կապերը ամրապնդելու համար“, կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան:
Կառավարութեան ամավարկին մէջ Արցախի տրամադրուելիք օժանդակութեան մասին չի խօսուիր, սակայն վերջին քանի մը տարիներուն, տարեկան 2 միլիոն տոլար կը տրամադրուի Արցախին` Միացեալ Նահանգներու միջազգային բարգաւաճման բաժանմունքին (USAID) միջոցաւ:
Սպիտակ տան առաջարկին մէջ կը շարուանկուի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի տրամադրուող ռազմական օժանդակութեանց հաւասարութիւնը (3.3 միլիոն տոլար իւրաքանչիւրին):